ԳաղափարականՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. Խրամատը չլքող եւ առաջնագիծը չզիջող կազմակերպութիւնը (ԼԵՄ-ի 50-ամեակի առիթով)

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միութիւնը բոլոր ուղղութիւններով ահաւասիկ 50 տարիէ ի վեր չէ լքած առաջնագիծը: Առաջնագիծը միայն պատերազմի եւ զինւորական ընդհարումներու կամ ինքնապաշտպանութեան առումներով պէտք չէ ընկալել: Անիկա կազմակերպւածութեան կը վերաբերի նաեւ, կարգապահութեան ինչու չէ, գաղափարականութեան եւ նւիրւածութեան, կոչումի եւ զոհաբերութեան, քննարկումի, գիտութեան, զարգացումի, եւ մանաւանդ՝ ծառայութեան:

Ինչո՛ւ պէտք է շեշտել այս ամբողջականութիւնը եւ տեսնել հաւասարակշռութեան բանաձեւը: Որովհետեւ ԼԵՄ-ի ծնունդը համընկնեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին: Դաստիարակչական միաւորներու համակուսակցական ցանցին իբրեւ մէկ մասնիկը, ԼԵՄ-ը այլ երկիրներու մէջ ծնունդ առնող երիտասարդական միաւորներուն նման, կոչւած էր դառնալու կուսակցական մարդուժի պատրաստութեան հնոց մը: Հնոցներէն մէկը:

ԼԵՄ-ը սակայն առանձնացաւ իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ հազիւ ծնած, գաղափարական դաստիարակութեան առընթեր նետւեցաւ գործադաշտ: Գործո՛վ, անձնական նւիրաբերումի ամենէն ազնիւ օրինակներով առարկայացուց դասախօսութիւններու ճամբով իրեն փոխանցւածը:

Շատ նուրբ, զգայուն ու վտանգաւոր պահ էր այս մեկնարկը: Գաղափարական ենթահողը աւելի քան անհրաժեշտ էր չներգրաււելու համար փորձութեան դաշտ: Զինեալ երեւոյթը համատարած էր, եւ լիբանանեան հասարակութեան տարբեր խաւերը զէնքով կը լուծէին իրենց անձնական, նիւթական կամ խմբակային շահերը: Զէնքը միջոց էր հարստահարման, վրէժխնդրութեան, շահակցական յարաբերութիւններու վրայ հաշւէյարդարի, տիրոյթներ ձեւաւորելու եւ այդ տիրոյթներու վրայ հասարակութեան բռնանալու, այլ խօսքով՝ զէնքով հարցեր լուծելու:

Գաղափարական պատրաստութեան տէր ԼԵՄ-ականն էր, որ զէնքին տիրելով այդ միջոցը օգտագործեց միայն ինքնապաշտպանութեան համար: ԼԵՄ-ականը սորւեցաւ Դաշնակցութենէն, որ զէնքը միայն պիտի ուղղել թշնամիին դէմ. անոր, որ կը սպառնար իր ժողովուրդի անվտանգութեան, որ ոտնձգութիւն կը կազմակերպէր լիբանանահայութեան դէմ եւ կը սպառնար թափանցել հայկական թաղամաս՝ խանգարելու համար անդորրը եւ կը բռնանար ժողովուրդին:

Գրեթէ նոյն տարիներուն Դաշնակցութիւնը կը հնչեցնէր յեղափոխական աւանդներու վերադարձի կոչը: Միջազգային ընտանիքին կողմէ հայոց պատմական իրաւունքներու դէմ հիւսւած լռութեան պատը քանդելու առաջադրանք կար: Այդ առաջադրանքի իրականացման ճանապարհին բազմաթիւ երիտասարդներ իրենց լաւագոյն տարիները անցուցին բանտային խուցերու եւ մեկուսարաններու մէջ: Ուրիշներու արիւնը հոսեցաւ տարբեր երկիրներու պողոտաներուն վրայ: Այլ հերոսներ անձնասպանական գործողութեամբ քանդեցին լռութեան պատին ամէնէն հաստ աղիւսները:

Գաղտնիք չեն՝ տարիներով արգելափակւածներու, նահատակւածներու ու անձնասպանական արարքներով ինքնամոխրացումով յաւերժացածներու ազգային-միութենական կազմաւորման միջավայրերը: Անոնք բոլո՛րը դաստիարակութիւն ստացած էին ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ: Եւ պատահական չէ, որ ի տարբերութիւն այլոց, անոնց հարւածները դիպուկ ու թիրախային էին եւ ուղղւած բացառապէս թուրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն: Մինչ ուրիշներ, որոնք չունէին գաղափարական դաստիարակութիւն, կը խլէին անմեղ զոհեր, կը հարւածէին ոչ թուրք թիրախներ:

Գաղափարական ա՛յդ դաստիարակութիւնն էր, որ քաղաքական դատավարութիւնները կը վերածէր Հայ Դատի քարոզչաբեմի, կը հիմնաւորէր պայքարին արդարացիութիւնը, ճանչնալ կու տար Ցեղասպանութիւնը եւ կը բարձրաձայնէր հայոց պատմական իրաւունքներուն մասին:

Նոյն դաստիարակութիւնն էր, որ միացեալ Հայաստանի կերտման առաջին փուլին՝ Արցախի ազատամարտի սկզբնաւորութեան առաջնագիծ նետեց ԼԵՄ-ականներ, որոնք մասնակցութիւն բերին ազատագրումին: Որոնք չկրակեցին անզէն բնակչութեան վրայ, չթալանեցին, չքանդեցին: Այդ դաստիարակութիւնն էր, որ անոնց զէնքը ձիգ պահեց բացառապէս դէպի թշնամին, դէպի բռնագրաւողը:

Նոյն դաստիարակութիւնն էր, որ պայքարի նպատակ դարձուց թէ՛ պահել Արագածը, եւ թէ՛ ազատագրել Արարատը: Որ գուրգուրաց հանրապետութեան զինանշանին վրայ պատկերւած ամէն մէկ պատկերին վրայ, հայոց պատմական իւրաքանչիւր թագաւորութենէն մինչեւ մեր պահանջատիրութեան արարատեան խորհրդանիշը՝ միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի վէմը: Որ ներկայ Հայաստանը միացեալ Հայաստանի կռուանը նկատելով առաջադրեց ամբողջական Հայաստանի կերտումը:

Ադրբեջանն ու Թուրքիան մնայուն կը խօսին ծայրայեղ սփիւռքի մասին, որ կը խանգարէ իրենց ծրագիրները: Անոնց լրատւամիջոցները առիթ չեն փախցներ ցուցադրելու ԼԵՄ-ի կազմակերպած բողոքի գործողութիւնները թուրքական թէ ադրբեջանական դեսպանատուներուն առջեւ: Թշնամիին մամուլը զանազան առիթներով կը հրապարակէ Թուրքիոյ ցեղասպանական դիմագիծը բացայայտող ԼԵՄ-ի ցուցական արարքներուն մասին անհիմն մեղադրանքներ: Թուրքիոյ լրատւական օրինակներուն կը հետեւի ադրբեջանական լրատուադաշտը: Անոնք բոլորը կը թիրախաւորեն «խաղաղութեան ծրագիրի խանգարիչներ»-ը:

Սփիւռքի կենտրոնական գաղութի ֆիզիկական պաշտպանութեան իրականացումով համասփիւռքեան դերակատարութեան շարունակութեան նպաստած, յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումին ընդառաջումով միջազգային ընտանիքի լռութեան պատի քանդումին մասնակցութիւն բերած, Խորհրդային Միութենէն Արցախի անջատման քաղաքական առաջադրանքի ազատագրման գործողութիւններուն համար ռազմաճակատ փութացած եւ Անկարայի ու Բաքուի ճշտած խաղաղութեան ծրագիրները «խանգարող» ԼԵՄ-ը ահաւասիկ 50-ամեակէ մը ի վեր դերակատար է համայնքային, համասփիւռքեան, ինչու չէ նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ արձանագրւող իրադարձութիւններուն մէջ:

Դերակատարութեան այս շղթան պիտի շարունակւի անպայմա՛ն: Դաշնակցութեան երիտասարդական եզակի այս միաւորը գաղափարական լիցք վաստակած է ոչ միայն խրամատը չլքելու, այլ նաեւ առաջնագիծը չզիջելու ոչ ոքի:

Եւ եթէ ամբողջ 50-ամեակ մը ա՛յս եղաւ ԼԵՄ-ի ուղեգիծն ու գործունէութեան հետագիծը, ապա պատճառ չկայ մտածելու, որ նոյն սկզբունքայնութիւնն ու գաղափարականութիւնը պիտի շարունակեն անսասան պահել հերոսածին այս կազմակերպութեան տաճարի սիւները:

Ուրեմն՝ այո՛, հաստատ քայլերով դէպի երկրորդ 50-ամեակ:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button