
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Յունահայ գաղութի երիտասարդ նահապետը լման 80 տարի երիտասարդական աւիւնով ու եռանդով անխափան ծառայելէ ետք, ահա կը թեւակոխէ իր 81 տարիքին: Անոր արխիւներուն ու պահւած 80-ամեայ թիւերուն մէջ անգնահատելի հարստութիւն կայ, որ կուտակւած է մտածումի ճառագայթումներով, անհատնում աշխատանքի քրտինքով ու անչափելի զոհողութիւններով: Այդ հարստութիւնը կը պատկանի բոլորին՝ տարիներու ընթացքին «Ազատ օր»-ի յարկին տակ գործող գրաշարներուն, ցրիչներուն, հաշւապահներուն, խմբագիրներուն ու յօդւածագիրներուն, ընթերցողներուն ու նւիրատուներուն, գաղութային գործօններուն եւ յատկապէս Յունաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմիններուն եւ Հայ Կապոյտ Խաչեան վարչութիւններուն եւ անդամուհիներուն, որոնք առաջին օրէն մինչեւ այսօր, տիրոջ զգացումով տիրութիւն ըրին անոր, թեւ ու թիկունք եղան, նիւթապէս ու բարոյապէս ոչինչ խնայեցին, որ ան՝ «Ազատ օր»-ը ամէն օր լոյսին ելլէ, որպէսզի լոյս բաշխէ ընթերցողներուն, ամբողջ գաղութին: Այս մասին շատ բան գրւած է եւ նոյնքան շատ բան ըսւած է արդէն, որով աւելորդ է հոս անգամ մը եւս կրկնելու զանոնք…:
Այսուհանդերձ, աւելորդ չէ անգամ մը եւս կրկնել ու ընդգծումով շեշտել «Ազատ օր»-ի մեծագոյն ու անփոխարինելի առաքելութիւնը, որ ի՛րը եղաւ եւ թերեւս՝ միայն ի՛րը: Յունաստանի ամենէն թէժ տարիներուն, երկրորդ պատերազմէն առաջ, պատերազմին մէջ ու անկէ ետք,անօթութեան ու անգործութեան չարաշուք ժամանակներուն, երբ երկրի բոլոր քաղաքացիներու նման հայ մարդիկ եւս շւարի ու յուսահատութեան ճիրաններուն տրւած՝ տագնապալի ներկայի ու անորոշ ապագայի մղձաւանջին մէջ՝ ղեկը կորսնցուցած նաւու նման չէին գիտեր ի՞նչ ընեն, ո՞ր կողմը դառնան եւ կամակոր կը տարուբերէին կեանքի յորձանուտին մէջ, ահա այդ տարիներէն «Ազատ օր»-ը հայ մարդոց համար եղաւ առաջնորդող կողմնացոյցը ու այնուհետեւ ալ մնաց իբրեւ այդպիսին: Աւելին. մինչեւ վերջ, մինչեւ մեր օրերը ան հանդիսացաւ գլխաւոր կռւանը, որ գէթ գիտակցական մակարդակի վրայ իրարու միացուց յունահայ ազգայինները եւ զանոնք բոլորեց ազգային ու քաղաքական նպատակներուն շուրջ:
Մինչեւ հիմա առարկայական քննարկում չէ կատարւած եւ չէ եզրակացւած, թէ յունահայ գաղութը այսօր ի՞նչ պատկեր պիտի ներկայացնէր արդեօք, եթէ «Ազատ օր» չունենար…:
Հիմա սակայն, «Ազատ օր»-ը չունի այլեւս իր նախկին փայլը: Պատճառը ծանօթ է: Ճարտարագիտութեան (թեկնոլոժի) անկասելի զարգացումներու հետ չկրցան մրցիլ նոյնիսկ տիտանեան դրամագլուխ եւ մեծահռչակ հեղինակութիւն ունեցող գրաւոր մամուլի աշխարհի բոլոր միաւորները: Անոնք ալ կորսնցուցին երբեմնի իրենց փայլը եւ անշքացան, գրեթէ հոգեվարքի մատնւելով: Այնպէս, որ տարբեր ճակատագիր չէր սպասւէր նաեւ «Ազատ օր»-ին համար:
Բայց կը սպասւի եւ կակնկալւի, որ «Ազատ օր» հաստատութիւնը ընէ այնպէս, որ ներկայ ճարտարագիտութեան (թեկնոլոժիի) ընձեռած հնարաւորութիւններէն օգտւելով վերստանձնէ գաղութի երիտասարդներն ու ազգայինները գէթ գիտակցական մակարդակի վրայ իրարու միացնողի այնքան կարեւոր ու անյետաձգելի առաքելութիւնը, որպէսզի ըստ առաջնոյն կարենայ զանոնք բոլորել ազգային ու քաղաքական նպատակներու շուրջ։
Թէ ինչպէ՞ս: Հարց մըն է, որ անհրաժեշտ է դնել սեղանի վրայ ու քննել իբրեւ անյետաձգելի օրակարգ:
Նոր ուղիներ ակօսելու յանձնառութեամբ
«Ազատ օր»-ի 81-ամեակի սեմի թեւակոխումը անխուսափելի խորհրդածութիւններու պարտաւորութեան մէջ կը դնէ թերթիս վարչական պատասխանատուները եւ պաշտօնէութիւնը։
Խօսքը անգամ մը եւս կը ծանրանայ սփիւռքահայ մամուլի դերակատարութեան ու անոր գոյատեւման մարտահրաւէրներուն վրայ։ Սփիւռքահայ մամուլը կը շարունակէ հանդիսանալ ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւոր խարիսխ, նաեւ՝ ընդարձակ հարթակ, ուր ձեւաւորւած են սփիւռքահայ մարդու աշխարհայեացքը, քաղաքական կողմնորոշումները եւ ազգային-հասարակական գիտակցութիւնը։
Գաղափարական անշեղ ուղիի ու ժողովրդային յենարան վայելող իր բազմակողմանի հանգամանքներուն մէջ ճամբայ կտրած՝ յունահայ գաղութի սիրւած ու փնտռւած օրաթերթը՝ «Ազատ օր»-ը, այսօր դէմ յանդիման կը գտնւի տարբեր առաջադրանքներու, որոնք կապ ունին անոր գոյատեւման, այլեւ՝ նպատակի ու նշանակութեան վերահաստատման հետ։ Որպէս սփիւռքահայ մամուլի ընտանիքին մէկ մասնիկը, թերթի ապագան կը պահանջէ ոչ միայն յարմարում նոր ըմբռնումներուն, այլեւ մտածողութեան ու ստեղծագործական յառաջդիմութեան տարբեր մօտեցումներ։ Պարզ բնորոշումով, թերթը ինչպէս կարելի է մնայ համապատասխան՝ սփիւռքի մէջ ձեւաւորւող ժամանակակից պահանջներուն, չկորսնցնելով իր ինքնութիւնը։
– Հիմնական առաջնահերթութիւնը կը հանդիսանայ հայոց լեզուն, որ յատկապէս սփիւռքի մէջ պէտք է դիտւի ոչ միայն իբրեւ ժառանգութիւն, այլ որպէս ստեղծագործական միջոց։ Ապագայ սերունդներուն համար հայերէնով գրելը պէտք է դառնայ ինքնադրսեւորման արդիական ձեւ, թօթափելով անոր բեռ ըլլալու բարդոյթը, որ կը յատկանշէ նորահաս սերունդները։ Մամուլը պէտք է խրախուսէ գրական նոր ոճ, լրագրողական նոր ձեւաչափեր, որոնք հայերէնը անցեալի արձագանգ դարձնելու փոխարէն, պիտի արժեւորեն որպէս ապագայի ստեղծագործ լեզու։
– Էական այս առաջադրանքին շուրջ կարելի է կառուցել մամուլին վերապահւած ապագան՝ երիտասարդութեան ներգրաւումով արդի արհեստագիտական միջոցներուն, թւայնացման եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ, որոնք անխուսափելիօրէն մաս պիտի կազմեն անհատական եւ հանրային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն։ Երիտասարդ սերունդը նախընտրութիւնը կու տայ կարճ, արագ եւ տեսողական բովանդակութեան։
Մեր թերթն ալ պէտք է յարմարի թւային նոր իրականութեան՝ առանց զրկւելու իր բովանդակային խորութենէն եւ քննական-վերլուծական տեսակէտ արտայայտելու կարողականութենէն։
– Մեր առջեւ ունենալով մամուլին հանդէպ գաղութային դասական ընբռնումները շրջափոխելու անհրաժեշտութիւնը, պէտք է մտածել թէ ինչպէս կարելի է ընթերցողներուն ներկայացուցած նիւթերու կրաւորական սպառումը վերափոխել մասնակցային մշակոյթի։ Ընթերցողները պէտք չէ միայն սպառեն լրատւութիւն կամ կարծիք, այլեւ դառնան տեսակէտ արտայայտող հեղինակներ։ Թւային մամուլը կրնայ դառնալ մասնակցային միջոց, ուր հայ անհատը իր ձայնը պիտի արտայայտէ՝ կիսելով իր փորձառութիւնը, մտահոգութիւններն ու յոյսերը ազգային ու գաղութային գետնի վրայ, ստեղծելով երկխօսութեան նոր որակ։
«Ազատ օր»-ի ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ մամուլի ապագան կախւած է նորարարութեան յարմարելու ընդունակութենէն։ Բազմաթիւ մարտահրաւէրներու եւ մամուլին վրայ սպառնացող վտանգներուն դիմաց, նոր ուղիներ ստեղծելու հրամայականը կը պահանջէ թերթի պատասխանատուներուն եւ ընթերցողներուն միջեւ գործնապաշտ հարթակներու ձեւաւորումը, անմիջական ներգրաւումի հնարաւորութեամբ։
Յունահայ ապագայ սերունդներու ուղիին ակօսը մնալու գիտակցութեան մէջ կամփոփւի «Ազատ օր»-ի ստեղծած ազգային, քաղաքական, գաղափարական եւ հասարարակական հոգեմտաւոր աւանդը պահելու հաւաքական յանձնառութիւնը։
Ազատ Օր