Հայոց Ցեղասպանութեան նսեմացումը, հայկական դիւանագիտութեան վարկազրկումը եւ սփիւռքի արհամարհումը. վարչապետի Ցիւրիխեան հանդիպումին թելադրած հետեւումները
![](/wp-content/uploads/2025/02/550-780x470.jpg)
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
1960-ական թւականներու կէսերէն սկսեալ, Սփիւռքի մէջ քաղաքական զօրաշարժն ու Հայ Դատի պայքարը, որ առաջ տարւեցաւ առանց ոչ մէկ պետական զօրակցութեան անհրաժեշտութեան, առանց ոչ մէկ «հզօր պետականութեան» կամ «պետականամէտութեան» հոգեմտաւոր բարդոյթի կաշկանդումի, յաջողեցաւ լռութեան դատապարտւած եւ «մոռցւած» Հայոց Ցեղասպանութիւնը բերել միջազգային օրակարգ եւ արձանագրել անոր ճանաչումի առաջին, թէկուզ եւ անխուսափելիօրէն սահմանափակ, յաջողութիւնները:
Անկախութենէն յետոյ, հայկական դիւանագիտութիւնը, թէեւ ուշացումով եւ «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի յարաբերութիւններ»-ու լպրծուն, անյստակ եւ թակարդային սկզբունքի պահպանման զուգահեռ, հասկցաւ որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը զոհի կարգավիճակի մէջ մշտնջենականալու փաթեթիզմ կամ հոգեկան կաշկանդում չէ: Այլ՝ համաշխարհային բեմահարթակի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան գրաւած տեղի, արտաքին քաղաքականութեան «ինքնութեան» եւ, առ այդ, երկրի հեղինակութեան հաստատագրման գործօն: Հայ-թուրքական փրոթոքոլներու փորձութեան ձախողումէն ետք, Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարեդարձի նախօրեակին Հայաստան-Սփիւռք բացառիկ համագործակցութիւնը, որ յանգեցաւ իր տեսակին մէջ պատմականօրէն միակ համահայկական փաստաթուղթին՝ Հռչակագրին, ունեցաւ իր անդրադարձը արտաքին քաղաքանութեան օրակարգին վրայ. հայկական դիւանագիտութիւնը վերածւեցաւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ակտիւ դերակատարի:
Միջազգային կազմակերպութիւններու ոլորտին մէջ այդ դերակատարութեան հետեւողականութիւնը, որուն փաստը տւին ե՛ւ դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները, ե՛ւ Հայաստանի պետական ղեկավարներու հանրային խօսոյթի մէջ եզրոյթի ամրագրումը առանց բառախաղային աճպարարութիւններու, ո՛չ Թուրքիոյ կողմէ Ոճիրին պատասխանատւութեան ստանձնումը անմիջականօրէն նպատակադրած էր, ո՛չ ալ գործնականօրէն Հայաստանի ապահովութեան թէ բարգաւաճման համար որեւէ նպաստ պիտի բերէր, ինչպէս յաճախ հեգնականօրէն հարց կու տան ցեղասպանասկեպտիկները եւ/կամ Թուրքիոյ պարտադրած նախապայմանաւորումը յամառօրէն անտեսողները: Այս, սակայն, ոչինչով կը նսեմացնէ դիւանագիտական գործունէութեան մէջ երկրի մը գրաւած հեղինակային դիրքին կարեւորութիւնը: Ինչ որ, անշո՛ւշտ, Սփիւռքի համար ալ ունի իր կարեւորութիւնը՝ հաւաքական ինքնութեան արժանապատւութեան թէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու արդարահատոյցի մէջ իր կենսական ներդրումի արժեւորման ու շարունակման իմաստով:
Այս բոլորին մէջ անարդար պիտի ըլլայ անտեսել այն սկզբնական առանցքային դերակատարութիւնը, որ ունեցան նախ Սփիւռքի ապա նաեւ Հայաստանի ակադեմականները, պատմաբաններէն մինչեւ իրաւագէտներ, քաղաքագէտներ եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտներ, որոնց տասնամեակներու աշխատանքն ու համագործակցութիւնը ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ հայկական ներկայութիւնը դրած է առաջնային գիծի վրայ: Հայաստանը որպէս պետութիւն եւ հայութիւնը որպէս հայրենի թէ սփիւռքեան քաղաքացիական հասարակութիւն դիրքաւորւեցաւ որպէս ցեղասպանութեան կանխարգիլման համամարդկային յանձնառութեան բնորդներէն մէկը:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի կենսական կարեւորութեան նսեմացումը նորութիւն մը չէ Հայաստանի մէջ 2018-էն ի վեր իշխող քաղաքական ուժի եւ իր ղեկավարի խաղաղութեան օրակարգին վրայ: Ատոր նորագոյն փաստն է Ցիւրիխի մէջ խումբ մը զւիցերիահայերու հետ իր հանդիպման ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութիւնը հարցը կրկին սեղանի վրայ բերելու: Ցաւալի է, որ Հայաստանի ղեկավարին համար քաղաքական անհրաժեշտութիւն ըլլայ Ցեղասպանութեան հարցը, կամայ թէ ակամայ, պատմական վերատեսութեան տանող իր արշաւը: Եւ հակառակ իր եւ իր հետեւորդներուն հետագայ ճիգերուն՝ բացատրելու, ի հարկին վերաբանաձեւելու, աղմուկ բարձրացուցած իր ըսածները, նիւթի մը մասին, որ, ինչպէս ներկաներէն մէկը դիտարկեց, այնպէս ալ չհասկցւեցաւ թէ ինչու յանկարծ որոշեց արծարծել, թուրք-ադրբեջանական դիւանագիտութիւնը արդէն արձանագրած է Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան ջաղացքին ջուր լեցնող եւս մէկ փաստ:
Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան թուրքական քաղաքականութիւնը կրնայ եւ այնպէս ալ չհետաքրքրել Վարչապետին եւ իշխող քաղաքական ուժին: Բայց իր այս, գիտակից թէ անգիտակից սակայն ամէն պարագայի հետեւողական, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին սատարող իր վարքագիծը աննկատ չանցնիր ցեղասպանութեան հարցով զգայուն եւ ակտիւ միջազգային հանրութեան կողմէ: Վկայ՝ Լեմկինի անւան հիմնարկին բուռն հակազդեցութիւնը. Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը ցեղասպանութեան կանխարգիլման ջանքերուն ալ հասցւած հարւած է: Այս իմաստով ալ կը վարկազրկէ հայկական դիւանագիտութիւնը, որ, ինչպէս նշւեցաւ, յաջողած էր միջազգային բեմահարթակին վրայ Հայաստանը դիրքաւորել որպէս ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման յառաջապահ եւ յանձնառու երկիր:
Ինչ կը վերաբերի վարչապետին հետ Ցիւրիխեան հանդիպումին մասնակից խումբ մը զւիցերիահայերու հակազդեցութեան բացակայութեան, պիտի՞ մեկնաբանել այն որպէս լուռ համամտութիւն՝ Ցեղասպանութեան թէ Սփիւռքի մասին իրենց փոխանցւած պաշտօնական պատգամին: Ընդունելի՞ էր իրենց համար Փաշինեանեան անհեթեթ բանաձեւումները, որոնք այլապէս կընկալւէին որպէս սփիւռքահայերու ուղղւած զգուշացում. Հայաստանի իշխանաւորներու հետ հանդիպման «բախտին» արժանացածներուն կը մնայ միայն իշխանաւորին լսել, չհակաճառել եւ կուլ տալ անոր ամէն ըսածը:
Մասնակիցներէն միայն մէկ հոգի, Վիգէն Չըթըրեան, նախաձեռնեց Սիվիլնեթ-ի կայքին վրայ 29 յունւարին տեղադրւած յօդւածով մը («Դժգոհանք վարչապետի Ցիւրիխեան հանդիպումից») հանդէս գալու պատահածին մասին: Թէ այդ մէկը հանդիպման ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ բարձրացած ընդվզման ալիքի հետեւա՞նք էր, թէ սեփական նախանձախնդրութիւն՝ մեկնած Վարչապետի բանաձեւումներու առթած մտահոգութենէն, այնքան ալ կարեւոր չէ: Իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի իր ձեւով մեկնաբանելու յօդւածին մէջ տեղ գտած յստակացումները, քննադատական ակնարկները, վերլուծական մատնանշումները թէ առաջարկները, որոնք նաեւ բանավէճի հրաւէրներ են: Վարչապետի խօսքերուն քննադատականօրէն հակազդեց նաեւ Սարգիս Շահինեան, Զւիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան պատւոյ նախագահը, ինչ որ նաեւ արդար է արձանագրել, որպէսզի համայնքի բոլոր անհատները չնոյնացւին այն բուռ մը անձանց հետ, որոնք, ըստ երեւոյթին, գերադաս համարեցին վարչապետին հետ յաջորդ հանդիպման հրաւէրը ռիսկի տակ չդնել, լուռ մնացին եւ կը մնան: Այդ մէկը, անշուշտ, իրենցմէ իւրաքանչիւրին անհատական իրաւունքն է: Այնպէս ինչպէս իրաւունքն է խմբագրի մը անոնց տալու իրենց այդ վարքագծի արդար ընդվզումին առաջացուցած թէկուզ եւ ոչ շատ քաղաքավարի որակում մը («Ովքեր են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի այն սրիկայ ժառանգները, ովքեր լսել են Փաշինեանի խօսքը ու ձայն չեն հանել», Օրագիր, 26 յունւարի): Կարեւորը, սակայն, գիտակցիլն է, որ Ցիւրիխեան հանդիպման ձեւաչափն ինքնին հայելին է վարչապետին կողմէ Սփիւռքի ուղղւած ազդարարութեան. միայն պետութիւնն է, որ կորոշէ հայկական հաւաքական ինքնութիւնը: Հանդիպումը չէր կազմակերպւած համայնքին հետ, այլ՝ համայնքէն ընտրւած խումբ մը անհատներու, որոնց «քոնֆորմիզմ»-ը ի սկզբանէ, առաւել թէ նւազ չափով, ապահովւած էր: Համակերպիլ՝ նոյնիսկ երբ հարցը այդ ինքնութեան այնքան առընչակից Ցեղասպանութեան պատմական վերատեսութեան դուռ բացող եւ թուրքական ժխտողականութեան նոր «հիմնաւորումներ»-ու առիթ տւող յայտարարութիւններ ըլլան…
Ինչ որ պատահեցաւ Ցիւրիխի մէջ համահունչ է իշխանութիւններու կողմէ համայնքային հաստատութիւններով կայացած Սփիւռքի մերժումին եւ Հայաստանէն դուրս ապրող հայերու այլ հաւաքականութիւն կերտելու ձգտող յարացոյցին. Հայաստանի եւ համայն հայութեան ճակատագիրը ճշտող պետական ամէն որոշումի լուռ համակերպող անհատներու գումարով կազմւած անւանացանկեր, եւ ոչ թէ կազմակերպւած համայնքներու համաշխարհային ցանց, որ զգաստ է իր ինքնութեան սպառնալիքներուն, ատակ է զօրաշարժի, եւ կարող՝ քաղաքական կացութիւն ստեղծելու կամ կացութիւններու աշխուժօրէն հակազդելու: Այն ինչ եղած էր Սփիւռքը 1965-1985/87 թւականներուն, կամ, ժամանակի մէջ աւելի մօտ՝ 2008-9 թւականներուն, երբ «Ոչ» ըսաւ հայ-թուրքական պրոթոքոլներուն:
Եւ հարցումը՝ համասփիւռքեան/համահայկական կառոյց եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւնները վերջապէս պիտի գիտակցի՞ն Սփիւռքեան ինքնուրոյն օրակարգի մը անհրաժեշտութեան: Որպէսզի իր պատմական փորձառութեամբ կերտւած գոյավիճակային ինքնութեան մը համակարգն ու անոր լինելութեան ու զարգացումի ամբողջ կարողականութիւնը հարցականի տակ չդրւի, չնեսեմացւի եւ չարհամարհւի Հայաստանի մէջ իշխանութեան հասած կամ իշխանութեան ձգտող, եւ, յանուն պետականութեան, ինքզինքին Սփիւռքի հետ գերակայութեան դիրքերէ խօսելու իրաւունք տւող որեւէ քաղաքական ուժի, ոեւէ անձնաւորութեան թէ յաւակնոտ ինչ որ բախտախնդրի մը կողմէ:
Հորիզոն