ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԱՌ-ԵՒ-ՏՈՒՐ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Օգոստոսի առաջին օրերուն, միջազգային մամուլը ողողւեցաւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ բանտարկեալներու փոխանակման լուրերով: Միաձայնութեամբ հռչակւեցաւ, որ «Պաղ պատերազմ»-էն ի վեր, սա փոխանակման մեծագոյն գործողութիւնն էր:
Ընդամէնը 26 բանտարկեալներու առ-եւ-տուր տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ արեւմուտքցի դաշնակիցներու միջեւ, դուռները լայն բանալով հազար ու մէկ մեկնաբանութեան առջեւ, որոնք փորձեցին պատասխաններ գտնել որոշ հարցումներու, սակայն նաեւ նոյնքան ալ նոր հարցականներ ստեղծեցին:
Փոխանակման այս քայլերը մեզ ալ կը հետաքրքրեն, սակայն որոշ կէտեր մեզի համար այդքան ալ շահեկան չեն ուղղակիօրէն: Օրինակի համար, ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ հոս-հոն մահասփիւռ աքլորամարտ մղողներ կը յաջողին «սեղանի տակէն» համաձանութեան հասնիլ, կամ՝ ամերիկեան նախագահական ընտրապայքարի դարձակէտային մէկ փուլին, երբ Քամալա Հարիս երկու ձեռքով փէշերը հաւաքած՝ օր ըստ օրէ յառաջ կանցնի Թրամփի դէմ մրցավազքին մէջ, ահա ճի՛շտ այդ պահուն, «Թրամփի բարեկամ» հռչակւած Պուտին Բայդէնի վարչախումբին կընծայէ շահող խաղաքարտ մը: Անդին, Գերմանիոյ մէջ զայրոյթ կը նկատւի, որովհետեւ վարչապետ Շոլց ընդունած է Ռուսիոյ յանձնել մէկը, որ իբրեւ ահաբեկիչ-ոճրագործ դատւած եւ երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտւած էր Գերմանիոյ մէջ: Մարդիկ զայրացած են, տեսնելով, որ Գերմանիա յարատեւօրէն տեղի կու տայ ամերիկեան ճնշումներու տակ. նախընթաց զիջումներուն հետեւանքներէն մէկն ալ՝ վառելանիւթի – եւ այլ կենսանիւթերու -սակերուն բարձրացումն էր (ի շահ ամերիկեան գանձանակներու): Հարց կը տրւի նաեւ, թէ ազատ արձակւողներէն քանի՞ն իսկապէս յանցաւոր էր, իսկական լրտես, քանի՞ն՝ Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան քաւութեան նոխազ (մոռցէ՛ք Ուկրաինան, որուն ժողովուրդը կը ջարդւի, երկիրը կաւերւի): Տակաւին՝ ինչո՞ւ Անկարան ընդունւեցաւ իբրեւ փոխանակումի մէկ հանգրւանը: Կան նաեւ թաքուն հարցականներ…
***
Մեզի համար շահեկան կէտերու շարքին են առնւազն հետեւեալները.
- Հակառակորդները բանտարկեալներ ԿԸ ՓՈ-ԽԱ-ՆԱ-ԿԵՆ, այսինքն, մէկը ազատ կարձակէ խումբ մը, որուն դիմաց կը ստանայ խումբ մը. 12-ի դէմ 14:
- Կողմերը տուն դարձողներուն ճակատաբաց կը յայտարարեն, թէ չեն մոռցած իրենց հպատակները եւ երկար ատեն շարունակած են անոնց ազատ արձակման ի խնդիր լուռ աշխատանքները, եւ ահա կը հասնին սպասւած արդիւնքին:
- Տուն դարձողները գրկաբաց կը դիմաւորւին պետական ամենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ, առանց մտահոգութիւն ունենալու, որ զիրենք հարցաքննութեան պիտի տանին ու կրնան յանցաւոր հռչակւիլ…
Ինչո՞ւ ըսինք, թէ մեզի համար կան ուղղակի շահեկան կէտեր: Պարզ այն պատճառով, որ մենք՝ հայերս ալ բանտարկեալներ ունինք Բաքւի մէջ: Անոնց շարքին են Արցախի քաղաքական եւ զինւորական պատասխանատուներ, գերի բռնւած զինւորներ, արցախցի պատահական քաղաքայիններ, որոնց դէմ Ադրբեջանի իշխանութիւնները յերիւրածոյ մեղադրանքներ շարադրած է, մաս մը երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտւած է, իսկ մնացեալներուն ճակատագիրը կը մնայ անորոշ: (Թէեւ անորոշ չէ, որ անոնք Բաքւի ձեռքին կը մնան նորանոր զիջումներ խլելու խաղաքարտ):
Արդար ըլլալու համար ըսենք, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ ալ փոխանակում տեղի ունեցած է, սակայն անհամաչափ ձեւով: Քանի մը գերի բռնւած կամ նահատակւած զինւորի դիմաց, յանձնւած են ականապատ դաշտերու՝ ընդարձակ տարածութիւններու քարտէզներ, Ադրբեջան ղրկւած են – եւ հերոսացւած – փաստւած ոճրագործներ (մանրամասնութիւնները ծանօթ են): Հայկական կողմը ձեռքէ հանած է վերջին խաղաքարտը: Իսկ թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Բաքու մնացողներուն՝ Երեւանի իշխանաւորն ու իր մանկլաւիկները լաւագոյն պարագային կը հաւաստեն, որ անոնց ազատ արձակման համար աշխատանք կը տարւի, սակայն փաստերը ուրիշ բան ցոյց կու տան: Փաստերը կըսեն, որ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՄՈՌՑԱԾ Է ԶԱՆՈՆՔ, պատրաստ է ազերիական (եւ թուրքական) նոր պահանջներ բաւարարելու՝ առանց փոխադարձութեան: Երեւանի իշխանաւորներուն հաշիւներով՝ առ-եւ-տուրը ունի բոլորովին այլ երանգ, «խաղաղութիւն բերենք, սահմանները բանանք եւ դրամ շահինք»-ի տրամաբանութիւնը, հոգ չէ թէ նման ցնորքներ չեն իրականանար, իսկ գինը՝ հայրենիքէն նորանոր պատառիկներու յանձնումն է:
***
Եկէ՛ք, անկեղծօրէն հարց տանք. ինչո՞ւ կը կարծէք, որ Երեւանի իշխանաւորները պէտք է հետաքրքրւին Արցախէն գերի ու պատանդ տարւածներու ճակատագիրով: Չէ՞ որ իշխանախումբը Արցախը ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ճանչցաւ իբրեւ Ադրբեջանի մէկ մասը: Անկէ ետք, ինչպէ՞ս կուզէք, որ ինքն իրեն իրաւունք տայ հետաքրքրւելու բաներով, որոնք Ադրբեջան իր «ներքին հարցերը» կը նկատէ:
Ներքին հարցերու միջամուխ ըլլալ-չըլլալու տրամաբանութիւնն ալ տարբեր երանգ ունի Հայաստանի համար. հոն, որեւէ պատահական կամ առնչակից երկիր կրնայ իր «քիթի խոթել» մեր ներքին հարցերուն, մինչեւ իսկ զինւորական ներկայացուցիչ տեղադրել պաշտպանութեան նախարարութեան պարիսպներէն ներս, ի խնդիր… ժողովրդավարութեան ու գերիշխանութեան ամրապնդման):
Արդին, Ադրբեջան ինքն իրեն իրաւունք կու տայ բանտարկեալներուն հետ վարւելու այնպէս՝ ինչպէս կը ցանկայ, մանաւանդ որ Հայաստանի իշխանաւորներն ալ կը ձայնակցին իրեն, օր չանցնիր, որ ազերիական անհիմն պահաջներ ու տեսակէտներ չթութակւին Երեւանի մէջ, իրերայաջորդ շահող խաղաքարտեր ձեռքէ կը հանւին… հպա՛րտօրէն:
…Երեւանեան լրատու աղբիւրէ մը լսեցինք հետեւեալ հարցականը: Արդեօք նախագահ Բայդէն բան մը կրնա՞յ ընել մեր բանտարկեալներուն ի շահ: Պատասխանը յստակ չէ՞. Բայդէն (կամ որեւէ այլ բարեկամ-դաշնակից) ինչո՞ւ պէտք է մտածէ մերիններուն համար «բան մը ընել»ու մասին, երբ Երեւանի իշխանաւորները կուրանան զանոնք եւ զբաղած են խնճոյքներով ու անորակ երգահանդէսներով: