
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին օրը՝ յուլիսի 4-ին, բնական աղէտ մը պատուհասեց Թեքսաս նահանգի մէկ շրջանը: Ջրհեղեղի օրերը յիշեցնող անձրեւին հետեւանքով, գետին մակարդակը նւազ քան մէկ ժամւան մէջ շուրջ 25 ոտք (աւելի քան 7.5 մետր) բարձրացաւ որոշ շրջաններու մէջ, մահ ու աւեր սփռեց մանուկներու բանակավայրի մը եւ բազմաթիւ աւաններու մէջ: Երեքշաբթի, յուլիսի 8-ին հաղորդւեցաւ, որ զոհերուն թիւը անցած է հարիւրը, անորոշ թիւով կորսւածներ կան:
Բնութեան հարւածը ահաւոր էր: Թեքսասի կողքին, սուգի մատնւած են Միացեալ Նահանգներն ու մարդկային նման կորուստներու հանդէպ խիղճ ու զգացում չկորսնցուցած մարդկութիւնը (Գազայի ու նման «աղէտահար» շրջաններու հանդէպ այլապէս բացայայտ բթացումը դարձած է վարակիչ: Չխորանանք այդ «հանքին» մէջ):
***
Թեքսասը պատուհասած ողողումները առիթ եղան յիշելու, անդրադառնալու, որ մեր Մայրենին ալ ծանր պատուհասներու ենթակայ կը մնայ նոյնինքն Հայաստանի մէջ (Սփիւռքի պարագան տարբեր երանգներ ունի), ուր թէեւ կայ Լեզւի կոմիտէ՝ վարիչով ու աշխատակազմով, կան լեզւագէտներու խումբեր, որոնք մերթ ընդ մերթ երախտաշատ աշխատանք կը տանին եւ գիտաժողովներ կը կազմակերպեն, սակայն քաոսը ո՛չ միայն կը մնայ տիրապետող, այլ իւրաքանչիւր քայլափոխի տգիտութեան նոր փաստերու ականատես կըլլանք, կը համոզւինք, որ ՀՈԳԱՑՈՂ ՉԿԱՅ:
Նպատակ չունինք աբեղեանական ուղղագրութեան եւ ընդհանրապէս տառադարձութեան այլանդակութիւններուն վերաքաղը ընելու, այլ կը բաւականանանք կենտրոնանալով ՄԷԿ ՀԱՏԻԿ անունի վրայ. Թ-Ե-Ք-Ս-Ա-Ս:
Մեր առաջիկայ տողերը մի՛ ընկալէք իբրեւ մանուկներու տրւած «դասախօսութիւն», այլ տեսէք ողբերգութեան տարողութի՛ւնը (թեքսասցիներուն սուգն ու ցաւը վաղը կրնան ամոքւիլ, իսկ մե՞րը…):
Այս բառին անգլերէն բնագիրը TEXAS է: Ամբողջ աշխարհը, եւ ո՛չ միայն ամերիկացիք կամ անգլիացիք (ըսել կուզենք՝ անգլիախօս աշխարհը) այս անունին կեդրոնի մասը կը հնչէ Ք-Ս, նոյնը կընէ այլ ժողովուրդներու հնչումները յարգող որեւէ մէկը: Բանական հայն ալ յարգանքով վարւած է ուրիշներու իւրայատկութիւններուն հանդէպ, եւ, օրինակի համար, ֆրանսացիին ԺՈՐԺ-ը կը տարբերէ անգլիացիին ՃՈՐՃ-էն ու սպանացիին ԽՈՐԽԷ-էն, ֆրանսացիներու նախագահին անունը կը գրէ այնպէս՝ ինչպէս կը հնչէ ֆրանսացին, այսինքն՝ ՄԱՔՐՈՆ (առանց «մաքարոն» ուտելու ախորժակը բանալու), իսկ Հայաստանի մէջ անունը կը վերածւի ՄԱԿՐՈՆ-ի (վարակելով որոշ սփիւռքցիներ):
Ծանօթ է, որ Հայաստանի մէջ վաղո՜ւց տառադարձութեան «իւրայատուկ» տախտակ մը որդեգրւած է եւ անոր հիմամբ՝ մինչեւ իսկ հայկական դարաւոր անուններ այլանդակութիւններու կը վերածւին, երբ, օրինակ, օտար երկիրներէ Հայաստան հասնող եւ անցագիր-հպատակութիւն ստացողներու անունները կը տառադարձւին այդ «հրէշ»ին երախէն անցնելով: ՍԱՐԳԻՍ մը կրնայ դառնալ ՍԱՐԿԻՍ կամ ՍԱՐՔԻՍ, Վարդան մը՝ ՈՒԱՐՏԱՆ կամ ՎԱՐՏԱՆ, եւ այսպէս՝ շարունակաբար: Այսպիսի «հրաշքներ» կը պարտինք, կրկնենք՝ տառադարձութեան արտառոց, հրէշաւոր դրութեան:
Հիմա գանք ԹԵՔՍԱՍ-ին:
4 յուլիսի աղէտին բնականաբար արձագանգ եղան նաեւ հայրենի գրաւոր ու բանաւոր լրատու աղբիւրները: Առաջին օրերուն չէինք «լսած» կամ մեր ուշադրութիւնը չէր գրաւած անւան հնչումը: Յետոյ, թերթի մը մէջ կարդացինք… ԹԵԽԱՍ: Մտածեցինք, որ տողաշարական վրիպակ մըն է: Թերթի մը «արտադրութեան» հեւքին քիչ թէ շատ ծանօթ որեւէ մէկը հասկնալի ներողամտութեամբ կընկալէ նման վրիպակ: Յետոյ, լսատեսողական աղբիւրներէ լսեցինք ԹԵԽԱՍ-ը եւ… Հը՜մ, մեր ուղեղին մէջ կարմիր լոյս մը վառեցաւ, զանգեր հնչեցին: Պահ մը փորձութեան մատնւեցանք՝ մտածելով, որ արդեօք տառադարձութեան նո՛յն այլանդակ դրութեա՞ն պէտք է վերագրել ամերիկեան նահանգին «վերամկրտութիւնը»: Յետոյ, կարմիր լոյսին կողքին վառեցաւ կանաչաւուն լոյս մը, ու յիշեալ լոյսերուն դիմաց վառեցինք «Էվրեքա՜» տառերով բացագանչութիւն մը՝ արքիմետեսեան բաւարարութեամբ (հայաստանաբնակին համար սա գիւտ չի համարւիր, բայց ան ալ պէտք է անդրադառնայ այլանդակութեան): Այդ երկրորդ լոյսը յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ կայ տարադարձութեան այլ ազդակ մըն ալ՝ ռուսական… հնչաբանութեան գերութիւնը:
Եւ ահա ձեզի փաստը՝ քաղւած ռուսական այբուբենի աղիւսակէն:
Ռուսը լատինատառ X-ին դիմաց դրած է ԽԱ հնչումը (ուրիշ այլանդակութիւն է մեր այբուբենի տառերը կոչել Ա ԲԸ ԳԸ ԴԸ, երբ սքանչելին Մաշտոց զանոնք մկրտած է Այբ Բեն Գիմ): Ուրեմն, այս «տրամաբանութեամբ» այլ, TEXSAS-ը պէտք է գրենք ու հնչենք (եղեր) ԹԵԽԱՍ:
***
Սիրելի ընթերցող. վստահ ենք որ հիմա դուն քեզի հարց կու տաս, թէ այս ու նման այլանդակութիւններու ի տես եւ ի լուր՝ խնդա՞ս, թէ՞ լաս, ողբա՜ս:
Ի դէպ, մենք ալ, ուրիշներու շարքին, անցեալին քանիցս անդրադարձած ենք ուղղագրական եւ տառադարձական այլանդակութիւններու: Հետեւաբար, թող ո՛չ ոք վիրաւորւի (թէեւ իրաւունք ունի՛նք վիրաւորական ըլլալու), եթէ անգամ մը եւս հարց տանք թէ մայրենիին հանդէպ հոգածութիւնը ինչպէ՞ս կըլլայ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԻՏԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ կողմէ: Արդեօք անոնց համա՞ր ալ պէտք է վերաբանալ «Գայիանէի երգչախումբ»ին… ախորները (կը յիշէ՞ք Կոմիտաս վարդապետի սրամիտ կատակը):
Յուլիս 2025