Դաշնակցական Բեմ

Խորտակե՛լ լւացքի մեքենան…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Հայաստանի մէջ, դարձեալ գործի լծւած է հին լւացքի մեքենայ մը, որուն վաճառանիշն է ՔՊ եւ կօգտագործւի ժողովուրդին ուղեղները լւալու համար: Մեքենային կափարիչին վրայ հիմա գրւած է Վաշինգտոնեան համաձայնագիր, կողքին՝ Թրամփի ճամբայ, յետեւը… Ադրբեջանի բոլոր պահանջներուն ենթարկւիլ: Սակայն վերջին ցանկը յետեւը ըլլալով՝ հեռու կը պահւի հասարակութեան աչքէն:

Մեքենան կը գործածեն վարչապետ կոչեցեալն ու Վաշինգտոն գացող-եկողները, նաեւ Երեւան մնացողներ: Նոյն «առաքելութեան» լծւած են իշխանութեան բոլոր մանկլաւիկները, որոնց շարքին, եւ դժբխատաբար, իրենց անունը կարձանագրեն կարգ մը մասնագէտներ, հմուտ մարդիկ, որոնք կարճ ատեն մը առաջ արդար եւ սուր քննադատութիւններ կուղղէին ՔՊ-ական իշխանաւորներու ձախաւեր ընթացքին, ցոյց կու տային, որ Ադրբեջանի հետ շինծու, անրջային խաղաղութիւն հետապնդելը ինչպիսի՜ կորուստներու պիտի առաջնորդեն հայրենիքն ու ազգը: Եւ անոնց մտավախութիւն ները ճիշտ դուրս եկան մէկ առ մէկ…

***

Վաշինգտոնեան հանդիպումի նախօրեակին իսկ, եւ մեկնելով «փախուստ տւած» լուրերէ (եւ, ի՜նչ հեգնանք, «փախուտ»-ին առաջին աղբիւրը ազերիական էր եւ անիկա ճիշտ դուրս եկաւ, աւելի՛ աղաղակող դարձնելով ՔՊ-ական իշխանութեան «գաղտնապահութիւնը», յիշեցում եղաւ, որ ասոնք խոստացած էին ժողովորդէն գաղտնի եւ ի վնաս հայրենիքին ոչի՛նչ ընել), բանիմաց եւ կշռադատող մարդիկ՝ քաղաքագէտ, դիւանագէտ, տնտեսագէտ թէ այլ բնագաւառներու մէջ քիթէն անդին տեսնողներ՝ դարձեալ ահազանգեցին, թէ իշխանաւորն ու գործակիցները նոր աղէտի կը տանին երկիրը: Նախատեսութիւններ մեծ մասամբ ճիշտ դուրս եկան, ինչպէս որ ճիշտ դուրս եկած էին 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու անկէ ետք մատնանշւող աղէտները, վնասաբեր քայլերը: Անոնք զգուշացուցին Արցախի կորուստին մասին, ուղեղները իշխանաւորներու լւացքի մեքենային յանձնածները չհաւատացին, թերահաւատ մնացին՝ մինչեւ անգամ երբ Արցախը ամբողջութեամբ կորսւեցաւ եւ հայաթափւեցաւ, որովհետեւ իշխանախումբը – եւ ո՛չ թէ «նախկինները» – Արցախը ճանչցան իբրեւ Ադրբեջանի մէկ մասը: Նոյն ծանծաղամիտ թերահաւատութիւնը գերիշխող մնաց, երբ նոր կորուստներու փաստեր շղթայ կազմեցին տարբեր գիծերու վրայ, սկսելով սահմանային գօտիներու կորուստէն, նոյնինքն Հայաստանի տարածքէն ուղղակի եւ անուղղակի բռնագրաւումներէն, մինչեւ բանակի, դիւանագիտութեան ու տնտեսութեան կալւածներուն մէջ նահանջները: Ողբերգականօրէն ծիծաղելին այն էր, որ իւրաքանչիւր կորուստ՝ ժողովուրդին կը հրամցւէր «տեսէ՛ք թէ ի՜նչ նւաճում ըրինք»-ի յոխորտանքով: Նոյնը կըլլայ հիմա: Այլ խօսքով, նւաճո՜ւմ էր Արցախի յանձնումն ու Ադրբեջանի մաս ճանչնալը, նւաճո՜ւմ եղաւ արցախցիներու բռնագաղթն ու մայր հայրենիքին մէջ իրողական անտիրութիւնը, նւաճումներու շարքին եղան բանակին թուլացումը, դիւանագիտական անդամալուծութիւնը, տնտեսութեան այս կամ այն կալւածին մէջ նահանջներն ու կորուստները: Փանջունին իսկ նախանձով պիտի լսէր այս բոլորը…

Հիմա, 8 օգոստոսէն ասդին, նոյն «տրամաբանութիւնը» դարձեալ կը բանի իշխանաւորին ու մանկլաւիկներուն սուտ քարոզչութեան ճամբով: Դարձեալ բանիմաց մարդիկ (չկրկնենք մասնագիտութիւններուն շարքը) «մատները մարդոց աչքին կոխելու» մօտեցումով ցոյց կու տան, թէ Թրամփի իրաւարարութեամբ եւ սկզբնատառերով ստորագրւած համաձայնութիւնը լիարժէք… նոր աղէտ է Հայաստանի ու հայութեան համար: Մէկ չէ, երկու չէ, այլ բազմաթիւ իրազեկներ ու մասնագէտներ բզիկ-բզիկ կընեն ծանօթ փաստաթուղթը, յօդուածները մէկ առ մէկ կը պարզաբանեն (գրւածին խորքը կը թափանցեն), ցոյց տալու՝ որ անիկա խաղաղութիւն պիտի չբերէ, շահաբեր պիտի չըլլայ Հայաստանի համար (իսկ եթէ ամերիկացիք ու ազերիները՝ թուրքերուն հետ մէկտեղ, շահեր ապահոված են, այդ կը նշանակէ, թէ Հայաստան ու հայութիւնը արդէն նոր կորուստի ճամբան բռնած են): Այս զգուշացումները, աղաղակող փաստերու ցանկագրումն ու աւելի եւս մթագնող հորիզոնները ոչինչ կըսեն իրենց ուղեղները իշխանաւորներու լուացքի մեքենային յանձնած՝ այլապէս բարեմիտ զանգւածին: Եւ երեւակայե՜լ, որ դարձեա՛լ կը հնչեն այն տեսակէտները, թէ՝ հասած է 9 նոյեմբերի յայտարարութեան… երանի տալու օրը:

***

Ահազանգին աղբիւրը կը կոչւի ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՃԱԿԱՏ, որուն մաս կը կազմեն խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական միաւորներ, մտաւորականներ, արւեստագէտներ, մինչեւ իսկ այս իշխանութեան մեքենային մէջ դեր խաղացած (այժմ նախկին դարձած) քաղաքական, դիւանագիտական դէմքեր եւ տնտեսագէտներ, որոնք պահ մը մաս կազմած էին «ուսապարկերու» փաղանգին:

Եւ կը ծագի հարցում մը: Ի՞նչ է պատճառը, որ իշխանաւորներու մեքենան տակաւին յաջողութիւններ կարձանագրէ: Պատճառները բազմաթիւ են, ունին ներքին եւ արտաքին ազդակներ:

Ներքին ազդակներէն գլխաւորը այն է, որ հայրենիքի շահերուն պաշտպանները, վտանգները ցոյց տուողները՝ առանց այլեւայլի կը դրուին «նախկիններ»ու ցանկին մէջ, հոգ չէ թէ, ինչպէս նշեցինք, անոնք մինչեւ երէկ մաս կը կազմէին վարչամեքենային: Անոնց կը փակցւի «հակայեղափոխական» պիտակը, որ, ի՜նչ զարմանք, համահունչ է ազերիներուն հռչակած «ռեւանշիզմ»ին: Ու «մաքրաջրւած» ուղեղով մարդիկ (եւ թող ո՛չ ոք փորձէ զանոնք անմեղ նկատել), առանց բանականութիւն գործածելու՝ կը մերժեն այդ ցանկերուն վրայ ԲՈԼՈՐ արձանագրւածները: Հարց չեն տար, թէ սա «նախկիններուն» օրով չէ՞ր, որ Հայաստանի անկախութիւնը վերահաստատւեցաւ (այսօր աղաղակող վտագներու տակ են անկախութի՛ւնն ալ, ինքնիշխանութի՛ւնն ալ, պետականութի՛ւնն ալ, հայրենի՛քն ալ…), Արցախի ազատամարտը մղւեցաւ, Արցախը իրողապէս վերամիացաւ մայր Հայաստանին, որուն տարածքը արիւնով ու պայքարով դարձաւ 42 հազար քառ. քլմ., Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցւեցաւ, Մինսկի (երէկ լուծարքի ենթարկւած) խումբը տասնամեակներ շարունակ գործեց յարմարագոյն լուծումի մը հասնելու ի խնդիր, առանց խախտելու արցախցիներու հողային եւ մարդկային-քաղաքական իրաւունքները (որոնց վրայ Վաշինգտոնի մէջ փորձեցին պաշտօնական տապանաքար մը դնել): «Նախկիններ»ու շրջանին, Հայաստանի հորիզոնները պայծառ ու վարդագոյն չէին, սակայն մէկ բան վէճ չի վերցներ. ՀՈՂԱՅԻՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ-ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ-ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ գետիններու վրայ ՔՊ-ականներու բերած կորուստները չունեցանք: Անշուշտ ցաւալի կէտ մըն ալ այն է, որ նոյն մտահոգութեամբ լեցւածները ինչո՞ւ չեն կրնար գտնել այս կացութենէն միասնաբար դուրս գալու տարազը…

Արտաքին ազդակներէն գլխաւորը – եւ ճնշողն ու գերակշռողը – այն է, որ ՔՊ-ականներու պարտւողական, կորստեան տանող քայլերը ունին զօրակիցներ, հովանաւորներ ու պաշտպաններ, առաջին հերթին՝ թուրք-ազերիական ճակատը, ապա նաեւ անոնց կամրջումէն շահ սպասողները – եւ արդէն շահ ձեռք կը բերեն յիշեալ համաձանագիրով -,  մէկ խօսքով՝ բոլոր անոնք՝ որոնց աչքին, Հայաստանի ու հայութեան շահերն ու ապահովութեան ակնկալիքները երկրորդական (կամ… քսաներորդական) են: Ռուսիա, Իրան, եւրոպական երկիրներ եւ դեռ ուրիշներ կրնան մտավախութիւններով խառն՝ ողջունող արձագանգներ ունենալ, մտածելով, որ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը – եւ անոր սուտերուն հաւատացող զանգւած մը – անտարբեր կը մնայ կորստաբեր երթին հանդէպ, իրենց ի՜նչ հոգն է ըլլալ… հայէն աւելի՛ հայ, Հայաստանի ու հայութեան շահերուն աւելի՛ նախանձախնդիր, պաշտպան: Եւ ճիշտ կըսէր մեկնաբան մը, թէ՝ դրացիի ու բարեկամի համար, նոյնինքն Հայաստանի կողմէ ընդունելի նկատւող կորստաբեր ուղին… իրենց ուսէն հոգ մը կը պակսեցնէ: Բայց չէ՞ որ ՔՊ-ական իշխանութիւնն ալ, Արցախը Ադրբեջանի նուիրելով՝ հսկա՜յ բեռ մը թօթափեց իր ուսերէն, յետոյ ալ յոխորտաց, որ «Արցախը տւինք ու Հայաստանը շահեցանք». Հիմա կարգը եկած է Հայաստանն ալ մաս առ մաս թօթափելու, այդ ալ կը ներկայացնեն իբրեւ «մե՜ծ նւաճում», «խաղաղութեան ճամբու բացում…»: Իրատեսը կը նկատէ, որ այս համաձայնագիրով, Հայաստանը փաստօրէն կը դառնայ Ադրբեջանի ԲՈԼՈՐ քմայքներուն ու պահանջներուն ընդառաջող, ստրկամտութիւնը կը համակէ զանգւածը:

***

Ե՞լքը: Բայց ընդդիմադիրները քանի՞ անգամ եւ քանի՞ ալիքով պէտք է ցոյց տան, որ այս բռնատիրական իշխանութեան օրով, Հայաստանի տարածքն ու հորիզոնները միայն ու միայն պիտի սեղմուին: Բանիմացն ու իմաստունը արդեօք պէտք է ճամբայ ելլեն՝ իրատեսութիւն, հասկացողութիւն եւ իրազեկութիւն մուրալո՞ւ տրամադրութեամբ:

Արդեօք մեր ժողովուրդը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, շատ աւելի բանիմա՞ց եւ քաղաքականապէս իրազե՞կ էր այն օրերուն (միայն 15 տարի առաջ), երբ գրեթէ մէկ մարդու պէս «ո՛չ» ըսաւ «ֆուտբոլային դիւանագիտութեան» ու ձախողութեան մատնեց վտանգալից փրոթոգոլները: Նոյն ժողովուրդը չե՞նք Հայաստանի ու Արցախի մէջ, նոյն ժողովուրդը չե՞նք Սփիւռքի տարածքին: Սա ի՞նչ լւացքի մեքենայ է, որ հիմնայատակ կործանեց մեր ժողովուրդի քաղաքական մտածողութիւնը, պահանջատիրութիւնը (խօսքը ընդդիմացողներուն մասին չէ բնականաբար): Խորհրդային օրերուն ալ կար լուացքի մեքենայ, բայց եկէ՛ք, չերթանք զայն ՔՊ-ականներու սարքին հետ բաղդատելու փորձութեան:

Ե՞լքը: Խորտակե՛լ ուղեղալւացքի մեքենան ու իշխանութեան բերել նախկին ու նոր հայրենապաշպանները: Յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններու խաղն ալ պէտք է դուրս նետել լւացքի մեքենայէն ու գործելք անյապաղ:

Related Articles

Back to top button