Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը՝ Էնթընի Բլինքէն, պայուսակները հաւաքած՝ ճամբայ ինկած է դէպի Միջին Արեւելք, ամերիկեան եւ ՆԱՏՕ-ի գաղտնի սպասարկութեանց քուլիսներէն լուր մը սպրդած է (հաւատալը կամ չհաւատալը, ընթերցո՛ղ, իրաւունքդ է): Կըսւի, թէ Արեւմուտքի զինւորական բազուկը, ի տես բազմահազարաւորներու սպանդին եւ համատարած քանդումին, խղճի խայթ ունեցեր է եւ որոշեր է դաս մը տալ Նեթանիահուի Իսրայէլին, մշակեր է բազմափուլ ծրագիր մը, որուն հիմամբ, նախ Իսրայէլի վերեւ պիտի տարածւի թռիչքներու արգիլման գօտի (միջազգային բառամթերքին մէջ ծանօթ No Fly Zone անունով), եթէ ատիկա արդիւնք չտայ՝ բազմազգեան ուժեր պիտի անցնին կայծակնային գործողութիւններու (պատերազմներու բառարանին մէջ Blitzkrieg անունով ծանօթ), որպէսզի նախճիրները վերջ գտնեն:
Այս մտածումը աննախընթաց բան չէ: Աշխարհը վստահաբար չէ մոռցած, որ աւելի քան 23 տարի առաջ, (յունւար 1991), արեւմտեան ուժերը, ամերիկացիներու սարքած ծրագիրին հիմամբ, յարձակման անցան Իրաքի վրայ, պատժելու համար Քուվէյթը գրաւելու ելած Սադդամ Հուսէյնը: Այդ յարձակումը տեղի ունեցած էր իրաքեան բանակներուն Քուվէյթ ներխուժումէն՝ օգոստոս 1990-էն հազիւ 5 ամիս ետք (մոռցէք, որ հոն ինչպիսի՜ սարքովի բաներ կային): Աւելի ուշ, բազմազգեան ուժերը Իրաքի վերեւ հաստատեցին թռիչքներու արգիլեալ գօտիներ: Մնացեալը արդէն պատմութիւն է (պատերազմի օրերուն Իրաքի կողմէ դէպի Իսրայէլ հրթիռարձակումներ եւ հակադարձութիւններ, Սէուդական Արաբիոյ սահմաններէն ներս յարձակումներ, «Փէթրիըթ»-ներու գովազդներ, մինչեւ… «Արաբական գարուն» եւ Սատտամ Հուսէյնի սպանութիւնը): Տարբերակը գործադրւեցաւ Լիբիոյ մէջ եւ այլուր: Կորէան եւ Վիեթնամը, քիչ մըն ալ Աֆղանիստանն ու այլք հիմա մոռցւած են:
Իսկ եթէ յիշողութիւնները քիչ մըն ալ պեղենք, կը հասնինք 1956, երբ Սուէզի տագնապին օրերուն, նոյն Միացեալ Նահանգները հակադրւեցաւ Իսրայէլի եւ իր դաշնակիցներէն Բրիտանիոյ ու Ֆրանսայի, որպէսզի Աբդըլ Նասըրի կողմէ պետականացւած ջրանցքը անցնի եգիպտական գերիշխանութեան տակ (հոն ալ պատմութիւնը ծանօթ է):
***
…Ինչ որ «տրամաբանական» էր 1956-57 տարիներուն, հիմա կը թւի անհաւատալի ու անհաւանական: Հիմա Վաշինգտոն իր գրպանին մէջ ունի ո՛չ միայն Եգիպտոսը, Ֆրանսան, Բրիտանիան ու եւրոպացի դաշնակիցները, այլ ունի նաեւ «արդարութիւն հետապնդելու» բոլորովին այլ՝ աղճատւած վարքագիծ: Ան մէկ կողմէ զէնքի հսկայական մթերքներ կը հասցնէ ջարդարար ու ցեղասպան Իսրայէլին, իսկ միւս կողէ, բերանացի զգուշացումներ կուղղէ եւ պատւիրակներ կը ղրկէ Միջին Արեւելք, իբրեւ թէ պատերազմն ու սպանդը դադրեցնելու նախանձախնդրութեամբ: Մարդիկ չեն հասկնար, թէ որքա՛ն ծիծաղելի (եւ ողբերգականօրէն ծիծաղելի) կը դառնան, երբ նախագահ Բայդէն Նեթանիահուի մէկ ամիս պայմանաժամ կու տայ, որպէսզի կազացիներուն տրամադրւող մարդասիրական օժանդակութիւններու դէմ արգելքները վերցնէ, այլապէս կը սպառնայ… զէնք չղրկել: Այլ խօսքով, ան առնւազն մէկ ամիսով կերկարաձգէ իսրայէլեան սանձարձակութիւնները (իսկ եւրոպացի դաշնակիցները կը մնան լուռ հանդիսական եւ մեղսակից), մտածելով, որ տրւած պայմանաժամին լրումէն առաջ, իր պաշտօնավարութիւնը իրողապէս վերջ գտած պիտի ըլլայ ընտրութիւններուն ճամբով: Գիտնականները եւ մտային հաւասարակշռութիւնը պահող քաղաքական մարդիկը հիմա հարց դրած են, թէ արդեօք Բայդէն (եւ համախոհները) արդեօք իրենց երակներուն մէջ կը կրե՞ն… Ֆրանսայի Լուի 15-րդ թագաւորին արեան հետքերը: Ծանօթ է, չէ՞, որ ան 18-րդ դարու կէսերուն միջազգային ասոյթներու ցանկին վրայ արձանագրեց իր նշանաւոր՝ «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ» խօսքը… (այս խօսքին համահեղինակ կը սեպւի «հոյահամբաւ» Մադամ Փոմփատո՜ւրը…)
***
Եւ ի՜նչ «սքանչելի՜» զուգադիպութիւն: Նոյն Բայդէնը այս օրերուն Հայաստանի եւ Ադրբեջանի իշխանութեան գլուխը բազմածներուն ուղղած է նամակներ, փափաք կը յայտնէ, որ նոր թափ տան դէպի խաղաղութիւն իրենց վազքին, կը յորդորէ, որ պատրաստ ըլլան… զիջումներու: Վերոյիշեալ աղբիւները կը հաւաստեն, որ եթէ այս կոչը անտես առնւի, երեք ամիս ետք Բայդէն… ոտքերը գետին պիտի զարնէ (եղեր), ու ինքզինք պիտի արդարացնէ (եղեր) ըսելով՝ որ ինք ասկէ աւելին ի՞նչ կրնար ընել: Իսրայէլի պէս, Ադրբեջանն ալ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան, որովհետեւ ազերիները ամէն օր կը յայտարարեն, թէ հայկական կողմն է չարը, ռազմատենչը, «ռեւանշիստ»-ը:
Պէտք ունի՞նք երկար-բարակ մեկնաբանելու այս բարեմի՜տ յորդորը: Եթէ մեր յիշողութիւնը պրպտենք, պիտի տեսնենք, որ նման խրատներ յաճախ եկած են քիչ մը ամէն տեղէ, Հայաստանի վարչախումբին պետն ու մանկլաւիկները բոլորանւէր կերպով կընդառաջեն ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ զիջումի, Արցախէն մինչեւ Հայաստան ընդարձակ հողեր կու տան, պատրաստ են նոր տարածքներ յանձնելու (զիջումներու ծայրը չերեւիր, եթէ տեսնող կայ՝ թող ըսէ), իսկ Ադրբեջան ո՛չ միայն զիջումի կողմը չի նայիր, այլ իր հին ու նոր դաշնակիցներուն կռթնած՝ «տո՛ւր, աւելի՛ն տուր»-ով իր էշը առջեւ կը քշէ, այդ իշուն վրայ կրկին ու կրկին նստելու կը հրաւիրէ «ուսապարկախումբ»-ը: Նորագոյն ապացո՞յցը. այսպէս կոչւած՝ սահմանազատումի օրէնքը վաւերացնելու իշխանականներուն վազքը, մինչդեռ Ադրբեջան կը մտածէ, թէ իր ինչո՞ւն է պէտք նման համաձայնութիւն, երբ առանց անոր ալ, ինք կը խլէ այն, ուր իր ձեռքը կը հասնի, մի՛շտ դաշնակիցներուն աղաղակող կամ լուռ մեղսակցութեամբ:
***
…Հայաստանի «կոյրերու աշխարհ»-ին մէջ, միականիներուն աչքն ալ կուզեն հանել: Խե՜ղճ Արտաւազդը աշխարհէն հեռացող աշխարհակալ հօրը գանգատեր է. «Ես աւերակներու վրայ ինչպէ՞ս թագաւորեմ»: Իսկ կոյրերու վրա՞յ…