Հ.Մ.Ը.Մ-Ի գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, մեր մամուլը հաղորդեց, որ առցանց լոյս տեսած է Յարութ Չէքիճեանի ուսումնասիրական-վաւերագրական մէկ աշխատութիւնը՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքին՝ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ, 1918-1927»: Կը հաղորդւէր, որ կարելի է զայն ունենալ նշւած կայքէջային կապով(*):
Ընթերցողները վստահաբար ծանօթ են ո՛չ միայն Յ. Չէքիճեանի անւան, այլ նաեւ անոր բծխանդիր եւ ընդհանրապէս մտաւորականի մօտեցումով ուսումնասիրական յօդւածներուն, որոնք պարբերաբար լոյս կը տեսնեն մեր մամուլին մէջ, նաեւ՝ իր ստեղծած համացանցային կայքէջին վրայ: Անմիջապէս նշենք, որ կարճ ատեն մը առաջ, նմանապէս համացանցի վրայ լոյս տեսաւ անոր «Հայկական Սփիւռքը» հատորը, որ այլ յօդւածներու մէկտեղում է(**):
Չէինք կրնար դիմադրել փորձութեան եւ «որսացինք» Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէկ կիսամութ մնացած բաժինին վերաբերող հատորը: Եւ մեր աչքին դիմաց էջ առ էջ, գլուխ առ գլուխ տարածւեցաւ արժէքաւոր գործ մը, որուն կ’արժէ անդրադառնալ հակիրճ բայց ո՛չ սպառիչ ձեւով: (Ի դէպ, յայտնապէս յառաջ կը շարժինք առցանց հատորներու դարաշրջանին մէջ):
ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԿԷՏԵՐ
Գիրքը կը տարածւի 232 էջերու վրայ, բաժնւած է 16 գլխաւոր գլուխներու: Պատկերազարդ է, տեղ-տեղ կը թողու նկարներու ալպոմի մը տպաւորութիւնը: Կան բազմաթիւ անհատական եւ խմբային լուսանկարներ եւ մամուլի էջերէն վերցւած հատւածներու, նամակներու պատկերներ, բոլորն ալ մեր պատմութեան մէկ անկիւնադարձային փուլը վաւերագրողի հոգածութեամբ եւ բծախնդրութեամբ: Որբերու «բանակներուն» լուսանկարները անջնջելի յուշարար մըն են (առանց երկար մեկնաբանութեան), թէ Թուրքիոյ պետութիւնը ի՜նչ տարողութեամբ ոճիր գործած է…: Բազմահազար որբերու համայնապատկերները այսօր ալ յուզում եւ ցասում կ’առաջացնեն, սակայն անոնց կեանքերուն վերականգնումը, մինչեւ իսկ մարզական-սկաուտական նւաճումները հպարտութիւն եւ այլ տեսակի յուզում կ’առթեն:
Կողքին վրայ, ընթերցողը կ’ողջունէ այս սիւնակին ընկերացող պատկերը: Մուտքին, կան սրտի խօսքեր եւ բացատրականներ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութիւնը ունի ողջոյնի եւ գնահատանքի էջ մը, որուն կը յաջորդեն, հատորին բովանդակութենէն առաջ, հեղինակին նախաբանն ու բացատրական մը: Ընթերցողը կ’իմանայ, որ հատորը առնւազն 7-8 տարւան աշխատանքի՝ պրպտումներու եւ որոնումներու արդիւնք է: Սկզբնապէս, անիկա կարճ (19 էջ) ուսումնասիրութիւն մը եղած է, պատրաստւած՝ 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին առիթով, յետոյ, պրպտումները տարածք առած են ու աշխատանքը վերածւած՝ յօդւածաշարքի մը, որ լոյս տեսած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթին՝ «Մարզիկ»ին մէջ, վերջապէս, յաւելեալ աշխատանքով ու յատկապէս նորայայտ լուսանկարներով հարստանալով՝ ահաւասիկ լոյս կը տեսնէ իբրեւ առանձին հատոր ու համացանցի ճամբով հասանելի է ոեւէ հայու:
Առաջին այդ բացարտականներուն կը հետեւին բովանդակութիւնը ընդգրկող 16 գլուխները: Նիւթերն ու տեղեկութիւնները առաւելաբար ժամանակագրական կարգով են, սկսելով այն օրերէն, երբ Պոլսոյ մէջ 1918-ին հիմնադրւած Հ.Մ.Ը.Մ.ը (որ այլապէս վերընձիւղումն էր Ա. Աշխարհամարտէն քանի մը տարի առաջ, նոյն Պոլսոյ մէջ կազմաւորւած հայկական առաջին մարմնակրթական միութեան՝ Շաւարշ Քիրսեաններու նախաձեռնութեամբ) իր առաջին քայլերը կ’առնէր անկախ հանրապետութիւն դարձած Հայաստանի մէջ՝ նոյն տարին:
16 գլուխներուն կը հետեւին այլ արժէքաւոր բաժիններ: Օգտագործւած աղբիւրներու ցանկը կը գրաւէ 6 էջ, յիշատակւած են բազմահարիւր թերթեր ու անոնց հազարաւոր թիւերը, կը հետեւի անուններու եւ յատուկ յիշատակութեան նիւթերու ցանկը՝ աւելի քան 10 էջ: Աւարտին, կայ հեղինակին հակիրճ կենսագրականը: Ձգելով, որ ընթերցողը ծանօթանայ մանրամասնութիւններուն՝ այստեղ կը բաւականանաք արձանագրելով, որ Յ. Չէքիճեան այն իւրայատուկ անհատներէն է, որոնք գիտութիւնն ու մշակոյթը միաձուլած են իրենց անձին ու գործին մէջ: Մասնագիտութիւնը ելեկտրական-ելեկտրոնային գիտութիւններու, յատկապէս արեգակնային ուժանիւթի օգտագործման սարքերու կալւածներուն մէջ է, սակայն զուգահեռաբար, եւ դպրոցական տարիներէն սկսեալ, եղած է մամուլի մարդ (դպրոցական թերթ, Հայկազեան Քոլէճի հայկական բաժանմունքի պարբերաթերթ, օրաթերթերու եւ «Մարզիկ»ի աշխատակից՝ յիշատակելու համար միայն գլխաւորները): Անոր կեանքին ու գործին (ընդհանրապէս լուռ ու լուսարձակներէ հեռու) մէջ լայն տեղ ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որուն յարկին տակ եղած է սկաուտ, յանձն առած է վարչական պատասխանատւութիւններ, արժանաւորապէս անդամակցելով նա՛եւ Կեդրոնական վարչութեան: Անոր գրիչի արգասիքները յատկանշւած են նախանձախնդիր եւ պարկեշտ մօտեցումով (չի կրնար ըլլալ, որ յիշատակութեան չարժանացնէ իրեն նիւթ հայթայթած ամէնէն «փոքր» աղբիւրն անգամ…): Ուսումնասիրութեանց մէջ յատուկ եւ լայն տեղ ունի մեր մօտիկ անցեալի պատմութիւնը, մասնաւորապէս Հայաստանի անկախութեան հիմնադրութենէն ասդին տարածւող փուլերը: Անձնական այլ արժանիքները չենք ուզեր արձանագրել, ծանօթ ըլլալով իր համեստութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-էն իրեն փոխանցւած աւանդներուն:
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Առաջին էջերու իր բացատրականներուն մէջ, հեղինակը նախ եւ առաջ կը թւէ այն գլխաւոր աղբիւրները, որոնք օգտագործած է իր աշխատանքին համար. կան արժէքաւոր յուշագրութիւններ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին յուշամատեաններ, որոնց մէջ, սակայն, նկատած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարիներուն վերաբերող տեղեկութիւնները ընդհանրապէս ժլատ են. սա արդէն եղած է մղիչ ուժը, որպէսզի ձեռնարկէ անկոխ ուղիներէ քալելու, եւ հասած է լիաբուռն յաջողութեան: Գիտէ, որ կատարեալ եւ սպառիչ գործ մը չէ եղածը, որովհետեւ տրամադրութեան տակ չէ ունեցած կարգ մը արխիւներ (օրինակի համար՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պոլսոյ արխիւները), այլ խօսքով՝ ըրածը ըստ էութեան հում նիւթ եւ ուղեցոյց տրամադրելն է (նաեւ՝ մղում) աւելի ընդարձակ ուսումնասիրութիւններու համար, գիտէ նաեւ երախտապարտ ըլլալ ո՛չ միայն յուշագրողներուն, այլ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործը Հայաստանի հանրապետութեան մէջ ընձիւղողներուն ու վաստակաշատ ծառայողներուն, սկսելով Նիկոլ Աղբալեանէն՝ որուն լուսաւորութեան նախարարի օրերուն է որ, եւ անոր իսկ ջանքերով, Հ.Մ.Ը.Մ.ը արմատ նետած է Հայաստանի մէջ: Հետեւաբար, հեղինակը այս հատորը կը ձօնէ նման երախտաւորներու յիշատակին:
Կ’արժէ երկար, շատ երկար գրել յաջորդող գլուխներուն մասին, սակայն պիտի խուսափինք նման գրաւիչ փորձութենէ մը, ո՛չ միայն այն պատճառով, որ պէտք է բազմաթիւ սիւնակներ արձանագրել (կ’արժէ՞: Անշո՛ւշտ որ), այլ որպէսզի մղում տանք ընթերցողին՝ անձամբ մտնելու հատորին էջերուն մէջ:
Իրերայաջորդ գլուխներուն խորագիրներն անգամ թելադրական են, յաճախ վերցւած՝ պատմւածին մէկ բաժինէն: Նախ, ինչպէս ըսինք, հեղինակը ընդհանրապէս հետեւած է ժամանակագրական ձեւին (թէեւ երբեմն ստիպւած է ետդարձներ ընել): Առաջին բաժինը տրամադրած է 1919-1920 տարիներուն: Նոյն ձեւով կազմւած են նաեւ յաջորդ գլուխները, որոնք ունին «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր», «Դէպի Երկիր», «Հ.Մ.Ը.Մ.ը Երեւանի մէջ» եւ նման թելադրական խորագիրներ: Բաժիններուն կազմաւորումը կը կատարւի՝ մամուլէն, յուշագրութիւններէ, նամակներէ եւ նման «հում նիւթեր»է կարճ ու երկար քաղւածքներով, անգլերէնէ եւ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածումներով: Ընթերցողը պահ մը կ’ունենայ այն պտաւորութիւնը, որ միութենական օրագրութեան մը կը ծանօթանայ, եւ սա հեղինակին կողմէ ընտրւած լաւ հնարք մըն է: Կարգ մը լուրեր ու տեղեկութիւններ կը կազմեն մէկը միւսին շարունակութիւնը, սակայն նաեւ կան «ընդհատումներ», որոնց միջեւ կապը կը ձգւի ուշադիր ընթերցողին:
Լայն տեղ բռնած են շարք մը երախտաւորներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ակերտ ծառայողներ, ինչպէս՝ Վահան Չերազ, Տիգրան Խոյեան (աւելի ուշ քահանայ), նաեւ՝ բարեսիրական կազմակերպութիւններ ու անոնց ծառայողներ (մասնաւորապէս Ամերիկեան Նպաստամատոյցը եւ անոր յարկին տակ գործող բժիշկներ, սկաուտներ եւ այլն):
Ընթերցողը կը ծանօթանայ, որ սկաուտական եւ որբահաւաքի գործերը իրարու հիւսւած ձեւով յառաջ տարւած են այդ ահաւոր տարիներուն: Կան ահարկու թիւեր, օրինակ՝ 60 հազար որբ, սովահար ընտանիքներ, այրիներ եւ փողոցները խճողած գաղթականներ, որոնց հոգածութեան եւ մանաւանդ մարդկային խլեակներէ մարդ կերտելու գործը մեծ մասամբ իր ուսերուն առած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, Պ. Սեւակէն տասնեակ տարիներ առաջ գործնապէս կիրարկած է «երբ չի մնում ելք ու ճար» սկզբունքը, ամէնէն համեստ ու երբեմն անկարելի երեւցող վիճակներէ անցնելով՝ դարբնած է մարզիկ ու արհեստաւոր, երկրագործ, տանտիկին, մինչեւ անգամ վիրաւոր.հիւանդ դարմանողներ ու ընտանիք հոգացողներ:
ԱՅԼ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Բովանդակութեան մասին՝ կը բաւականանանք յիշեալ՝ ո՛չ ամբողջական ակնարկներով, ապա, կ’ուզենք կատարել քանի մը դիտարկում:
Հատորը, յիշեցինք արդէն որ, վաւերագրական արժէք ունի, լոյսին կը բերէ մեր պատմութեան տաժանելի մէկ փուլին կարգ մը ծալքերը, որոնք, ճիշդ է, տեղ գտած են բազմաթիւ հատորներու մէջ, սակայն հոս, լուսարձակի տակ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԻՐԱԿԱՆ գործը մայր հայրենիքին մէջ, անոր ծննդեան զուգահեռ: Այսօրւան սերունդներուն համար դժւար է պատկերացնել, որ ինչպէ՞ս կարել եղած է գրեթէ ոչինչէն սնունդ եւ ապրուստի այլ միջոցներ ապահովել ԲԱԶՄԱՏԱՍՆԵԱԿ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒ, գործակցիլ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ, մահէ եւ անհետացումէ փրկել ազգին մէկ պատկառելի հատւածը: Այս բառերը արձանագրելը դիւրին է, բայց վերադառնալով այդ տարիները, հատորին էջերուն ճամբով կարելի է ունենալ հերքիւլեան աշխատանքին իրական պատկերը:
Որբերու եւ ընտանիքներու փրկութեան եւ մարդացման գործին զուգահեռ, ընթերցողը տւեալ ժամանակի՛ն իսկ մէջ կը տեսնէ, թէ ինչո՛ւ այդ օրերուն հայութեան աչքերը առաւելաբար ուղղւած էին դէպի Արեւմուտք: Ճիշդ է, որ օժանդակութեան ձեռքեր հասած են Անգլիայէն ու ռուս զինւորներէ, սակայն Ամերիկեան Նպաստամատոյցի տարած գործը (եւ սա իբրեւ գիւտ չ’արձանագրւիր հոս) կարելի է նկատել առասպելական, եւ բնական է, որ նպաստընկալ հաւաքականութիւնը ըստ էութեան երախտագիտութեամբ լեցւած է օգնողին նկատմամբ: Այս իրականութիւնը չենք արձանագրեր քաղաքական խաղերու տրամաբանութեամբ, այլ առաւելաբար մարդասիրական գործի դիտանկիւնէն: Անկախ անկէ, որ Միացեալ Նահանգները այդ օրերուն չունէին այսօրւան մեծ խաղացողի դերը:
Վաւերագրումին մէջ, լայն տեղ չեն բռներ երկրի քաղաքական վերիվայրումները: Անոնց հպանցիկ ակնարկութիւններ կ’ըլլան ըստ հարկադրանքի (անկախութեան բերած դրական գիծերը, համայնավար իշխանութեան հաստատումը, փետրւարեան ապստամբութիւն, յետոյ վերջնական համայնավարացում ու հետեւանքներ, ազգային արժէքներու դրօշակիրներու հալածանք եւ այլն): Ընթերցողին մտքին մէջ հաւանաբար հարց կը ծագի՝ երբ կը կարդայ հատորին խորագիրը, ուր կան 1918-1927 տարիները: Հարցումը. ինչպէ՞ս եղած է, որ անկախութեան անկումէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ը շարունակած է գործել կարմրած Հայաստանին մէջ, ուր ազգայինն ու անոր խորհրդանիշները մերժւած, դրժւած էին, զանոնք կրողները՝ հալածանքի ենթակայ: Եւ ի յայտ կու գայ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկզբնաւորած գործը քանի մը տարի շարունակւած է սկաուտական գործի ճամբով, տակաւին հոն գործող ամերիկացի բարեսէրներու հովանոցին տակ, գլխաւոր գործիչները եղած են Վահան Չերազի նման «խենթեր», որոնք վճռած են հայրենիքէն չհեռանալ ստեղծւած՝ հալածանքի եւ ազգամերժումի մթնոլորտէն խուսափելու համար: Հետեւա՞նքը. ան ալ շատերու պէս կեանքը վրայ տւած է բանդարկուելով ու գնդակահարւելով (1927-ին), եւ անոր մահով ալ յայտնապէս վերջակէտի հասած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործը, անոր տեղը բռնած են կարմիր փողկապաւորները՝ պիոներները, մինչեւ որ աւելի քան 60 տարի ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերականգնած է մայր հայրենիքին մէջ:
Այս կէտերը առանձնացուցինք, աչքի առջեւ ունենալով Հայաստանի ներկայ պատկերները: Ընթերցողը անպայման որ կը մղւի բաղդատութեան եզրեր որոնելու այդ օրերու վիճակներուն եւ Երեւանի այսօրւան իշխանաւորներուն վերաբերմունքին միջեւ: Վաւերագրւած է (քանի՛երորդ անգամ ըլլալով), որ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը կերտողները, չափազանց անձուկ պայմաններու մէջ, ինչպիսի՜ հոգածութիւն եւ խնամք տրամադրած են գաղթական եւ որբ ու այրի դարձած զանգւածներու, գործակցութեան ձեւեր գտած են արտերկրի հայութեան հետ, ապահոված՝ շօշափելի նպաստ: Իսկ հիմա կայ այսօրւան իշխանութիւններու՝ մէկ կողմէ բռնագաղթի մատնւած արցախցիներու հանդէպ դժկամութիւնը (սա շատ մեղմ որակում է), իսկ միւս կողմէ՝ ազգայինին հանդէպ ատելութեան տարածումն ու պատմութեան դրժումը: Կայ նաեւ իրավիճակներուն պատմաքաղաքական խորքն ու վերլուծումները. Փաստօրէն, այսօր յաճախ կը լսենք կարգ մը մտաւորական ու քաղաքական – երբեմն իսկապէս յարգելի կարծիք ունեցող – մարդոց այն պնդումները, թէ Հայաստան ու մեր ժողովուրդը 1920-ի տարբեր մտածողութիւն եւ աշխարհահայեացք պէտք էր ունենար, հեռու մնար Արեւմուտքի հրապոյրներէն եւ յարէր նոր կարմրած ռուսական կայսրութեան: Բնականաբար տեղը չէ մտնելու նման բանավէճի մէջ, մասնաւորապէս յիշելով կարգ մը պատմական փաստեր եւ իրականութիւններ (ինչպէս, օրինակի համար, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ճիգերը՝ գործակցելու Լենինի Մոսկւային հետ, որ այդ օրերուն, իր շահերէն ելլելով, կը վազէր դէպի Մուսթաֆա Քեմալ, Հայաստանը կը դիտէր իբրեւ ճատրակի մատաղցու քար…): Որքա՜ն դիւրին է քանի մը տասնեակ տարիներու հեռաւորութենէն՝ այսօր, աւելի յստակ տեսնել պատկերը, մինչդեռ այդ օրերուն, ահաւոր ու կենաց-մահու օրերուն, ամէն բան կորսւած էր մշուշի մէջ, մարդիկ փրկւելու համար չէին կրնար չբռնել օգնութիւն մատուցող ձեռքը (մեր նպատակը չէ, ինչպէս նշեցինք, մտնել պատմութեան մութ եւ աւելի յստակ էջերուն ծալքերուն մէջ եւ տարւիլ ժամանցւած մեկնաբանութիւններով, քաղաքական արեւելումի քննարկումներով):
Աւարտելէ առաջ, նշենք, որ այս հատորը Յարութ Չէքիճեանի կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ին հանդէպ երախտագիտութեան տուրքի մը արժէքը ունի, ա՛յն Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ որուն մէկ արգասիքն է ինք եւ սերնդակիցները, քանի մը օր առաջ, Պուրճ Համմուտի դաշտին վրայ, Մայիսեան տօնին տողանցողները, վաղը, ամիս մը ետք Լոս Անճելըսի Նաւաարդեաններուն տողացնելու պատրաստւող սերունդները, մէկ խօսքով բոլոր անոնք, որոնք վայելած են ազգակերտ ու մարդակերտ մեր միութեան հոգածու ձեռքը- աշխարհի արեւելեան ու արեւմտեան ծագերուն, նաեւ Հայաստանի եւ առժամապէս կորսւած Արցախի մէջ…:
Ու եթէ պէտք է բան մը եւս արձանագրել՝ այն է, որ հատորին ձեւաւորումը եւ խմբագրումը (նաեւ լեզւական իմաստով) կը կարօտէին աւելի հոգածութեան, սակայն ինչ որ ընթերցողը ունի իր ձեռքին մէջ, համազօր է բազմաթիւ ձմերուկներ միայն երկու ձեռքով կրելու աշխատանքին, որովհետեւ կայ թաքուն բաժին մը, որուն խորագիրն է թւայնացեալ կալւածի մէջ «սեւ աշխատանք»:
Յունիս 2025
——————————-
(**)https://haroutchekijian.wordpress.com/2025/02/28/հայկական-սփիւռքը/