Դաշնակցական Բեմ

Պատմութիւն երկարականջ չորքոտանիի մասին

Օսմանեան կայսրութեան տարածքը, թուրքական նոր կայսրութեան ծրագիրը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Հալէպի անկումով սկսած եւ Դամասկոսի գրաւումով աւատրին հասած «սիրիական յեղաշրջումը» բազում եւ հակասական մեկնաբանութիւններու, նախատեսութիւններու եւ «բախտագուշակութեան» ալիքներ տարածեց աշխարհով մէկ, միաժամանակ մտավախութեան եւ գոհունակութեան ալիքներ տարածեց տարբեր երկրամասերու մէջ, տարբեր ուժերու մօտ: Ոմանք շուրջ տասնօրեայ դէպքերը դիտեցին միայն այս կարճ ժամանակահատւածին մէջ, ուրախացան, որ արտաքին ու ներքին բազում մարտահրաւէրներու դէմ կանգնած իշխանութիւնը (որ իր երկրի շահերուն հետամուտ էր ընդհանապէս) հասած է վախճանին, իսկ ուրիշներ մտահոգ են, որ Սիրիա եւս, հակառակ առաջին օրերուն տարածւած յուսատու ալիքներուն, կրնայ մատնւիլ Իրաքի, Լիբիոյ եւ «Արաբական գարուն»-ը ճաշակած, ծայրայեղական կրօմամոլներու շահատակութիւններուն զոհ գացած երկիրներու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրին (հիմա շա՜տ աւելի յստակ է, որ այդ «ծայրայեղականներ»-ը ուրկէ կը խմէին իրենց ջուրը, անհեռատես հզօրները ինչպէ՛ս, ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով նպաստած են անոնց վերելքին):

Մինչեւ իսկ ամերիկեան հեղինակաւոր թերթեր կը տեսնեն, որ այս իմաստով, մութ ամպեր կան հորիզոնին, թէ՝ իշխանութեան տապալումը՝ (իրական կամ շինծու-չափազանցեալ) տագնապին լուծումը չէ, այլ նոր արհաւիրքներով յղի օրեր կան այդ երկրին դիմաց (նաեւ աւելի հեռուները): Ամենէն շօշափելի ապացոյցները եղան այն՝ որ Թուրքիա եւ Իսրայէլ վար առին թշնամութիւն խաղալու իրենց դիմակները եւ ձեռնարկեցին Սիրիայէն նոր պատառիկներ խլելու «քաջագործութիւններու»: Մարդկային ողբերգութեան նոր դրւագներու նախաճաշակ մըն ալ տեսնւեցաւ Թուրքիոյ սահմանամերձ՝ քրդական շրջաններու մէջ, ուր քուրդերու դէմ հալածանքի եւ ջարդի ահազանգեր հնչեցին:

Եկէ՛ք, պահ մը մէկդի ձգենք իշխանափոխութեան կապւած վարկածներն ու նախատեսութիւնները եւ այս փուլը դիտենք պատմութեան քիչ մը աւելի ընդարձակ տարածքին մէջ, ցուցահանելու, թէ աշխարհի մէջ քողարկեալ ինչպիսի՜ եւ ահաւո՛ր այլափոխութիւններ տեղի ունեցած են, տեղի կունենան, նաեւ՝ մեր աչքերը սեւեռելու դէպի այն հորիզոնները, որոնց հասնելու կը միտի Թուրքիա:

 

Օսմանեան կայսրութենէն…

Եթէ ետ երթանք քանի մը դար, պիտի յիշենք, որ թուրքացեղ ուժերը Փոքր Ասիոյ մէջ իրենց յենարանները ստեղծեցին մօտաւորապէս տասը դար առաջ, յետոյ, ուժի եւ եաթաղանի զօրութեամբ, ստեղծեցին ընդարձակ կայսրութիւն մը, որ աշխարհի պատմութեան մէջ արձանագրեց ընդհանրապէս կարմիր ու սեւ էջեր, այսինքն՝ ջարդ, աւեր ու բռնատիրութիւն:

Օսմանեան կայսրութիւնը նախ ատեն մը ինքն իր ոտքերուն վրայ ապրեցաւ, իր սահմանները տարածեց մինչեւ Եւրոպայի կենտրոնական գօտին, նաեւ՝ դէպի արաբական աշխարհ, ահազանգի մատնեց կայսրութիւններ ու թագաւորութիւններ: Եւրոպան (այդ օրերուն աշխարհի ուժերուն ու մրցակցութիւններու քարտէզին վրայ Ամերիկա մը չկար, իսկ Չինաստանն ու արեւելեան այլ երկիրներ կապրէին իրենց աշխարհին մէջ) ի վերջոյ ՏԵՍԱՒ Օսմանեան կայսրութեան բերած պատուհասներն ու սպառնալիքները, սկսաւ քայլ առ քայլ ետ մղել Օսմանի ժառանգորդները, մկրատեց թուրքական կայսրութեան սահմանները: Ազգ-պետութիւնները մէկը միւսին ետեւէ հեռացուցին եաթաղանին վտանգը (սպառնալիքը կը մնայ նաեւ այսօր): Յետոյ, բացարձակապէս իր շահերէն ելլելով (ու տեսնելով, որ Օսմանականէն դէպի հիւսիս-արեւելք ծնած է նոր ուժ մը՝ ցարական Ռուսիան), չհասաւ թուրքական կայսրութիւնը վերջնականապէս խորտակելու քայլին, զայն վերածեց նոր հակամարտութիւններու իր մէկ խաղաքարտին: Եւ թուլացած ու սնանկացած Օսմանեան կայսրութիւնը հռչակւեցաւ «Եւրոպայի հիւանդ մարդը»:

Շատ աւելի ուշ, բացայայտ ուշացումով տեղի ունեցաւ այդ կայսրութեան խորտակումն ու մասնատումը՝ Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին: Եթէ օսմանցիները եաթաղան կը գործածէին, եւրոպացիք աւելի նրբաճաշակ դուրս եկան եւ ճաշի դարակներով եւ պատառաքաղներով մասնատեցին կայսրութիւնը, ստեղծեցին գաղթատիրական աշխարհ մը, որուն մէջ մտան ո՛չ միայն Օսմանեան կայսրութեան լուծէն դուրս եկողները, այլ նաեւ ափիկեան երկիրներ, իբրեւ յաւելում՝ Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ նախորդ դարերուն հաստատւած գաթատիրական գօտիներուն:

Մեր այս սիւնակին խորհրդածութեան կիզակէտը այն է, որ եւրոպացի հզօրները, ճիշտ է որ իրե՛նց շահերուն եւ շահադիտական ծրագիրներուն մղումով, տեսած էին, ըմբռնած՝ թուրքական կայսրութեան վտանգաւոր եւ վնասարար էութիւնը, կործանանար դիմագիծը, եւ երկար տատամսումէ ետք անցած էին (այլապէս այլանդակ) վիրահատութեան: Արաբներն ալ, որ լուսաւոր էջեր թողած էին աշխարհի պատմութեան մէջ, Օսմանեան տիրապետութեան տարիները որակեցին «աժնկումի, բթացումի դարաշրջան»:

Օսմանեան կայսրութիւնը հասած էր իր անբարունակ վախճանին: Եւ անիկա ԲՆԱԿԱՆ եղելոյթ էր, իբրեւ ԲՆԱԿԱՆ իրադարձութիւն արձանագրւեցաւ պատմութեան էջերուն:

 

… Ներկայ օրերը

Չմտնենք պատմութեան ծալքերուն եւ մանրամասնութիւններուն մէջ, որոնք ընդհանրապէս ծանօթ են բոլորիս: Հասնինք մեր օրերը, երբ տեղի կունենան ԱՆ-ԲՆԱԿԱՆ զարգացումներ, այսինքն՝ դէպքեր՝ որոնք ժխտումն են դար մը առաջ բնական սեպւող դէպքերուն:

Թուրքիա գաղտնի չէ պահած, որ ճամբայ ելած է իր կայսրութիւնը վերականգնելու, մինչեւ իսկ զայն աւելի տարածուն դարձնելու հեռանկարով: Մեր սիւնակին ընկերացող քարտէզներէն երկրորդը ցոյց կու տայ այն տարածքները, որոնց աչք ունի Թուրքիա (եւ սա անկախ անկէ, թէ անոր նախագահը Էրդողա՞նն է, նախորդը թէ յաջորդները): Թուրքական նոր կայսրութեան մէջ պիտի մտնեն նախ եւ առաջ Հայաստանն ու Վրաստանը, Սիրիոյ ուղղութեամբ նախաքայլեր էին Ալեքսանդրէթին կցումն ու վերջին տարիներուն՝ հիւսիսի սահմանին երկայնքին ստեղծւած «ապահովութեան գօտի»-ները, իրողական կամ ծրագրւած Քուրդիստան(ներ)ը, ու մինչեւ Ղազախստան տարածքներ. Ռուսական դաշնութենէն ալ հսկայական տարածքներ կան «մսավաճառ»ին ճաշացուցակին վրայ: Բացայայտ է, որ Իրանին մօտենալու յաւակնութիւն չկայ:

Դէպի արեւմուտք ու հարաւ՝ թրքական ծրագիրները նկատի ունին Լիբանանը, Յորդանանը, Իրաքն ու Սաուդական Արաբիան, մէկ խօսքով՝ ամբողջ Արաբական թերակղզին, յետոյ նաեւ Եգիպտոսը եւ Լիբիան: Մանր համադամներ են Կիպրոսի մնացեալ բաժինն ու Յունաստանը: Իսկ եթէ հաշւի առնենք, որ «ախորժակը ունտելով կը բացւի», դարաւոր «Սահմանք քաջաց, զէնն իւրեանց» նշանախօսքը կը զգենու թուրքատիպ նոր մերկնաբանութիւն: Այդ ախորժակներու դիմաց, գոնէ Հայաստանի մէջ կայ իշխանութիւն մը, որ հեծանիւով կը զբաղի եւ ամանորի տօնածառ լուսաւորելով կը հրճւին, նաեւ հանրութիւնը կը զւարճացնեն սա կամ նա պաշտօնազրկելով ու աթոռի փոխանակման խաղերով…

Իրականութիւնները ցոյց կու տան, որ աշխարհի անիւը ծուռ դարձած է: Այլ խօսքով, այն երկիրներն ու ուժերը, որոնք դար մը առաջ տեսած էին թուրքական արեան ծովերով կարմրած հորիզոնները, հիմա կարծէք թէ կրաւորականի աչքերով կը դիտեն Թուրքիոյ ծաւալապաշտութիւնն ու Սիրիոյ մասնատումը (բնականաբար մեր մաղթանքն է, որ Սիրիոյ դէպքերը այլ ուղղութիւն ստանան): Արաբական երկիրներ կոյր ու խուլ կը ձեւանան թուրքական սպառնալիքներուն դիմաց, անոնց չէ արտօնւած տեսնելու ուղղակի իրենց սպառնացող վտանգները, որովհետեւ մեծ մասամբ կապանքի ենթարկւած են եւ պատանդ բռնւած՝ Թուրքիոյ կողքին կանգնողներուն, անոր տարածումէն շահեր ապահովելու հաշիւներ ունեցողներուն կողմէ:

Քարտէզը ուշադրութեամբ դիտողը կը տեսնէ, որ թուրքական կարմիր կայսրութիւնը պիտի չկլանէ… Իսրայէլը, որուն հետ «անհաշտ թշնամութիւն» կը խաղար Էրդողան, մինչեւ երէկ, երբ Իսրայէլ կը ջարդէր պաղեստինցիները, կը քանդէր Գազան, եւ Էրդողան կը սպառնար «Իսրայէլ մտնել այնպէս՝ ինչպէս մտած էր Արցախ…»:

Իսկ ո՞վ կրնայ ինքնավաստահօրէն ըսել, թէ վտանգներ ու սպառնալիքներ պիտի չկախւին այսօր անտարբեր ու Թուրքիոյ զօրակից խաղացողներու գլուխներուն, երբ «հրէշը դուրս ցատկէ սրւակէն»: Այո, Թուրքիան նախկին Թուրքիան չէ, որովհետեւ զայն շահագործողները տարբեր կալւածներու մէջ նպաստած են, որ ան չմտնէ «հիւանդ մարդ»-ու կօշիկին մէջ: Անոր նկատմամբ այլանդակ  հանդուրժողութիւն մը կը խաղցւի… ցնոր տնօրինութիւն:

Առածը կըսէ. «Երկարականջ չորքոտանին մէկ անգամ կիյնայ նոյն փոսը»: Երկարականջը նապաստակը չէ անշուշտ…

Related Articles

Back to top button