ՀՅԴ Մամուլ

«Արեւմտեան Ադրբեջան»-ը՝ Ալիեւի երազած… Աթլանթիսը

Երազային կղզի մըն է Աթլանթիսը. անունն իսկ կը մատնէ, թէ անիկա կապ ունի Ատլանտեան ովկիանոսին հետ։

Երազային կղզի՝ ցամաքամաս մըն է Աթլանթիսը, որուն մասին գրած է յոյն փիլիսոփայ Պղատոնը, իր «Timaeus and Critias» (Թիմէաս եւ Քրիթաս) գործին մէջ։ Այս գծով, հակիրճ եւ մասնակի բացատրութիւն մը: Պղատոն կը բացատրէ թէ տիեզերքն ու կառոյցները ինչպէս գոյութիւն առած են, ապա կը պատմէ առասպելական Աթլանթիսին մասին, որ ի վերջոյ կործանած է Աթէնքի դէմ պատերազմի հետեւանքով, անկէ բարոյական որոշ դասեր թելադրելով: Թէեւ հպանցիկ եղած է այդ երազային ցամաքամասին մասին ակնարկութիւնը, սակայն յաջորդ դարերուն, եւ մինչեւ օրս մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է գոյութիւն չունեցող՝ երազային ցամաքամասը, մասնաւորաբար անոր խորհրդանշական իմաստը:

Ֆրանսիս Բէյքըն եւ Թոմըս Մոր աւելի մանրամասն երազանքներով եւ բացատրութիւններով խորասուզւեցան եւ նկարագրեցին անգոյ Աթլանթիսը։

Գանք մեր ժամանակները: Բաքւի բռնատէր Իլհամ Ալիեւն ալ, հաւանաբար ներշնչւած այդ երազային Աթլանթիսէն, կը խօսի իր երազներուն մէջ ձեւաւորւած հողաշերտի մը կամ բնակչութեան մասին, Կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ։

Ըստ անոր՝ պատմական Հայաստանի հողերուն (հիմա արդէն՝ մնացորդին) վրայ ազերի ժողովուրդը դարաւոր ներկայութիւն ունեցած է: Աւելի՛ ծիծաղելին՝ դարերու ընթացքին, ազերիներու պապենական հողերուն վրայ հայերը ոչնչացուցած են Արեւմտեան Աադրբեջանի պատմական յուշարձանները, հնութիւնները, գերեզմանները, մզկիթներն ու բնակավայրերը: Եւ սա՝ երկրի մը մասին, որ աշխարհի քարտէզին վրայ առաջին անգամ իր անունը արձանագրեց 1918-ին, այն ալ կիսկատար ճանաչումով…

Այս գծով, ու յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Բաքւի մէջ, դեկտեմբեր 5-6-ին կազմակերպւեցաւ այսպէս անւանւած՝ «Արեւմտեան Ադրբեջանի համայնքի Բ միջազգային խորհրդաժողովը», նիւթ ունենալով «Վերադարձի իրաւունք. արդարութեան ապահովում Հայաստանէն բռնի տեղահանւած ադրբեջանցիներու համար»: Միաժամանակ, կազմւած են «Արեւմտեան Ադրբեջան»-ի համայնքի իրաւունքները պաշտպանող միաւորներ, որոնք գրասենեակ կը բանան… Թուրքիոյ մէջ:

Բաքւի խորհրդաժողովին ներկայ էին աւելի քան 200 մասնակցողներ, որոնք կը ներկայացնէին յիսունէ աւելի երկիրներ. բոլորը հիւրն էին Բաքւի, որ անկասկած լաւապէս գոհացուցած էր զանոնք՝ թէ՛ նիւթապէս, եւ թէ՛ «բարոյապէս»…։

Մասնակցողներու կարգին, յատկապէս յիշատակելի է «շրջանի աշխարհաքաղաքական վերլուծաբան»՝ փաքիստանցի Խալիտ Թայմուր Աքրամը, որ ամէնա՜յն հմտութեամբ եւ ճշգրտութեամբ կատարած է… Ալիեւի հրահանգները, պատրաստելով ստւար թղթածրար մը։

Ըստ համագումարէն բխած զեկուցումներուն, վերջին դարաշրջանին, հազարաւոր ազերիներ բռնի ուժով տեղահանւած են Հայաստանէն, յատկապէս 1918-21, 1948-53 եւ 1987-91 տարիներուն։

Ժողովը նաեւ կը հաստատէ, թէ Հայաստան միշտ ալ կրաւորական դիրք բռնած է եւ արտօնութիւն չի տար, որ «ԻՒՆԵՍԿՕ»-ի յատուկ յանձնախումբ մը փաստահաւաք կատարէ, աւելի՛ն՝ յատուկ առաքելութիւն մը ղրկէ եւ վերահսկէ «ազերի ժողովուրդին պատկանող պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ աղաւաղման իրողութիւնը»։

Իբրեւ հայորդի, կամ մինչեւ իսկ պատմութեան եւ մշակոյթին մօտէն թէ հեռւէն ծանօթ բանական արարած՝ իրաւունք ունինք առնւազն ցասում ու ընդվզում արտայայտելու։

Արցախի մէջ մօտիկ անցեալին պատահածը ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ։ Դեռ քանի մը օր առաջ, Երեւանի մէջ կատարւած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» Ե միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ, ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ Մելանի Օ՛Բրայըն պաշտօնապէս շեշտած էր, թէ Արցախի մէջ Ադրբեջանի կողմէ կատարւած են ռազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ, ցեղասպանութի՛ւն, որոնք բոլորն ալ տեղի ունեցած են տարբեր պարունակներու մէջ եւ երբեմն ալ՝ տարբեր ժամանակներու, եւ մա՛նաւանդ գործադրուած են խաղաղ բնակչութեան դէմ։

Արցախահայութեան բռնի ուժով տեղահանման օրերուն, յիշատակելի էր «Եունեսքօ»-ի այցելուներու առաքելութիւնը, որոնցմէ մաս մը հաւանաբար 5-6 դեկտեմբերին, Պաքուի միջազգային ժողովի մասնակիցներ էին եւ․․․ արտասաովոր բան չնկատեցին։ Անոնք մինչեւ օրս ալ չեն տեսներ, թէ Արցախի մէ՛ջ է, որ անվիճելիօրէն հայկական յուշարձաններ, կոթողներ եւ սրբատեղիներ կը քանդուին, կայլափոխւին։

Կը խօսւի հայ հասարակութեան մէջ «ազերի ժողովուրդին նկատմամբ արմատացած ատելութեան, առասպելական եւ երազային Մեծ Հայաստանի» մասին. կայ անշուշտ այլ հին յանկերգ մը, թէ՝ Հայաստանի սահմանադրութեամբ, տակաւին անփոփոխ կը մնան Ադրբեջանէն տարածքային պահանջները:

Իրենց լոյս ընծայած հաղորդագրութեան աւարտին, ուխտելով՝ թէ «արեւմտեան ադրբեջանցիները» պիտի վերադառնան իրենց հողերը, նոր Աթլանթիս մը երազողները կը պնդեն, թէ Հայաստանի կողմէ շրջանի պատմութիւնն ու մշակութային տարածքը խեղաթիւրելուն եւ վերաշարադրելուն ուղղուած աւերիչ գործողութիւնները անհանդուրժողականութեան եւ ցեղապաշտութեան դրսեւորումներ են։
Արդեօք արդարարութիւն մնացա՞ծ է։

Իսկ եթէ մնացած է՝ թքե՛ր եմ ես քու կեղտոտ ճակատին, կը յուշէ մեծ բանաստեղծը՝ Սիամանթօ։

Հայուն իրաւունքն է խորտակել բոլոր նոր Աթլանթիսներու բոլոր երազները: Երբ իշխանաւորերը կը մնան լուռ, կրաւորական եւ թշնամիին աղաղակող մեղսակից, աշխարհասփիւռ հայութիւնը հոս ալ գործ ունի ընելիք:

«Հայրենիք» – Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button