ՀՅԴ Մամուլ

Սիրիա պատմական փուլ կը թեւակոխէ

Նոյեմբերի 27-ին, Սիրիոյ ընդդիմութիւնը իշխանութիւնը տապալելու եւ երկրին մէջ նոր վարչակարգ հաստատելու հեռանկարով Իդլիբ նահանգէն սկսաւ յառաջանալ դէպի Հալէպ եւ կարճ ժամանակի մը մէջ՝ նոյեմբերի 29-ին, իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հալէպ նահանգը ամբողջութեամբ, ապա շարունակեց յառաջանալ նախ Համա, ապա Հոմս, այնուհետեւ մայրաքաղաք Դամասկոս եւ դեկտեմբերի 8-ին տապալեց իշխանութիւնը՝ յայտարարելով Սիրիոյ ազատագրումը նախկին իշխանութենէն։ Յառաջիկայ օրերուն ընդդիմութեան ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առին նաեւ ծովափի քաղաքները՝ Լաթաքիան եւ Թարթուսը, ապա նաեւ Դեր Զորի մէկ մասը։

Սիրիոյ ժողովուրդը յաղթանակի կանչերով հրապարակ իջաւ։ Յատկապէս մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ առաջին օրերուն քաոսային վիճակ տիրեց, մինչեւ անցումային կառավարութեան կազմութիւնը եւ նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ պետական բոլոր կառոյցներու ստանձնումը։

Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանը յորդորեց ըլլալ զուսպ եւ հանդարտօրէն հետեւիլ զարգացումներուն, առանց վախի եւ խուճապի մատնւելու։
Առաջին իսկ օրերէն, իւրաքանչիւր նահանգի ռազմական գործողութիւններու վարչութեան պատասխանատուները հանդիպումներ ունեցան քրիստոնեայ եւ հայ համայնքապետներուն հետ եւ ապահովութեան, ինչպէս նաեւ իրաւունքներու պահպանման երաշխիքներ տւին անոնց։

Այս հանդիպումներուն որպէս արդիւնք, հայ համայնքապետները հանգստութեան կոչ ուղղեցին իրենց զաւակներուն եւ յորդորեցին աստիճանաբար վերսկսիլ համայնքի եկեղեցական եւ ազգային ու միութենական կեանքը, հաստատելով որ երկրի ներկայ փուլին փոփոխութիւնները ժամանակի կը կարօտին եւ ակնթարթի մը մէջ կարելի չէ ամէն բան բարեփոխւած տեսնել, ուստի պէտք է համբերել։ Առաջնորդները վերադառնալու կոչ ուղղեցին նաեւ առժամաբար նահանգէ նահանգ տեղափոխւած ընտանիքներուն։

Օրեր անց, անցումային կառավարութիւնը դրական քայլով մը հաստատեց, որ պիտի վերաբանին պետական բոլոր ենթակառոյցներն ու հաստատութիւնները եւ պետական պաշտօնէութիւնը աշխատանքի հրաւիրեց։ Այս քայլը բնականաբար պետութեան պահպանման ուղղւած արդիւնաւէտ դրսեւորում մը եղաւ եւ աստիճանաբար պետական հաստատութիւններուն մեծ մասը բանիլ սկսաւ։

Դէպքերու զարգացումներու առաջին օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնն ու Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը գործեցին նախ Դամասկոսէն, ապա Բէյրութէն, մատուցելով անհրաժեշտ ծառայութիւնը Սիրիահայ համայնքի զաւակներուն՝ հեռաձայնային թէժ գիծի մը հաստատման ճամբով։

Օրեր անց, Դամասկոսի մէջ դեսպանութիւնը վերաբացաւ իր դռները, Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան համաձայն՝ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւս դեկտեմբերի 19-ին պիտի վերսկսի իր աշխատանքը Հալէպի մէջ։

Հակառակ անոր որ զինեալ բախումներուն բերումով կեանքը իշխանափոխութեան առաջին օրերուն սառեցաւ, հաստատութիւններն ու գործատեղիները փակւեցան, սակայն երկրէն ներս համեմատական ապահովութեան հաստատումով կեանքը աստիճանաբար բնականոն դարձաւ։ Համայնքի զաւակները ներկայ հանգրւանին տնտեսական ծանր կացութեան մէջ յայտնւած են, նկատի ունենալով որ գործատեղիներու եկամտաբեր աշխատանքը տակաւին ժամանակի կը կարօտի՝ մինչեւ երկրի բնականոնացումը։ Այս դժւարութեան յաղթահարման կրնան նպաստել համահայկական փութկոտ օժանդակութիւնները, ինչպէս յայտարարած էր ՆՍՕՏՏ Արամ Ա կաթողիկոսը։

Սիրիոյ բոլոր դպրոցները, ներառեալ հայկական վարժարանները, այս շաբաթասկիզբին վերսկսան իրենց ուսումնական գործընթացը։

Մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ աստիճանաբար բացուիլ սկսան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ։

Անցումային կառավարութեան վարչապետն ու նոր վարչակարգի ղեկավարութիւնը հանդիպումներ ունեցան ՄԱԿ-ի Սիրիոյ պատւիրակին եւ միջազգային այլ այցելուներու հետ քննարկելու երկրի նոր փուլի յառաջիկայ քայլերը։

Չորեքշաբթի առաւօտուն, Սիրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքութիւններն ու համայնքապետները հանդիպում ունեցան ՄԱԿ-ի Սիրիոյ պատւիրակին հետ, որուն ընթացքին քննարկւեցան նոր կացութեան մէջ քրիստոնեայ համայնքներու եւ ընդհանրապէս Սիրիոյ ժողովուրդի տարբեր համայնքներու ապահովութեան եւ իրաւունքներու պահպանման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխանցման կառավարութեան մարտահրաւէրները։ Եզրակացութեամբ անոնք հաստատեցին, որ երկրէն ներս օրէնքի, սահմանադրութեան եւ այլ փոփոխութիւններու իրականացումը ժամանակի կը կարօտին, հետեւաբար հարկ է ըլլալ համբերատար եւ նպաստել երկրի վերականգնումի այս փուլին։

Սիրիահայ համայնքը երկրի տարբեր դժւարութիւններու ընթացքին ունեցած է կառուցողական եւ շինիչ դերակատարութիւն, հիմնուելով Սիրիական Հայրենիքի ու պետութեան կայունութեան, բարգաւաճման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդին միասնութեան սկզբունքներուն վրայ։ Ուստի, այս փուլին եւս, համայնքը գործակցելով ներկայ իշխանութեան հետ, իր ներգործուն եւ վստահութիւն ներշնչող դերակատարութիւնը պիտի ունենայ՝ յանուն Սիրիոյ վերականգնումին, խաղաղութեան եւ Սիրիական ընկերութեան գունեղ խճանկարի պահպանման։

 «Գանձասար»-ի խմբագրական

Related Articles

Back to top button