Դաշնակցական Բեմ

«Հայհոյութիւնը փաստի սով է»

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարւի Հայաստանի մէջ: Խորհրդարանին մէջ, վարչապետը կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի նիստի ընթացքին իրեն տրւած հարցերէն վրդովւած՝ ջլախտաւորի մը նման բացագանչութիւններ կը կատարէ, ձեռքով մորթելու նշան կը կատարէ ու կը սպառնայ ազգային անվտանգութեան նկուղներուն մէջ արգելափակել հարցապնդող ընդդիմադիրները: Ազգային ժողովի նախագահը, որ ընդդիմադիր պատգամաւորի մը կողմէ արտասանւած իր կողմէ անպատշաճ համարւող որեւէ խօսքի պարագային կը միջամտէ ու խօսողը կարգի կը հրաւիրէ, այս պարագային ոչինչ կընէ, նոյնիսկ չի փորձեր հանդարտեցնել ջղագրգիռ ու անսանձ դարձած վարչապետը: Խօսքի ազատութեան օրրան նկատւող վարչաձեւի պետը, անհանդուրժող ու անհաւասարակշիռ ձեւակերպումներով կը վերադառնայ իր իշխանութեան սկզբնական օրերու «պատին ծեփելու» ու «մայթը համբուրել տալու» սպառնալից ոճին: Եօթը տարիներ ետք տխուր, շատ տխուր վերադարձ է:

Ինչի՞ պէտք է վերագրել այս վարքագիծը: Մէկ կողմ թողնելով ջիղերը հանդարտեցնող դեղերու գործածութեան մասին շրջանառւող վարկածը, աւելի հակամէտ ենք մտածելու, որ երբ տրւած հարցին բանական պատասխանը կը բացակայի, կը փոխարինէ հակայարձակումը, որ արդէն սովորական դարձած փաշինեանական ոճով՝ բուռն է, յախուռն ու անտրամաբանական: Յակոբ Պարոնեանի բնորոշումով՝ «հայհոյութիւնը փաստի սով է»:

Քաջալերւած Նիկոլ Փաշինեանի դրսեւորած վերաբերմունքէն, իշխանական պատգամաւորները մեծ ոգեւորութեամբ հանդէս կու գան ընդդիմադիրները փտածութեամբ ամբաստանող ելոյթներով: Քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային հարցերուն մասին լուսաբանութիւններ տալու փոխարէն, կը կրկնեն արդէն մաշած կարգախօսներ: Յատուկ վերաբերմունքի կարժանանան դաշնակցական պատգամաւորները, որոնց ժամանակակից հարցերու մասին հարցապնդումներուն կը հակադրւին հարիւր տասը տարի առաջւան դիրքորոշումներ, այն ալ սխալ կամ միտումնաւոր յիշատակումով: Երբ հարցը Դաշնակցութեան կը վերաբերի, իշխանաւորներուն համար ժամանակը կանգ առած է նախորդ դարու սկզբնաւորութեան անորոշ ժամանակ մը: Նման վերաբերումը ներկայի զարգացումներուն արդարացիութեան մասին պատասխան տալէ խուսափում չենթադրե՞ր:

Երեւանի համայնքապետերէն մէկը զինք հարցապնդելու համար իր գրասենեակը եկած լրագրող մը դաժան ծեծի կենթարկէ: Համայնքապետին փոխարէն կը ձերբակալւի խոշտանգւած լրագրողը, որ ոստիկանութիւն տարւելէ ետք կը փոխադրւի… հիւանդանոց: Համայնքապետը ցարդ ազատ է ու կը շարունակէ անխռով պաշտօնավարել:

«Սրբազան շարժում»-ի երիտասարդները ձեռնարկած են իշխանութեան անվստահութիւն յայտնող շարժում մը. զանազան վայրերու մէջ սնտուկ մը կը դնեն ու կը հրաւիրեն անցորդները քւէարկելու «Չեմ վստահում» մակագրութեամբ թղթիկներով: Կը մօտենայ ականաւոր իշխանական պատգամաւորի մը մայրը, կիրազեկւի ու կը հեռանայ: Ապա կը վերադառնայ գաւազանով մը զինւած ու կը յարձակի գործողութիւնը կատարող երիտասարդներուն վրայ: Եղելութիւնը կը թարգմանւի իբրեւ քւէարկելու ստիպում ու քաշքշուք. բարեբախտաբար կատարւած նկարահանումը կը մերկացնէ գրգռութիւնը…

Վերջապէս, անգամ մը եւս հրապարակի վրայ է վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գաղափարը: Հարցը Ազգային ժողովի օրակարգ բերելու համար անհրաժեշտ է 36 ձայն: Ընդդիմութիւնը ունի ընդամէնը 28 ձայն: Կը պակսի 8 ձայն: Նախաձեռնողները, որոնք պատգամաւոր չեն, խնդրագիր նամակով դիմած են բոլոր պատգամաւորներուն: Ընդդիմադիրները կըսեն, որ գտէք պակսող ութը, մենք կը միանանք: Ասիկա հրապարակով կը թարգմանւի իբրեւ մերժում եւ ներկայ իշխանութիւնը պահպանելու միջոց: Օրակարգի վրայ արձանագրւելէ ետք, պէտք է ներկայացնել նոր վարչապետի թեկնածու ու ապահովել Ազգային ժողովի մեծամասնութեան ձայները, այսինքն՝ 55 ձայն: Ինչպէ՞ս: Դիրքորոշում մը արտայայտելու համար իմաստ ունի՞ ի սկզբանէ տապալած գործընթաց մը սկսիլ: Առանց նման բեմադրութեան ալ, թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ՛ յայտնապէս հանրութիւնը կը ցանկան իշխանութեան փոփոխութիւնը: Օրէնքը եւ պայմանները չեն թոյլատրեր. անհրաժե՞շտ է թատերական բեմականացում կատարել եւ քննադատելու նիւթ ունենալ:

Related Articles

Back to top button