Դաշնակցական Բեմ

Աւարտական վտանգաւոր ջղաձգումներ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, 7 յուլիսի առաւօտուն Փաշինեան հերթական գրառումով թելադրանք կատարեց ապահովական ուժերուն: Էջմիածին յայտարարութեամբ մը դատապարտած էր երկու բարձրաստիճան հոգեւորականներու՝ Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ Միքայէլ արք. Աջապահեանի ձերբակալութիւնը: Ըստ Հայաստանի վարչապետին, Էջմիածին կը պաշտպանէ «ահաբեկիչ» հոգեւորականները, ուրեմն կողմ է ահաբեկչութեան: Կաթողիկոսն ու ձերբակալւած հոգեւորականները իրենց աշխարհական անուններով կոչելով, Նիկոլ Փաշինեան կը յայտնէ, որ Վաղարշապատ քաղաքի բոլոր համայնքները բաց են ապահովութեան ուժերուն (Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն եւ ոստիկանութիւն) առջեւ, այսինքն՝ այդ ուժերը կրնան խուզարկել Վաղարշապատ քաղաքին մաս կազմող Էջմիածնի վանքը եւ այդ վանքին մէջ գտնւող կաթողիկոսական վեհարանը: Ապահովութեան ուժեր յառաջ՝ արշաւեցէ՛ք վեհարան եւ ձերբակալեցէ՛ք ապօրինաբար այնտեղ ապաստանած կտրիճ Ներսիսեանը (Գարեգին Բ. կաթողիկոսի աշխարհական անունը):

Զուգահեռաբար, Ազգային ժողովին մէջ կը շարունակւին թէժ քննարկումները: Հապճեպ կարգով (24 ժամերու ընթացքին յանձնախումբի երկու նիստեր, խորհրդարանի յաջորդական նիստեր, առաջին եւ երկրորդ քւէարկութիւն) Սամուէլ Կարապետեանի պատկանող ՀԷՑ-ը (Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր) ազգայնացնելու որոշումին յաջորդեց Արծւիկ Մինասեանի եւ Սէյրան Օհանեանի պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկումը, ապա Արթուր Սարգսեանի նկատմամբ նոյն գործողութեան սկզբնաւորումը: Ընդհանուր դատախազին կողմէ ներկայացւած հին ու նոր պատճառաբանութիւնները շատ թէական են, ճերմակ թելով կարւած, սակայն ինչ փոյթ՝ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը կը քւէարկէ մէկ մարդու պէս:

Միաժամանակ կը շարունակւին խուզարկութիւնները եւ ձերբակալութիւնները: Համատարած հալածանքի մթնոլորտ կը տիրէ, որեւէ քննադատութիւն կը թարգմանւի իբրեւ իշխանութիւնը բռնի միջոցներով տապալելու կոչ, քաղաքական քննարկումներու մակարդակը իջեցնելով նողկալի մակարդակի մը, ուր տրամաբանութիւնը եւ իրողութիւններու առարկայական ներկայացումը տեղ չունին:

Ուրբաթ, 4 յուլիսին տեղի ունեցած մարդաշատ հաւաքը եւ քայլարշաւը կարծէք չզգաստացուցին իշխանութիւնները: Մէկ մարդու՝ Նիկոլ Փաշինեանի ջղագրգիռ ելոյթները անմիջականօրէն ողբերգական հետեւանքներ կունենան: Մտահոգութիւնը եւ դժգոհութիւնը համատարած են: Պետական մարմինները կենթարկւին իշխանութիւններու կամակայութիւններուն, վախնալով կորսնցնել իրենց պաշտօնները: Հալածական ընդդիմութիւնը կը բախի խորհրդարանական կայուն մեծամասնութեան պատին, անկարող օրինական ճամբով որեւէ փոփոխութիւն իրագործելու: Ժողովրդային ընդվզումը զսպելու համար, իշխանութիւնները կը դիմեն հակասահմանադրական ու հակաժողովրդական արարքներու, անդադար տագնապներ կը հնարեն, հին ու մոռցւած խնդիրներ կը նորոգեն ու ջանք չեն խնայեր քաղաքացիներու համար մտահոգիչ վիճակներ ստեղծելու: Պառակտումը անդադար կը վերանորոգւի:

Ինչո՞ւ կը կատարւին այս բոլորը: Իշխանութեան աւարտի մտահոգութիւնները կը թելադրեն պահպանել եօթը տարի առաջ խաբէութեան վրայ հիմնւած իշխանափոխութեան պայմանները: Ընտրողները երկու անգամ հաւատալով տրւած խոստումներուն գոյացուցին Ազգային ժողովի մեծամասնութիւն մը, որ փոխանակ հակակշիռ դառնալու կառավարութեան, դարձաւ ենթակայ այդ կառավարութեան, որ իր կարգին ենթակայ է վարչապետին: Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը նոյնիսկ սակաւապետական չէ, քանի որ իշխանական Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութենէն սկսած, բոլորը՝ գործադիրը, օրէնսդիրը եւ դատականը կենթարկւին ինքզինքին մարգարէական ներշնչումներ ունեցողի տեղ դրած մէկ մարդու՝ Նիկոլ Փաշինեան անունով բռնապետի:

Նիկոլ Փաշինեան վախի մէջ է: Իր մոգոնած խաղաղութեան խաչմերուկը չիրականանար: Ինչպէս նախատեսելի էր, թշնամին, նոյնիսկ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ իր բոլոր պահանջներուն գոհացումէն ետք, տրամադիր չէ նոյնիսկ խորհրդանշական զիջումներ կատարելու. ընդհակառակը, նորանոր պահանջներով աւելի կը խորացնէ բաժանարար վիհը: Փաշինեանական խաղաղութեան ծրագիրը անելի մատնւած է ու Փաշինեան, ինչպէս միշտ, իր ձախողութեան պատասխանատւութիւնը թօթափելով, կուզէ ուրիշներուն վրայ բարդել զանոնք: Վկայ ենք մահացողի վերջին ցնցումներուն:

Related Articles

Back to top button