Գերիշխա՜ն Հայաստան եւ դուրսէն շարժող մատներ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ուսումնական նոր տարեշրջանի սեմին, Հայոց պատմութեան (կամ «Հայաստանի պատմութեան») դասագիրքը դարձեալ տագնապ ստեղծած է մեր հայրենիքին մէջ, ինչպէս եղած էր մօտաւորապէս տարի մը առաջ: Բանիմաց պատմագէտներ, պատմական ճշմարտութիւններու հաւատարիմ հայրենասէրներ կ’աղաղակեն, որ աշակերտներուն ձեռքը տրւող դասագիրքերը խեղաթիւրումներով հարուստ են, կը յիշեցնեն, որ համայնավարներու օրերուն ալ խեղաթիւրումներ կատարւած էին (եւ ատոր հետեւանքները կը կրենք մինչեւ այսօր):
Դասագիրքերը սրբագրելու եւ վերախմբագրելու կոչերը դարձեալ մնացին անպատասխան. կրթութեան «հանճարե՜ղ» նախարարուհին, գիրքերը պատրաստողներն ու անոնց (մգլոտած ուղեղներով) գլուխներուն տէրը մնացին անհաղորդ, շարունակեցին իրենց «էշը յառաջ քշել» (էշը ի՞նչ մեղք ունի…): Ինչպէ՞ս կարելի էր նեղացնել «արխատաշները»:
Եւ յանկարծ… կարմիր լոյս մը վառեցաւ Մոսկւայէն: Ռուսերը անճիշդ նկատեցին գործածւած բառ մը, այն՝ որ ռուսերու դէպի Կովկաս տարածման օրերուն, 1828-ին, Հայաստանը «բռնակցւած է» ռուսական կայսրութեան: Սա զուգադիպեցաւ այն պահուն, երբ Հայաստան նոր դեսպան մը կը ղրկէ Ռուսիա (անոր հակառուսի «դուխ»ն ալ՝ ուրիշ հարց): Եւ ի՞նչ պատահեցաւ: Երեւանէն ձայն մը հնչեց, թէ՝ դասագիրքը պիտի վերախմբագրւի: Տակաւին յայտնի չէ, թէ վերախմբագրումը միայն յիշեալ եզրո՞վ պիտի սահմանափակւի, թէ միւս այլանդակութիւններն ալ պիտի սրբագրւին:
…Անցեալ վերամուտի օրերուն, մենք գործնական առաջարկ մը ներկայացուցած էինք. ԱՅՐԵԼ ԽԵՂԱԹԻՒՐԵԱԼ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐԸ: Օտարները ծանօթ խօսք մը ունին. «Մէկ ուժեղ բռունցք հազար խօսք կ’արժէ»:
***
Գերիշխան, ուրիշի կամքին ենթակայ չըլլալու յոխորտանքները առաջին անգամը չէ, որ «ասֆալթին կը փռւին» արտաքին հրահանգներու ազդեցութեան տակ: Ադրբեջան պահանջեց, որ Հայաստան պէտք է նոր Սահմանադրութիւն ունենայ, անկէ դուրս բերուին մեր հայրենիքին պետական ինքնութեան ամէնէն հիմնական բաժինները, անցեալի եւ անվիճելի իրաւունքներուն, Արցախին հայկական պատկանելիութեան եւ սեփական ճակատագիրին տիրութեան արտայայտութիւնները, եւ Փաշինեան ու «երգչախումբը» հրապարակ եկան «նոր Սահմանադրութեան պէտք ունինք»ով: Հա՜, չմոռնանք, որ ազերիական պահանջէն առաջ, բառը «բառեփոխում» էր: Հարցը հոն պիտի հասնի, որ Սահմանադրութիւնը պիտի դառնայ «պարապ վախտի խաղալիք», մանաւանդ, որ փոփոխութեան առաքելութիւնը վստահւած է մեծ մասամբ… չհասկցողներու: (Բայց ինչո՞ւ մտահոգւիլ: Վաղը Էրդողանն ու Ալիեւը նախագիծ մը կը ղրկեն «ինքնիշխան» Փաշինեանին, ան ալ հպա՜րտօրէն զայն կը բերէ Ազգային ժողով, յետոյ ալ ժողովուրդը կը հրաւիրէ հանրաքւէի, եւ երկինքէն կ’իյնայ… փտած խնձոր մը):
Թուրքիա յանձնարարեց, որ Հայաստան կապը խզէ Արարատին ու պատմական ացնեալը մարմնաւորող այլ էական խորհրդանիշներու հետ: Փաշինեան յանկարծ սկսաւ դաւանիլ, թէ Արարատը Հայաստանի սահմաններուն մէջ չէ, ուրիշին կը պատկանի, մերը՝ Արագած է (տեսենք զա՞յն երբ նւէր պիտի տայ թշնամիներուն), կամ՝ Հայաստանի մէջ առիւծ չկայ (մէկը հարց չտւաւ, թէ իրենց զինանշաններուն եւ դրօշակներուն վրայ առիւծ ունեցող երկիրներէն քանի՞ն իր հողերուն վրայ առիւծ ունի, կամ իսկապէս առիւծ ունեցող երկիրներէն քանի՞ն իր դրօշակին կամ զինանշանին վրայ առիւծի պատկեր ունի):
Թուրքիա (եւ Ադրբեջան) յանկերգի վերածեցին, որ Հայաստան պէտք է ինքզինք ձերբազատէ «չար Սփիւռք»ի ազդեցութիւններէն, ազգային շահեր պաշտպանող կուսակցութիւններէն եւ խմբաւորումներէն: Փաշինեան ընդառաջե՜ց՝ յայտարարելով, որ Հայ Դատի հետապնդումը Հայաստանի իշխանութիւններուն հարցը չէ, Սփիւռքի ճիտին պարտքն է (անշուշտ ամէն մարդ տեսաւ, թէ սա մէկ այլ արտայայտութիւնն էր Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ նոր խրամատներ ստեղծելու, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրած էին համայնավարները): Այս «առաքելութիւնը» չմնաց խօսքի սահմաններուն մէջ, այլ գործի կանչւեցաւ Սփիւռքի գործակատար անունով դրածոյ մը, որ բանիւ եւ գործով ուրացաւ իր երէկը եւ տենդագին աշխատեցաւ, կը շարունակէ աշխատիլ թրքական թելադրանքներուն համաձայն՝ փաշինեանական «քաղաքականութեան» կիրարկումը: Այս վարքագիծին մէկ «ածանցեալ մասն»ն է Դաշնակցութեան եւ այլ ընդդիմադիրներու դէմ բորբոքած հալածանքները, «հայ-դատական»ներու Հայաստան մուտքի արգելքները…:
Դուրսէն եկող «հրահանգներու» ցանկը երկար է. ցանկին վրայ են Իրանէն խզումը, արեւմտեան եւ այլ հաշիւներու պատանդ դառնալը, սեփական հողի վրայ օտար պաշտօնեաներու գործի լծումը: Վերջերս, իշխանախումբը ուրիշ այլանդակութիւն մը, ինքնահակասում մը հրապարակ նետած է… ինքնակամ կերպով. Փաշինեան կը պահանջէ, որ Հայաստան եւ Ադրբեջան սահմաններուն վրայ զինադուլին հսկող միացեալ խումբեր կազմւին: Ալիեւ մինչեւ իսկ ձանձրոյթը չի կրեր ծաղրելու. «Նէ՞ օլտը եւրոպացի դիտորդներուն»:
***
Հայաստանի փաշինեանապաշտ հպա՜րտ քաղաքացիները (որոնք իրենց «հարազատները» ունին Սփիւռքի մէջ) կրնան իրենց ճակատը աւելի՛ բարձր պահել: Հպարտութեան պատճառներուն շարքին են «ընտրեալ վարչապետ» ունենալը, գերիշխանութեան «անհպելի» հռչակումը, քիչ մըն ալ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» ըլլալը (չշարունակենք): Անոնք արդեօք լսեցի՞ն ու տեսա՞ն, թէ դուրսէն եկած ազդանշան մը աւելի՛ ազդու է, քան բանիմաց հայերու՝ պատմագէտներու եւ աշխարհագրագէտներու յորդորներն ու ինքնասրբագրումի պահանջները:
Արցախի սարքովի կորուստին, Հայաստանէն պատառիկներու յանձնումին եւ նորերու «զոհաբերման» պատրաստութեան այս փաստերը եթէ բաւարար հնչեղութիւն չունին, թէ՝ մեր հայրենիքը կորուստէ կորուստ կը վազէ ՆԻՒԹԱՊԷՍ – անշուշտ առանց մոռնալու հազարաւոր նահատակները, որոնք զոհ տրւեցան, հակառակ անոր, որ Փաշինեան 2018-ին իսկ գիտէ՜ր, որ «Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի») -, մեր անկախ պետութեան գերիշխանութեան հասնող այս ու յառաջիկայ հարւածները ի՞նչ խորութեան ու սաստկութեան պէտք է հասնին, որպէսզի «ազգընտիր վարչապետ»ին համակիրները տեսնեն ու հասկնան, որ այս վարչախումբին հեռացումը անյետաձգելի հրամայական է, ուրեմն, պէտք է միանան ընդդիմադիրներուն, որոնք այլապէս պէտք չունին սպասելու սեպտեմբերեան ժամադրութիւններու:
Հայաստանի գլխավերեւին կախւած «Դամոկլեան սուր»ին թելը կը մաշի, կ’այրի՜ օր աւուր. Հայաստան չի կանգնիր այլապէս բնական համարւող իշխանափոխութեան մը հրամայականին դիմաց: Մեր երկրին շուրջ եւ աւելի հեռուները՝ պատերազմի թմբուկները օր աւուր աւելի՛ ուժգին կը հնչեն, թշմանիներուն ռազմափորձերը եւ զանոնք հովանաւորողներուն խաղերը աւելի ու աւելի՛ սպառնական կը դառնան, իսկ այս բոլորը մինչեւ իսկ ջուրի ձայն չեն իշխանախումբին ականջին, որովհետեւ անոր պետն ու «ուսապարկերը» հրապարակ նետած են նոր նշանախօսք մը՝ «կեցցէ՛ հեծանիւը»: Զանոնք իրենց այդքա՜ն սիրած հեծանիւներուն վրայ նստեցուցած՝ պէտք է անյապաղ հասցնել արգելարան ու դատարան, միաժամանակ յստակ ուղեցոյց մը կազմելով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ետդարձ կատարել մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին մեր կրած վնասներուն:
Ահաւոր կերպով դժւար բան կայ մեր առջեւ, սակայն անկարելի բառը ընդունելի չէ: ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ (որ նաեւ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ՛ պատմութիւնն է) վկայ է, որ մի՛շտ ալ յաջողած ենք անկարելին կարելի դարձնել, գործնապէս ցոյց տւած ենք, որ «նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»:
17 Օգոստոս 2024