Պետութիւնը եւ….մտաւորականին նախակրթարանը
Սեպտեմբերի 2-ին օրաթերթիս Գ էջում տպագրւեց Սիւնէ Ֆարմանեանի հարցազրոյցը դաշնակցական մտաւորական Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի հետ:
Պետութեան եւ մտաւորականի յարաբերութեան մասին հարցը, եւ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի դրան տւած պատասխանը հեռակայ բանավէճի առիթ է դարձել նրա եւ դաշնակցական մէկ այլ մտաւորականի՝ Վաչէ Բրուտեանի միջեւ:
Պետութեան եւ մտաւորականութեան յարաբերութեան շուրջ երկու գաղափարակից ընկերների եւ ճանաչւած մտաւորականների հեռակայ բանավէճը ոչ միայն կը հետաքրքրի նման թեմաներով հետաքրքրւողներին, այլ, նաեւ կը նպաստի աւելի լայն եւ խորքային քննարկումների, եւ մտքերի բիւրեղացման համար:
ԽՄԲ.
Վերջերս «Ալիք» օրաթերթի համացանցային տարբերակին վրայ կարդացի հարցազրոյց մը գաղափարի ընկերներէս Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանին հետ։
Հարցազրոյցը, զոր վարած էր թերթին աշխատակիցներէն Սիւնէ Ֆարմանեան, ընդհանուր առմամբ կը շօշափէր Սփիւռքը եւ սփիւռքեան հարցերը։
Ինծի համար ապշեցուցիչ էր հարցազրոյցին հետեւեալ հարցումը ու նոյն այդ հարցումին Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանին պատասխանը: Աւելի ճիշտ՝ պատասխանին վերջին նախադասութիւնը։
Կը մէջբերեմ նոյնութեամբ.-
Հարցում.- Պարոն Տէր-Ղուկասեան մտաւորականի տեղը պետութեան կողքի՞ն է, թէ՞ մտաւորականը պէտք է մշտապէս ընդդիմադիր լինի պետութեանը:
Պատասխան.- Մտաւորականը պէտք է ըլլայ յանձնառու, ազատամիտ, քննադատական, եւ հարկ եղած պարագային պէտք չէ խուսափի ինքնաքննադատութենէ, որպէսզի չմատնւի երբեք ինքնասիրահարումի եւ մեծամտութեան փորձառութեան, չիյնայ ամենագէտի հիւանդագին բարդոյթի թակարդին մէջ: Այնքան ատեն, որ մտաւորականի այս կերպարով հանդէս կու գայ, անոր պետութեան կողքին, թէ ընդդիմադիր ըլլալը երկրորդական է:
Սկսիմ հարցումէն՝ պարզապէս նշելով ատոր անհեթեթութիւնը, որովհետեւ աններելի է պետութեան դերին նսեմացումը, կամ տկարացումը՝ յատկապէս հայկակա՛ն իրականութեան պարունակէն ներս։
Երկիրները, հայրենիքները պետութիւնո՛վ կիմաստաւորւին, պետութեան շնորհիւ է, որ երկիրները կը վերածւին գործօնի, քաղաքական ազդակի։ Պետութիւնն է, որ քաղաքական բովանդակութիւն եւ դերակատարութիւն կու տայ երկիր-ժողովուրդ, կամ հայրենիք-ժողովուրդ միասնութեան։ Եւ վերջապէս, պետութիւնն է այն երաշխիքը, որուն շնորհիւ ազգը կրնայ գոյատեւել։ Հարկ չեմ տեսներ աւելին բացատրելու։
Հետեւաբար, ինչքանո՞վ արդարացւած է այդ հարցումը։ Պատասխան՝ ոչինչով։
Իր պատասխանին մէջ, Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան կը բնութագրէ մտաւորականն ու անոր դերը։ Համաձայն եմ իր հետ, որ մտաւորականը պէտք է ըլլայ «յանձնառու, ազատամիտ, քննադատական… պէտք չէ խուսափի ինքնաքննադատութենէ, որպէսզի… չիյնայ ամենագէտի հիւանդագին բարդոյթի թակարդին մէջ»։
Փակագիծ մը բանալով.- Համամիտ չեմ միայն «ազատամիտ»-ին, որովհետեւ մտաւորականը կրնայ ըլլալ նաեւ… պահպանողական։ Եւ կա՛ն պահպանողական մտաւորականներ, ըլլա՛յ համաշխարհային, ըլլա՛յ հայկական իրականութեան մէջ։ Նոյն ծիրին մէջ ալ, ես պիտի նախընտրէի «լայնախոհութիւնը»՝ «ազատամիտ»-ին փոխարէն։ Ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են։
Հիմա գանք բուն խնդրին, որ բանաձեււած է Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի վերջին նախադասութեան մէջ. «Այնքան ատեն որ մտաւորականի այս կերպարով հանդէս կու գայ, անոր պետութեան կողքին թէ ընդդիմադիր ըլլալը երկրորդական է»։
Խաչիկ, չեղա՛ւ։
Հայ մտաւորականը, եթէ ՀԱՅ է ու եթէ Ձեր վերի բնութագրումով ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ Է, ինչպէ՞ս կրնայ ի հարկին ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ըլլալ հայկական պետութեան։ Մտաւորականը կրնա՛յ եւ պէ՛տք է տւեալ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱ՛Ն նկատմամբ քննադատական, ի հարկին անզիջող քննադատական կեցւածք որդեգրէ, սակայն չի՛ կրնար պետութեան դէմ նման վարք ցուցաբերել, որովհետեւ պետութիւն եւ իշխանութիւն ամբողջութամբ տարբեր բաներ են։ Իշխանութիւնը պետութեան ղեկը վարողն է, սխալ կամ ճիշտ, արդար կամ անարդար, հետեւաբար մտաւորականը այդ ճիշտ ու սխալին, արդար-անարդարին կապակցութեամբ յանձնառու եւ սկզբունքային կեցւածք ցուցաբերողն է։ Մտաւորականը պետութեան մէջ կողմնացոյցի դերը վերցուցած անձն է, որ ուղի եւ ճամբայ ցոյց կու տայ ենթադրաբար մոլորած, սխալ ընթացքի մէջ մտած եւ կամ անարդար իշխանութիւններուն ու ընդհանրապէս տւեալ հանրութեան, ի հարկին՝ խարազանով։
Կը ցաւինք, որ ստիպւած եղանք այս տարրական, նախակրթարանային ընդգծումները ընելու պետութեան եւ իշխանութեան մասին։ Բայց ատոր «մեղքը» մերը չէ, այլ՝ Սիւնէ Ֆարմանեանինն ու Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանինը։ Նաե՛ւ «Ալիք»-ինը։
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ