Ուսանողները տապալեցին Բանգլադեշի տիրակալը
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Բանգլադեշի վարչապետ Շէյխ Հասինայի երկրէն փախուստը երկուշաբթի, օգոստոսի 5-ին, գրաւեց միջազգային լրատու աղբիւրներու առաջին տեղը. նախընթաց օրերէն շատ աւելի լայն ու մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդւեցան եւ բազում մեկնաբանութիւններ իրարու հետ մրցումի ելան յեղաղրջական շարժումին մասին, որուն շարժիչ ուժը ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ:
Այս սիւնակին մէջ պիտի չմտնենք եղածին բազմաթիւ ծալքերուն մէջ, ո՛չ ալ պիտի պեղենք ստեղծւած վիճակին իրական կամ ենթադրեալ արմատները, որոնք կերկարին մինչեւ 1971, անգա՛մ մինչեւ 1947, երբ ծնունդ առաւ Բանգլադեշ անունով (իբրեւ իսլամական ճանչցւած) երկիրը, նախ Պակիստանի հետ անջատւելով Հնդկաստանէն, ապա դառնալով անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: (Մանրամասնութիւն մըն է, օրինակի համար, բրիտանական կայսրութենէն անկախցած Հնդկաստանէն այս անջատւողներուն… Անգլիոյ զօրակցութիւնը): Երկար է պատմութիւնը նաեւ ներքին այն հակամարտութիւններուն ու մրցակցութիւններուն, որոնք որոշ հանգրւաններու իրարու դէմ հանած են նախկին գործակիցներ (նման վիճակներու ականատես եղած ենք նորանկախ բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Աֆրիկէի եւ այլ ցամաքամսերու վրայ): Կուզենք լուսարձակի տակ բերել քանի մը գլխաւոր գիծ, որոնք ուսանելի են նա՛եւ հայերուս համար: Պատճառը այն չէ, որ Երեւանի արեւմտեան՝ Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանը ծանօթ է Բանգլադեշ անունով:
Ա. Հրաժարեալ եւ Հնդկաստան ապաստանած վարչապետուհին, 76 տարեկան, պատմական դէմք է. ան աւելի քան 20 տարի (երկու փուլով՝ 1996-2001 եւ 2009-2024) վարած է երկրին ղեկը: Դուստրն է Բանգլադեշի հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Շէյխ Մաճիպուր Ռահմանի: Երկար ատեն սիրւած առաջնորդ էր. անոր կը վերագրւի Բանգլադեշի ապրած որոշակի բարգաւաճումը (նաեւ այլ դրական բարենիշներ ունի): Վերընտրւած էր այս տարեսկիզբին: Կը վայելէր բանակին զօրակցութիւնը: Անոր դէմ բողոքի շարժումներ արձանագրւած էին անցեալին, սակայն ան յաջողած էր մնալ ղեկին: Վերջին ընտրութիւններու նախօրեակին, անցեալ տարեվերջին, բանտախուցերը լեցւած էին շուրջ 25 հազար ընդդիմադիրներով…
Բ. Դժգոհութեան եւ բողոքի նորագոյն շարժումը սկիզբ առաւ յունիսին, ուսանողական շարքերէ: Սկզբնապէս, կար այն վիճակը, թէ այս շարժումն ալ անպտուղ պիտի մնայ: Յետոյ, դէպքերը ստացան այլ ընթացք: Շարժումին անմիջական դրդապատճառը՝ խտրական օրէնքի մը շուրջ ստեղծւած՝ մուկ-կատւի խաղն էր. դրութիւնը պետական պաշտօններու կը կոչէր ընտրեալներու դասակարգ մը: Ըստ վիճակագրութիւններու, 170 միլիոն բնակիչ ունեցող երկրին մէջ, շուրջ 32 միլիոն անգործ ուսանող-երիտասարդ կայ: Յունիսին ծայր առած բողոքի ալիքը կտրուկ բարձրացում արձանագրեց յուլիսի վերջին 10 օրերէն ասդին: Ուսանողները իրենց կողքին շահեցան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու զօրակցութիւնը, սակայն ո՛չ՝ բանակը (սկզբնական փուլին), որ իշխանութեան կողմէ գործի հանւեցաւ ճնշելու ցոյցերը: Քանի մը օրւան մէջ, վիճակը դարձաւ անհակակշռելի: Մայրաքաղաք Տաքայէն մինչեւ այլ մեծ ու փոքր քաղաքներ վարակւեցան բողոքողներու բազմութիւններով: Որոշ օրեր, ցուցարարներու թիւը գնահատուեցաւ միլիոնով: Ուսանողներուն սկսած շարժումը գտաւ լայն ժողովրդականութիւն, որովհետեւ մարդիկ դժգոհ էին տնտեսական եւ ընկերային գետիններու վրայ աղէտալի նահանջներէն (սղաճ, սուղ դրամանիշներու պահեստի նահանջ եւ այլն):
Գ. Իշխանութեան ի գործ դրած բիրտ ուժը ունեցաւ ահաւոր հետեւանքներ: Ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու, վերջին երկու շաբաթներուն, արձանագրւած են առ նւազն 300 զոհ, որոնց շարքին՝ մանուկներ, որոնք սպանւած են իրենց բնակարաններուն մէջ: Կըսւի, թէ զոհերուն թիւը կանցնի հազարը…:
Դ. Բողոքաւորներուն միակ պահանջն էր՝ ՇԷՅԽ ՀԱՍԻՆԱ ՊԷՏՔ Է ՀՐԱԺԱՐԻ: Հիմա արդէն կը խօսին անոր երկիր վերադարձի եւ դատարան ղրկւելու պահանջներուն մասին: Կարժէ կրկնել, որ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՇԱՐՈՒՄԸ անգամ մը եւս փաստեց, որ երիտասարդութիւնը կրնայ լեռներ շարժել: Նախընթացները արձանագրւած են Եւրոպայի մէջ, Չինաստանի մէջ (Թիան Ան Մէն), հարաւ-ամերիկեան երկիրներու մէջ եւ այլուր:
Ե. Իբրեւ ուսանողական շարժում սկսած ալիքը, ինչպէս նշեցինք, վերջին օրերուն շահեցաւ քաղաքական ընդդիմադիրներու զօրակցութիւնը (թէ ի՞նչ ծալքեր կան հոն՝ չենք ուզեր արծարծել): Նախկին բանակայիններ ալ միացան ընդդիմադիրներուն: Ի վերջոյ, բացայայտ դարձաւ, որ բանակն ալ թող լքած է վարչապետը, որուն դիմաց բաց մնացած էր մէկ դուռ. հրաժարիլ եւ ապաստանիլ Հնդկաստան:
Զ. Վարչապետին իրողական պաշտօնանկութիւնը յայտարարեց բանակի հրամանատարը`Զօր. Ուաքէր ուլ-Զաման: Ան չեղեալ հռչակեց ստիպողական վիճակը, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կոչ ուղղեց եւ ըսաւ, թէ կազմւած է ԱՌԺԱՄԵԱՅ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ մը: Խզւած հաղորդամիջոցները (համացանց եւ այլ) վերականգնեցան, խռովութիւններու ալիքը մեծ մասամբ մարեցաւ:
Վարչապետին հրաժարականին՝ բանակին կողմէ հրապարակումը գրաւեց միջազգային շրջանակներու ուշադրութիւնը եւ փաստագրեց, որ բանակը միացած է շարժումին, անընդունելի գտած է արիւնահեղութիւնը եւ բռնաճնշումները (ցուցարարներու դէմ գործածւած էին արցունքաբեր ռումբեր, ձգախէժէ փամփուշտներ եւ այլ կարծր զէնքեր…): Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց Բանգլադեշցի լրագրող մեկնաբանի մը բացատրութիւնը, որ սփռւեցաւ ֆրանսական պատկերասփիւռ կայանէ մը: Հիւրընկալ հաղորդավարին այն հարցումին՝ թէ ինչո՞ւ բանակային մը կընէ այս յայտարարութիւնը, մեկնաբանը պատասխանեց կարճ ու կտրուկ. «ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ ՔԱՆԴԱԾ ՈՒ ԿԱԶՄԱԼՒԾԱԾ ԷՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲՈԼՈՐ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ, ՍԿՍԵԼՈՎ ԻՐԱՒԱԿԱՆԷՆ ՈՒ ՀԱՍՆԵԼՈՎ ԱՅԼ ՈԼՈՐՏՆԵՐ. ԿԸ ՄՆԱՐ ՄԻԱՅՆ… ԲԱՆԱԿԸ»:
***
Վաղը, օրերն ու շաբաթները ցոյց պիտի տան, թէ բողոքի այս շարժումը ցարդ նշւածներէն այլ՝ ի՞նչ խորքեր ու արմատներ ունէր (մէկ մասը յստակ է, սակայն, ինչպէս ըսինք, չենք ուզեր մտնել մանրամասնութիւններու մէջ), որո՞նք կը կանգնին – դուրսէն – անոր ետին: Արդեօք անիկա մէկ նոր օղա՞կն է այն «գունաւոր յեղափոխութիւն»-ներու, որոնք առատօրէն կընծայւին հոս-հոն:
Ժամանակը ցոյց պիտի տայ նաեւ, թէ ժամանակաւոր ու փոխանցման կառավարութիւնը որո՞ւն ենթակայ պիտի ըլլայ, նկատի ունենալով, որ բանակը միշտ ալ տիրական դեր խաղացած է նման շարժումներու զսպման մէջ: (Կը յիշէ՞ք Թուրքիոյ կամ այլ երկիրներու բանակի դերակատարութիւնները…): Յաջորդ իշխանութիւն(ներ)ը պիտի յաջողի՞ն բարեշրջման դուռները բանալ եւ դարմանել կուտակւած տագնապները: Ասիոյ հարաւ-արեւելեան (ո՛չ միայն) երկիրներու մէջ նախընթացները ուրիշ բան մտածել կու տան. նկատի ունինք նոյնինքն Հնդկաստանի, Պակիստանի, մինչեւ իսկ Միանմարի եւ այլ երկիրներու նախընթացները:
***
Անշուշտ կը մնայ այլ կարեւոր հարցում մը, որ այս հարցով մեր հետաքրքրութեան կիզակէտն է. Հայաստանի մէջ արդեօք ուսանող կա՞յ, որ շահի բանակին եւ ազգապահպան-հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներուն աջակցութիւնը, դառնայ ՄԻԱՑՆՈՂ ԳՈՐԾՕՆ, մանաւանդ, որ մեր հայրենիքին գլխուն կախւած վտանգները շա՛տ աւելի օրհասական են:
…Ուշագրաւ էր, որ նահանջի յորդորներու ու խաբէութեան տոպրակը կռնակը առած եւ Բերքաբեր գացած վարչապետը «Դուխով» արձանագրութեամբ գլխարկը չի գործածեր երկար ատենէ ի վեր: