ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովին առիթով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հ. Յ. Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարւեցաւ 26 փետրւարէն 6 մարտ երկարող ինը օրերու ընթացքին: Ժողովին մասնակցեցան երեսուն երկիրներէ եկած պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալ պատասխանատուներ: Ուսանողական միութիւններու կարգին, որոնք Ընդհանուր ժողովին կը մասնակցին իրաւասու ձայնով, նախորդ 34-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշումով խորհրդակցական ձայնով մասնակցեցան ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններէն ներկայացուցիչներ: 35-րդ Ընդհանուր ժողովը աննախընթաց էր երիտասարդներու եւ իգական սեռի մասնակիցներու ստւար թիւերուն առումով:
Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովները կը հանդիսանան կուսակցութեան բարձրագոյն հեղինակութիւն ունեցող հաւաքները: Իւրաքանչիւր Ընդհանուր ժողով կորոշէ յաջորդ Ընդհանուր ժողովի ժամանակը: Սովորութեան կարգ անցած է չորս տարին անգամ մը գումարել Ընդհանուր ժողով, սակայն դէպքերու եւ իրողութիւններու պարտադրանքով կրնայ այդ ժամանակահատւածը կրճատւիլ: Այսպէս, վերջին երկու Ընդհանուր ժողովները գումարւած են նախորդէն երեք տարի ետք:
Ընդհանուր ժողովները առաջին հերթին կը քննեն եւ կը գնահատեն նախորդող շրջանի ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, կուսակցութեան կազմակերպական շրջաններու (կենտրոնական եւ առանձնակի կոմիտէներու) գործունէութիւնը: Ժողովին գաղտնի բնոյթը կը բացատրւի անով, որ գործող մարմիններու գործունէութիւնը կենթարկւի խիստ ու անզիջող քննադատութեան. այդ քննարկումներուն հրապարակումը կրնայ առիթ ընծայել սխալ մեկնաբանութիւններու եւ անբարեացակամ տեսակէտներու արտայայտման:
Գնահատելէ ետք գործող մարմիններու եւ առաջին հերթին՝ շրջանաւարտ Բիւրոյի գործունէութիւնը, գնահատանք, որ շուտով կը փոխանցւի կուսակցական շարքերուն, Ընդհանուր ժողովը կը քննէ ու կը հաստատէ յառաջիկայ շրջանի ուղեգիծը: Ուղեգիծին մաս կը կազմեն քաղաքական ուղղութեան, Հայ Դատի հետապնդման, ներազգային խնդիրներու, երիտասարդութեան դերակատարութեան եւ կուսակցական կառոյցի կազմակերպական հարցեր: Իւրաքանչիւր ասպարէզի մասին կատարւած քննարկումները կեզրափակւին որոշումներու կայացմամբ. որոշումներու բանաձեւումները եւս կը փոխանցւին կուսակցական շարքերուն:
Ընդհանուր ժողովի բոլոր բանաձեւումները կարեւոր են, որովհետեւ կը նախանշեն այլազան մարզերու մէջ կուսակցութեան հետագայ գործունէութիւնը: Այդ որոշումները ռազմավարական բնոյթ ունին, ընդհանրական են եւ պարտադիր՝ Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն եւ բոլոր անդամներուն համար: Հ. Յ. Դաշնակցութեան որդեգրած կազմակերպական ապակենտրոնացումը թոյլ կու տայ կազմակերպական շրջաններուն որդեգրելու, իրենց պայմաններուն համապատասխանող որոշումներու գործադրութեան եղանակը, այսինքն՝ մարտավարութիւնը: Այս ձեւով, տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր պայմաններով գործող դաշնակցական միաւորները կը գործադրեն Ընդհանուր ժողովի որոշումները, իրենց համար յատուկ եղանակով: Դաշնակցութեան գործունէութեան ներդաշնակութեան կը հսկէ Ընդհանուր ժողովի կողմէ ընտրւած ՀՅԴ Բիւրօն:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի կարեւորագոյն որոշումները կը վերաբերին վարւող քաղաքականութեան, ուրիշ խօսքով՝ քաղաքական ռազմավարութեան: Քաղաքական ռազմավարութեան հիմքը ՀՅԴ Ծրագիրն է: Ծրագիրի գործադրութիւնը կարելի դարձնելու համար անհրաժեշտ է ուսումնասիրել աշխարհաքաղաքական ու ներազգային զարգացումները ու անոնց նկատառումով կենտրոնանալ առաջնահերթութիւններու վրայ եւ ճշտել իրագործելի թիրախները: Ասիկա կայժմէականացնէ Ծրագիրը եւ իրապաշտ գործունէութեան մը կարելիութիւն կընծայէ:
Ընդհանուր ժողովի աւարտին խմբագրւած յայտարարութիւնը, որ հրապարակւած է մամուլին մէջ, ընդհանուր գիծերու մէջ կամփոփէ ժողովին կողմէ որդեգրւած ռազմավարութիւնը: Գլխաւոր կէտերը կը վերաբերին հայոց անկախ պետականութեան հզօրացման, Արցախի ազատագրման շուրջ համազգային համախմբումին, հայոց բանակի հզօրացման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերատեսման եւ սփիւռքի կազմակերպական հզօրացման:
Կուզեմ յատուկ կերպով անդրադառնալ վերջին կէտին՝ սփիւռքի կազմակերպական հզօրացման: Արցախեան շարժման յառաջացումէն ու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք այն տպաւորութիւնը յառաջացաւ, որ կազմակերպւած ու կենսունակ սփիւռքը երկրորդական նշանակութիւն ստացած է: Հայ ժողովուրդի աւելի քան երկու երրորդը կապրի հայրենիքէն դուրս: Այդ մեծածաւալ զանգւածին քաղաքականացումը, անոր եկեղեցական քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական կառոյցներուն կենսունակութիւնը ոչ միայն ազգապահպան նշանակութիւն ունի, այլեւ կարեւոր է իբրեւ նեցուկ ու ապաւէն Հայաստանի Հանրապետութեան: Կազմակերպւած ու կենսունակ սփիւռքը, հայութեան ազգային ձգտումներուն կենտրոնը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան համար ունի կարեւոր ու անփոխարինելի նշանակութիւն: Պէտք է զօրացնել սփիւռքը:
ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքներու աւարտին ընտրեց տասնմէկ հոգիներէ բաղկացած Բիւրօ: Յառաջիկայ չորս տարիներուն Բիւրոն պիտի գործադրէ, շրջանային մարմիններու օժանդակութեամբ, Ընդհանուր ժողովի որոշումները: Յաջողութիւն մաղթենք նորընտիր Բիւրոյին, որուն ուսերուն դրւած է ծանր ու պատասխանատու պարտականութիւն:
Ազդակ