Դաշնակցական Բեմ

Ողբ Հայաստանի

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

22 նոյեմբեր 2024-ին Նիկոլ Փաշինեան երկարատեւ հարցազրոյց մը տւաւ Հ1 հեռատեսիլային կայանին, նպատակ ունենալով ներկայացնել օրւան հրատապ խնդիրներուն մասին իր պատկերացումները: Ընթացիկ գործառոյթներու ու որոշումներու պարզաբանման, աւելի ճիշտ՝ հիմնաւորման կողքին, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստանի անվտանգութեան առնչւած՝ իր նախասիրած հարցերուն, հարցերու գլխաւորին, «խաղաղութեան պայմանագիրին», զոր կուզէ կնքել Ադրբեջանի հետ:

Խաղաղութեան պայմանագիրը կարելի դարձնելու համար, արդէն շատոնց Ն. Փաշինեան համաձայնած էր արցախեան հարցի բանակցութիւններուն մէջ իջեցնել հայկական պահանջներու նշաձողը: Նշաձողի իջեցման հետեւանքով յայտարարւեցաւ, որ Հայաստան ու Ադրբեջան փոխադարձաբար կընդունին երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը Ալմա-Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ: Նիկոլ Փաշինեան փութաց յստակացնելու, որ Հայաստան կընդունի Ադրբեջանի հողային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Արցախը: Ադրբեջան լուռ մնաց ու կը շարունակէ լուռ մնալ: Հետեւեցան Արցախի շրջափակումը, պատերազմը եւ հայաթափումը: Ձերբակալւեցան ու Բաքւի մէջ արգելափակւեցան Արցախի հին ու նոր, քաղաքական ու մարտական ղեկավարները:

Հայաստանի իշխանութիւնները այլեւս կը մերժեն յիշատակել Արցախը, անոր բանտարկւած ղեկավարները եւ Արցախի բնակչութեան իր երկիրը վերադառնալու իրաւունքը: Հայաստանի Հանրապետութեան համար Արցախ գոյութիւն չունի այլեւս. Արցախը Ադրբեջանի անբաժանելի մաս հռչակւած է:

Միայն Արցախը արդեօ՞ք: Արարատ լեռը, իր Մեծ ու Փոքր Մասիսներով միշտ ալ նկատւած է Հայաստան աշխարհի կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն մէկը: Արարատը այժմ կը գտնւի Թուրքիոյ տարածքին մէջ. Փաշինեան Արարատի նկարը փոխարինեց Հայաստանի տարածքին մէջ գտնւող Արագածով:

Մովսէս Խորենացիէն սկսեալ, մեր պատմութիւնը միշտ կոչւած է Հայոց պատմութիւն, որ բառացիօրէն կը նշանակէ Հայքերու պատմութիւն: Սահմանափակւելով ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան 29743 քառ. քմ տարածքով, պատմութիւնը վերածւեցաւ Հայաստանի պատմութեան, մոռացութեան տալու համար մեր թագաւորութիւնները, իշխանութիւնները եւ անկախ հայրենիք ունենալու համար դարաւոր ոգորումները:

Խաղաղութեան պայմանագիրը կարելի դարձնելու համար, Հայաստանի իշխանութիւնները չեղարկեցին մեր ժողովուրդին փայփայած հերոսները եւ հերոս հռչակեցին… պետութեան տուրք վճարողները:

Իր հարցազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան հաւասարութիւն դրաւ ազերիներու կողմէ Արեւմտեան Ադրբեջան եզրոյթին եւ Արեւմտեան Հայաստանի միջեւ: Չբաւականանալով այսքանով, Ն. Փաշինեան յայտարարեց, որ քանիցս կարդալէ ետք Անկախութեան հռչակագիրը, համոզում գոյացուցած է, որ այդ փաստաթուղթը Հայաստանի պետութիւնը չեղարկող է: Ադրբեջանի պահանջներէն մէկն է, պարտաւոր է գոհացնել խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար:

Վերջին գիւտը կը վերաբերի Արցախի տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն: Նիկոլ Փաշինեան առանց աչքերը թարթելու յայտարարեց, որ Լիզպոնի գագաթնաժողովէն ետք, միջազգային հանրութիւնը երբեք չէ քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի Ադրբեջանէն անջատումը. բոլոր բանակցութիւնները կատարւած են Ղարաբաղը Ադրբեջանին վերադարձնելու նպատակով: Ինք ասիկա գիտցած է 2018-ին արդէն, սակայն այն ժամանակի իր ըմբռնած հայրենասիրութիւնը թոյլ չէ տւած հանրայնացնել այս գիւտը:

Այսպէս, ելոյթէ ելոյթ, ամէն առիթ օգտագործելով Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան, հայութիւն, հայ ազգ, հայրենիք, պետութիւն յղացքներուն կու տայ իւրովի նոր սահմանումներ: Հայ ժողովուրդը մոլորութեան մէջ գտնւած է կարծելով որ իր ապրած վայր Հայաստանէն դուրս այլ Հայաստան ալ կայ, այն որ Վահան Տէրեան հոգեւոր Հայաստան կոչած է ու շատ բանաստեղծներ, որոնք «իրենց շրթները չեն պղծած անէծքով» անխախտ յոյսով երգած են:

Նոր տարւան առիթով իր պատգամին մէջ վերարծարծելէ եւ վերահաստատելէ ետք վերեւի բնորոշումները, վկայակոչելէ ետք Հայաստան ու հայ ազգ յղացքները վերասահմանող իր անհեթեթութիւնները, քայլ մըն ալ առաջ կանցնի ու իրական Հայաստանի՝ Հայաստանի արդի հանրապետութեան գոյութիւնը կը վերածէ գաղափարախօսութեան: Հարկ է այրել Հայոց պատմութեան բոլոր գիրքերը, փճացնել բոլոր քարտէզները, լռեցնել բոլոր բանաստեղծութիւններն ու երգերը, որովհետեւ ունինք այլեւս նոր ազգային հանգանակ մը՝ «իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը»:

Ողբ Հայաստանի:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button