Ակնարկ. Երեւոյթներ, փաստեր, յուշումներ
Վերջին օրերուն Սիրիոյ մէջ արձանագրւած ռազմական իրադարձութիւններուն հիմնական շարժառիթներն ու պատճառահետեւանքային գնահատականներ տալը վաղաժամ է տակաւին։ Իրադարձութիւնները որոշ տեղեր իրար կը հակասեն եւ քաղաքական տրամաբանութեամբ եզրայանգումներ կատարելը կը դժւարացնեն։ Կը թւի սակայն, որ քաղաքական համալիրի մը մէկ մասնաշէնքին կառուցումն է, որ կարձանագրւի, որուն յաջորդող գործողութիւնները տակաւին պարզ չեն։
Ի՞նչ երեւոյթներ եւ փաստեր կարելի է արձանագրել օրերու վրայ երկարող այս իրադարձութիւններէն մեկնած։
Նախ անշուշտ այն, որ Լիբանանի մէջ հազիւ հրադադարը հաստատւած, կը ձեռնարկւէր Հալէպի ուղղութեամբ գրոհին։ Լիբանան-Սիրիա Դիմադրութեան ցանցային կապի չէզոքացումը, տարբեր ճանապարհներու վերահսկողութեան տակ առնւիլը եւ նոր սպառազինութիւններու արգելակումը յայտնապէս ելակէտ են այս գործողութիւններու սանձազերծման։
Սակայն միայն Դիմադրութեան գործօնի չէզոքացումով չի սահմանափակւիր դէպի Հալէպ արագակշռոյթ այս ընթացքը։ Նոյնքան պարզ է, որ ընդհանրապէս գործող վարչակարգի վերակայացման, նախորդ տարիներուն ապստամբներուն եւ զինեալ խմբաւորումներուն յառաջխաղացքի կասեցման մէջ հիմնական դեր ունէին Դիմադրութիւնն ու ռուսական ուժերը։
Ռուսիոյ ներգրաււածութիւնը ուկրաինական պատերազմին եւ այնտեղ ռազմական գործողութիւններու սաստկացումը, միւս կողմէ՝ լիբանանեան Դիմադրութեան դէմ սանձազերծւած պատերազմն ու դէպի Սիրիա եւ անկէ Լիբանան կապի վերահսկողութեան տակ առնւիլը շարժառիթային ենթահողի կարեւորագոյն տւեալներն են։
Հալէպը առաջադրւած էր յատկապէս Թուրքիայէն սնւող ահաբեկչական եւ ընդհանրապէս զինեալ ուժերուն կողմէ, որոնք Թուրքիոյ սահմանամերձ տարածքներու վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու պատերազմը կը մղէին։
Ապստամբներու արագակշռոյթ յառաջանալը Համայի մէջ կը թւի կասեցւած ըլլալ։ Նոյն պաշտպանողականութիւնը չէ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հալէպի դարպասներուն առջեւ, եւ այն, ինչ որ դրսեւորւեցաւ Համայի մէջ։ Եւ այստեղ միայն տեղական ուժերը չեն, որ կացութիւն կը ստեղծեն եւ կը կասեցնեն ընթացքը։ Ռուսական զինուժը իր դերը վերստին ունեցած է յայտնապէս դէպի Դամասկոս ուղղւող այս արշաւի կասեցումին մէջ։
Վերջին շրջանին Անկարան ամէն առիթի կը խօսէր միջնախագահական հանդիպումի մասին։ Դամասկոսը կը մերժէր եւ տարբեր ըսելաձեւերով կը հաստատէր, որ չկայ յարաբերութիւններու վերաբնականոնացում Թուրքիոյ հետ, այնքան ատեն որ թուրքական զօրքերը կը շարունակեն մնալ սիրիական տարածքներու վրայ։ Հալէպի արշաւանքը սիրիական նախապայմանը շրջանցելով ի վերջոյ երկխօսութեան սեղանի նախապատրաստութեան կրնայ առաջնորդել։
Պարզ է նոյնքան, որ սիրիական վեթոն Թուրքիոյ հետ բանակցելու չէր կրնար ձեւաւորւած ըլլալ առանց Մոսկւայի։ Մոսկւան մէկ կողմէ Թուրքիոյ հետ կը փորձէր ճշդել ռազմաքաղաքական ժամացոյցի սլաքները, միւս կողմէ կը զօրակցէր Դամասկոսի նախապայմանին։
Հալէպի վերահսկողութեան տակ առնւիլը միայն յանկարծակիութեան գործօնով չի բացատրւիր։ Բացի Դիմադրութեան դիրքերու վերափոխումէն կար նաեւ ռուսական գործօնի բացակայութիւնը։ Գրեթէ անարգել մուտքը ապստամբներուն Հալէպ այս մասին մտածել կու տայ։
Տակաւին կայ անշուշտ քրտական գործօնի յարաբերակցութեան խնդիրը։ Ի վերջոյ քրտական գործօնը կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ համար անվտանգային առաջին խնդիրը, եւ անոր դիմակայման համար Անկարայի առաջադրած անվտանգութեան գօտին ցանկալի աշխարհագրութեամբ չէ ստեղծւած տակաւին։
Հարցականներ ստեղծող երեւոյթներ են մէկ կողմէ Սիրիոյ վարչակարգին դէմ անհաշտ պատերազմ յայտարարած Թուրքիայէն սնւող զինեալներուն գործողութիւնները եւ միւս կողմէ անոնց հետեւանքով քրտական ուժերուն Հալէպի օդակայանին տիրանալը։ Այստեղ կը նշմարւի Թուրքիա-Իսրայէլ հակասութեան զուտ յայտարարողականութիւնը։
Իսրայէլ կը զօրակցի քուրդերուն, Թուրքիոյ առաջադրանքները իրականացնողներու գործողութիւնները կը յանգին քրդական խմբակցութիւններու նպաստաւորումին։
Դժւար է տակաւին հաստատելը, որ Սիրիոյ մէջ արձանագրւող այս գործողութիւնները շղթայական տեսութեամբ կը հասնի՞ն Դամասկոս, թէ՞ ազդեցութեան գօտիներու վերաձեւաւորումի կը յանգին։ Առ այժմ երկրորդ հաւանակնութիւնն է, որ կը գրանցւի, որ յամենայն դէպս հիւսիս-հարաւ առանցքի ջլատման նպաստող գործողութիւններով կը թարգմանւի։
Իրադրութիւնները կը յիշեցնեն Հարաւային Կովկասի մէջ պատահածները՝ Անկարայի Կովկաս մուտքի, ռուսական ուժերու Արցախէն հեռացման եւ Իրանի սահմաններուն իսրայէլեան յենակէտերու տեղակայման տեսքերով։
«Ազդակ»