Խմբագրական. Վերադառնա՛լ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին
Հայաստանի Վերանկախացման 33-ամեակին առիթով
Սեպտեմբերի 21-ի նշումը, Հայկական Երկրորդ Հանրապետութեան տապալումէն ետք, կորսնցուցած է իր տօնականութիւնը: Պէտք է վերյիշել, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները միմեանց անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքները կը հանդիսանային: Մէկուն կորուստը սպառնալիք է երկրորդին, եւ այս ելակէտէն ալ իմաստազուրկ է այն մօտեցումը, որ հայկական կողմը, ընդունելով Արցախը Ադրբեջանի կազմին մէջ, պէտք է կենտրոնանայ 29.734 քառ. կիլոմետրի պաշտպանութեան եւ պահպանման վրայ:
Պաշտօնական Երեւանը Արցախի վերադարձ չի պահանջեր: Աւելի՛ն. Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձը եւս կը բացակայի Երեւանի օրակարգէն: Չեն հնչեր պահանջներ, իրաւունքներու իրացման անհրաժեշտութիւններ:
Հաւաքական վերադարձի որոշումը կարելի է հիմնել ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Արցախի ժողովուրդը ի՛նք է, որ բռնի տեղահանւելէ ետք կը պահանջէ վերադառնալ իր բնօրրանը:
Ինքնորոշումը ներկայ փուլին այս պահանջի իրացումն է: Այդ պահանջը սակայն իրաւունք ունին բարձրացնելու ինքնորոշւած Արցախի պետական ներկայացուցիչները: Հայաստանի իշխանութիւնները չեն գիտակցիր յայտնաբար, որ Արցախի պետական հիմնարկները լուծարւած նկատելով, անոնց գոյութիւնը չընդունելով կամ անոնց Հայաստանի մէջ գործունէութիւնը արգելակելով ըստ էութեան չէզոքացուցած կըլլան ինքնորոշման իրաւունքի գործարկման իրաւական կարելիութիւնները:
Արցախի Հանրապետութեան բռնատեղահանւած պետական ներկայացուցիչները ինքնորոշւած Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրւած պաշտօնեաներ են եւ իրաւասու են ներկայացնելու զիրենք ընտրած ժողովուրդի պահանջները:
Սեպտեմբերի 21-ի խորհուրդը կը յուշէ ամէն բանէ առաջ, որ Հայաստանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան սպառնացող թուրքեւադրբեջանական դաշինքի ծրագիրները պէտք է խանգարել: Այդ ծրագրերու իրականացումը կը սպառնայ մեր հայրենիքի գերիշխանութեան եւ անկախութեան:
Արցախի Հանրապետութեան տապալումը, Արցախի հայաթափումը այդ ծրագիրի առաջին փուլն է:
Հայաստանի գերիշխանութեան այսօրւան սպառնալիքը թուրքեւադրբեջանական դաշինքի փայփայած «Զանգեզուրեան միջանցք»-ն է: Թուրանական կամուրջի կառուցման ծրագիրը տապալելու համար Երեւանը աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ճիշտ ընթերցումը կատարելու պարտաւորութիւնը ունի եւ առարկայական եզրակացութեան հիման վրայ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն կիրարկելու հարկադրանքին առջեւ է: Սխալիլը կիրականացնէ երկրորդ սպառնալիքը, ուղղւած՝ մեր գերիշխանութեան եւ անկախութեան:
Շարունակենք դիտարկել սպառնալիքները եւ տեսնել թուրքեւադրբեջանական դաշինքի անվերջ նորացւող նախապայմանները: Կրճատել ռազմական բիւջէն, սահմանափակել արտաքին օժանդակութիւնները զինարհեստագիտութեան եւ զինապաշարի, փոխել Սահմանադրութիւնն ու օրէնսդրութիւնը, չպահանջել հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ ներխուժած ադրբեջանական զօրքերու հեռացումը, Բաքւին հետ համատեղ դիմել լուծարելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակն ու անոր եռանախագահութիւնը:
Այս վերջին կրկնւող պայմանով հարցը կը վերադարձւի ինքնորոշման իրաւունքէ հրաժարումին: ԵԱՀԿ կը նշանակէ սկզբունքներ, որոնցմէ՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:
Այդ ինքնորոշման իրաւունքը, վերջին իրադարձութիւններէն ետք, արցախեան հողին վրայ ներկայ պահու դրութեամբ չի կրնար իրականացւիլ: Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն տեսակի օժանդակութիւն պէտք է շարունակել դէպի Հայաստան բռնատեղահանւած Արցախի ժողովուրդին, չնպաստելու արտագաղթին եւ ենթահող ձեւաւորելու համար հաւաքական վերադարձին:
Ինքնորոշման իրաւունքը վերարծարծելը հրամայական է: Ինքնորոշման իրաւունքը կրնան արծարծել Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրւած ներկայացուցիչները: Արցախի պետական համակարգի պահպանումը նախապայմանային մեկնակէտ է ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման առաջադրանքը կարճաժամկէտ եւ հեռահար նպատակներուն ծառայեցնելու համար:
Թուրքեւադրբեջանական սպառնալիքները, ուղղւած՝ մեր հայրենիքի գերիշխանութեան եւ անկախութեան, անվերջանալի են: Այդ սպառնալիքները, Արցախի հայաթափումէն եւ Արցախի Հանրապետութեան տապալումէն ետք, թիրախաւորած են ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի օգտագործման իրաւական կարելիութիւններու փակումը:
Ինքնորոշւած եւ բռնատեղահանւած ժողովուրդին կողմէ ընտրւած ներկայացուցիչներուն անհրաժեշտ է տրամադրել ամէն աջակցութիւն, որպէսզի անոնք բարձրացնեն ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ՝ սկսելու համար, հաւաքական վերադարձի մարդկային եւ ազգային իրաւունքը:
Ազդակ