Արեւելո՞ւմ… թէ՞ փլուզում
«Մենք դէմ ենք, եւ միշտ պիտի պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը բռնանան ժողովուրդներու ազատ կամքին վրայ, ո՛վ ալ ըլլան այդ բռնացողները, ամերիկացի թէ ռուս, անգլիացի թէ չին, թո՛ւրք թէ գերմանացի:
արգիս Զէյթլեան (1930-1985)
Այսօր դարձեալ տաք օրակարգ դարձած է ուղղութիւն ճշտելու հարցը, շատ կը խօսւի «օրիենթացիա»-ի՝ արեւելումին մասին։ ՀՀ վարչապետը անգամ մը եւս կը շատախօսէ այս նիւթին մասին, շեշտելով, թէ Ռուսիոյ դաշնութիւնը այլեւս չի կրնար առանցքային գործընկեր ըլլալ Հայաստանի, յատկապէս անվտանգութեան ոլորտին մէջ:
Այս յայտարարութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չկան, այլ պարզապէս (յստակ է որ) Բրիւսէլի մէջ փետրւարի 13-ի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստի սեմին, վարչապետը, սիրաշահելու համար Արեւմուտքը՝ հրապարակ նետեց այդ մաշած ձայնապնակը, կարծելով, թէ նմանօրինակ ռազմավարութիւն կրնայ աւելի հեզասահ դարձնել դէպի Արեւմուտք իր արեւելումը, կամ պարզ ու մէկին «արեւամտում»-ը, որ կը նշանակէ Հայաստանը մօտեցնել իր… արեւամուտին։
Ոեւէ հայորդիի համար առաջնահերթութիւն եւ հիմնական է ազգային շահերու ապահովումը։
Արդեօք վարչապետը նւազագոյն գիտակցիութիւնը ունի՞, թէ «ազգայի՛ն արեւելում»-ն է, որ կրնայ փրկել երկիրը յորձանուտէն։ Ազգային շահերէն մեկնելով է, որ պէտք է գործել քաղաքական բնագաւառէն ներս, բնագաւառ մը, ուր ճկունութիւնն ու ազգային շահերու պահպանումը կը մնան փրկութեան ալֆան եւ օմեգան։
Քաղաքական բեմահարթակի վրայ, ամէն մէկ յայտարարութիւն, նոյնիսկ երկրորդական ածականի մը գործածութիւնը, կրնայ «Բիւզանդական վէճերու» դուռ բանալ եւ, աւելի՛ վատը՝ հազար ու մէկ ենթադրութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու առաջնորդել, խաւ առ խաւ խորացնելով խառնաշփոթ վիճակը, եւ սա գործելաձեւ մըն է, որուն մէջ է «ազգընտիր» վարչապետը։
Արդեօք բոլորիս, նա՛եւ վարչապետին համար յստակ չէ՞, որ յատկապէս Ուկրաինայի մէջ տեղի ունեցած, շարունակւող եւ անորոշ ժամանակով շարունակելի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի դաժան ու ահաւոր գօտեմարտի յորձանուտին մէջ ինկած մեր հայրենիքն ալ կը մնայ ուղեկորոյս ու պարտւողական վիճակի մէջ, եւ թէ՝ սա հետեւանք է, առաջին հերթին, իր անհեռատես եւ անշրջահայեաց «մարտավարութիւններուն»։
Թէ՛ Արեւելքը, եւ թէ՛ արեւմուտքը, փոքր ազգերու շահագործման ու տիրապետութեան դրութիւն մը կը կիրարկեն, տարբեր գործելաձեւով եւ ձեռնավարութեամբ՝ «մանիպուլացիա»-ով: Բնական է, որ մէկը ունենայ հակակրութիւն կամ համակրութիւն՝ այս կամ այն երկրին հանդէպ, սակայն անպայման անհրաժեշտ է, որ պահենք գաղափարական սկզբունքները։ Այլ խօսքով, հայութեան համար մէկուն հանդէպ համակրանք զարգացնելը՝ ի հեճուկս ուրիշի մը, առ նւազն վնասաբեր է եւ հարւածի տակ կը դնէ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄԸ:
Փոխանակ երկիրը ներքնապէս կազմակերպելու, զօրաւոր հիմեր կառուցելու եւ այսպէս կոչւած «ազգային արեւելում» մը կերտելու, ան անտեղի եւ բազմիցս անհիմն ու անհեթեթ մեկնաբանութիւններով կը ջղագրգռէ պաշտօնական դաշնակից Ռուսիան։ Բնականաբար զարմանալի չէր, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական բանբեր Մարիա Զախարովա կակնկալէ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ճիշտ ընտրութիւն կը կատարէ հայ ժողովուրդին համար: Անոր խօսքերը ճկուն ու պրոտոկոլային էին, երբ կըսէր, Հայաստանն ու Ռուսիան կը մնան բարի դրացիներ եւ դաշնակիցներ եւ, բաղձանք կը յայտնէր, որ Երեւան այդ իրականութիւնը նկատի կառնէ եւ …«ներկայի աշխարհաքաղաքական վերափոխումներով ստեղծւած իրավիճակին մէջ, ճիշտ ընտրութիւն կը կատարէ»:
Հեռու ենք, շատ հեռու ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄէն, եւ շատ մօտիկ՝ ողբերգական փլուզումին։
Փրկութեան ուղին կը կերտւի սրտցաւ ախտորոշումներէ քանի մը քայլ անդին երթալով: Անյետաձգելի է (շատո՜նց) բոլոր ձեռքերու միացումով՝ վերականգնել Հայաստանի ու Հայ Կեանքին մէջ ազգային շահերու հիմամբ արեւելումը: Սա նոր գիւտ չէ, այլ դարաւոր աւանդ:
«Հայրենիք»-ի խմբագրական,
Բոստոն