ՀՅԴ Մամուլ

Բաքւի անդրդւելի եւ կտրուկ «ո՛չ»-ը

Սպասելի է Բաքւի հետեւողական մերժումը՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան առնչութեամբ։

Այս կտրուկ «ո՛չ»-ը հետզհետէ աւելի ուժեղ հնչումով հրապարակ կը նետւի Ալիեւի վարչամեքենային բանբերներուն կողմէ, մանաւանդ որ դիմացը գոյութիւն չունի իմաստուն եւ գործօն քաղաքականութիւն, գործնական հայրենապաշտպանութիւն։

Ամէն քայլափոխի, Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ այլ պաշտօնական «բերաններ» թութակի նման կը կրկնեն աւրւած ձայնապնակ յիշեցնող պահանջները, թէ՝ այնքան ատեն, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած եւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը չէ բացւած, ո՛չ մէկ խաղաղութեան պայմանագիր ընդունելի կը նկատւի։ Իսկ Երեւանի վարիչները յիմար տգէտի յամառութեամբ կը հաւաստեն, որ համաձայնագիրը գրեթէ ամբողջութեամբ… համաձայնեցւած է:

Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հաջիզադէ դարձեալ շեշտեց, թէ «Համաձայնագրի նախագիծը ստորագրելու համար, առաջին հերթին, Հայաստանը պէտք է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ, որպէսզի յստակ ըլլայ, թէ մեր երկրին նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի։ Իսկ չնայած որ Հայաստան տեղեակ է իր գրաւոր եւ ստորագրւած պարտաւորութիւններուն՝ Ադրբեջանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան կապող հաղորդակցութիւններու բացման վերաբերեալ, վերջին չորս տարիներուն որեւէ բան չէ կատարած»: Երեւանի վարիչները կը պնդեն թէ նման խոստում չեն տւած ու կը կարծեն, թէ հակադարձած կըլլան, եթէ յայտարարեն, որ Ադրբեջանի Սահմանադրութիւնն ալ փոփոխելի կէտեր ունի: Նման խորութեամբ հակասութիւն աչքի առջեւ ունենալով, ի՜նչ խօսք՝ համաձայնագիրին 70-80 կամ այլ թիւերով համեմատութեամբ վերջնականացած ըլլալու մասին:

Յստակ է Սահմանադրութեան շուրջ ստեղծւած թնճուկը, որ կը սեղմւի Բաքւի աչքին պարզ ու մէկին նախադասութեան մը մէջ, այսինքն՝ «Հայաստանի եւ Արցախի միացում» ջնջումը, սակայն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն համար, այս «Փանտորայի տուփ»-ը կարելի չէ շտապօրէն բանալ։ «Ազգընտիր» վարչապետը բազմիցս փորձեց այդ «տուփ»-ը բանալու նիւթը արծարծել, միշտ ալ բարեփոխութիւն ստեղծելու, ներկայ պայմաններուն նոր դրութիւններ կերտելու մտայղացումով։ Անոր վերջին դարձդարձիկ յայտարարութիւններէն մէկը այն էր, թէ Երեւան պատրաստ է ճանապարհ տրամադրել Ադրբեջանին՝ Նախիջեւանի հետ կապի համար, առանց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը կասկածի տակ դնելու: Թէ ինչպէ՞ս ամբողջութիւնն ու սահմաններուն անխախտելիութիւնը կասկածի տակ չեն դրւիր, այդ ալ անկասկած շինծու եւ խաբեպատիր հաստատում մըն է, ինչպէս բոլոր սուտերն ու պատրանային հաւաստիքները: Սահմաններու պաշտպանութեան «գիւտերը» մտաբերելով, կրնանք հարց տալ. արդեօք հո՞ն ալ խիտ ծառուղիներով միջանցքի մը մասին է խօսքը, ինչպէս փորձեց իր նորագոյն նահանջները արդարացնել Կիրանցի սահմանամերձ դպրոցին բացման առթիւ։

Փաշինեան «երգչախումբ»-ին ղեկավարն է, սակայն միակ «մենակատարը» չէ, ունի բազմաթիւ ՔՊ-ական ձայնակիցներ: Օրինակի համար, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան վերջերս, ամենա՜յն «անկեղծութեամբ», ճակատաբաց, անձնական համոզումով եւ ամէն մարդ ու բան արհամարհողի իր իւրայատուկ ոճով յայտարարեց, թէ Արցախը Հայաստանին եւ հայութեան չի պատկանիր, այսպիսով յաւելեալ կարագ եւ քաղցրաւենի քսելով ազերիներու հացին։ ՔՊ-ականները շուտով պիտի «տօնեն» տարեդարձը այն փաստաթուղթին, որուն տակ իր ստորագրութիւնը դրած է իրենց պետը, երբ «աննախադէպ նւաճում» մը արձանագրեց՝ Արցախը ճանչնալով իբրեւ Ադրբեջանի մէկ մասը:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ, իբրեւ «երգչախումբ»-ին երրորդ «մենակատար»-ը՝ իր հպանցիկ եւ խուսափողական կեցւածքով, կը շարունակէ հետեւողկանօրէն եւ բծախնդրութեամբ (չ)պատասխանել կամ (չ)անդրադառնալ Բաքւի արձակած մեղադրանքներուն։ Իսկ երբ կը պատասխանէ, «խաղաղասէր»-ի ձեւականութենէ անդին չանցնիր, Բաքւի հասցէին մեղադրանքներ չեն հնչեր…

Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը, թէ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին «ամբողջութեամբ համաձայնեցւած» բանաձեւը կարելի է շուտով ստորագրել: Յայտարարութիւնը կը շեշտէ. «Դրանք կա՛մ յօդւածներ են, որոնք նախկինում ամբողջապէս են համաձայնեցւել, կա՛մ այլ յօդւածների համաձայնեցւած մասեր», աւելցնելով եւ եզրակացնելով, թէ փաստացիօրէն, ամբողջ բովանդակութիւնը ծայրէ ծայր համաձայնեցւած է։ Պէտք ունի՞նք կրկնելու, թէ այս մարդիկը ո՛չ միայն իրենք զիրենք կը խաբեն, այլ մեր ժողովուրդը, Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իսկ եթէ «համաձայնագիրը պատրաստ է» ըսելով՝ կը հասկցնեն, թէ Ադրբեջանի վերոյիշեալ պահանջներուն բաւարարութիւն պիտի տան, ատիկա արդէն մեր ազգային ողբերգութեան մէկ նոր էջը պիտի ըլլայ…

Նոյիսկ Իրանը յայտնապէս ՔՊ-ականն «գիտուններէն» աւելի լաւ կը հասկնայ, թէ անոնց ըսածը՝ տարածքի ամբողջականութեան պահպանում չէ։

Ամերիկացի հռչակաւոր գրագէտ Մարք Թուէյն (1835-1910) ըսած է․ «Հայրենասիրութիւնը՝ շարունակաբար երկրիդ սատար կանգնիլն է, իսկ կառավարութեանդ՝ երբ արժանի է» (Patriotism is supporting your country all the time, and your government when it deserves it)։

Երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր այս իմաստուն խօսքերը։ Հոս յստակօրէն կերեւի, թէ երկիր-պետութիւն եւ կառավարութիւն նոյն բաները չեն, ինչպէս կը փորձեն քարոզել ՔՊ-ականներն ու իրենց կոյր սիրահարները, ըսենք նաեւ՝ շահակիցները: Հետեւաբար, այս ՔՊ-ական խմբակը որքա՛ն շուտ հեռանայ, այդքան աւելի հնարաւոր կըլլայ փրկել ՄՆԱՑՈՐԴԱՑը։

«Հայրենիք»  Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button