ՀՅԴ Մամուլ

Ըմբշամարտի փոխարէն hերոսամարտ

«Նախանձը վիրաւորանք կը պատճառէ կեղծ ու շեղող մեղադրանքներու ճամբով, այսինքն զրպարտութեամբ, եւ սա կը սարսափեցնէ առաքինին»։

Լէոնարդօ Դա Վինչի (1452-1519, իտալացի հանճարեղ գիւտարար եւ արւեստագէտ)

 

Իսկապէս որ մարդս պէտք է լա՜յն սիրտ ու մեծ ախորժակ ունենայ՝ հետեւելու Հայաստանի քաղաքական այժմու իրադարձութիւններուն: Աշխարհն ալ նւազ ախորժագրգիռ չէ։

Ինչպէ՞ս չզայրանալ, չընդվզիլ ու լուռ մնալ, երբ ականատես կըլլանք ժողովուրդի ներկայացուցիչները համախմբող ու ղեկը նկատւող՝ 19 Բաղրամեան պողոտայի Ազգային ժողովի երդիքին տակ պատահած արտառոց, սարսափազդու եւ սահմռկեցուցիչ դէպքերուն։

Ազգի մը ապագան որոշող այդ կառոյցը, մասնաւորաբար ՔՊ-ականներու օրով, շատո՜նց մոռցած է իր պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնը, կը հալածէ յիշեցնողները։ Չէ պահած առողջ քննադատութեան հարթակը։ Չկան խորաթափանց եւ մանրամասն քննարկումները, իմաստալից հակաճառութիւններ՝ գաղափարներու փոխանակում, առողջ եւ ողջմիտ քննադատութիւններ։ Ընդհակառակը, տիրապետող դարձած է իշխանականներուն սարքած… անիշխանական մթնոլորտը։ Սեւի եւ ճերմակի մտայնութիւնն է, որ կը շեշտէ ու կը նւիրականացնէ բռնատիրական վիճակը։

Տեղին է շեշտել, թէ մեծամասնութիւն վայելող խմբակը, այս պարագային՝ իրողական միակուսակցականութեան հասցնող «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը շա՜տ աւելի ծանր պարտականութիւն ունի կատարելիք, քան ընդդիմութիւնը։ Ի վերջոյ, իր ձեռքն է ղեկը. ժողովրդավարութիւն քարոզելով եւ բաց քաղաքականութիւն կիրարկելով՝ շատ աւելի ճկուն քաղաքականութիւն պէտք է կիրարկէ եւ լսէ՛, թէ դիմացինը ի՞նչ կառաջադրէ։

Դժբախտաբար, այդպէս չէ իրավիճակը 19 Բաղրամեան պողոտայի կառոյցէն ներս։ Երբ խօսք առնողը կը պատկանի ընդդիմութեան, բնական դարձած է որ ի՛նչ ալ խօսի, յայտնէ եւ առաջադրէ, դատապարտւած է չմտածւած «ո՛չ»-ով մը մերժւելու։ Որովհետեւ «ի վերուստ» եւ ի սկզբանէ՝ այդպիսի հրահանգ իջած է ՔՊ-ականներու ուղեղներուն (պահ մը ենթադրենք, որ ուղեղ կայ տեղ մը):

Հակառակն ալ կրնայ ճիշտ ըլլալ, այսինքն՝ որեւէ առաջարկ ՔՊ-ականի մը կողմէ, պիտի մերժւի ընդդիմութեան կողմէ: Արդար ըլլալու համար՝ կը մերժւի, որովհետեւ ցոյց կը տրւի անոր վնասակար ըլլալը, սակայն երբ ընդդիմադիրները չունին բաւարար քւէ, բնականաբար ծանր պարտականութիւնը՝ համերաշխութիւն, անդորրութիւն եւ դեռ աւելին՝ տրամաբանութիւն գոյացնելու գործը կիյնայ մեծամասնութիւն վայելող խումբին վրայ։

Հիմա, արդէն շատ աւելի բարդ կացութիւն մը կը ստեղծւի, երբ ամէն գնով, եւ յառաջիկայ յունիս 2026-ի խորհրդարանի ընտրութիւնները ի մտի ունենալով, մեծամասնութիւն վայելող խումբը գործի լծւած է ամէն գնով տկարացնելու, մեկուսացնելու եւ ոտնակոխ ընելու ընդդիմութեան ներկայացուցիչները։ Ամենէն աղաղակող նորութիւնը (առանց մոռնալու նախընթացները) ընդդիմադիրներու դատական հետապնդումներն են: Եւ սա չէ սահմանափակւած միայն խորհրդարանի անդամներով…

Այս «հնարքով» է որ ՔՊ-ական իշխանաւորները, Էջմիածնի ու հոգեւորականներու դէմ հալածանքին կողքին՝ ստապատիր սադրանքներով եւ կեղծ մեղադրանքներով անձեռնմխելիութենէ զրկեցին ընդդիմադիրներ՝ Սէյրան Օհանեանը, Արծւիկ Մինասեանն ու Արթուր Սարգսեանը։ Այս ընթացքով շարքը կրնայ երկարիլ։

Անընդունելի է տեսնել անիշխանական վիճակը Ազգային ժողովէն ներս, երբ սրահը կը վերածւի ֆիզիկական յարձակումներու կրկէսի, յիշեցնելով հին Հռոմի կլատիաթորները: Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ բաղդատելը Նիւ Եօրքի ըմբշամարտի «Մէտիսըն Սքւէր Կարտըն»-ին կամ Լաս Վեկասի կռփամարտի հռչակաւոր մրցարաններուն («ռինկ»): Այս վայրերուն մէջ, երբ մրցումներ կը կատարւին, իրաւարարներ իրենց անկողմնակալ եւ ուղղամիտ որոշումներով տէր կըլլան կացութեան, չեն թոյլատրեր վտանգաւոր հարւածներ, մինչդեռ 16 Բաղրամեանի «ռինկ»-ին վրայ, իրաւարար չկայ, այլ արդէն իսկ սկիզբէն որոշւած է յաղթականն ու պարտեալը: Իսկ ի պաշտօնէ իրաւարար եղողը՝ ժողովի նախագահութեան անդամները, ո՛չ միայն կը հրահրեն բախումները, այլ նաեւ ձեռքով-ոտքով, խժդուժօրէն մասնակից կըլլան խոշտանգումներուն…

Ըստ երեւոյթին, «Կրթւելը նորաձեւ է»-ի մէկ փառաւո՜ր արտայայտութիւնն է այս նորաձեւ կռիւը…

Մինչ այդ, ժողովրդավար եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպա՜ն Արեւմուտքը, իր մութ հաշիւները հետապնդելու համար, օրինակ՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի բերնով ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ «ժողովրդավարութեան ջահակիր» ՔՊ-ական Հայաստանի Ոստիկանական Հանրապետութեան, որուն բանտերու բնակչութեան թիւը զգալի յաւելում արձանագրած է, սկսելով պարզ քաղաքացիէն, ընդդիմադիրէն մինչեւ այլախոհ մեծահարուստներ եւ արքեպիսկոպոսներ։ Անդին, վկայեալ ոճրագործներ ու աւազակներ կը մնան ազատութեան մէջ, քաղաքական մրցակիցներ ծեծողներ պաշտօնի բարձրացում կը վայելեն…

Նման խայտառակ ըմբշամարտեր պէտք չեն հայորդիին, ո՛չ ալ կռփամարտ, այլ ազգ ու հայրենիք աստիճանական կորուստէ փրկող ՀԵՐՈՍԱՄԱ՛ՐՏ։

«Հայրենիք» – Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button