Թուրքիոյ աճող ազդեցութիւնը Սիրիոյ մէջ եւ տարածաշրջանային հետեւանքները
![](/wp-content/uploads/2025/02/624-780x470.jpg)
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ ռազմական միջամտութիւնը Սիրիոյ տարածքին վերջին տասնամեակին դարձած են առանցքային գործօններ, որոնք ուղղակի ազդեցութիւն կը գործեն տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան վրայ: Սոյն յօդւածին մէջ պիտի քննարկւին Թուրքիոյ աճող ազդեցութեան պատճառները, քրէական հարցին շուրջ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր նոր-օսմանեան գաղափարախօսութեան դերը եւ տարածքային նկրտումները՝ մասնաւորաբար Սիրիոյ տարածքին:
Թուրքիան եւ Սիրիոյ խորացող ճգնաժամը
2011-ին Սիրիոյ մէջ սկսած քաղաքացիական պատերազմը Անկարային առիթ տւաւ ընդարձակելու իր ազդեցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ: Թուրքիան մեծապէս օգտւեցաւ Սիրիոյ անկայուն վիճակէն՝ նպատակ ունենալով պաշտպանել իր ազգային շահերը, ինչպէս, օրինակ, սահմանային ապահովութիւնը, ներքին կայունութիւնը եւ ռազմավարական դիրքերու ամրապնդումը:
Ռազմական իմաստով Թուրքիան Սիրիոյ հիւսիսը իրականացուցած է շարք մը ռազմական գործողութիւններ, որոնք կը ներառեն «Ձիթենիի ճիւղ» (Աֆրին, 2018) եւ «Խաղաղութեան ակունք» (Թել Ապիատ եւ Ռաս Ուլ Այն շրջաններ, 2019) արշաւները: Անոնց հիմնական նպատակն էր չէզոքացնել քրդական ուժերը, մասնաւորաբար՝ Սիրիոյ ժողովրդային պաշտպանութեան ջոկատներու (YPG) ազդեցութիւնը:
Թուրքիան կը ձգտի Սիրիոյ հիւսիսը ստեղծել ապահովութեան գօտիներ, ուր կարելի պիտի ըլլայ վերաբնակեցնել Թուրքիոյ մէջ գտնւող 4 միլիոնէ աւելի Սիրիացի գաղթականներուն մէկ մասը: Այս քաղաքականութիւնը նպատակ ունի մեղմացնել ներքին ընկերային եւ տնտեսական ճնշումները, որոնք պայմանաւորւած են գաղթականներու ներկայութեամբ:
Դիւանագիտական մակարդակի վրայ Թուրքիան աշխուժ մասնակցութիւն ունի Սիրիոյ տագնապին լուծման գործընթացներուն մէջ, մասնաւորաբար Աստանայի բանակցութիւններուն՝ համագործակցելով Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Սակայն այս դաշինքը յաճախ կը հակասէ կողմերու շահերուն՝ ստեղծելով բարդութիւններ, որոնք կազդեն տարածաշրջանին վրայ:
Քրդական հարցը եւ Թուրքիոյ ապահովական ռազմավարութիւնը
Քրդական ինքնավարութեան հարցը Թուրքիոյ տարածաշրջանային քաղաքականութեան հիմնական բաղադրիչներէն մէկն է: Ժողովրդային պաշտպանութեան ջոկատները (YPG), որոնք Սիրիոյ քրդաբնակ շրջաններու հիմնական ռազմական ուժն են, Անկարայի կողմէ կը նկատւին Քրդական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) շարունակութիւն: Թուրքիան մտահոգ է, որ Սիրիոյ հիւսիսը քրդական ինքնավարութեան հաստատումը քաջալերէ անջատողական տրամադրութիւններ Թուրքիոյ քրդաբնակ շրջաններուն մէջ: Այս մտահոգութիւնը ի յայտ եկած է ռազմավարական եւ ապահովական բազմաթիւ պատճառներով, որոնցմէ հիմնականն է այն, որ Թուրքիան պայքար կը մղէ Քրդական Աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ տասնամեակներ շարունակ՝ հետեւելով զինեալ ահաբեկչական գործողութիւններու: Թուրքիան քրդական հարցը կը համարէ իր ներքին անվտանգութեան սպառնալիք եւ կը հետապնդէ տարբեր ռազմավարութիւններ՝ այդ սպառնալիքը չէզոքացնելու համար:
Այս ծիրին մէջ Թուրքիան իր ռազմական գործողութիւնները կը հիմնաւորէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանակին մէջ, սակայն այդ մօտեցումը միջազգային աջակցութեան բացակայութեան կը հանդիպի, յատկապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, որոնք քրդական ուժերը կը դիտեն որպէս ռազմավարական դաշնակից «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ: Այս հակասութիւնը ի յայտ կու գայ այն փաստէն, որ Թուրքիան Ժողովրդային պաշտպանութեան ջոկատներուն դերը չի դիտեր իբրեւ ազատագրական շարժում, այլ զայն կը նկատէ Քրդական աշխատաւորական կուսակցութեան աջակից ուժ, հետեւաբար այս հարցը դարձեալ վերածւեցաւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան բարդ խնդիրի:
Այսօր քրդական հարցը չի սահմանափակւիր միայն Սիրիայով: Անիկա կը ծաւալի Իրաքի եւ Իրանի մէջ, ուր քրդաբնակ տարածքները նաեւ կը հանդիսանան շարունակական քաղաքական եւ ապահովական մարտահրաւէրներ: Իրաքի հիւսիսը, ուր քրդական ինքնավարութիւնը գոյութիւն ունի, Թուրքիան յաճախակի գործողութիւններ կը կատարէ Քրդական Աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալները թիրախաւորելու համար, իսկ Իրանի հետ սահմանին քրդական շարժումներն ու խումբերը տակաւին առկայ են պարբերաբար՝ կապւած համատեղ ահաբեկչական եւ զինւած գործողութիւններուն հետ:
Այս ծիրին մէջ քրդական հարցը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն մասերէն մէկը, որ կապ ունի ներքին անվտանգութեան մարտահրաւէրներու հետ, եւ ունի անմիջական ազդեցութիւն Թուրքիոյ ռազմավարական կապերու վրայ Սիրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի հետ:
Նոր–օսմանական գաղափարախօսութիւնը եւ Սիրիոյ յատուկ դերը
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական բնորոշիչներէն մէկն է նոր օսմանական գաղափարախօսութիւնը, որ ուղղւած է Միջին Արեւելքի մէջ իր պատմական ազդեցութեան վերականգնման:
1.- Նոր-օսմանական մօտեցում: Թուրքիոյ իշխանութիւնները, մասնաւորաբար՝ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողան, յաճախ կը վերհանեն Օսմանեան կայսրութեան փառքը: Այս գաղափարախօսութիւնը կը ներառէ ոչ միայն ռազմական, այլ նաեւ մշակութային եւ կրօնական ազդեցութեան տարածում:
2.- Սիրիոյ հիւսիսային տարածքներու վերահսկում: Թուրքիան Սիրիոյ հիւսիսային շրջանները կը նկատէ որպէս իր պատմական ազդեցութեան գօտի՝ հիմնաւորելով այս նկրտումները Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի քաղաքական քարտէզով:
3.- Փափուկ ուժի (Soft Power) գործածութիւն: Թուրքիան աշխուժ կերպով կը կիրառէ կրօնական եւ մարդասիրական գործիքներ՝ տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը ամրապնդելու նպատակով: Ասոնք կը ներառեն՝ կրթական ծրագիրներ, մզկիթներու կառուցում եւ մարդասիրական օգնութիւն տեղացիներուն:
4.- Միջազգային հակազդեցութիւններ: Թուրքիոյ նոր-օսմանական քաղաքականութիւնը կը հանդիպի թէ՛ տարածաշրջանային, թէ՛ միջազգային ուժերու հակազդեցութեան: Ռուսիա, Իրան, արաբական պետութիւններ եւ Ամերիկա՝ բոլորը կը քննադատեն Անկարայի քայլերը՝ զանոնք համարելով ապակայունացնող գործօն:
Տարածաշրջանային հետեւանքներ
Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը ունի շարք մը տարածաշրջանային հետեւանքներ.
1.- Ռուսիա-Թուրքիա մրցակցութիւն: Հակառակ Աստանայի գործընթացին մէջ համագործակցութեան, բայց եւ այնպէս, Ռուսիան եւ Թուրքիան տարբեր շահեր կը հետապնդեն Սիրիոյ հարցին մէջ: Մասնաւորաբար երբ Մոսկւան կը պաշտպանէր Ասատի վարչակարգը, որ կը հակասէր Անկարայի նպատակներուն:
2.- Իրանի վերաբերմունք: Իրան, որ Ասատի վարչակարգի հիմնական դաշնակիցն էր, Թուրքիան կը նկատէր տարածաշրջանային մրցակից, ինչ որ կը սրէր անոնց յարաբերութիւնները:
3.- Միջազգային դիւանագիտութիւն: Թուրքիան իր դիրքորոշումը Սիրիոյ հարցին մէջ կը գործածէ որպէս լծակ՝ Եւրոպական Միութեան, ՆԱՏՕ-ի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու մէջ: Ասիկա յատկապէս կը դրսեւորւի փախստականներու հարցին մէջ, ուր Թուրքիան ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Եւրոպայի անվտանգութեան հիմնական երաշխաւոր:
Եզրակացութիւն
Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ ռազմական գործողութիւնները Սիրիոյ մէջ կարտացոլացնեն անոր ձգտումը՝ դառնալու տարածաշրջանային գերիշխող ուժ: Քրդական հարցը եւ նոր-օսմանական գաղափարախօսութիւնը կը խորացնեն հակամարտութիւնները թէ՛ տարածաշրջանային, թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Սակայն Անկարայի գործողութիւնները կը բախին ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու, որոնք երկարաժամկէտ ազդեցութիւն պիտի ունենան Միջին Արեւելքի քաղաքական եւ ռազմավարական քարտէզին վրայ:
«Ազդակ»