Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ ընտրութեանց արդիւնքներուն լոյսին տակ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Զարմանալի չէ, որ քաղաքական աշխարհի ուշադրութիւնն ու մեկնաբանութիւններու հեղեղը վերջին շաբաթներուն կենտրոնացած են Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ու արդիւնքներուն վրայ, մանաւանդ որ Ֆրանսայի պարագային, անակնկալը ցատկեց սպասելիէն յառաջ, աջակողմեան զինակցութիւնը չկրցաւ ունենալ մեծամասնութիւն, մինչդեռ Անգլիոյ մէջ, ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութեան յաղթանակը ստոյգ կը նկատւէր նախօրօք:
Փորձենք պահ մը աչքէ հեռու պահել այն «մեծ խաղերն ու խաղացողները», որոնք իսկապէս վճռորոշ դերակատարութիւն կունենան – երբեմն ալ կը ձախողին – նման տարողութեամբ ընտրութիւններու քուլիսներուն մէջ, եւ կենտրոնանանք բեմի յառաջամասին խաղցւող ժողովրդավարութեան խաղին վրայ, երկիրներու մէջ՝ ուր ժողովրդավարութիւնը ունի իր պատմութիւնը, եւ ուր մարդիկ կրնան աւելի՛ ինքնավստահ կերպով յայտարարել, թէ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» են (թէեւ հոն յաճախ մարդոց կը տրւի ժողովրդավարութեան կիրարկման պատրանքը): Մեր փորձը, այս նեղ սիւնակներուն մէջ բնականաբար շատ հպանցիկ ու մասնակի, յառաջ պիտի տանինք երկու երկիրներուն առարկայական վիճակներուն մասին բաղդատականներով, պիտի անդրադառնանք նաեւ որոշ իրականութիւններու, որոնք լայն մեկնաբանութիւններ չեն գտներ մամուլի աշխարհին մէջ, որովհետեւ մամուլի իսկական տէրերը կը նախընտրեն որոշ իրականութիւններ պահել լուսարձակէ հեռու, որովհետեւ այդպէս կը թելադրէ իրենց շահը:
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՊԱՐԱԳԱՆ
Մեծն Բրիտանիոյ ընտրութիւններուն մեկնարկն ու վախճանը համեմատաբար աւելի յստակ ընթացք ունեցաւ, որովհետեւ իշխանութեան վրայ եղող Պահպանողական կուսակցութիւնը շատո՜նց կը վազէր անկումէ անկում եւ նահանջէ նահանջ, իսկ գլխաւոր մրցակիցը մէկ էր՝ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը: Կան նաեւ այլ կուսակցութիւններ:
Պահպանողականներու անկումին դրդապատճառներուն մասին տեսակէտները ծիածան չեն կազմեր, այլ ըստ բաւականին իրերանման են: Թւումի կարգով արձանագրենք մէկ քանին: Իշխող կուսակցութիւնը ունեցաւ անհաճոյ եւ վնասարար մէկէ աւելի ղեկավարներ՝ վարչապետներ, որոնք բերին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական պատուհասներ: Չերթանք մինչեւ Կորտընի եւ Մէյի օրերը, երբ պահպանողականները ունեցան աւելի նպաստաւոր օրեր: Վերջին վարչապետը՝ Ռուշդի Սունաք, որ հնդկական ծագում ունի եւ կը պատկանի հարուստներու դասուն, հռչակւած է իբրեւ ժողովուրդի տարտերուն անհաղորդ մարդ, երեւցող յատկանիշներէն մէկն է ակռաները ցուցադրել: Նախորդներէն՝ Բորիս Ջոնսընն ալ ա՛յլապէս շահեցաւ նոյն հռչակը, երբ համաճարակի սկզբնական շրջանին մնաց անտարբեր (եւ ասկէ՝ Թրամփին անոր նմանութիւնը, քիչ մըն ալ խառն ի խուռն՝ յիմար մը պատկերող մազերը): Առիթով մը մինչեւ իսկ ըսած է, թէ «թող մահացողներուն մարմինները դիզուին…»: Յաջորդը՝ Լիզ Թրաս (նւազ քան 2 ամիս վարչապետ) յիշատակելի բան չըրաւ:
Իրարայաջորդ այս վարչապետներուն գլխաւոր յանցանքներուն շարքին կը յիշատակւին՝ իրենց երկիրներէն բռնագաղթողներու դէպի անգլիական կղզիներ հոսքը պահանջւած ձեւով չդիմագրաւելը, կամ կիսկատար միջոցառումները: Տնտեսութիւնը նահանջ արձանագրեց, սղութեան ալիքը ճնշեց մարդոց օրապահիկի կոկորդին: Գործադուլեր իրարու յաջորդեցին, մերթ ընթ մերթ անշարժացնելով օդակայաններն ու շոգեկառքի ցանցերը:
Նւազ կը խօսւի մէկ քանի այլ ազդակներու մասին: Օրինակ, Բրիտանիոյ ելքը՝ Եւրոպական միութենէն: Գործընթացը սկսաւ 2016-ին, հեռացումը ամբողջացաւ 2020-ին: Սա պատմութեան մէջ արձանագրւեցաւ «Բրեքզիթ» անունով: Այդ պատմական քայլէն՝ այսինքն եւրոպական շուկայէն հեռանալէն ետք, Բրիտանիոյ տնտեսութիւնը որոշ նահանջներ արձանագրեց, ապրուստի սղութիւնը ծանրացաւ: Եւրոպական ընտանիքէն հեռացումով (եւ այս կէտին մասին է որ շատ չի խօսւիր), բրիտանացիք շեշտակիօրէն բռնւեցան Միացեալ Նահանգներու ճիրաններուն մէջ (միակը չեն. Գերմանիան ալ ունի իր նմանօրինակ պատմութիւնը՝ յատկապէս ռուսական կազատար խողովակներու ականահարումէն ասդին…): Ստեղծւեցաւ Եւրոպայի ուղղութեամբ որոշ կարօտաբաղձութիւն, թէեւ աշխատաւորականները դրօշի չեն վերածած վերադարձի ընտրանքը: Բրիտանացիք մի՛շտ ալ «վերէն» կը դիտեն եւրոպական երկիրները եւ կը յաւակնին անկախ ըլլալ (ամերիկացիներէն կախւածութիւնը… կախւածութիւն չէ): Կայ գլխագիր ուրիշ ազդակ մը, որ կը կոչւի… Ուկրանիա: Բրիտանացիք եւս միլիարդաւոր դոլարի նպաստ կը նետեն Ուկրանիոյ վառարանին մէջ, թէեւ չեն մրցիր Միացեալ Նահանգներու ու Գերմանիոյ հետ. սակայն ժողովուրդը կը զգայ, կը տեսնէ (կարծւածին չափ ապուշ չէ), որ սեփական երկրի տնտեսական եւ ընկերային վիճակներու բարելաւումէն աւելի՝ գումարներ կը մսխւին աւերիչ եւ մահասփիւռ պատերազմի մը մէջ, առաւելաբար հարստացնելով զէնքի-պատերազմի ճարտարարւեստի գանձանակները (նոյնը՝ այլ երկիրներու մէջ): Ղեկավարներու մակարդակին վրայ, անշուշտ կայ դարաւոր՝ «ամէն բան ընդդէմ Ռուսիոյ» նշանաբանը (նոյնը՝ նաեւ այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս Կովկաս՝ Հայաստան ու Վրաստան…), որ հասարակաց է ախոյեան երկու կուսակցութեանց համար:
Աշխատաւորականները հրապարակ եկած էին «փոփոխութիւն պիտի բերենք» նշանաբանով, եւ անոնց գտած համակրանքը ցուցանիշ էր որ ժողովուրդը կուզէ հաւատալ, թէ փոփոխութիւն կարելի է: Հարց է թէ ո՞վ թոյլ պիտի տայ, որ անոնք փոփոխութիւն բերեն: Նման յանկերգ վերջին տասնամեակներուն «նորաձեւութիւն» է, Օբաման ալ այս նշանաբանով եկաւ ու յետոյ…: Իսկ եթէ վաղը յաղթականները չկատարեն իրենց խոստումը, հրապարակ պիտի նետեն հազար ու մէկ պատճառաբանութիւն (սակայն պիտի չկրկնեն այնպիսի բաներ, որոնք Հայաստանի այժմու իշխանութեան կողմէ ամէն օր կը հրամցւի ժողովուրդին, յաճախ… սուտերու տարածումով: Աշխատաւորականներն ու իրենց մրցակիցները գոնէ այդքանը գիտեն, որ իրենք դաւաճանական ընթացք չեն ունեցած իրենց հայրենիքին նկատմամբ, իսկ թէ ի՜նչ աւերներ կը գործեն հոս-հոն՝ ընտրական սակարանին մէջ ծանր չի կշռեր…):
Աշխատաւորականներուն ձեռք բերած առաւելութիւնը կը նկատւի փառաւոր յաղթանակ: Թիւեր շատ բան կը բացատրեն: Անոնք ձեռք բերած են յստակ առաւելութիւն, շահած՝ 441 աթոռ (նախորդ խորհրդարանին մէջ միայն 209), իսկ Պահպանողական կուսակցութիւնը ունի 121 աթոռ (լուծարւածին մէջ՝ 365): Այսինքն, յաղթականը շատ աւելի աթոռ ունի, քան անցեալ շաբաթ իշխանութեան վրայ եղողը: Ըստ վիճակագրութիւններու, սա աննախընթաց իրագործում է 1832-էն ի վեր:
Ուսանելի կէտ մը. Աշխատաւորականները, ընտրութեանց արդիւնքին հրապարակումէն անմիջապէս ետք, ստանձնեցին երկրին ղեկը եւ հրապարակ եկան կառավարական կազմով մը: Սա կը նշանակէ, որ անոնք չսպասեցին՝ տեսնելու թէ արդեօք պիտի շահի՞ն ընտրութիւնները: Անգլիոյ (ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու) մէջ կայ աւանդութիւն մը. իշխանութեան մրցակից կուսակցութիւն(ներ)ը կունենայ «շուք-կառավարութիւն» (ստւերային կառավարութիւն) կոչւած կազմ մը, ուր իւրաքանչիւր նախարարութեան համապատասխան մասնագէտ մը նկատի կառնւի, եւ երբ ընտրական յաղթանակ մը կապահովւի, կառավարական կազմը արդէն պատրաստ կըլլայ յանձն առնելու երկրին ղեկը: Սա կարեւոր նւաճում մըն է իսկական ժողովրդավարութիւն կիրարկիող երկիրներու մէջ, մաս կը կազմէ երկրի ղեկավարման խաղին: Իշխանաւորը չի յայտարարեր, թէ երկրին մէջ միայն մէկ կառավարութիւն կայ, բիրտ հալածանքի կամ բանտարկութեան չենթարկեր ընդդիմադիրներ, որովհետեւ գիտէ, որ ինք ալ նո՛յն խաղը պիտի խաղայ յաջորդ փուլին:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽԱՌՆԻՃԱՂԱՆՃԸ
Եթէ Բրիտանիոյ մէջ իշխանափոխութիւնը ընթացաւ աւելի հեզասահ, նոյնը չեղաւ Ֆրանսայի մէջ, ուր արկածախնդրութիւնը աւելի ազդու գործօն դարձած է վերջին տարիներուն:
Ինչպէս Բրիտանիոյ, նոյնպէս ալ Ֆրանսայի մէջ ընտրութիւնները տեղի ունեցան արտակարգ ընթացքով: Հոն, անմիջական դեր ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն արդիւնքը (նշեցինք, որ բրիտանացիք դուրս են այս ընտանիքէն): Վերջին տարիներուն, Եւրոխորհրդարանի անդամ երկիրներուն մէջ, աջակողմեան, մինչեւ իսկ ծայրայեղական աջերու շարժումներն ու կուսակցութիւնները յառաջընթաց կ’արձանագրեն. Գերմանիոյ մէջ մինչեւ իսկ նացիական քամիները սաստկացած են:
Եւրոպական դաշտի ընտրութիւններուն, ֆրանսական կալւածին մէջ մեծ առաջդիմութիւն արձանագրեցին Մարին Լը Բէնի աջակողմեան կուսակցութիւնն ու անոր շուրջ խմբւած միաւորները: Նախագահ Մակրոնի համար սա ուղղակի ահազանգ մըն էր, որովհետեւ Մարին Լը Բէն կը նկատւի նախագահութեան թեկնածու (յաջորդ ընտրութիւնները՝ 2027-ին), վերջին ընտրութիւններուն ան կորսնցուցած էր մրցավազքը, սակայն իր հօր՝ Ժան-Մարի Լը Բէնի օրերուն սկիզբ առած՝ քայլ առ քայլ առաջացումը անոր կուսակցութիւնը դարձուցած է նկատառելի ուժ: Այս մրցակցութեան մէջ աջի-ձախի գաղափարական հակադրութիւն չի փնտռւիր, այլ բանակռիւը «ընթացիկ հարցերու» շուրջ են, խոստումներն ալ կը թաւալին նման ծիրերու վրայ: (Նոյնը՝ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ, մինչդեռ հակադրութիւնները ըստ էութեան շատ աւելի քաղաքական էին 30-40 կամ աւելի տարի առաջ):
Մակրոն, եւրոպական ընտրութիւններուն արդիւնքին լոյսին տակ, հարկադրւեցաւ երթալու արտակարգ ընտրութիւններու, լուծարքի ենթարկելով խորհրդարանը: Անոր այս քայլին մէջ, որոշ մեկնաբաններ տեսան աճպարարական ու բախտախնդիր արկածախնդրութեան ճիգ մը, եւ ահա ի յայտ կու գայ, որ այդ նախատեսութիւնները որոշ չափով ճիշտ դուրս եկած են: Քիչեր կը յիշեն, որ Մակրոն իշխանութեան հասաւ՝ հաւասարապէս ինքզինք հեռու հռչակելով աջէն ու ձախէն, որոնք այդ օրերուն ըստ բաւականին հող կորսնցուցած էին (պատճառնրը ունին իրենց պատմութիւնը):
Ընտրութիւններու առաջին հանգրւանին, եւ ո՛չ պատահաբար, մեծ առաւելութիւն ապահովեցն աջերը, եւ գրեթէ վստահ էին, որ պիտի շահին երկրորդ հանգրւանին ալ, իրենց ղեկավարը պիտի հասցնեն վարչապետի պաշտօնին, պատմական պարտութեան մատնելով անմիջականօրէն՝ նախագահն ու իր կողքին կանգնողները:
«Տան հաշիւը շուկայի մէջ չքալեց»: Աջին շահած այդ առաւելութիւնը ահազանգի մատնեց Ֆրանսան, գոնէ աջերուն հակադրւած բոլոր ուժերը, անոնք ըլլան իշխանական (ծանօթ՝ կենտրոնի ուժեր անունով, ստեղծւած՝ Մակրոնի կողմէ, նախագահութեան առաջին ընտրապայքարի նախօրեակին) թէ ձախ ընդդիմադիրներ (Մակրոն աջերուն չափ ալ ձախերուն դէմ պայքարած է իր իշխանութեան առաջին օրերէն սկսեալ, լուսանցքայնացուցած է այնպիսի կուսակցութիւններ, որոնք մասնակից եղած են Ֆրանսայի նորագոյն պատմութեան կերտումին եւ նուաճումներուն, զանոնք ժողովուրդին ներկայացուցած է իբրեւ ժամանակավրէպ… հիներ):
Եւ ահա, իշխանականներուն եւ ձախ ընդդիմադիրներուն միջեւ ստեղծւեցաւ ոչ-պաշտօնական բայց յստակ զինակցութիւն մը: Այս խմբաւորումներէն՝ բազմաթիւ թեկնածուներ (աւելի քան 200) քաշւեցան ընտապայքարէն, որպէսզի աջերուն դէմ դնելու ելած կուսակցութիւնները յաջողութեան հասնին: Եւ անոնք հասան: Հոս ալ թիւերը բաւական պերճախօս են: Ձախ Դաշինքը (Ընկերվարական, Կենսոլորտի պաշտպաններ, ծայրայեղ ձախ եւ համայնավարներ) ապահովեցին ընդամէնը 577 աթոռներէն՝ 182-ը եւ դարձան նոր խորհրդարանի մեծագոյն պլոքը: Ուշագրաւ է, որ այս համախմբումը նորածին է. կազմւեցաւ կանխահաս ընտրութիւններու Մաքրոնի որոշումէն անմիջապէս ետք, եւ ահա կը շահի մեծամասնութիւնը: Քաղաքական հրա՞շք, թէ գիտակից ժողովուրդի ընտրութիւն: Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Մակրոնի շուրջ խմբւածները, 168 աթոռով (առաջին հանգրւանին գրաւած էին երրորդ տեղը), իսկ Լը Բէնի դաշինքը ունի միայն 143 աթոռ: Նոր խորհրդարանին մաս կը կազմեն ընդամէնը 6 դաշինքներ եւ խմբակներ (որեւէ մէկը խորհրդարան չի մտներ… օրէնքի ուժով, ինչպէս պատահեցաւ Հայաստանի մէջ, վերջին ընտրութիւններուն):
Ստեղծւած է իսկական խառնաշփոթ վիճակ, մէկէ աւելի պատճառներով: Նախ, չկայ մէկ ուժ, որ ապահոված ըլլայ բացարձակ մեծամասնութիւն (289 աթոռ) եւ կարենայ առանձինն կազմել նոր կառավարութիւնը: Ու եթէ Անգլիոյ մէջ դեռ մօտիկ անցեալին (արտաքին աշխարհին մէջ) քիչ ծանօթ Քիեր Սթարմըր մը եւ իր նոր կառավարութեան անդամները մէկ օրէն միւսը ճանաչողութիւն գտան եւ ողջունւեցան աշխարհին կողմէ, Փարիզի մէջ կայ յստակ դանդաղում: Վարչապետ Գաբրիէլ Աթալ, համաձայն ընդունւած կարգերուն, ընտրութեանց արդիւնքին հրապարակումէն ետք յայտարարեց իր հրաժարականը եւ երկուշաբթի՝ յուլիսի 8-ի առաւօտուն զայն ներկայացուց Մակրոնի, սակայն նախագահը չընդունեց հրաժարականը եւ զայն առայժմ կը պահէ պաշտօնի վրայ: Այնպէս կերեւի, որ սակարկութիւնները կրնան տեւել քանի մը օր, իսկ Ֆրանսա կը գտնւի… Ողիմպիական խաղերու նախօրեակին:
Խառնիճաղանճին պատճառներէն մէկը այն չէ, որ աջերը խռովութիւններու դիմած են արդիւնքներու հրապարակումէն ետք եւ եղածը կը նկատեն ժամանակաւոր պարտութիւն, իրենց աչքը սեւեռած կը պահեն նախագահական աթոռին, յաւակնութիւններ կը պահեն յաջորդ ընտրութեանց: Հիմնական հարցը՝ կառավարական նոր տարազի մը շուրջ համաձայնութեան բացակայութիւնն է:
Յստակ է, որ Մակրոն պիտի չուզէ «օտար» վարչապետ մը ունենալ իր կողքին, սակայն նոյնքան յստակ է, որ Լը Բէնի հետ կառավարական ընկերակցութիւն մը չուզեր կազմել: Յիշենք, որ Ֆրանսայի մէջ կոճատ «ամուսնութիւններ» նորութիւն չեն. 1981-ին, մեծ առաւելութեամբ նախագահական աթոռը շահած՝ընկերավարական Ֆրանսուա Միթերան մը, քանի մը տարի ետք ահաւոր նահանջ կրեց եւ ստիպւեցաւ իր աջակողմեան Ժաք Շիրակի վարչապետութեամբ կազմել համախոհական կառավարութիւն, քաղաքական կեանքին մէջ ներակրելով համապատասխան եզր մը՝ «քոապիթասիոն» (համակեցութիւն): Նման ոչ աւանդական գործակցութիւններ տեղի ունեցան աւելի ուշ (նոյնը՝ այլ երկիրներու մէջ):
Եթէ Մակրոն-Լը Բէն «համակեցութիւն» մը աներեւակայելի եւ անկարելի կը թւի հիմա, միւս ընտրանքը պիտի ըլլայ Մակրոն-ձախակողմեաններ գործակցութիւն մը: Սակայն հորիզոնը այդքան ալ պարզ չէ. երէկ անուղղակիօրէն դաշնակցած եւ աջերը նահանջի մատնած երկու խմբակներուն մէջ կան ներքին տարակարծութիւններ եւ հակադրութիւններ (չմտնենք այն մեկնաբանութիւններուն մէջ, թէ նման ընթացք որո՞ւն ի շահ պիտի ըլլայ): Օրինակի համար, Մակրոնի կողքին կանգնողներ նոյնքան մերժողական կեցւածք կը ցուցաբերեն ծայրայեղ ձախ խմբակին հանդէպ, որքան՝ Լը Բէնի: Եւ ահա հոս է որ կը ստեղծւի դժւար լուծելի հանելուկ մը, որ չի նմանիր Մեծն Աղեքսանդրի «Գորդեան հանգոյց»-ին:
Ինչ ուղղութեամբ ալ որ երթան խոհանոցային սակարկութիւնները, Մակրոն կրած է ծանր հարւած: Նման նահանջի համար, ան նախ եւ առաջ պէտք է մեղքը փնտրէ իր մէջ: Անոր իշխանութեան օրով, Ֆրանսայի տնտեսութիւնն ու ընկերային վիճակը նահանջներ արձանագրեցին, որովհետեւ շա՜տ խոստումներ մնացին անիրականանալի: Ծանօթ է, որ Ֆրանսայի մէջ ալ տարիներէ ի վեր բողոքի եւ գործադուլերու ալիքներ կը յաջորդեն իրարու եւ կը ճնշւին իշխանութեան կողմէ: Հոն ալ ապրուստի սղութիւնը դարձած է ճնշող, նոր որդեգրւած որոշ օրէնքներ՝ անբաղձալի: Կայ անշուշտ… Ուկրանիան, որուն կերթան հսկայական օժանդակութիւններ, որոնք այլապէս կրնային տրամադրւիլ ժողովուրդին վիճակի բարելաւման: Կայ մանաւանդ բռնագաղթեալ ներգաղթողներու հսկայական ալիքը, որ մեծ փոփոխութեան ենթարկած է Ֆրանսայի մարդագրական պատկերը (նոյնը՝ նաեւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ): Կատակի համար կըսւի, որ եւրոպական երկիրներու մարդագրական պատկերի փոփոխութեան մէկ հայելին… ֆուտբոլի խումբերն են, ո՛չ միայն ակումբային, այլ նաեւ ազգային խումբերը: (Հիմա Հայաստանի մէջ ոմանք թաքուն նախանձով կը հետեւին այս ընթացքին, շահու յոյսով կը սպասեն… մեծաթիւ ազերիներու ներխուժման):
Վերոյիշեալ ու առաւելաբար ներքին մարտահրաւէրներու կողքին, Մակրոն եւ նոր կազմւելիք կառավարութիւնը կը դիմագրաւեն նոյնքան լուրջ մրցակցական տագնապ մը. Եւրոխորհրդարանին մէջ, աջերը առաւելութիւն ձեռք բերած են, սա կը նշանակէ, որ աջերու հակադրւած կառավարութիւն մը իր դիմաց պիտի ունենայ անբաղձալի եւրոպական խորհդրարան մը: Արտաքին ազդակներու մասին խօսելով, Ֆրանսայի մասին ալ կրնանք ըսել այն՝ ինչ որ նշեցին Բրիտանիոյ պարագային. ամերիկեան ճիրաններու ներգործութիւնը. Ֆրանսայի պարագային, սա աւելի՛ խայթող ազդակ է, որովհետեւ եթէ ուկրաինական տագնապին ուղղութեամբ, Մակրոն մինչեւ իսկ յառաջ կանցնի Վաշինգտոնէն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է զինւոր ղրկելու Ուկրաինա (շահելով Ռուսիոյ անվերապահ… հակակրանքը), անդին, կան ամերիկեան տնտեսական գերակշռութիւնը, տնտեսական այլ կախւածութիւններու յաւելումը, միջազգային ոլորտին մէջ ինքզինք քիչ մը աւելի անկախ եւ ազդեցիկ դարձնելու յաւակնութիւնները (Ֆրանսայի փրկարար Շարլ Դը Գոլ ժամանակին Ֆրանսան դուրս բերաւ ՆԱՏՕ-ի զինւորական թեւէն, յետոյ, օր մըն ալ ստիպւեցաւ հրաժարիլ եւ իբրեւ վարկաբեկւած նախկին հերոս մեկեցաւ աշխարհէն…):
Ինչ ընթացք ալ որ ունենան բացայատ կամ քողարկեալ սակարկութիւնները, ընտրութիւններու արդիւնքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ ֆրանսացիք պատրաստ չեն իրենց ճակատագիրը վստահելու Աջին: Կարգ մը մեկնաբաններ կ’ըսեն, որ ֆրանսացի ժողովուրդը յստակ պատգամ մը ուղղած է ընտրեալներուն. ԳՈՐԾԱԿՑԵՑԷՔ, որովհետեւ գիտէ, որ երկրին դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մինչեւ իսկ կենսոլաորտի եւ նման «երկրորդական» բայց ոչ արհամարհելի տագնապներու լուծումը մէկ մարդու, մէկ կուսակցութեան կամ մէկ դաշինքի գործը չէ:
…Արդեօք նման պատգամ Հայաստանի մէջ տեղ կը գտնէ՞ այս օրերուն, երբ հազար ու մէկ կարծիք կը հնչէ իշխանափոխութեան հրամայականին մասին: Անշուշտ կան մեր տեսադաշտը դէպի այլ տարածքներ հասցնելու հրամայականն ալ. կան ամերիկեան ընտրութիւնները, եղել է Իրանի նախագահական ընտրութիւնը, կան միջին արեւելեան հին-նոր զարգացումներ, կան արեւելեան եւ արեւմտեան հին-նոր դաշնակցութիւններ, նոր ձեւաորումներ եւ այլն, որոնց հանդէպ հայրենի իշխանութիւնները կը խաղան ինքնամեկուսացումի եւ թշնամիներ աւելցնելու խաղը, առանց արհամարհելու ներքին պառակտումին խորացումը: