«3+3» Շրջանային բեմահարթակ․․․
Կրկին հարթակի, կամ աւելի ճիշտ բնութագրումով՝ բեմահարթակի վրայ կարելի է դասել «3+3» ձեւաչափով հանդիպումը, որ կը համախմբէ Ռուսիան, Իրանը, Թուրքիան + Հայաստանը, Ադրբեջանն ու Վրաստանը։
Երրորդ հարթակն է, որ տեղի ունեցաւ հոկտեմբերի 18-ին, Պոլսոյ մէջ։ Առաջինը տեղի ունեցած էր Մոսկւայի մէջ, դեկտեմբերի 2021-ին, իսկ երկրորդը՝ հոկտեմբերի 2023-ին, Թեհրանի մէջ։
Կովկասեան տարածքին վրայ ազդեցութիւն ունեցող եւ գերակայութեան համար մրցակցող ու մերթ գործակցող երեք մայրաքաղաքները հիւրընկալեցին այս կլոր սեղան-տեսակցութիւնը, որ տարածաշրջանէն ներս կը նկատւի կարեւոր հանդիպում մը, յատկապէս երբ դժւարութիւններ կամ անել կացութիւններ կը ստեղծւին։
Անդրանիկ ժողովէն իսկ, հրաւիրեալներէն մէկը՝ Վրաստան կը մերժէ մասնակցութիւն բերել։ Դիտարկում եղաւ, որ Մոսկւայի ներկայութիւնը անհանդուրժելի պիտի նկատւէր Վրաստանի համար, եւ դեռ ալ կը նկատւի։
Եւ ահաւասիկ երրորդ անգամ ըլլալով՝ «3+3» ձեւաչափը ընթացաւ «3+2» դրութեամբ։
Պոլսոյ մէջ այս երրորդ հանդիպումին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շեշտեց, թէ դուռը միշտ ալ բաց պիտի մնայ Վրաստանի առջեւ, որուն ներկայութիւնը նոյնքան կարեւոր է, որքան Կովկասեան բարձրաւանդակի մասնակցող միւս երկիրները՝ Հայաստանն ու Ադրբեջանը։
Եթէ Թիֆլիս, իր կրաւորական դիրքորոշումով կրցած է կացութիւն ստեղծել կամ իր իսկ կացութիւնը փրկել, Երեւանի համար ամէն մէկ նիւթ, օրակարգ եւ նոյնիսկ առաջարկ իր առաջնահերթութիւնը ունի։
Բնականաբար Թուրքիա եւ Ադրբեջան միակամօրէն՝ ձեռք-ձեռքի, անգամ մը եւս արծարծեցին Սիւնիքի միջանցքը իրականացնելու ուղղութեամբ յստակ քայլեր առնելու որոշումն ու կիրարկումը։
Յայտարարութիւնները երկար մեկնաբանութեան չեն կարօտիր: Բացայայտօրէն թուրքակա՛ն այս ծրագիրը ներկայ փուլին հաւանաբար այդքան ալ չհետաքրքրէ Մոսկւան եւ նոյնիսկ Թեհրանը, նկատի ունենալով, որ առաջինը կլանւած է Ուկրաինայի պատերազմով, իսկ երկրորդը Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ ստեղծւած պայթուցիկ կացութեամբ։ Այլապէս, նաեւ բացայայտ է, որ անոնց հետաքրքրութիւնը առաւելաբար տնտեսական (շրջագայութիւն) եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունին, ինչ որ լիովին չի համապատասխաներ Հայաստանի շահագրգռութիւններուն (հող, գերիշխանութիւն եւ մասամբ նորին): ․․․Խօսքը կը վերաբերի Հայաստան պետութեան եւ ո՛չ թէ ծանօթ գործակատարութիւնները յանձն առած իշխանական խումբին:
Արեւմուտքն ալ ցնցւած է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող «խառնաշփոթ» կացութենէն, սակայն հոն ալ հետաքրքրութեանց կիզակէտը առայժմ ուրիշ տեղ է. Միացեալ Նահանգներու մէջ, նախագահական ընտրարշաւն է, որ աւելի հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, եւ ոչ ոք հետաքրքրւած է Միջին Արեւելք կամ Ուկրաինա ուղղարկւող ծանր ու քանդիչ ռումբերու մատակարարումով, զոհերու թիւին բազմապատկումով։
Այս ձեւաչափի ժողովին մասնակցողները եղան հիւրը նաեւ կազմակերող երկրի նախագահին, այսինք Էրդողանի, որ Ֆիդանի խօսքերը կրկնեց ու կնքեց, շեշտելով, թէ այս հարթակի երրորդ հանդիպումը նպատակ ունի Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատել համագործակցութիւն, կայունութիւն եւ խաղաղութիւն, նաեւ՝ շրջանին տէր ըլլալու ոսկի առիթ մըն է: Ան յայտնապէս ի մտի ունի Կովկասի վրայ Թուրքիոյ տիրութիւնը հաստատելու եւ տարածելու հարցը…
Երբ Հայաստանի շրջակայ տարածաշրջանին մէջ անկայունութիւնը կը հասնի գագաթէ գագաթ, այդ ի՞նչ էր ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ներդրումը։ Յստակ է, թէ հայոց բանակին նման, հայրենի դիւանագիտութիւնն ալ հող կորսնցուցած է եւ այսպիսի ձեւաչափերու դէմ մնացած է անկարող եւ ձեռնածալ, յաւելեալ մտահոգութիւններու դուռ բանալով։ Իսկ աւելի՛ մտահոգիչը այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը բարձրաճակատ կերպով կաշխատի բարեկամ-միջնորդներէ ձերբազատիլ եւ քաջալերանք կը գտնէ Թուրքիայէն ու Ադրբեջանէն։
Իրականութիւնները պարզ աչքով դիտողը գիտէ, կըմբռնէ, թէ նման ձեւաչափեր չեն կրնար փրկութիւն բերել մեր Հայաստանին, այլ արդէն յստակ է, որ Թուրքիա այս շրջագիծը ինչպէ՛ս օգտագործեց ու պիտի շարունակէ օգտագործել՝ իր դերակատարութիւնը աւելի՛ եւս զօրացնելու եւ ընդարձակելու, ի վնաս Հայաստանի եւ հայութեան իր ծրագիրները յառաջ տանելու նպատակով: Հայութեան համար անհրաժեշտ են զուգահեռ բազուկներու՝ բանակին, դիւանագիտութեան ու հայկական բոլոր կարողականութեանց, ներառեալ Սփիւռքի զօրակցութեան վերականգնումն ու հզօրացումը:
«Հայրենիք» – Բոստոն
Խմբագրական