Հայաստան - ԱրցախՍփիւռքՔաղաքական

Համահայկական հրատապ իրադարձութիւններու քննարկում «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի նիստին

«ԱԼԻՔ» – Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի հերթական առցանց նիստը կայացաւ կիրակի, 2 մարտի 2025-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին։

Նիստը քննարկեց.-

ա) Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, գերիներու եւ պահւող անձանց ազատ արձակման կոչով Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին ուղղած նամակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին։

բ) Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած հանդիպումները Զւիցերիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ Ցեղասպանութեան պատճառականութեան մասին վարչապետին հնչեցուցած միտքերուն նկատմամբ հասցէական արձագանգը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն Հարթակի անդամ պատմաբանները, իրաւագէտներն ու քաղաքագէտները խորքային քննարկումով անդրադարձան աշխարհակարգային փոփոխութիւններուն, անոնց ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հարաւային Կովկասի տարածշրջանին վրայ, Հայաստան-Սփիւռք բացակայող համագործակցութեան պատճառներուն եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան յղացքին մասին վարչապետ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւններուն։ Նիստի ընթացքին մասնակիցները արձանագրեցին, որ նման հարցադրումներով ներհայկական դաշտին մէջ տարակարծութիւններ կը յառաջանան ամենահամահայկական օրակարգին շուրջ։ Աւելին, այսպիսի բանավէճ ստեղծելով, ըստ էութեան, յագուրդ տրւած կըլլայ Անկարայի կողմէ յառաջ քշւող «պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով» Ցեղասպանութեան իրողութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող քաղաքականութեան։

Ռազմագերիներու խնդրին առնչութեամբ ժողովականները նշեցին, որ հակառակ կտտանքներու ու հոգեբանական ճնշումներու, անոնք արժանապատիւ կեցւածք ունին. Հարթակի անդամները միաժամանակ արձանագրեցին, որ այսպիսով Բաքուն նպատակադրած է Ադրբեջանի ռազմական յանցագործութիւններուն դէմ եղած հայցադիմումներու չեղարկում պարտադրել Երեւանին եւ արցախեան պատերազմի ամբողջ մեղքը բարդել Հայաստանի եւ Սփիւռքի ուսերուն։

«Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի անդամները հաստատեցին, որ նման ճակատագրորոշ ժամանակաշրջանի անհրաժեշտ է բոլոր մակարդակներու վրայ ազգային կենտրոններու եւ ուժերու համախմբում՝ դիմակայելու համար արհաւիրքները։

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց կայացած մասնագիտական քննարկումները եւ շեշտեց, որ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ շեշտակի ըսել իր խօսքը՝ բոլոր այն երեւոյթներուն դէմ, որոնք կը հակասեն համահայկականութեան, եկեղեցւոյ միութեան եւ ազգի համախմբման։ Ան աւելցուց, որ համահայկական կառոյցները իրենց աշխատանքները պէտք է կենտրոնացնեն Արցախի գերիներու ազատ արձակման համար Ադրբեջանի վրայ ճնշում բանեցնելու, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձը անվտանգութեան երաշխիքներով ապահովելու եւ մեր ժողովուրդի պատմական բոլոր իրաւունքները պաշտպանելու։

Այս առիթով յայտնենք, որ հրատարակութեան յանձնւած է Արցախի ցեղասպանութեան թեմայով, 2024-ի յունւարին ու Ապրիլին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած գիտաժողովի զեկուցումներու հաւաքածոն, որ կընդգրկէ իրաւական, մշակութային, պատմական ու քաղաքական բնոյթի այժմէական փորձագիտական նիւթեր, որոնք մեծապէս օգտակար կրնան հանդիսանալ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման նպատակով տարւող զանազան աշխատանքներու։

Related Articles

Back to top button