Թրամփ դարձեալ կը «շինէ»…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Դոնալդ Թրամփ առաջին անգամ Սպիտակ տուն մտաւ 2017-ին ու որդեգրեց անհաւասարակշիռ ու չհաւասարակշւող քայլեր, որոնք խոր մտահոգութիւն տարածեցին ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ աշխարհի չորս ծագերուն: Գլխաւոր ուրախացողը եղան… երգիծաբաններն ու ծաղրանկարիչները, որոնց համար վերաբացւած է նոր դարաշրջան մը:
Մէկ ամիսէ ի վեր, մարդիկ չեն հաշւեր, թէ ան քանի՞ սուտ կը նետէ, կամ ընտրապայքարի օրերուն տրւած քանի՛ խոստում գետնին տակը անցուցած է: Հիմա, «հաշիւ բնողները» լծւած են անոր արտառոցութիւններուն ցուցակը կազմելու: Օր մը առեւտրական (ինքնագլուխ) պատերազմ կը յայտարարէ Կանադայի, Մեքսիքայի, Փանամայի, Չինաստանի, մինչեւ իսկ եւրոպացի դաշնակիցներու դէմ, ուրիշ օր մը հրապարակ կու գայ Կրուելանտան (Կրինլէնտը) կուլ տալու յաւակնութեամբ, յետոյ, արար աշխարհի աչքերուն առջեւ հանդիպում կունենայ ոճրագործ ու ցեղասպան Նեթանիահուին հետ եւ հրապարակ կը նետէ Գազան պաղեստինցիներէ մաքրագործելու չնաշխարհիկ ծրագիր մը (կը ձայնակցի Նեթանիահուին՝ ՀԱՄԱՍ-ը պիտի կործանենք նշանաբանը կրկնելով, մոռնալով, որ նոյնինքն Նեթանիահու կը բանակցի ՀԱՄԱՍ-ի հետ), բացայայտ կը դարձնէ նոր տեսակի աշխարհակալութեան մը հետամուտ ըլլալը: Այլ գիծի մը վրայ, «Ուկրաինայի պատերազմը անմիջապէս պիտի դադրեցնեմ»-ը եւ «Պուտինի հետ լեզու պիտի գտնեմ»-ները յայտնապէս փոշիի պէս աւլւած են եւ գորգին տակ ծածկւած, հրապարակ եկած է «(ուկրաինացինե՛ր) եթէ զէնք կուզէք, պէտք է մեզի նւիրէք ձեր սուղ մետաղները, ազգային հարստութիւնները»: Սա մէկ տարբերակն է Գազան ամերիկեան շահարկումներու բեմ դարձնելու հեռանկարին…: Վաղը նման ձգտումներ կրնան «ողողել» Իրանէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելքը, ինչո՞ւ չէ նաեւ եւրոպական եւ հարաւ-ամերիկեան գօտիները: (Աֆրիկէն նւաճելու առաքելութիւնը կրնայ վստահիլ Իլան Մասքի…)
Եթէ այս գլխագիր արտառոցութիւններու ցանկը երկարենք, կրնանք հասնիլ աշխարհի տարբեր ծագերը: Իսկ եթէ աչք մըն ալ նետենք «ներքին»՝ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը վրդովմունքի մատնող ծրագիրներուն վրայ, հոն ալ կը բացւին դժոխքի այլ դուռներ. սակագիներու բարձրացում, ընկերային ապահովութեան մարզին ուղղւած կացին, օտարներու արտաքսումներ եւ անոնցմէ բխող վտանգներ: Բնական էր որ այս թղթածրարը կարգաւորումի կը կարօտի, սակայն ինչ որ կընեն Թրամփ եւ սերտ գործակիցները՝ նոյնինքն անմարդկայնութիւն է. այս ըսելով, նախորդներուն նոյն տեսակի անմարդկայնութեան բարի վարուց վկայական չենք տար…: Իսկ ի՞նչ ըսել բնական աղէտները քաղաքական քարոզչութեան շոգեկառքին կապելու յոխորտանքներուն մասին, հապա՞… հապա՞…
***
Արդար ըլլալու համար, արձանագրենք, որ Թրամփ միակը չէ, որ աշխարհի դէպքերուն կը փորձէ անբնական եւ վնասակար ընթացք տալ: Եթէ մեր հեռադիտակը պտտցնենք աշխարհի այլ ցամաքամասերուն վրայ, դժւար չէ տեսնել՝ թէ արտառոցութիւնը, բնական աշխատանքի ընթացքէն 180 աստիճանի շեղումները «նարնջագոյն մարդ»ուն մենաշնորհը չեն, այն տարբերութեամբ, որ այլ տեղեր՝ խաղը կը բեմադրւի «տրամաբանական» երեւցող ոճով:
Պարզ խօսքով, աշխարհի ղեկին, ըսել կուզենք՝ տարբեր երկիրներու իշխանութեանց գագաթին բազմած են (բերւած են) այնպիսի արարածներ, որոնք բնական պայմաններու մէջ պիտի առաջնորդւէին մէկ տեղ. բանտ (կամ հոգեբուժարան): Փաստօրէն, Թրամփ վկայեալ յանցագործ է, անոր դէմ արձակւած է քանի մը տասնեակ մեղադրանք, սակայն նոյնքան այլանդակ դարձած իրաւապահ մարմինները զայն անպարտ հռչակած են (Գերագոյն ատեան), իսկ իշխանութեան բոլոր թեւերը իրողապէս իւրացւած է անոր «խունթա»-ին կողմէ եւ հետեւաբար, ան շահած է «ընտրեալ» եւ «օրինական» որակումները: Եւ այս մարդիկը իրենց երկրին ու աշխարհի ժողովուրդներուն հետ կը վարւին այնպէս՝ թէ անոնք ըլլային ապուշներ (ստրկամտութիւնը ուրիշ տեղ կը տանի մեզ):
Եկէ՛ք, պահ մը պզտի՜կ բաղդատութիւն մը ընենք, տեսնելու՝ թէ հանրութիւնը ինչպէ՜ս ապուշի տեղ կը դրւի նաեւ ուրիշ «սարքերու» կողմէ (որոնք այլապէս բաժին ունին նման այլանդակներ իշխանութեան բերելու մէջ): Հետեւա՞ծ էք պատկերասփիւռէն կրկնւող ու զիրար նմանակող ծանուցումներու՝ գովազդներու: Եթէ քիչ մը ուշադիր եւ լուրջ աչքով դիտէք զանոնք, անմիջապէս պիտի նկատէք, թէ ինչպիսի՜ այլանդակութիւններ, անբնական վիճակներ եւ մինչեւ իսկ «սեփական ոտքին կրակող» պատկերներ կը ցուցահանւին ձեր փոքր պաստառներէն (անշուշտ կան բացառութիւններ): Կարելի է բազում օրինակներ թւել (նշենք հատ մը. ապահովագրութեան ընկերութեան մը գովազդին մէջ, մէկը բացայայտ դիտաւորութեամբ ինքնաշարժի արկածի պատճառ կըլլայ, որպէսզի ինքնաշարժին տէրը, ապահովագրւելով, հանգիստ զգայ…), սակայն մեր նպատակը ուրիշ բան է: Մեր նպատակը լուսարձակի տակ բերել է այն, որ իշխանութիւններ կընեն – եւ իբրեւ բնական ընթացք «կը կլլւին» – այնպիսի՛ բաներ, որոնք ըստ էութեան հականիշն են իրենց իսկական առաքելութեան, բարիքի տեղ չարիք կը բաշխեն: Քարոզչական մեքենաներ եւ երգիծանքի վարպետներ, ընդդիմախօսներ մերթ ընթ մերթ խարանող բացայայտումներ կը կատարեն, ուրիշներ չարիքը իբրեւ բարիք կը քարոզեն, եւ սակայն, շոգեկառքը չի շեղիր իր վնասարար ու կորստաբեր ուղիէն, վնասուող զանգւածներուն ձայնն ու արդար ակնկալութիւնները կը խլացւին, կը ճնշւին բիրտ կամ թաւշային միջոցներով…
***
Կարժէ՞ արդեօք առանձնաբար խօսիլ այլ երկիրներու, մասնաւորաբար մեր մտահոգութեանց սեւեռակէտն ու աչքի լոյսը եղող հայրենիքին մասին: Եթէ սկսինք մանրամասնութիւններ թւել, պիտի իյնանք կրկնութիւններու ոլորապտոյտին մէջ: Հարցը հոն է, որ եթէ Թրամփի կամ նմաններու արտառոցութիւնները հեռւէն դիտողը աւելի դիւրին կը տեսնէ անբնականութեան տարածումը (կան անշուշտ նման օտար «հանճարներու» թելերէն կախւիլ փափագողներ), Հայաստանի մէջ, նաեւ՝ Սփիւռքի, տակաւին կայ զանգւած մը, որ ուխտած է չտեսնել վնասարար քայլերթը, ներողամտութիւն խաղալ հայրենիքը կորուստէ-կորուստ տանող «յաղթարշաւ»-ին հանդէպ, տարւիլ այնպիսի՜ ցնորքներով, թէ Հայաստան պատերազմին մէջ կրած պարտութիւններով ինքնիշխանութիւնը ամրապնդեր է (հիմա ո՞վ է յիշողը «յաղթելու ենք»-ները), հայը պէտք է նորէ-նոր աչքերը բանայ եւ փնտռէ, թէ Ցեղասպանութիւնը ինչո՞ւ տեղի ունեցած է, ո՞վ է յանցաւորը, մինչեւ իսկ սկսի կասկածիլ, թէ անցեալի եւ երէկի ցեղասպանութիւններուն մէջ (խօսքը հայասպանութեան մասին է) հայեր ալ յանցանքի բաժին կրնան ունեցած ըլլալ (մոռցէ՜ք, թէ այս բոլորը թրքական ծանօթ վարկածներու թութակում է), ուրեմն, պէտք է մտածել՝ միջազգային ատեաններու ճամբով թշնամիէն արդար հատուցում պահանջելէ ետ կանգնելու մասին եւ սպասել, որ ան ալ յետ կանգնի իր շինծու եւ ստապատիր մեղադրանքներէն:
…Թրամփի արտառոցութիւնները գրեթէ միաբերան դատապարտանքի եւ բուռն հակադարձութիւններու կը մատնւին աշխարհով մէկ, մինչեւ իսկ դաշնակիցներէ: Ան կը ստիպւի առայժմ ձեւական (վաղը աւելի շօշափելի) ետդարձներ կատարել, որովհետեւ այս ուղիին շարունակումը կործանարար պիտի ըլլայ բոլորին, սկսեալ Միացեալ Նահանգներու համար, շահաբեր՝ «ընտրանի» շահամոլներու: Մեր հայրենիքին գլխավերեւին կախւած պատուհաասները աւելի՛ հեռահաս են եւ կը վազեն դէպի անդառնալիի սահմանները: Մեր ժողովուրդն է որ պիտի հակադարձէ ուժգնօրէն եւ կասեցնէ ամէն այլանդակութիւն: Եւ ասիկա կը սկսի դաժան իրականութիւնները համաչափ դիտելու ունակութեան, հայրենտիրութեան կամքի վերականգնումով: