Յոյս եւ կայունութիւն՝ Արցախահայ բազմազաւակ ընտանիքներուն
Հայ օգնութեան միութեան «Յոյսի օջախներ» ծրագիրը, որ ընթացք առաւ յունւար 2024-ին, կը նպատակադրէ հարազատ երդիք մը ապահովել արցախահայ ընտանիքներու, որոնք Ադրբեջանի հայատեաց քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք՝ Արցախի հայաթափումով, կորսնցուցին իրենց բնակարանները։
«Յոյսի օջախներ» ծրագիրով արդէն իսկ գնւած են երկու բնակարաններ՝ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ։ Բնակարանները կը գտնւին նորոգութեան ընթացքին մէջ, ինչպէս՝ կոյուղիներու նորոգութիւն, հորի պատրաստութիւն, բետոնէ օղակներու տեղադրում։
Հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ նպատակներուն՝ Հայ օգնութեան միութիւնը կը շարունակէ ճիգեր թափել՝ իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ նոր բնակարաններ գնելու եւ զանոնք հիմնովին վերանորոգելէ ետք՝ յանձնելու արցախահայ ընտանիքներու։
ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան ջերմ փափագն է, որ կարելի եղածին չափ նկատելի թիւով արցախահայ ընտանիքներ ձմեռը դիմաւորեն իրենց հարազատ երդիքին տակ։
Հայ Օգնութեան միութիւնը կը հաւատայ, որ հաւաքական ճիգերով եւ պատասխանատւութեան խոր գիտակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ «Յոյսի օջախներ» ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել։
ՀՕՄ-ի սոյն ծրագիրին կարելի է աջակցիլ՝ միանալով ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան ընկերային ցանցերու վրայ էջերուն կամ օգտագործելով ars1910.org/give/ կապը։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
«Հորիզոն»