Հայ ըլալը ինքնութեանս անբաժանելի մասն է

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Հայաստան ծնած եմ եւ երբեք չեմ զգացած որ պէտք է պայքարիմ ինքնութիւնս պահելու համար։ 2003 թւականին տեղափոխւեցայ Բարսելոնա եւ խումբ մը հայերով զգացինք հայկական ինքնութիւնը պահապանելու անհրաժեշտութիւնը։ 2006 թւականին հիմնեցինք Պարսելոնիայի հայկական մշակութային միութիւնը»։ ( Սիրանուշ Սահակեան)
Յունիս 15-20, 2025, Բարսելոնա, Իսպանիա։
Մշակոյթի, ազգային ինքնութեան եւ մայրենի լեզւի պահպանման դասախօսութեանս ընթացքին՝ հայկական մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ եւ «Հայ տուն» կենտրոնին մէջ, տեսայ այն մեծ ուժը որ հայերը հոն կուզէին դրսեւորել որպէսզի հայ մնան։ Սիրանուշ Սահակեան՝ միութեան հիմնադիր անդամներէն, դուրս հանեց իր հպարտութիւնը երբ ըսաւ. «Հայ ըլլալը ինքնութեանս անբաժանելի մասն է»։
Բայց այդ անբաժանելի մասը պէտք է պահւի։
Բարսելոնայի հայկական գաղութը, որ այսօր կը հաշւէ մօտաւորապէս 4000 անդամ, մեծ համեմատութեամբ կազմւած է Հայաստանէն դուրս եկած հայորդիներով։ Փորձեցի տեսնել հայաստանեան սփիւռքի իւրայատկութիւնները, որպէսզի աւելի լաւ ձեւով կարենամ համեմատել հայկական դասական սփիւռքին հետ։
Արթիւր Մխիթարեանը ծնած է Երեւան։ 2007 թւականին ան իր տիկնոջ հետ եկած է Բարսելոնա։ Անոնք ունին երկու զաւակներ, որոնք ծնած են Բարսելոնա։ «Հայութիւնը ինծի եւ ընտանիքիս համար առաջին տեղ է», ըսաւ Արթիւր։ «Տունը արգիլած եմ Իսպաներէն խօսիլը։ Տիկինս եւ ես ամէն ինչ կընենք, որպէսզի պզտիկները իրենց ինքնութիւնը պահեն»։
Արթիւրը իր ազատ կամքով դուրս եկած է Հայաստանէն։ «Վատ չեմ զգար որ Հայաստանը ձգեցի», ըսաւ ան։ «Բայց կարօտը հայրենիքին շատցաւ։ Օտարութեան մէջ ըլլալով աւելի լաւ կրնամ արժեւորել իմ հայրենիքը»։
Արթիւր ունի իր սեփական աշխատանքը՝ ծաղիկի վաճառականութիւն։ Կը զրուցէի հայու մը հետ որ ունի բաւարարւածութիւն եւ ապահովութիւն՝ ընտանիքին կենսամակարդակը պահելու համար։ Արթիւր այն հայն է, որու սրտին ու հոգիին մէջ անդադար կը տրոփէ հայկականութիւնը։ «Ես Իսպանիոյ մէջ աւելի լաւ ճանչցայ թէ ի՞նչ է հայութիւնը», ըսաւ ան։
Ճիշտ է Արթիւրը։ Սփիւռքի մէջ կեանքը պայքար է ե՛ւ դպրոց։ Եթէ մէկ կողմէ կը սորվեցնէ բայց նոյնքան նաեւ քեզ զգաստ կը պահէ։
Բարսելոնայի հայկական մշակութային միութիւնը կազմակերպած է շաբաթօրեայ դպրոց մը, որ ունի աւելի քան 90 աշակերտներ, ուր կը սորվին լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ եւ պար։ Անոնք ունին ճատրակի դպրոց եւ պատանիները առաջին դիրք գրաւած են Բարսելոնայի պատանեկան մրցաշարքին։
Մարիէթա Յակոբեանը ծնած է Երեւան։ 2023 թւականին ան եկած է Բարսելոնա։ «Ճարտարապետութիւնը շատ կը սիրեմ եւ այդ գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր որ եկայ այս քաղաքը», ըսաւ ան։ Մարիէթայի «սէրը» զիս չզարմացուց։ Բարսելոնայի գեղեցիկ ճարտարապետութիւնը կը զգլխէ ու կանցնի ամէն գեղեցկութիւն։
«Կը հաւատամ որ ազգային եւ մշակութային ժառանգը որ ունիմ միշտ ալ կապրի իմ մէջս», ըսաւ Մարիէթա։ «Բայց նոր մօտեցումներ կը փնտրէի, որպէսզի նորը ստեղծեմ»։ Մարիէթա երիտասարդ տնտեսագէտ աղջիկն է, որ ունի քննական միտք։ «Ցեղասպանութիւնը ցաւի յատուկ տեսակ է, որուն մէջէն կը ծնի պայքար եւ այս ցաւ-պայքարը կը մղէ քեզ յառաջանալու կեանքի մէջ, ուր կը ճանչնաս եւ կը յիշես ազգդ եւ կրօնքդ։ Ցեղասպանութեան ցաւը երբ վերածես պայքարի, անպայմանօրէն կը յաղթես», շարունակեց Մարիէթա։
Մարիէթա հայրենասէր երիտասարդուհին է։ «Հայրենիքը հաւատք եւ արժէք է»։ Ան կը հաւատայ որ հայրենիքի այս հաւատքը եւ արժէքը կը պահւի ու կը զարգանայ կրթութեամբ։ Մարիէթա համոզւած է, որ ներկայ օրերու ճարտարարւեստի յառաջխաղացքը կը ստեղծէ բոլոր հնարաւորութիւնները, որ անձ մը կարենայ տարբեր երկիրներու փորձը, փորձառութիւնը եւ դաստիարակութիւնը ներմուծել հայրենի կեանքին մէջ եւ յառաջխաղացք արձանագրել։ Այս ալ սփիւռքի հայկական ուժն է, երբ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ իր հետ կը բերէ իր ծնած-ապրած երկրի փորձը եւ կը տրամադրէ հայրենիքի վերելքին։ Սփիւռքը «դրամագլուխ» է, որուն լաւապէս տնօրինումը կրնայ մեծ արդիւնքներ նւաճել համահայկական տարբեր օրակարգերու համար։
Անի Սահակեանը ծնած է Հայաստան եւ 2021 թւականին եկած է Բարսելոնա։ Անին շատ լաւ կը գիտակցի, թէ ինչքան առանձնաշնորհումներ ունէր հայրենիքի մէջ եւ թէ սփիւռքեան իրականութիւնը ինչքան տարբեր է։ «Հայրենիքի մէջ կապրիս կեանք մը եւ չես գիտակցիր, թէ այդ բոլորը ինչ գինով կը պահւի քեզի համար։ Երբ Իսպանիա եկայ, այդ բոլորը չկային։ Չկար նոյնիսկ աւանդական հայկական համայնք, որ զիս կապէր հայրենիքին», ըսաւ Անին։
Անին իր աշխուժ մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութին հոգեւոր դաստիարակութեան մէջ։ «Սփիւռքի մէջ հայ ապրիլը մարտահրաւէր է, առաքելութիւն, խաչ որ պիտի կրես», շարունակեց Անին։ «Այս խաչը պիտի կրենք, որպէսզի նոր սերունդը հայ մեծնայ։ Ահա այս ամենէն մեծ տարբերութիւնն է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայուն պայմաններուն»։
Անին հայուհին է որ չէր բաւարարւէր միայն խօսելով։ Ան աշխուժ մասնակցութիւն կը բերէ որպէսզի եկեղեցական կեանքը կազմակերպէ եւ հայկական գաղութը կարնայ ունենալ պատարագ եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն։
Անիին մօրենական կողմը Արցախէն է։ Իր մօրենական ընտանիքը ապրած է Արցախի պատերազմները։ Այս իմաստով ան գիտէ արժէքի գիտակցութիւնը եւ անոր պահպանումը։ «Կուզեմ որ իմ հայրենակիցները որ Հայաստան կապրին, պինդ պահեն մեր արժէքները՝ մանաւանդ ներկայ օրերուն», եզրափակեց Անին։
Սփիւռքը ինչքան բարդ է։ Շատ են սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայուն զգացումները, մարտահրաւէրները ու պայքարը։
Անի Բայաթեանը ծնած է Երեւան եւ Բարսելոնա եկած է 2015 տարին։ «Տան մէջ միայն հայերէն կը խօսինք», ըսաւ Անին։
Անին գործունեայ անդամ է Բարսելոնայի մշակութային միութեան եւ անոր Հայ Տան մէջ։ «Ամէն միջոցառում կը կազմակերպենք որպէսզի հայ նոր սերունդը հայ պահենք», ըսաւ Անի։
Երբ կը խօսէի Անիին հետ, կը տեսնէի թէ ինչքան սէր եւ յարգանք ունի Հայաստանի եւ հայկական արժէքներու նկատմամբ։ Երբ հարցուցի, թէ Հայաստանը իրեն համար ի՞նչ կը նշանակէ, ան ըսաւ. «Հայաստանը տուն է, մանկութիւն եւ կարօտ»։
Հապա՞ Հայաստանի ապագան։ «Բան չեմ կրնար ըսել», ըսաւ Անի։
Հայաստանը հայրենիք է, որ կու տայ ինքնութիւն, պատկանելիութիւն եւ հպարտութիւն, սակայն ներկայ օրերու իրավիճակը յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն։
Միջին արեւելեան ժողովրդային առածը կըսէ. «Լեռներ իրար չեն հանդիպիր բայց մարդիկ իրար կը հանդիպին»։ Այս իմաստով շատ հաճելի եւ հետաքրքրական էր դարձեալ հանդիպիլ Տաթեւ Սուլեանի։ Ան վեց տարիներ վարած էր Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի գործավարի պաշտօնը։ Տաթեւ ծնած է Քէսապ, ուսանած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դպրեվանքին մէջ, աւարտած է «Համազգային»-ի հայագիտական հիմնարկը, եւ մագիստրոս վկայական ստացած է՝ պատմութեան մէջ, Երեւանի պետական համալսարանէն։ 2012-ին ան հասած է Բարսելոնա։ «Այլեւս հոս եմ եւ հոս պիտի ապրիմ», ըսաւ Տաթեւ։
Եւ հոս ապրելու գիտակցութեամբ՝ Տաթեւ կը կերտէ իր անձնական, ընտանեկան եւ հաւաքական-ազգային կեանքը։ Եւ ինչպէս չկերտել ազգային կեանքեր երբ Տաթեւի ակունքները կուգան ուժեղ Քէսապէն եւ աշխուժ Բէյրութէն։ «Ես շատ բան կը պարտիմ միջին արեւելքի եւ անոր դաստիարակութեան», ըսաւ Տաթեւ։ Ան ստանձնած է մշակութային միութեան ատենապետութեան պատասխանատւութիւնը եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ հայապահպանումի առաքելութեան մէջ։ Ան իր ազգային ծառայութիւնը կորակէ որպէս «կամաւոր բանակ եւ ազգային պարտք»։
«Հայուն ազգային ինքնութեան կերտումը եւ ապահովութիւնը միայն դպրոցով չըլլար», ըսաւ Տաթեւ։ «Կարեւոր է, որ հայեր իրար հետ ունենան կապ եւ հաղորդակցութիւն։ Շատ մեծ զոհողութիւններով ստեղծեցինք Հայ Տունը, որպէսզի հայեր Բարսելոնայի մէջ համախմբւին»։ Ես տեսայ թէ ինչպէս Հայ Տունը կը համախմբէ հայութիւնը։
Հայապահպանումի մեր սփիւռքեան «պատերազմի»-ն մէջ, մենք պէտք ունինք Տաթեւի նման նւիրեալներու՝որոնք կը գիտակցին կամաւոր բանակի եւ ազգային պարտքի կարեւորութեան։
Լեւոն Գրիգորեանը փաստաբան է եւ միջազգային օրէնսգիտութիւններու մասնագէտ։ Լեւոնը Հայկական Բարեգործական միութեան Իսպանիոյ մասնաճիւղի ատենապետն է եւ ազգային-եկեղեցական լայնածաւալ գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Անոր հայրը Հալէպէն է եւ մայրը Բաքւէն։ Լեւոն ամուր կապւածութիւն ունի Արցախի եւ անոր հիմնախնդրին։ 44 օրերու պատերազմի ընթացքին Լեւոն ունեցած է բեղուն գործունէութիւն, երբ իր բոլոր իրաւական լծակները ի սպաս դրած է արցախեան հիմնահարցին քարոզչութեան՝ Իսպանիոյ պետական եւ քաղաքական լայն շրջանակներու մէջ։ «Արցախը հայ ժողովուրդի սիրտն է ու Հայաստանի փրկութիւնը», ըսաւ Լեւոն։ «Արցախը տալով մենք մեր մարմնէն մաս մը տւինք»։
Եւ դարձեալ Սիրանուշը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը վէրք է, աւելի ճիշտ ծննդեան նշան որ ժառանգած եմ ծնողքէս եւ կը փոխանցեմ իմ զաւակներուս։ Իսկ Արցախը բաց վէրք է, որ երբեք չսպիանար»։ Սիրանուշ ամուսնացած է Տաթեւ Սուլեանի հետ։ «Դասական սփիւռքի համար հայ ինքնութիւնը եւ մշակոյթը պահելը եղած է անհրաժեշտութիւն եւ փոքր տարիքէն սկսած։ Հայաստանցիները, որոնք ներգաղթած են Հայաստանէն, իրենց համար անհրաժեշտութիւն եղած է գոյատեւել եւ պահել ընտանիքները։ Շատերը նոյնիսկ չեն մտածեր հայ ինքնութիւնը պահելու մասին»։
Դասական թէ հայաստանեան սփիւռք, կայ ու կը մնայ մէկ հիմնական իրականութիւն, թէ հայ ըլլալը ինքնութեան անբաժանելի մաս ընելն է։
Լեւոնը շեշտեց այս հայու ինքնութեան անբաժանելի մաս ըլլալու իրողականութիւնը։
Իսպանիոյ զօրավար Ֆրանքոն եւ Սիրիոյ նախագահ Հաֆէզ էլ Ասատը ունեցած են բարեկամական ջերմ կապ։ Այս երկու երկիրները՝ փոխադարձ համաձայնութեամբ, բաւական թիւով քրիստոնեայ սիրիացի ընտանիքներ տեղափոխած են Իսպանիա՝ ներառեալ հայեր։ Այս ընտանիքները ժամանակի ընթացքին ձուլւած են տեղական հաւաքականութիւններուն մէջ։ «Այսօր այդ հայ ընտանինքերուն նոր սերունդը մէջտեղ եկած է եւ կը գիտակցի իր հայկական ինքնութեան», բացատրեց Լեւոն։ «Արդէն իսկ 25 հայ ընտանիքներ հաւաքած ենք, որոնք կուզեն վերագտնել իրենց ինքնութիւնը»։
Մեր հայկական օրակարգերը ինչքան շատ են եւ բարդ։ Բայց կայ մէկ մեծ առաքելութիւն-պարտականութիւնը՝ հայկական ինքնութիւնը անբաժանելի մասը ընել իւրաքանչիւր հայու համար։ Այս ընելու համար հայը պէտք ունի զգաստութեան։ Զգաստութիւնը որ մեր կարողականութիւնները պիտի համախմբէ։
Այս իմաստով…
Հայաստանը պէտք է վերագտնէ իր ներքին համերաշխութիւնը եւ համակեցութիւնը՝ վերջ դնելով իր բոլոր անհասկացողութիւններուն։
Հայաստան եւ Սփիւռք պէտք է վերստեղծեն իրենց կապը եւ համագործակութիւնը՝ որպէս գործակից եւ զիրար ամբողջացնող օղակներ։
Արցախի հիմնահարցը պիտի պահել մեր օրակարգի հիմնական եւ իրականացնելիք մարտահրաւէր։
Այս եռամիասնութիւնը ապահովելով պիտի ստեղծենք ուժ՝ հայուն ուժը։ Այս ուժը հայուն ինքնութիւնը պիտի դարձնէ իր անբաժանելի մասը։ Այս հայուն ինքնութիւնը հայուն կեանքը պիտի դնէ պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ։
Նիկոսիա, 1 յուլիսի, 2025