Հայաստան - ԱրցախՀՅԴ Մամուլ

Ակնարկ. Արցախի Ազգային ժողովի շէնքի կազմաքանդումի ետին

Բաքւի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի Ազգային ժողովի շէնքի կազմաքանդումի փաստը անմիջականօրէն չարժանացաւ միջազգային արձագանգի: Մինչ հոգեւոր մշակութային կոթողներու, խաչքարերու քանդման կամ եկեղեցիներու կառուցափոխման կամ մզկիթի վերածման գործողութիւններու դիմաց միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններէ մեղադրական կամ կանխազգուշացման առումով համեմատաբար հակազդեցութիւններ կը գրանցւին:

Նախ պէտք է արձանագրել, որ Ազգային ժողովի շէնքի պարագան պէտք չէ դիտարկել հոգեւոր-մշակութային կոթողներու քանդումի շարքին մէջ: Այս պարագային պետական հաստատութիւններու ամենէն խորհրդանշային իմաստ ունեցող այս կառոյցի կազմաքանդումը այլ նպատակներ կը հետապնդէ:

Արցախի ամբողջական հայաթափումով, բռնագրաւումով եւ հոգեւոր մշակութային հետքերու բնաջնջումով չաւարտիր Ադրբեջանի կիրարկած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւն ունեցած ըլլալու ամէն առարկայական փաստ թիրախ է Բաքւի իշխանութիւններուն: Պետական համապատասխան շէնքային կառոյցներ ուրեմն, եւ առաջին հերթին՝ Ազգային ժողովը, պէտք է վերանան, որպէսզի նոյնիսկ անցեալ կատարեալի իմաստով չյիշատակւին անոնք: Հաւաքական յիշողութեան ջնջումի համապատասխան քաղաքականութիւն կը կիրարկէ Բաքուն. նորացւած ժխտողականութիւն:

Այս գործողութիւնները պիտի շարունակւին: Յայտնաբար միջազգային հանրութեան եւ անոր քաղաքակրթական ժառանգութեան պահպանման համապատասխան կազմակերպութիւններուն հանդիսատեսութեամբ:

Դատապարտանքներ կրնան հնչել նաեւ այս առումով: Սակայն անոնք չեն կրնար որեւէ ազդեցութիւն ունենալ Բաքւի որոշած քաղաքականութեան վրայ: Այս ժխտողականութիւնը փաստօրէն հայաթափման, ցեղային զտման, հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան վերացման եւ ցեղասպանական նման գործողութիւնները կը համալրէ՝ հաւաքական յիշողութեան չէզոքացման նպատակով:

Պետական հաստատութիւններու առաջնային թիրախ յայտնւելու այս իրականութիւնը կը մատնէ որոշ քաղաքականութիւն: Խնդիրը չի սահմանափակւիր հաւաքական յիշողութեան ջնջումով կամ հանրապետութիւն գոյութիւն ունեցած ըլլալու ժխտումով:

Բաքուն այս ձեւով ուղերձ կը յղէ Արցախի վտարանդի դարձած պետութեան՝ իր գործառոյթներու շարունակումը կասեցնելու: Ուղերձը նաեւ Երեւանին է, որ արդէն իսկ այս առումով ոչ միայն աջակցութիւն չի ցուցաբերեր, այլ նաեւ պարզ կը դարձնէ, որ Արցախի պետական հաստատութիւններու գործունէութեան շարունակումը սպառնալիք է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան:

Բաքուն կը գիտակցի, որ շէնքերու քանդումը չի կրնար կասեցնել Արցախի Հանրապետութեան տեղահանւած աւագանիին եւ անոնց ղեկավարած կառոյցներուն գործունէութիւնը: Շէնքերու քանդումին պիտի հետեւի ուրեմն այդ կառոյցներու գործունէութեան արգելակումի պահանջը: Ամենայն հաւանականութեամբ նախապայմանային քաղաքականութեան նոր կէտը:

Ասիկա կանխարգիլումն է Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրականացման: Անվտանգութեան նոր երաշխաւորակազմով պայմանաւորւած հաւաքական վերադարձի պարագային, գործընթացը հիմնականին մէջ պիտի ղեկավարեն իրենց գործունէութիւնը շարունակող Արցախի գերատեսչութիւնները:

Եւ եթէ միջազգային ընտանիքը պիտի առաջադրէ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի յարգումը, տեղահանւած ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ պիտի վարէ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ: Բռնատեղահանւածները ունին ընտրւած ներկայացուցիչներ. առաջին հերթին Ազգային ժողովի կազմը:

Այս հաշւարկները Բաքւի համար անհանգստացնող են: Ալիեւի վարչակարգը կը գիտակցի, որ միջազգային տարբեր շրջանակներու դէմ առաջ կը մղւի Ադրբեջանի դէմ լայնածաւալ արշաւ: Ալիեւի հաստատումով՝ «Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումէն ետք եւրոպական շարք մը կառոյցներ լայնածաւալ արշաւ սկսած են Բաքւի դէմ… Այս քարոզարշաւը կը տարւի նաեւ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ, ինչ որ անընդունելի է»:

Տարբեր խնդիր է անշուշտ այն, որ Ադրբեջանի դէմ այդ արշաւը յայտարարողական եւ բանաձեւային հարթութեան վրայ կը սահմանափակւի: Մինչ, բոլոր ուղղութիւններով բնաջնջումի քաղաքականութիւնը կիրականանայ նոյն այդ կառոյցներու սոսկ դատապարտման արձագանգներուն դիմաց:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button