Վերանկախացումէն 33 տարի ետք
Սեպտեմբերի 21-ին կը տօնենք Հայաստանի վերանկախացման 33-ամեակը։ Իսկ դեռ տարի մը առաջ, սեպտեմբերի 19, 2023-ին Արցախի հայութիւնը տեղահանւեցաւ։
Ժպտի՞լ, թէ՞ տխրիլ։ Պարծենա՞լ, թէ՞ գլխիկոր «կծկւիլ»։
Եռագոյնը կը ծածանի կենտրոնական հրապարակներուն վրա՞յ, թէ՞ անշունչ «քաղաք»՝ Եռաբլուր գերեզմանատան մէջ։
Պատմութեան ներկայի ճակատագրական դարձած պահուն, երբ Հայաստանէն մնացած վերջին բեկորներն ալ վտանգւած են, դժւար է անկախութեան մասին խօսիլ։
Դժւար, թէ պարտւած երկրի մը ղեկավարութիւնը, որ շարունակ կառչած կը մնայ աթոռին, կարենայ նմանօրինակ անկախութեամբ հպարտանալ։
Հայաստանի անկախութիւնը թէական դարձած է, մանաւանդ երբ ան պարտւած է եւ պարտութիւնը յաղթահարելու համար չէ յաջողած հաւաքական կամք ստեղծել, երբ իրեն կը պակսի ինքզինք քննելու քաջութիւնը, եւ դեռ աւելին` ինքնաքննադատութեամբ տեսնելու պարտութեան պատճառները, որպէսզի կարենայ զանոնք յաղթահարել եւ վերականգնել:
Թող յստակ ըլլայ, որ ամբոխահաճութեամբ (populism) առաջնորդւող երկիր մը անպայման կը բախի իր առջեւ ցցւած իրականութեան եւ ճշմարտութեան հսկայ ժայռին: Ի վերջոյ ժայռոտ երկիր է Հայաստանը։ Ամբոխահաճութիւնը կը բթացնէ ժողովուրդին ողջախոհութիւնը: Այսօր հայորդին դադրած է իրատես ըլլալէ։
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը վտանգւած է։ Անվարանօրէն կարելի է յոռետես նախատեսութիւններ ընել եւ եզրակացնել, թէ այս ընթացքով ան կը վերածւի թրքական վիլայեթի կամ «Արեւմտեան Ադրբեջան»-ի․․․
Ամբոխային եւ նոյնիսկ ամբոխահաճութեան տրամաբանութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան վերածող յեղափոխական առաջնորդ կը սպասւի:
Ժամանակը չէ եկած․․․այլ շատո՜նց անցած է։
Հայրենիք