Դաշնակցական Բեմ

«ՀԱՅՈՒՆ ՎԵՐՋԻՆ ԽԵԼՔԸ»… ՊԻՏԻ ՄՆԱ՞Յ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ծանօթ խօսք է. մէկ լուսանկար յաճախ հազար բառ կարժէ:

Միայն հպանցիկ ակնարկ մը՝ Փաշինեան-Ալիեւ վերի լուսանկարին վրայ, կրնայ շատ բան բացատրել: Անկախ՝ Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալի խեղճացած, չըսելու համար՝ մուրացկանի դիրքէն (ՔՊ-ականներ կրնան այս ալ յաղթական կեցւածք ներկայացնել), քիչ մը անդին, սպասողական հասակով Արարատ Միրզոյեանի պատկերը աւելի՛ խօսուն է…

Սուրբգրային ծանօթ խօսք մը կայ. «Արեւուն տակ նոր բան մի՛ փնտրէք…»:

***

Եկէ՛ք, երեւոյթներով չտարւինք, եւ տեսնենք, թէ ի՞նչ խօսած են Ալիեւ ու Փաշինեան՝ Ալբանիոյ մայրաքաղաքին՝ Թիրանայի մէջ այս «անակնկալ» հանդիպումին, առանց մոռնալու միւս՝ եռակողմանի հանդիպումը՝ երկուքի պոսին՝ Էրդողանի հետ: Վաղը կրնայ աւելի՛ բացայայտ դառնալ, որ 16 մայիսը եւ Թիրանան «պատմական օր» մը եւս արձանագրած են մեր նոր պատմութեան մէջ, եւ մեզի ըսել տան՝ երանի՜ 9 Նոյեմբեր 2020-ին, Արցախի հայաթափման օրերուն…

Եւ քանի որ Ալիեւի նկատմամբ կարօտաբաղձութենէ տառապող Փաշինեանի կատարելիք (հաւանական) նոր զիջումներուն մասին բազմաթիւ իմաստալից քննարկումներ եւ մեկնաբանութիւններ ծայր առած են Հայաստանի մէջ, պիտի նախընտրենք քիչ մը «թեթեւնալ», տուրք տալ երգիծելու փափաք ունեցողներուն: Ու դարձեալ պիտի վստահինք այն չարաճճի (երեւակայական) գաղտնալսողներուն, որոնք յաճախ կը բացայայտեն – եւ յետոյ ճիշտ դուրս կու գան – նման զրոյցներու բովանդակութիւնը:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ.- Բարե՜ւ, արխատաշ. ի վերջոյ կը հանդիպինք դարձեալ: Քանի՜-քանի անգամ սպասեր եմ, որ քիչ մը քիթդ վար իջեցնես եւ հանդիպում ունենանք: Ինչո՞ւ Մոսկւա չեկար անցեալ շաբաթ, կրնային հո՛ն հանդիպիլ:

ԱԼԻԵՒ.- Դարձեալ կօշիկէդ վեր ելլելու սկսար: Քեզի չե՞մ ըսած, որ հանդիպումը քու քէֆովդ չ’ըլլար, այլ՝ իմ յարմար նկատած տեղս, յարմարագոյն վայրը:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ.- Մոսկւային ի՞նչ եղեր է, հոն մեր սիրելի Պուտինն ալ կար. կը յիշե՞ս, 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը… ինք ալ ստորագրեր էր…

ԱԼԻԵՒ.- Իմ նախընտրածս Էրդողանն է, մեծ եղբայրս: Պուտինը չէր ուզեր ընել այն՝ ինչ որ Էրդողան ըրաւ: Ահագին զէնք տրամադրեց, զինեալներ ղրկեց (ըսել ուզածը՝ ծայրայեղական ահաբեկիչներ է), մինչեւ հիմա ալ Պուտինէն շա՛տ աւելի ուժեղ կանգնած է կողքիս, ձեռք-ձեռքի տւած՝ համաթուրանական ծրագիրը յառաջ կը տանինք: (Ալիեւ խուսափեր է իսրայէլեան օժանդակութիւններուն ակնարկութիւն ընելէ…)

ՓԱՇԻՆԵԱՆ.- Քիչ մը մոռացկոտ դարձած ես, արխատա՛շ. չեմ ուզեր քեզ վիրաւորել, ըսելով որ… երախտամոռ ես: Չէ՞ որ ես ալ բանիւ եւ գործով միացած եմ ձեր ծրագիրին: Ըսէ՛ տեսնեմ: Ո՞ր ըսածդ չեմ ըրած, ո՞ր ուզելիքդ սան վուար(*) «չեմ ըներ» կըսեմ…: Արցախը ուզեցիր՝ տւի: Հայաստանէն հողամասեր գրաւեցիր՝ անոնք ալ կլլեցի: Կըսես, որ Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխենք, խոստացած եմ այդ ալ ընել: Կը պահանջես, որ Մինսկի խումբը լուծարքի ենթարկենք, միջազգային դատարաններէն ձեզի դէմ բողոքները ետ քաշենք, Հայաստանի վրայով դէպի Նախիջեւան անցք կուզես, պատրաստ եմ մէկի տեղ քանի մը հատ տալու: Ասկէ աւելի ի՞նչ կրնամ ընել, որ հետս հանդիպիս, խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրենք…

ԱԼԻԵՒ.- Հո՛ս նայէ, Փաշինօղլու. ես քու գիտցած ջօճուխդ չեմ: Դեռ քեզմէ շա՜տ առնելիք ունիմ: Ինչպէ՞ս կը համարձակիս եւ «Արեւմտեան Ադրբեջան»-ը կը պահես հոս-հոն պտտցուցած «Նոր Հայաստան» քարտէզիդ մէջ: Չ’ըլլա՜ր, օլմա՜զ: Քեզի կրնամ միջին նիշ տալ մինչեւ հիմա ըրածներուդ համար: Տե՞ս, ըրածներդ չեմ ուրանար: Քայլերգը փոխեցիր, Արարատէն հրաժարեցար, պատմական Հայաստանի մասին խօսք չես ըներ, պրա՛ւօ: Սփիւռքի մասին մեր թելադրանքները կրցածիդ չափ կ’իրականացնես: Երկո՛ւ պրաւօ: Տա՛սը պրաւօ՝ որովհետեւ այս տեսակէտներդ կը կլլեցնես ժողովուրդիդ…

ՓԱՇԻՆԵԱՆ.- Եթէ ասանկ շարունակես՝ կլլողներուն թիւը աւելի՛ պիտի պակսի…

ԱԼԻԵՒ.- Ատիկա իմ հարցս չէ: Ըսի, չէ՞, դեռ առնելիքներ ունիմ: Օրինակ, մի՛ մոռնար, որ կը ծրագրեմ քանի մը հարիւր-հազար ազերի տեղաւորել Հայաստանի մէջ: Գիտեմ, որ ատիկա քու գործիդ ալ կու գայ, եթէ ընտրութիւն ըլլայ, անոնք քեզի քւէ կու տան: Յիշեցնեմ, որ ինծի սահմանային ուրիշ հողեր ալ խոստացած ես «սահմանազատում»-ի ճամբով: Դարակներուս մէջ քեզի եւ ժողովուրդիդ համար որքա՜ն անակնկալներ ունիմ, գիտե՞ս: Ձեր կաղանդ պապուկը տարին մէկ անգամ կու գայ, ես աւելի յաճախ բարիք կը բաշխեմ ձեզի: Պզտիկ բարիքներէս են, օրինակ, ձեր սահմանային գիւղերը կրակոցներով զւարճացնելս…

ՓԱՇԻՆԵԱՆ.- Այս ըսածներդ, ճի՛շտ է, ձեւով մը իմ հաշիւներուս ալ կը ծառայեն, սակայն, եկո՛ւր, ընդունէ՛, որ ասանկ բաներու պատճառով ոտքիս տակէն հողը կը սահի, մարդիկ սկսած են աւելի՛ կասկածով նայիլ ինծի: Քունս կը կորսնցնեմ, ջղային դարձած եմ: Դեռ կայ իմ գործակիցներուս չարաշահումներուն սնտուկը, որ ընդդիմադիրներս երբեմն-երբեմն կը բանան եւ երեսիս կը զարնեն: Խելքս գլուխէս կը թռի, երբեմն կը մոռնամ հեծիկ քշել…: Անցեալ օրը, շատ բարկացուցին, սպառնացի բոլորը բանտարկել, վստահ ըլլալով, որ դուն եւ մեծ եղբայրս կռնակիս կանգնած էք: Յուսամ ձեր միտքը չէք փոխած, չէք փոխեր…: Շատեր հիմա զիս խենթի տեղ կը դնեն: Բարեբախտաբար ունիմ քանի մը գործակիցներ, որոնք իմ խենթի շարժուձեւերս կընեն, իմ սպառնալիքներս կը կրկնեն, եւ… միայն ես չեմ խենթ նկատւողը:

ԱԼԻԵՒ.- Մի՜ մտահոգւիր… Եթէ հողդ սահի, քեզի նոր հող կը բերենք: Դո՛ւն, քա՛ջ ղոլամս, անշեղ շարունակէ՜ այս ճամբադ, շարունակէ՛ խաբել ժողովուրդդ, հալածէ՛ ընդդիմադիրներդ, անոնք ըլլան քաղաքական մարդիկ թէ մամուլի ծառայողներ: Մի՛ մոռնար պատերազմներուն զոհւածներու ընտանիքները: Անոնցմէ մէկը առաջ քեզի դէմ էր, հիմա քու ջութակդ կը նւագէ: Ոստիկանութիւնը ձեռքիդ մէջ է, դատարանները՝ նոյնպէս, ժողովուրդին ուղեղը լւացող լրատու աղբիւրները մի՜ մոռնար: Մինչեւ հիմա յաջողեցար ժողովուրդդ խաբել խաղաղութեան համաձայնագիրով եւ «կայ» խոստումներով: Մարդիկդ ալ վարժւեցան… խաբւելու: Խելք ունեցողներէն շատեր իսկ կրաւորական դարձած են, դարձած են վախկոտ, ինչպէս որ էին… համայնավարներու օրերուն: Ասկէ աւելի՝ ի՞նչ կ’ուզես:

***

Հանդիպումէն ետք, Ալիեւ իր մէկ խորհրդականին փսփսացեր է. հայերու մասին կըսեն, որ խելացի են, մենք ալ կըսենք՝ «հայուն վերջին խելքը ինծի տային»: Հիմա, այս ղոլամս այնպէ՛ս մը կը վարւի, որ շատերուն խելքը չորցուցեր է, երկիրն ու ժողվուրդն ալ դրած է մեր գործին եկող այնպիսի ճամբու մը մէջ, որ մինչեւ իսկ մենք պատրաստ ենք հրաժարելու «հայուն վերջին խելքէն»: Մինչեւ հասնի «վերջին խելքի»ի օրը, մենք Հայաստանը կլլած կըլլանք, Փաշինեանն ու գործակիցներն ալ կը պարգեւատրենք, աւելի բացայայտ կերպով կը հռչակենք մեր գործակալները: Ընդդիմադիրները այդ խելացիներուն մաս կը կազմեն եւ գիտեն, կը զգան ու կը տեսնեն, որ մեր մարդը ո՛ւր կը տանի իրենց երկիրը:

16 մայիս 2025

—————

(*)Սան վուար – ֆրանսերէն եզրոյթ. առանց տեսնելու, աչքը գոց:

Related Articles

Back to top button