ՄիջազգայինՔաղաքական

Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կը ծաւալի տարածաշրջանին մէջ, Սիրիան կրնայ դառնալ Թուրքիոյ դաշնակիցը կամ գործիքը

«Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնը լիբանանահայ քաղաքագէտ եւ Բէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Եղիա Թաշճեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, կենտրոնանալով Միջին Արեւելքի վերջին քաղաքական զարգացումներուն շուրջ։

Հ.- Միջին Արեւելքի պատմագրութեան մէջ աննախընթաց էր անցնող դեկտեմբերին Սիրիոյ քաղաքական զարգացումները։ Ասատներու վարչակարգի անկումէն ետք, ի՞նչ պիտի ըլլայ Սիրիոյ հետագայ քաղաքական իրավիճակը։ Արդեօ՞ք Սիրիան պալքանացումի ճանապարհը բռնած է։

Ե.Թ.- Տակաւին կանուխ է եզրակացնելու, որ Սիրիան պալքանացման ճամբան բռնած է, բայց այսօր գետնի վրայ առկայ են 4 ազդեցութեան գօտիներ. առաջինը հարաւային շրջանին մէջ իսրայէլեան ազդեցութեան գօտին է, ուր տուրզիները կը գտնւին. Իսրայէլ արդէն իսկ ներխուժած է կարգ մը քաղաքներ եւ Դամասկոսէն 25 կիլոմետր հեռաւորութեան վրայ է:

Հիւսիս-արեւելեան կողմը՝ քուրդ-ամերիկեան ազդեցութեան գօտին. հոն կայ քրդական կիսանկախ կացութիւն մը, որուն վստահաբար թուրքերը դէմ են, եւ մինչեւ օրս տակաւին բախումներ տեղի կունենան թուրքամէտ ուժերուն եւ քուրդերուն միջեւ:

Թուրքական ազդեցութեան գօտին հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն մէջ կը գտնւի, ուր տեղեկայւած են թուրք զինւորներ, ինչպէս նաեւ թուրքամէտ Սիրիական ազգային բանակը, որոնցմէ շատերը Արցախի պատերազմին մասնակցեցան՝ մեզի դէմ:

Անդին «Թահրիր Ալ Շամ» մարմնի ազդեցութեան գօտին կերկարի Իտլիպէն մինչեւ Համա, Հոմս, Հալէպ եւ Դամասկոս:

Ըստ երեւոյթին համաձայնութիւն մը կայ, որ թուրքամէտ եւ «Թահրիր Ալ Շամ»ի ուժերը միանան (հակառակ որ ասիկա բաւական մեծ ճիգի կը կարօտէր…): Հարկ է հոս նկատի ունենալ Թուրքիոյ եւ կարգ մը արեւմտեան երկիրներու դիրքորոշումը: Բայց կը կարծեմ, որ առայժմ դժւար է միակամ կամ կենտրոնացեալ իշխանութիւն մը տեսնել Սիրիոյ մէջ:

Հ.- Սիրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն ընթացքին, Թուրքիան ռազմաքաղաքականօրէն մասնակից էր։ Ի՞նչ պիտի ըլլան Սիրիոյ պետութեան եւ Անկարայի ապագայ յարաբերութիւնները։

Ե.Թ.- Անկարայի եւ Սիրիոյ յարաբերութեանց պարագային ես կը տեսնեմ, որ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կը ծաւալի տարածաշրջանին մէջ եւ չեմ զարմանար, եթէ Սիրիոյ գալիք իշխանութիւնները ռազմական համաձայնութիւն կնքեն Թուրքիոյ հետ, եւ Սիրիան դառնայ Թուրքիոյ դաշնակիցը կամ գործիքը տարածաշրջանին մէջ: Սիրիական ամբողջ սպառազինութիւնը ռմբակոծւեցաւ Իսրայէլի կողմէ, որոնք մեծամասնութեամբ ռուսական զէնքեր էին: Այժմ Սիրիական նոր պետութիւնը կամ կառավարութիւնը պարտաւոր է զէնքեր գնել, եւ այդ մէկը հաւանաբար ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ: Նաեւ չեմ զարմանար, եթէ թուրք խաղաղապահ ուժեր տեղակայւին Սիրիոյ եւ Իսրայէլի սահմանին մօտ, Ջոլանի բարձրունքներուն վրայ, եւ կամ թուրք սպաներ մարզեն Սիրիացի ապագայ զինւորները, հեռու չէ նաեւ Թուրքիոյ հետախուզական խումբեր աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեն Սիրիական տարածքին վրայ:

Ես կը նախատեսեմ, որ Սիրիան պիտի դառնայ Թուրքիոյ դաշնակիցներէն մէկը՝ գոնէ այս անցումային ժամանակաշրջանին: Այս բոլորը սակայն կախեալ են նաեւ Սիրիական ներքին զարգացումներէն… թէ իսկապէ՞ս Ահմատ Շարըը (նախապէս՝ Ապու Մոհամմեդ Ալ Ջոլանի) պիտի շարունակէ ղեկավարել պետութիւնը, թէ նոր քաղաքացիական պատերազմի ընդառաջ պիտի յայտնւի Սիրիան:

Հ.- Թուրքիոյ կողքին կարեւոր է նաեւ անդրադառնալ քրտական գործօնին։ Ի՞նչ կացութեան դէմ յանդիման պիտի գտնւին Սիրիոյ եւ Թուրքիոյ քիւրտերը կամ քրտական զինեալ խմբաւորումները։

Ե.Թ.- Ամերիկեան զինւորական ներկայութիւնը (900 զինւորի մասին կը խօսինք) իր դերակատարութիւնը ունի այս հարցի գծով. ամերիկացիները փորձեցին զինադադար մը կնքել թուրքամէտ ուժերուն եւ քիւրտերուն միջեւ, սակայն թուրքամէտ ուժերը խախտեցին այդ բոլորը, որովհետեւ այս հարցը Թուրքիոյ համար ազգային անվտանգութեան խնդիր է: Այսինքն եթէ հոն քրդական իշխանութիւն մը ստեղծւի, ինչպէս որ կայ Իրաքի մէջ, այդ մէկը կը նշանակէ, որ ապագային կրնայ Թուրքիոյ մէջ եւս Քուրդիստան մը մէջտեղ գալ, հետեւաբար Թուրքիոյ համար կարմիր գիծ է այս եւ ջանք պիտի չխնայէ իր դաշնակիցներուն վրայ ճնշում բանեցնելու, որ որեւէ քրդական նոր իշխանութիւն չհիմնւի շրջանին մէջ:

Հետեւաբար ես մտավախութիւն ունիմ, որ մօտիկ ժամանակաշրջանին թուրքամէտ ուժերը յարձակում գործեն՝ վերջ դնելու համար քրդական հարցին, սակայն հոս առկայ է նաեւ ամերիկայի դիրքորոշումը: Ամերիկա չի կրնար լուռ մնալ, երբ իր լծակներէն մէկը (քրդական գործօնը) քաղաքական դաշտէն հեռացւի: Նաեւ Իսրայէլի համար կարեւոր է քրդական գործօնը, որովհետեւ այդ մէկը այն օղակն է, որով կիրականացնէ «բաժնէ, որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը, ինչպէս որ ըրաւ Իրաքի մէջ: Հետեւաբար չեմ կարծեր, որ Իսրայէլ չէզոք պիտի մնայ, եթէ տեսնէ քրդական կիսանկախ շրջանի փլուզում:

Միւս կողմէ, եթէ քաղաքական կամք կայ, որ Թուրքիոյ քաղաքական եւ ռազմական վերելք ապրող ազդեցութիւնը սահմանափակեն, չեմ զարմանար, որ իրանեան եւ ամերիկեան կողմը սկսին աջակցիլ քրտական խմբաւորումներու հետ: Ժամանակին Իրանի եւ քուրդ խմբաւորումներու միջեւ ինչպէս որ եղած են բախումներ, եղած է նաեւ գործակցութիւն, եւ ես կը տեսնեմ այդպիսի ազդանշաններ, որովհետեւ Իրան դարձեալ կուզէ մուտք գործել Սիրիա եւ հոն իր տնտեսական շահերը չկորսնցնել:

Հ.- Սիրիոյ ռազմաքաղաքական դէպքերուն նախորդած էր ԼիբանանԻսրաէյլ բախումները։ Յստակ է, որ տարածաշրջանին մէջ ԻրանՍիրիա«Հեզբօլլահ» առանցքը ահարկու հարւած ստացաւ։ Ի՞նչ պիտի ըլլան հետագայ զարգացումները այս գետնի վրայ։

Ե.Թ.- Շատ յստակ նպատակ կայ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի ռազմական թեւերը տկարացնելու կամ ոչնչացնելու: Այսինքն դիմադրութեան դաշինքը, այսօր գրեթէ գոյութիւն չունի կամ շատ տկարացած է:

Գազայի մէջ թէկուզ որոշ դիմադրութիւն կայ, բայց ՀԱՄԱՍ-ի մարտական թեւը գրեթէ ոչնչացած է, ղեկավարութիւնը սպանւած, Գազան ամբողջութեամբ քանդւած, աւելի քան 45 հազար հոգի նահատակւած, եւ ասոնք պաշտօնական թիւերն են, իրականութեան մէջ թիւերը կրնան շատ աւելին ըլլալ: Համասի զինեալներէն մեծ թիւ մը սպանւած է, եւ ան այլեւս կարելիութիւնը չունի հրթիռներ արձակելու, ինչպէս որ ըրաւ հոկտեմբեր 2023-ին:
Նոյնն է «Հեզբօլլահ»-ի պարագան. «Հեզբօլլահ»-ն կորսնցուց իր առաջնագիծի ղեկավարութիւնը, իր քարտուղարը, հետախուզական թեւի ներկայացուցիչները կամ ղեկավարները, մարտական թեւի ղեկավարները, առաջնագիծի վրայ բաւական տկարացած է եւ այլեւս ի վիճակի չէ շարունակելու պատերազմը, հետեւաբար գնաց զինադադարի:

Այն ինչ որ Իսրայէլ չկրցաւ ռազմական գետնի վրայ իրագործել, այսօր դիւանագիտական միջոցներով պիտի փորձէ իրականացնել՝ ճնշում բանեցնելով «Հեզբօլլահ»-ի վրայ: Սիրիական ռեժիմի տապալումը յստակ պատգամ մըն է, որ նաեւ կտրեց Իրանէն դէպի Լիբանան, Սիրիոյ միջոցով զէնքի մատակարարումը: Այսինքն հոս «Հեզբօլլահ»-ն մեկուսացաւ Միջին Արեւելքի կամ տարածաշրջանին մէջ: Միւս կողմէ Իսրայէլ հութիները հարւածեց 2 օր առաջ, իրաքեան կարգ մը միլիշիաներ հարոածեց եւ վերջ ի վերջոյ պիտի հասնի Իրան:

Տեսէք, Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու շատ յստակ կերպով ըսաւ, երբ զինադադար կնքւեցաւ Լիբանանի հետ. իմ նպատակս է օձին գլուխը կտրել, եւ իրեն համար օձին գլուխը Իրանն է: Հետեւաբար կը նախատեսեմ ռազմական յարձակում Իրանի վրայ, սակայն այս մէկը նաեւ կախեալ է Ամերիկայի դիրքորոշումէն:

Հ.- Արդէն իսկ տարիներէ ի վեր տնտեսական սուր ճգնաժամի մէջ գտնւող Լիբանանի հայ համայնքը յետպատերազմեան այս հանգրւանին ի՞նչ կացութիւն կը պարզէ։

Ե.Թ.- Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային վիճակը, ինչպէս նաեւ անորոշ ապագան բաւական մտահոգիչ են: Այսօր գաղութին թիւը որոշ չափով նւազած է, մեր կառոյցները դժւարութիւններու դէմ-յանդիման կը գտնւին, ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ մարդուժի պակասի, սակայն հետաքրքրականը այն է, որ գաղութը տակաւին կազմակերպւած է, հայ աշակերտներ իրենց դպրոցները կը յաճախեն եւ միութենական աշխատանքները կը շարունակւին: Յուսահատութիւն կայ, բայց յուսախաբութիւն՝ ոչ, այս մէկը շատ կարեւոր է այս հանգրւանին:

Անսակարկելի է, որ Լիբանանի գաղութը կարեւոր դեր կը խաղայ Միջին Արեւելք կամ արաբական աշխարհ եւ Հայաստան յարաբերութիւններու ծիրէն ներս: Մենք յաճախ կը լսենք, որ Լիբանանի ժողովուրդը հայրենիք պէտք է տեղափոխւի: Իւրաքանչիւր անհատ ազատ է իր որոշումը կայացնելու, բայց մեր ցանկութիւնը այն է, որ Լիբանանէն հեռացողները իրենց սլաքը ուղղեն դէպի հայրենիք:

Ամէն մէկը ունի իր պարագաները, ոմանք կը գաղթեն, ոմանք ալ կառչած կը մնան այս գաղութին, որ տակաւին կը գոյատեւէ եւ իր ողջ կարողութիւններով առաւելագոյնը կու տայ՝ սերունդը դաստիարակելու: Այս գաղութը մարդուժ պատրաստելու կռւաններէն մէկը եղած է եւ միշտ ալ այդպէս պիտի ըլլայ, բայց նաեւ աջակցութեան կարիքը ունի, մանաւանդ մեր կրթական հաստատութիւնները, որպէսզի շարունակեն հայեցի դաստիարակութեան իրենց առաքելութիւնը, բան մը՝ որ այս ժամանակաշրջանին շատ կարեւոր է:

Related Articles

Back to top button