Ակնարկ. Աբրահամեան համաձայնագիրին երկրորդ փուլը

Սաուդական Արաբիայէն եւ այնտեղ կայացած հանդիպումներուն առիթով այս օրերուն բազմաթիւ ուղղութիւններով կը հնչեն խաղաղասիրական, աւելի ճիշտը զանազան հակամարտութիւններու վերջ դնելու ուղղութեամբ յայտարարութիւններ:
Գազայի պատերազմի դադրեցում, Սիրիոյ դէմ կիրարկւող պատժամիջոցներու վերացում, Աբրահամեան համաձայնագիրի վերագործարկում եւ նոր կողմերու ներառում, Լիբանանին աջակցութիւններու նոր թափ եւ անշուշտ` Վաշինգտոն-Թեհրան բանակցութիւններու արդիւնաւորման մասին ակնարկներ:
Երեւութապէս կը թւի, որ արագօրէն հարցերու լուծման, զինադուլներու հաստատման եւ խաղաղութեան պայմանագիրներու կնքման նոր շրջափուլի մէջ կը մտնէ երկրագունդը, Միացեալ Նահանգներու թելադրանքով եւ առաջնորդութեամբ:
Երկու ուշագրաւ երեւոյթի վրայ փորձենք կենտրոնանալ այս առիթով: Մեծ օրակարգը Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններն են, որոնց 4-րդ փուլը առկախւած էր եւ հիմա վերսկսած: Պաշտօնական Թեհրանը նախ կը յայտնէր, որ Իրան երբեք չէ նպատակադրած հիւլէական զէնք յառաջացնել, ապա կը հաստատէր, որ պատրաստ են վերացնելու բարձր հարստացւած իւրանիոմի պաշարները: Բաւական առաջ գացող յայտարարութիւն է այս մէկը ընդգծելու համար, որ պաշարներու վերացումով Իրանը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու կամ ընդհանրապէս համաշխարհային հիւլէական կենտրոններուն հետ համաձայնագիր կնքելու:
Այս կենթադրէր, որ կնքւելիք համաձայնագիրներէն առաջնային տեղը սկսած է գրաւել Իրան-Միացեալ Նահանգներ պայմանագիրը: Փաստօրէն, Միացեալ Նահանգներու նախագահին Միջին Արեւելքի բանագնացը յայտարարած էր, որ Իրանի հետ կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել նախքան Ռուսիոյ եւ Ուկրաինոյ միջեւ խաղաղութեան հասնիլը:
Այս մէկը տակաւին կնճռոտ է. Ռուսիոյ դաշնութեան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն չմեկնիլը Պոլիս կազդարարէ այն մասին, որ գործընթացը տակաւին իր վճռական փուլին մէջ չէ մտած: Երկկողմանիօրէն հնչած նախապայմանները ի զօրու են, եւ զինադուլի շուրջ եթէ նոյնիսկ համաձայնութիւն գոյանայ, պիտի ըլլայ ժամանակաւոր եւ իբրեւ այդպիսին դիւրաբեկ: Բանակցութեան վայր ժամանած խումբերը նոյն խումբերն են, որոնց նախընթաց փորձը չյաջողեցաւ գոյացնել որեւէ համաձայնութիւն:
Իրանի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներէն հեռու չի թւիր ըլլալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Դոնալդ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ օգնական Սթիւ Ուիթքոֆի յայտարարածը, թէ` Սպիտակ տունը կակնկալէ, որ յառաջիկայ ամիսներուն տեղի պիտի ունենայ Աբրահամեան խաղաղութեան համաձայնագիրներու հաւանական ընդլայնում. անոր նախատեսութեամբ` Հայաստանն ու Ադրբեջանը եւս համաձայնագիրներուն կրնան միանալ:
Այստեղ ժամկէտ նշւած է. հետեւաբար դէպքերուն արագ կշռոյթ ապահովելու միտումը պաշտօնական է: Հաւանական ընդլայնումը կը խօսի Աբրահամեան համաձայնութեան ներառւած երկիրներու աշխարհագրութեան ընդլայնումին մասին: Բնականաբար, ընդլայնումի առաջին փուլը պիտի ներառէ արաբական երկիրներ: Միջին Արեւելքի քաղաքական քարտէզի վերագծման ճարտարապետութեան հիմը Աբրահամեան համաձայնագիրը կը թւի ըլլալ: Հետաքրքրական է շատ, որ դաշնագիրին ներառելու կոչ կուղղէ Վաշինգտոնը այս ձեւով Ադրբեջանին եւ Հայաստանին:
Աշխարհագրութեան ընդլայնումը իբրեւ երկրորդ փուլ թիրախաւորած է Հարաւային Կովկասը: Աշխարհագրական այս միջավայրը եթէ դիտարկենք այս պարագային Թել Աւիւի յարաբերակցութեամբ, ապա պարզ կը դառնայ, որ ընտրւած միջավայրը իրանամերձ երկիրներն են: Վաշինգտոն այս կերպ կը փորձէ իրանամերձ երկիրները ներգրաւել իսրայէլեան առանցքով դաշնագիրի մը մէջ:
Բանակցութիւններ վարել Իրանի հետ, համաձայնութեան սեմին գտնւած ըլլալու յայտարարութիւններ հնչեցնել տալ եւ հնչեցնել, առընթեր վերագործարկել Իսրայէլի հետ շրջապատող երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ ապա նշել երկրորդ փուլի թիրախը:
Հայաստանին ուղղւած ուղերձը Իրանին է, ըսել կուզւի, որ եթէ Իրանը Հայաստանի վրայով պիտի ապաշրջափակւի եւ դուրս գայ դէպի Արեւմուտք, ապա նկատի պիտի ունենայ, որ Հայաստանին առջեւ պարզւած է Աբրահամեան դաշինքին մաս կազմող պետութիւն դառնալու ընտրանք, եթէ ոչ թելադրանք:
Չմոռնալ, որ Ադրբեջանի հետ գործակցող Իսրայէլը արդէն ռազմական յենարանային առկայութիւն ունի իրանամերձ շրջաններուն մէջ, ադրբեջանական տարածքներու վրայ: Հայաստանը այսպիսով կը շարունակէ պահպանել Իրանի համար ամէնէն ապահով կենսաճանապարհը նկատւիլ:
Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրւի «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի փակ մնալը: Բայց նաեւ` արցախեան պատերազմին հետզհետէ երեւցող աշխարհաքաղաքական շարժառիթները:
«Ազդակ»