Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը քննարկել է Բաքւում ապօրինաբար պահւող գերիների հարցը

«ԱԼԻՔ» – Քրիստոնէական զօրակցութեան միջազգային կազմակերպութեան նախագահը այցելել է Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին: Այս մասին յայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնից:
«Շաբաթ, 25 hոկտեմբերի 2025-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Քրիստոնէական զօրակցութեան միջազգային կազմակերպութեան (Christian Solidarity International — CSI) նախագահ դոկտ. Ջոն Այպնըրը։ Սոյն կազմակերպութեան կենտրոնը կը գտնւի Ցիւրիխի (Զւիցերիա) մէջ։ Ան տարբեր երկիրներու մէջ գրասենեակներ ունի։
Դոկտ. Այպնըր Հայրապետին պարզեց կազմակերպութեան աշխատանքները՝ Հայաստանի ու Արցախի վերաբերեալ եւ յատկապէս Բաքւի մէջ ապօրէն կերպով հայ բանտարկեալներուն գծով, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Սիրիոյ ու Իրաքի քրիստոնեայ համայնքերուն կատարւած օժանդակութեանց մասին:
Նորին Սրբութիւնը իր տեսակէտները պարզեց յիշեալ հարցերուն առնչութեամբ, միաժամանակ իր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպութեան գործունէութեան։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորաբար շեշտեց Բաքւի մէջ հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման անհետաձգելի հրամայականը։
Դոկտ. Ջոն յայտնեց, թէ յառաջիկայ շրջանին պիտի այցելէ Անթիլիաս, որպէսզի վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ լայնօրէն խորհրդակցի Վեհափառ Հայրապետին հետ։
Նշենք, որ հանդիպումին ներկայ էին արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները»,- նշւած է հրապարակւած հաղորդագրութեան մէջ:



