Սփռւած եւ… Սրբ՞ւած Սփիւռք
Տարբեր պատճառներով եւ ազդեցութիւններու բերումով, հայերս սփռւած ենք եւ կը շարունակենք սփռւիլ աշխարհի չորս ծագերը։ Ուրիշ ժողովուրդներ ալ ունին սփիւռքներ: Մեր նպատակը չէ բաղդատականներ ընել, այլ կանգ առնել այն եզակի կացութեան առջեւ, որուն ի տես, կրնանք մինչեւ իսկ ըսել, թէ յեղափոխութեան ենթարկած ենք ՍՓԻՒՌՔ հասկացութիւնը, ստեղծելով համասփիւռ եւ նոյնիսկ… մահասփիւռ ճգնաժամ։
Անտեղի է ժամացոյցին սլաքները շատ ետ տանիլ եւ հասնիլ մինչեւ 15-16-րդ դարեր՝ «Մետաքսի ճամբու» օրերը, երբ հայորդիներ եւս մաս կազմեցին ստեղծւած առեւտրական ալիքին եւ իրենց ապագան կերտեցին հեռաւոր Արեւելքի մէջ։ Ժամանակ մը ետք, թէեւ փոքրաթիւ անդամներով ու ցանցառ, բայց նիւթապէս ամուր հիմերու վրայ հաստատւած գաղութները կանգնեցին իրենց եկեղեցիներն ու կենտրոնները։
Հայ կեանքը այնքան մը աշխոյժ էր, որ այդ օրերուն, երբ հաղորդակցութեան միջոցները շատ նախնական էին (ո՛չ համացանց կար, ո՛չ ալ անոր պտուղները) Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան մտայղացումը ունեցաւ լոյս ընծայելու առաջին հայերէն թերթը, հայրենի հողերէն հեռու, շա՜տ հեռու՝ Մատրասի մէջ։
Վերադառնանք մեր բուն նիւթին եւ սլաքները ուղղենք պանդխտութեան եւ յետցեղասպանութեան օրերուն. դաժան եւ ստիպողական պայմաններու մէջ ստեղծւած, աւելի՛ն, տարապայմանօրէն ծաւալած էր Սփիւռքը, ուր կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ հիմնարկներ ոգի ի բռին գործի լծւեցան, փրկելու համար օտարութեան հալոցին դռները թակող հայորդին։ Այս գծով, որքա՜ն կը պարտինք ազգային կուսակցութիւններուն, Հ.Բ.Ը.Մ.-ին (հիմնւած՝ 1906-ին, Կահիրէ), ՀՕՄ-ին (Նիւ Եօրք, 1910), եւ «Համազգային»-ին (Կահիրէ, 1928) եւ անոնց կողքին գործող մարզական եւ հայրենակցական միութիւններուն, նաեւ այլ կազմակերպութիւններու։
Այսպէս, 1920-ականներէն սկսեալ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերով ուռճացած Սփիւռքի մը ծննդոցին ականատես եղանք, որ անիկա մերթ տւայտանքով եւ մերթ կաղալով գործեց, հասնելով Եւրոպա եւ Նոր Աշխարհ՝ իր հիւսիսային եւ հարաւային ցամաքամասերով, աւելի ուշ՝ նաեւ Աւստրալիա եւ այլուր։
Մեր պատմութեան երկայնքին, համեմատաբար կարճ ժամանակաշրջան մըն է վերջին մէկ դարը. հազիւ երեք տարւան կեանք ունեցող անկախ հանրապետութիւն, ապա աւելի քան եօթանասուն տարիներու խորհրդային կիսախաւար, որ ընդգրկեց ներգաղթի կիսափորձերը։
21 Սեպտեմբեր 1991. Հայաստանի վերանկախացում եւ․․․ Անկէ ասդին, աւելի քան 32 տարի թաւալած է եւ հայրենի հողերէն գաղթը կը շարունակւի, որուն դիմաց, նոյն տարիներու ներգաղթը կարելի չէ նժարի վրայ դնել եւ բաղդատել։ Ոչ մէկ բան փոխւած է, «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք իսկ, գաղթը «դուխով» կը շարունակւի։ Այս բոլորին մէջ, պատմական եւ բացառիկ նիւթ է այն, որ քանի մը ամիս առաջ, ահաւոր ու դժնդակ պայմաններու մէջ, աւելի քան հարիւր հազար արցախահայերու տեղահանութիւնը․․․դէպի Հայաստան, իսկ անկէ ալ, հիմա արդէն՝ դէպի այլ երկիրներ։ (Ի դէպ, պէտք է ճշտում մը, յստակացում մը ընենք: Արցախէն գաղթական դարձած հայերու թիւը աւելի քան 150 հազար է. հիմա, 44-օրեայ պատերազմէն աւելի քան 3 տարի ետք, մոռցւած է, որ հսկայ թիւ մը գաղթեց այդ հանգրւանին, յետոյ եղաւ կազմակերպւած վերադարձ, բայց եւ տասնեակ հազարաւորներ մնացին Հայաստան…):
«Ներքին սփիւռք»-ն ալ ունի իր ողբերգութիւնը. Ռուսիա-Ուկրաինա պատերազմը ծանր ազդած է այդ տարածաշրջանի հայորդիներուն վրայ։
Պարագան բոլորովին տարբեր է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի գաղութներուն, ուր հայութեան թիւը շարունակ եւ շռնդալից կերպով կը բարձրանայ, իսկ «հալոցը» կը շարունակէ իր գործը:
Ընդունինք, որ Ցեղասպանութեան օրերու կացութիւնը ամբողջական տարողութեամբ վերստեղծւած չէ։ Ունինք անկախութիւն՝ անկախ երկիր՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ սակայն արտագաղթի շարժումը կը յամառի նօսրացնել մեզ:
Այս ահազանգային պատկերներուն դիմաց, յաջորդաբար երկու տարի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 2022 եւ 2023 տարիները հռչակեց «Սփիւռքի տարի»։ Այժմու զարգացումներուն լոյսին տակ, պէտք է շեշտել, թէ յաջորդ տարիներուն ալ պէտք է շարունակել նոյն կոչն ու ահազանգը, եւ մտածել թէ ինչպէ՞ս կարելի է կացութիւն փրկել: Մաշումի ենթակայ Սփիւռքը, մերթ ապահովական պատճառներով վտանգւած եւ կրկին գաղթելու կացութիւն ստեղծած, մերթ տեղական հալոցին (melting pot) մէջ գտնւող, մերթ ինքնութեան փնտրտուքին մէջ ալեկոծւած գաղութները…։
Անյետաձգելի հրամայական է ջահը փոխանցել նոր սերունդներուն եւ ստեղծել պայմաններ, որ նորերը չկլանւին նոր ժամանակներու համաշխարհայնացման ալիքներով, այլ քայլ պահելով ներկայ պայմաններուն՝ պատշաճօրէն հպարտ զգան իբրեւ հայորդի, լիովին ըմբռնեն, թէ ինչպիսի՛ առաքելութեան մը շարունակողը պիտի ըլլան։
Յաճախ կը խօսւի Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ եռամիասնութեան մասին։ Գոնէ ներկայ փուլին, պէտք է իրատես եւ իրապաշտ ըլլանք։ Այսօր, Արցախը ժամանակաւորապէս կորսւած է, իսկ Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւնները ծանրօրէն վնասւած են, վտանգւա՛ծ են։ Սփիւռքի նախարարութիւնը «թաւշային» ոճով չքացած է, Սփիւռքի գործակատարն ալ գիտե՛նք թէ ինչ(եր) կընէ, իսկ գաղութները իրողապէս մատնւած են կիսատ-պռատ ապակենտրոնացեալ գործելու վիճակի:
Հարց կը ծագի. արդեօք սփռւած ու սրբւա՞ծ ենք։ Վտանգւա՞ծ է Օշականեան ՍՓԻՒՌՔը։ «Մնացորդաց»-ին մնացորդացը երբ կը մնայ․․․ շատ բան չի մնար։ Ուստի ժամանակն է գործելու, որովհետեւ հայութեան ու հայրենիքին գոյատեւման յանձնառու հայը կը մերժէ այս ընթացքին շարունակումը:
«Հայրենիք»-ի խմբագրական,
Բոստոն