Հայ ԴատՀայաստան - ԱրցախՔաղաքական

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմին. «Միջազգային ընտանիքը պէտք է անյապաղ ճնշումներ բանեցնէ՝ ազատ արձակելու համար արցախի գերիները»

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը մարտի 3-ին լիբանանեան լրատւամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«37 տարի առաջ Ադրբեջանի Սումգայիթ քաղաքին մէջ Բաքւի իշխանութիւնները կազմակերպեցին բռնութիւններ, սպանութիւններ եւ ջարդեր հայերու դէմ: Սումգայիթի մէջ ապրող հայերը սպանւեցան պարզապէս, որովհետեւ հայ էին:

«Հայերը բնաջնջելու Ադրբեջանի քաղաքականութիւնը Սումգայիթով չբաւարարւեցաւ: Նոյն ճակատագիրին ենթարկւեցան Կիրովաբադի, Բաքւի, Մարաղայի եւ Արցախի հայերը: 19 փետրւարի 2004-ին, Բուդափեշտի մէջ ադրբեջանցի սպան կացինահարեց հայ սպան՝ իր քունին մէջ սպանելով զայն: Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ Բաքուն գործեց ռազմական յանցագործութիւններ եւ Արցախի մէջ պատերազմ հրահրելով նախ շրջափակեց եւ ապա հայաթափեց շրջանը: Ադրբեջանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կը շարունակւի Արցախի մէջ հոգեւոր-մշակութային- քաղաքակրթական հայկական ժառանգութիւնը ջնջելով:

«Բաքւի մէջ կը պահւին հայ գերիներ: Անոնց դատավարութիւնը Ադրբեջանը կը շահագործէ ծածկելու համար իր գործած յանցագործութիւնները եւ նոյն մեղադրանքները բարդելու համար հայկական կողմին վրայ:

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը լիբանանեան հանրային կարծիքին սեփականութիւնը կը դարձնէ այս հանգամանքները՝ շեշտելով, որ Սումգայիթով սկսած եւ Արցախով վերջացած ցեղասպանական քաղաքականութեան համար Բաքուն պէտք է պատասխան տայ միջազգային արդարադատութեան:

«Միջազգային ընտանիքը պէտք է անյապաղ ճնշումներ բանեցնէ ազատ արձակելու համար ֆիզիկական եւ հոգեկան չարչարանքներու ենթարկւող Արցախի գերիները»:

Related Articles

Back to top button