ՀՅԴ Մամուլ

«Ազդակ»-ի խմբագրականը. Սումգայիթէն Արցախ՝ անցնելով Պուտափեշտէն

19 փետրւարի 2004-ին Պուտափեշտի մէջ ՆԱՏՕ-ի ռազմափորձի շրջանակներուն մէջ, ադրբեջանցի զինւորին կողմէ դաւադրաբար կացինահար կը սպանւէր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Կը կանխւէր ոճրագործին երկրորդ սպանութիւնը հայ երկրորդ սպայի մը:

Որոշ ժամանակ բանտարկւելէ ետք ադրբեջանցի ոճրագործը գործարքային պայմաններով կը յանձնւէր Ադրբեջանի իշխանութիւններուն՝ պատիժը Բաքւի մէջ շարունակելու սին խոստումներով: Ոճրագործը շատ արագ Բաքւի մէջ ազգային հերոսի կոչում կը ստանար եւ գնդապետի պաշտօնի շնորհում կը ստանար:

Կացինահարումի արարքին եւ գործարքային արտայանձնումի գործողութեան պատասխանատւութեան բաժին կայ ինչպէս ՆԱՏՕ-ի, այնպէս նաեւ Պուտափեշտի համապատասխան գերատեսչութիւններուն: ՆԱՏՕ-ի պատասխանատուները առնւազն պիտի առկախէին Ադրբեջանի մասնակցութիւնը ՆԱՏՕ-ի ռազմափորձերուն կամ ծրագիրներուն: Սաֆարովը ի վերջոյ անձնական մասնակցութիւն չէ, որ բերած էր այդ ռազմափորձերուն: Իսկ Ադրբեջանի զինեալ ուժերը կա՛մ հոգեկան առողջութեան համապատասխան քննութենէ չեն անցներ իրենց զինւորները, կա՛մ ալ այնպիսի դաստիարակութիւն կը փոխանցեն, որ կը ձեւաւորւին հայատեաց Սաֆարովներ: ՆԱՏՕ-ը համապատասխան միջոցներուն չէ դիմած նման յանցագործութեամբ հանդէս եկած Բաքւին նկատմամբ:

Պարզ է, որ Պուտափեշտը գումարային գործարքներու շրջանակներուն մէջ քաջ գիտնալով ոճրագործին հերոսացումի գործողութեան նպատակը, արտայանձնած է յանցագործը: Հունգարիան Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւն է. Հունգարիոյ կնքած գործարքին համապատասխան գնահատական չէ տւած նաեւ Եւրոպական Միութիւնը: Յայտարարութիւնները, կոչերն ու բանաձեւերը հիմնական քայլեր չեն յանցագործութեան դատապարտումի եւ մանաւանդ իրաւական պատասխան ապահովելու ուղղութեամբ: Պուտափեշտի հետ Երեւանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու առկախումը որեւէ գործնական հետեւանք չէ գրանցած: Այսօր այդ խնդիրը արդէն շրջանցւած է ընդհանրապէս: Մինչ այդ Հունգարիան վեթոյի իրաւունքով կը սպառնար եւ զայն կօգտագործէր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Եւրոպական Միութեան ծրագիրներու ընթացք տալու քննարկումներուն:

Սաֆարովի հերոսացումը ադրբեջանցի ներքին լսարանին բաւարարութիւն ապահովելու, վարկանիշի առաւելներ ձեռք ձգելու նպատակները կը հետապնդեն: Միաժամանակ՝ Սաֆարովին օրինակը վարակիչ դարձնելու ուղերձ կը փոխանցեն:

Այս բոլորէն ետք, Ադրբեջանի ղեկավարը Նիւրեմբերգի եւ նացիներու հետ համեմատութիւն կը կատարէ Բաքւի մէջ ապօրինաբար պահւող Արցախի ղեկավարութեան: Պարտադրելէ ետք, որ Երեւանը իր դատական հայցերը չեղարկէ միջազգային ատեաններու մօտ, փոխանակելէ եւ փրկելէ ետք Երեւան պահւած օտար վարձկան ահաբեկիչները, որոնք հաւաքագրւած էին Ադրբեջանի կողմէ, հիմա նման յոխորտանքներով հանդէս կու գայ:

Սաֆարովէն մինչեւ վարձկան ահաբեկիչներ Բաքուն հաւատարիմ կը մնայ իր ահաբեկչական հանգամանքով պետութիւն կառուցելու քաղաքականութեան: Սումգայիթէն մինչեւ Արցախ՝ անցնելով Պուտափեշտէն, նոյն վարքագիծը կը շարունակւի այս անգամ յանցագործութիւնները հայկական կողմին վրայ բարդելով:

Երեւանը յայտնաբար ի վիճակի չէ եւ մտադիր ալ չէ այս խնդիրները միջազգայնացնելու: Սփիւռքահայ քաղաքական գործօնը այս շեշտադրումները միջազգային բեմերուն վրայ հնչեղութիւն ապահովելու հրամայականին առջեւ է: Ադրբեջանը հարուստ թղթածրար ունի այս առումով:

Հիմա պատանդառւած Արցախի դէմքերը Բաքւի կողմէ լիարժէք կօգտագործւին սաֆարովներու կացինահարումները, Սումգայիթեան արարքները, Թալիշի ամէնէն անմարդկային բռնութիւնները արդարացնելու, վարձկան ահաբեկիչներու ազատ արձակումը ապահովելու եւ այս բոլորին դիմաց Արցախի պետական համակարգի ներկայացուցիչները իբրեւ թէ Նիւրեմբերգի ենթարկելու:

Դահիճէն զոհի վերափոխման այս քաղաքականութեան դիմաց Երեւանի պարտադիր կամ որոշւած լռութիւնը թափ կը հաղորդէ ադրբեջանական սանձարձակութեան: Սփիւռքը Ադրբեջանի ռազմական յանցագործութիւնները միջազգայնացնելու օրակարգը ձեւակերպելու եւ անոր ընդառաջ աշխատելու հրամայականին առջեւ է: Արցախի էջը փակւած չէ՛. նաեւ՝ այս առումով:

Related Articles

Back to top button