Մի շարք հայ ընտանիքներ տարհանւել են. Արամ Ա կաթողիկոսը կապւել է ԱՄՆ-ում հայ համայնքի հետ
«ԱԼԻՔ» – Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը կապ է հաստատել Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Գեղամ արքեպիսկոպոս Խաչերեանի հետ՝ տեղեկանալու Լոս Անջելէսում տարածւող հրդեհի հետեւանքների ու տեղի հայ բնակչութեան վիճակի մասին։
«Անցնող ժամերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը մի քանի առիթներով կապ հաստատեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի հետ եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լոս Անջելէսի մէջ ծայր առած հսկայ հրդեհի հետեւանքներուն ի տես։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս հետաքրքրւեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու անոնց բնակարաններուն կացութեամբ։ Այս առումով առաջնորդ Սրբազան Հայրը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Հայրապետին։
Այս պահու դրութեամբ զօրաւոր փոթորիկն ու հովը պատճառ կըլլան, որ հրդեհը աւելի ծաւալի՝ հակառակ հրշէջներուն կողմէ գործադրւած հետեւողական ու ազդու միջամտութեանց։ Ահաւոր հրդեհը առաւելաբար կը տարածւի Փասատինայի, Գլէնդէլի եւ Լա Քրասէնթայի հայահոծ շրջաններուն մէջ։ Տեղեկութիւններու համաձայն, կարգ մը հայ ընտանիքներ արդէն իսկ ապաստանած են աւելի ապահով շրջաններ։
Մեր եկեղեցիները յայտարարած են, որ իրենց դռները բաց են բոլոր անոնց դիմաց, որոնք կը փափաքին ապաստան գտնել այնտեղ»։