Մոնրէալի մէջ արժանավայել կերպով նշւեցաւ «Հորիզոն»-ի 45-ամեակը
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Կանադայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններու, հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Կանադայի Կենտրոնական կոմիտէի, կազմակերպութեամբ «Հորիզոն»-ի 45-ամեակի յանձնախումբին, կիրակի, 6 հոկտեմբերի 2024-ին, ժամը 6-ին, Մոնրէալի Հայ կենտրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահէն ներս, արժանավայել կերպով տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին նւիրւած յոբելենական հանդիսութիւնը:
Ներկայ էին Կանադայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Ալխուրի, Քէբէգի խորհրդարանի անդամներ Միշէլ Սեթլաքուի եւ Սոնա Լախոյեան Օլիւէ, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի անդամներ Վանա Նազարեան եւ Մէրի Տերոս Չաւուշեան, Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գառնիկ քհնյ. Գոյունեան, առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Տ. Յակոբ վրդ. Եագուբեան, ՀՅԴ Կանադայի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Դիմիթեան, Պատկան մարմիններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու շրջանային եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներ, «Հորիզոն»-ի աշխատակիցներ, բարերարներ, նւիրատուներ եւ «Հորիզոն»-ի առաքելութեան հաւատաւորներու հոծ բազմութիւն մը:
Յայտագիրը սկիզբ առաւ Կանադայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք օրւան հանդիսավար Թալիա Ճապրայեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով, որուն մէջ ըսաւ. «Այսօր հաւաքւած ենք հանդիսաւոր կերպով եւ միասնաբար տօնելու «Հորիզոն» շաբաթաթերթի յոբելեանը։ 45 տարի առաջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կենտրոնական կոմիտէի որոշումով սկիզբ կառնէ «Հորիզոն»-ի լրագրական երթը։ Կուսակցական կառոյցի մը պաշտօնաթերթը ըլլալով հանդերձ, «Հորիզոն»-ը ամբողջ կէս դար արխիւագրած է կանադահայութեան պատմութիւնը, Կանադայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու պատմականը։ «Հորիզոն»-ի էջերը կը վկայագրեն Կանադայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու, ՀՅԴ կոմիտէութիւններու, Երիտասարդականի, Պատանեկանի, Հայ Օգնութեան Միութեան, «Համազգային»-ի, ՀՄԸՄ-ի ծաւալած գործունէութիւնը, «Հորիզոն»-ի էջերը կը պարփակեն մեր եկեղեցիներու, դպրոցներու, Հայ Կենտրոններու հիմնադրման ու գործունէութեան ծաւալման պատմութիւնը», ապա ան ընթերցեց Կանադայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը՝ յոբելեանին առթիւ:
Օրւան պատգամաբեր «Հորիզոն»-ի Արցախի աշխատակից Տիրուհի Գասպարեան տեսաերիզով փոխանցեց իր խօսքը, ներկայացնելով իր ծննդավայր Արցախի շրջափակման, պատերազմին ապա տեղահանութեան ընթացքին «Հորիզոն»-ի նեցուկն ու լրագրական ծիրէն ներս տարած լրատւական աշխատանքը: Ան յայտնեց, թէ պայքարը չէ աւարտած եւ մենք բոլորս պէտք է միակամութեամբ շարունակենք մղել այդ պայքարը, յանուն Արցախի վերանկախացման ու մեր ժողովուրդին իր պապենական հող ու հայրենիք վերադարձին:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Կանադայի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, որ Կենտրոնական կոմիտէի անունով նախ շնորհաւորեց «Հորիզոն»-ի խմբագրակազմը՝ սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէջ իր 45-ամեայ ծառայութեան առթիւ, ապա ըսաւ. «45 տարիներու ընթացքին, «Հորիզոն»-ը դարձաւ արխիւներու շտեմարանը Կանադայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն ու Հայ Կենտրոններուն։ Ան անդրադարձաւ «Հորիզոն»-ի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ապա խօսքը փակեց ըսելով. «Մենք վստահ ենք, որ այսօրւան ձեր նիւթական աջակցութեամբ եւ մեր հաւատարիմ ընթերցողներու նւիրատուութիւններով, մենք պիտի հասնինք մեր նպատակին, որպէսզի «Հորիզոն»-ի ճամբով հասնինք արդարութեան եւ ճշմարտութեան հորիզոններուն»:
Սրբազան Հօր սեղաններու օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն, կամաւորաբար պատրաստւած հայ արհեստավարժ խոհարարներու՝ Շանթ Մանկէլեանի, Րաֆֆի Անտոնեանի եւ Ռուբէն Չերչեանի կողմէ, իսկ սպասարկութիւնը նոյնպէս կամաւորաբար կատարւեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան միութեան «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղի պատանիներուն եւ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի անդամներուն կողմէ:
«Լեռներ հայրենի» եւ «Առաւօտ, դէմ արշալոյսին» երգերով հանդէս եկաւ լիբանանահայ հանրածանօթ երգիչ Կարօ Կապուտակեան, որմէ ետք կրկին տեսաերիզի ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ, որուն մէջ «Հորիզոն»-ի Արցախի աշխատակիցներէն Արմինէ Ալեքսանեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ կարեւորելով «Հորիզոն»-ի առաքելութիւնը, յատկապէս Արցախեան տագնապի բոլոր հանգրւաններուն ընթացքին: Ան նաեւ փոխանցեց իր շնորհաւորական խօսքն ու բարեմաղթութիւնները այս առթիւ:
Յատուկ տեսաերիզով հանդէս եկաւ «Հորիզոն»-ի Միջին Արեւելքի աշխատակից Տիանա Սքայա, որ այժմ Լեհաստանի պետական հեռատեսիլի (TVP World – Televizia Polska) անգլերէն բաժանմունքի Միջին Արեւելքի ռազմական լրագրողի պաշտօնը կը վարէ: Ան իր աշխատանքի վայրէն փոխանցելով իր ողջոյնի խօսքը, յայտնեց, թէ լրագրական ասպարէզէն ներս իր առաջին քայլերը առած է «Հորիզոն»-էն, եւ խմբագրակազմին քաջալերանքով ան սկսած է աշխատակցիլ «Հորիզոն»-ին, որմէ ընթացք առած է իր աշխարհասփիւռ առաքելութիւնը: Նշենք, որ Տիանա Սքայա «Հորիզոն»-ի հետ լրագրական երկար ճանապարհ անցած է եւ կատարած հարցազրոյցներ պատմաբաններու, արւեստագէտներու, նախարարներու եւ քաղաքական դէմքերու հետ։ Իր հարցազրոյցները հրապարակւած են «Հորիզոն»-ի պաշտօնական կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հարթակներու վրայ:
Կարճ դադարէ ետք խօսք առաւ «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա յիշեց «Հորիզոն»-ի աշխատակիցներ, որոնք առյաւէտ բաժնւած են մեզմէ, սակայն «իրենց ոգեղէն ներկայութիւնը կը զգանք այս յարկէն ներս՝ Սօսի Չագմագճեանի, Վարդգէս Փափազեանի, Հայկ Գազանճեանի, Ցոլինէ Շամլեանի եւ Սիլւա Փալովի» ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Մենք 45 տարիներու ընթացքին արխիւագրած ենք Կանադայի հայ գաղութին պատմութիւնը, ժամանակագրութիւնը, տեղեկագրութիւնը, այդ ընթացքին կատարելով արխիւագրումը Մոնրէալի, Լաւալի, Թորոնթոյի, Վանգուվըրի, Գեմպրիճի, Սենթ Գաթրինզի, Համիլթընի մեր հայ կենտրոններու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այդ ալ մեր առաքելութիւնն է»: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի առումով «Հորիզոն»-ի տարած գործունէութեան, երբ նոյնիսկ իրարայաջորդ պատերազմներուն ընթացքին, «Հորիզոն»-ը ներկայ եղած է ու կատարած է լրագրական առաքելութիւնը: Խմբագիրը հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին այս երեկոյի յաջողութեան ի խնդիր:
«Հորիզոն»-ի գործունէութեան սատարող եւ կամաւորաբար աշխատակցողներու, ինչպէս նաեւ գործակիցներու գնահատագիրներու բաշխում տեղի ունեցաւ, որոնք էին Արամ Շուժունեան, Նուշիկ Ղազարեան, Արմինէ Մուքոյեան, Լորի Խաչերեան, Ծովիկ Թերզեան, Պետրոս Ալահայտոյեան, Լեւոն Պէնկեան եւ Յակոբ Ֆրունճեան: Գնահատագիրներու արժանացան նաեւ արտասահմանի աշխատակիցներ՝ Արժանթինէն պրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Հայաստանէն Նայիրի Մկրտիչեան, Յասմիկ Պալէեան, Տիանա Սքայա եւ Տիրուհի Գասպարեան, որոնց պիտի ուղարկւին իրենց գնահատագիրները: «Հորիզոն»-ի Աւագ խմբագիր եւ 45 տարիներու անխոնջ յօդւածագիր Վրէժ Արմէն Արթինեան գնահատւեցաւ պատւոյ գիր-վահանակով: Կանադայի հայոց թեմի առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» ազգային-մշակութային եւ մասնագիտական ծառայութեան շքանշանին արժանացաւ «Հորիզոն»-ի վարչական պատասխանատու Սիլւա Էհրամճեան Պաշըգճեան:
Աւարտին խօսք առաւ Սրբազան Հայրը, որ շնորհաւորեց «Հորիզոն»-ի աշխատակազմը 45-ամեակին առթիւ եւ բարձր գնահատեց անոր 45-ամեայ ծաւալուն գործունէութիւնն ու մեծ դերակատարութիւնը: Ան ելոյթը եզրափակեց ըսելով. «Մենք պէտք է շարունակենք աջակցիլ մեր 45-ամեայ այս օրկանին, որովհետեւ այն մեր հայելին է, մեր ոգին փոխանցող բարձրախօսն է, հետեւաբար պիտի գուրգուրանք ու զօրաւիգ կանգնինք անոր, այն յոյսով որ վաղը «Հորիզոն»-ը շուտով պիտի յայտարարէ՝ վերդարաձ արցախցիներուն դէպի Արցախ: Այս է մեր ուղին ու այս է մեր առաքելութիւնը»: Ապա «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդիսութիւնը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Լուսանկարները՝ Արմէն Ալեմեանի եւ Մայք Թաշճեանի
«Հորիզն»