Ազատագրական պայքարի ջահակիրը պէտք է ըլլայ մեր երիտասարդութիւնը
Յունուարի 16-ին «Հորիզոն»-ի խմբագրատուն այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր–Գէորգեանը։ «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին Յովսէփ Տէր–Գէորգեան անդրադրձաւ ՀՅԴ երիտասարդականի բազմաբեւեռ աշխատանքներուն։
Ստորեւ հարցազրոյցը.
«Հորիզոն»– ՀՅԴ կազմակերպութեան երիտասարդական կառոյցի առաքելութիւնը կը համակարգեն ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական խորհուրդն ու երիտասարդական գրասենեակը։ Ի՞նչ են խորհուրդի առաջիկայ ուղենիշերն ու գործելադաշտը։
Յովսէփ Տէր-Գէորգեան- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը այն գործադիր մարմինն է, որ կ՛իրագործէ երիտասարդական խորհուրդի ռազմավարութիւնը: Վերջին քանի մը տարիներուն նպատակաուղղւած կերպով կը պատրաստւին այդ ռազմավարութիւնը ի գործ դնելու ծրագիրները: Նախ խորհուրդը կը պատրաստէ զանոնք, ապա կը ղրկէ շրջաններուն, եւ շրջանները իրենց կարծիքը կը յայտնեն:
Նշեմ, որ անցեալ տարի Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին մենք ներկայացուցինք մեր ուղեգիծը, որ անշուշտ հիմնւած է կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքականութեան, Ընդհանուր ժողովներուն նպատակներուն եւ որոշումներուն վրայ: Ապա երիտասարդութեան կողմէ փոխանցւած կարծիքները, մօտեցումներն ու բարեփոխութեան առաջարկները նկատի առնւեցան: Այսինքն մեր ծրագիրները գրասենեակներու մէջ չեն որ կը պատրաստւին ու կը ղրկւին երիտասարդներուն՝ առ ի գործադրութիւն, ընդհակառակը, մենք երիտասարդներուն հետ համախորհուրդ կը փորձենք մեր ռազմավարական ուղեգիծը այժմէականացնել եւ բարեփոխումներու ենթարկել, եթէ հարկ կայ: Այսպիսով մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որ մեր հայեցակարգը հասանելի ըլլայ երիտասարդներուն: Այս մէկը բնականաբար հետեւողական աշխատանք կ՛ենթադրէ, հաղորդակցութեան առումով՝ հասանելիութիւն ու մատչելիութիւն:
Ըսեմ նաեւ, որ այդ ռազմավարական ուղղութիւնները նպատակաուղղւած ծրագիրներով կը մարմնաւորւին, հետեւաբար մենք վերջին շրջանին պատրաստած ենք KPI-ներ (key performance indicator, ծրագրային ցուցանիշեր), որով որոշած ենք մեր ռազմավարական նպատակները՝ թէ ո՛ւր ենք այսօր եւ ո՛ւր կ՛ուզենք հասնիլ մի քանի տարի ետք: Այս ծրագրային ցուցանիշերով մենք կարելիութիւնը կ՛ունենանք չափորոշիչներով արժեւորելու մեր տարած գործունէութիւնը, եւ ըստ այնմ մշակելու մեր հետագայ ծրագիրներն ու գործունէութիւնը:
Այսօրւան մեր հիմնախնդիրները Արցախի հարցն է, Սիւնիքի մէջ մեր կառոյցի հզօրացումն է, Սփիւռքի մեր կառոյցները զօրացնելն է, այդպիսով հասանելի ըլլալու Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան, հեռու մնալով ինքնամփոփ ու յաճախակիօրէն կրկնւող ծրագիրներէ, եւ փոխարինելով զանոնք նորարար նախագիծերով:
Հ.- 2020 թւականէն ետք, յետ–պատերազմեան շրջանին, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի «Վերելք» ծրագրով Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ երիտասարդութեան աջակցելու նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակւեցաւ։ Սակայն 2022 թւականի Սեպտեմբերեան իրադարձութիւններէն ետք անորոշ կը մնայ ծրագրի ապագան։ Ի՞նչ աշխատանք կը տարւի այս ուղղութեամբ։
Յ.Տ.Գ.- «Վերելք»-ը նորարար եւ շատ յաջող ծրագիր էր, թոյլ տւաւ գործնական առումով օգտակար դառնալու Արցախի եւ Սիւնիքի երիտասարդութեան, նաեւ թոյլ տւաւ մասնագիտական եւ միութենական մօտեցումները ի մի բերելով աշխատանքի վերածելու: Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ իրականացան յաջող ծրագիրներ, եւ երիտասարդներ այնտեղ հիմնեցին իրենց գործընկերութիւնները: Նպատակը այդ երիտասարդները Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ հաստատելն էր: Արցախի դէպքերը պատճառ դարձան անոնց կասեցման, բայց ոմանք վերադարձած են Հայաստան եւ հոն նոյն աշխատանքը կը շարունակեն. օրինակի համար «ՄՈՄ» գործընկերութիւնը արցախեան բոյրերով Արցախի մէջ պատրաստւած մոմեր կը վաճառէ, իսկ «Buy for Artsakh»ը՝ արցախեան արտադրութիւններ: Սիւնիքի մէջ եւս լաւ գործընկերութիւններ հիմնւեցան, ինչպէս՝ գիւղերուն դեղորայք բաժնող ընկերութիւնը:
Յայտնեմ, որ 2024-ին, առաջիկայ օրերուն պիտի մեկնարկւի «Վերելք 3»-ը, որ կը միտի արցախցի երիտասարդութեան համար մասնագիտական դասընթացներ կազմակերպել, որմէ ետք յատուկ արժեւորում մը կատարելով մասնակից երիտասարդութեան գործի առիթներ ընծայել:
Կարեւորութեամբ կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ, որ մենք պատրաստ ենք այս երիտասարդները ընդունող ընկերութիւններուն տրամադրել երիտասարդներուն մէկ տարւան աշխատավարձերէն բաժին մը, որպէսզի արցախցի երիտասարդը ընկերութեան համար տնտեսական բեռ չնկատւի: Շուտով Երեւանի մէջ մեկնարկը պիտի կատարւի այս «Վերելք-3» ծրագրին, որմէ քանի մը ամիս ետք կը փափագինք անցնիլ շրջանները՝ Գիւմրի եւ այլուր:
Այսպիսով նկատառելի կը դառնայ, որ «Վերելք»-ը հետեւողական ծրագրի վերածւելով նեցուկ կը կանգնի մեր երիտասարդութեան: Հոս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ՀՕՄ-ին, որ տեւաբար կ՛օժանդակէ մեր այս ծրագրին, նաեւ մեր երիտասարդական միութիւններուն, որոնք իրենց ձեռնարկներէն գոյացած գումարներէն մաս մը կը յատկացնեն այս ծրագրին:
Հ.- Միջազգային քաղաքական բեմի վրայ ներկայութիւն է ՀՅԴ Երիտասարդական կառոյցը։ Անցնող տարիներուն եւ ներկայիս ի՞նչ աշխատանքներ տարած է այդ ուղղութեամբ եւ ընդհանրապէս ի՞նչ են ընկերվար միջազգայնականի կառոյցէն ներս ՀՅԴ Երիտասարդականի յարաբերութիւնները:
Յ.Տ.Գ.- Մենք հիմնականօրէն երեք կազմակերպութիւններու անդամ ենք. մէկը IUSY-ն է (International Union of Socialist Youth, Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւն՝ ԸԵՄՄ), երկրորդը YES-ն է (Young European Socialists), որ եւրոպական ընկերվար երիտասարդական միութիւններու համախմբումն է, իսկ երրորդը՝ Falcons-ը, որ առաւելաբար պատանիներու իրաւունքներով կը զբաղի: Յատկապէս 2015-էն ի վեր այս կազմակերպութիւններուն միջոցաւ հետեւողական աշխատանք կը տանինք, որոնք բարեբախտաբար յաջողութեամբ պսակւեցան: Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ IUSY-ի համագումարը, ինչպէս նաեւ մենք ունեցանք երկու փոխ նախագահներ. IUSY-ի այսօրւան փոխ նախագահը ընկհ. Սարին Աբրահամեանն է: Հայաստանի մէջ կազմակերպեցինք նաեւ սեւծովեան տարածաշրջանի ժողովը եւ աշխատանք կը տանինք, որ Արցախի գծով այդ երկու կազմակերպութիւնները միշտ համահունչ ըլլան մեր կեցւածքներուն եւ կրնամ ըսել, որ յաջողեցանք, որովհետեւ բազմաթիւ բանաձեւեր քւէարկւած եւ որդեգրւած են, անոնք նաեւ ճանչցած էին Արցախի անկախութիւնը:
2023-ի վերջաւորութեան թուրքական CHP հանրապետական կուսակցութիւնը փորձեց լիիրաւ անդամ դառնալ YES-ի, հարցում ուղղւեցաւ իրենց, թէ արդեօք կը ճանչնա՞ն Հայոց Ցեղասպանութիւնը կամ թէ ի՞նչ է իրենց կարծիքը Արցախի հարցով, եւ անոնց պատասխաններուն յստակ ու կտրական չըլլալուն պատճառաւ՝ չընդունւեցաւ իրենց անդամակցութիւնը: Այսպիսով մենք հոն հայութեան շահերը կը պաշտպանենք եւ առաջիկայ հանգրւանին կը միտինք այլ կազմակերպութիւններու եւս միանալ. նման աշխատանք տանելով մեր երիտասարդները փորձառութիւն ձեռք կը բերեն եւ հետագային կը ծառայեն Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Հ.– ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան անդամներ, վերջին գոյամարտին ընթացքին իրենց կեանքը նւիրաբերեցին Արցախին ու հայրենիքին։ Այսօր ի՞նչ կացութիւն կը պարզէ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութիւնը։
Յ.Տ.Գ.- Պատերազմէն ետք Արցախի Երիտասարդական միութիւնը շատ դժւար կացութեան մէջ յայտնւեցաւ, բայց համահայկական ցանցին թէ՛ նիւթական, թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ մարդուժին աջակցութեամբ կարելի եղաւ զայն վերականգնել, որ վերջին տարիներուն, մինչեւ 2023-ի սեպտեմբերը շատ աշխոյժ գործունէութիւն կը տանէր, եւ որ բոլորը ընդհատւեցան, նոյնիսկ նահատակներ ունեցանք… այս բոլորը ծանր ազդեցին մեր երիտասարդութեան վրայ: Այժմ Երեւան կամ Հայաստանի այլ շրջաններու մէջ կը գտնւին երիտասարդականի եւ պատանեկանի մեր անդամները: Եւ ինչպէս որ Բիւրօն որոշած է պահել Արցախի կառոյցը, երիտասարդականն ու պատանեկանը նոյնպէս որոշած ենք պահել: Սփիւռքի ուսանողական մեր միութիւններուն օժանդակութեամբ յատուկ ծրագիրներ կ՛իրականացւին արցախցի երիտասարդութեան եւ պատանիներուն նւիրւած. զիրենք կը համախմբենք, որպէսզի վերստին իրարու հանդիպին եւ իրարու հետ խօսելով պահեն իրենց բարբառը, նաեւ Հայաստանի ճանաչողութիւն կ՛ապահովենք՝ տարբեր այցելութիւններով, իսկ տօնական օրերուն կամ առիթներուն իրենց համար յատուկ համախմբումներ տեղի ունեցան Սփիւռքի երիտասարդութեան միջոցաւ:
Մենք ամէն գնով կը փորձենք նաեւ զիրենք մասնակից դարձնել մեր նպատակային եւ կարեւոր ծրագիրներուն, ինչպէս՝ «Վերելք-3»-ին մէջ արցախցի երիտասարդութիւնը դերակատար է:
Նաեւ Armenian Students For Artsakh ծրագրի ճամբով համաշխարհային առումով երիտասարդներու առիթ տւինք, որ յատուկ խորհրդատուներով ուսումնասիրութիւններ պատրաստեն Արցախի համար, զանազան բնագաւառներու մէջ՝ քաղաքական, տնտեսական, ազգ-բանակի հետ կապւած, պատժամիջոցներու, Ադրբեջանի արտաքին քաղաքականութեան եւ այլն, որոնց մէջ նոյնպէս Արցախի մեր Երիտասարդական միութեան անդամներ դերակատար եղան:
Հ.- 1930-ական թւականներուն Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ Գարեգին Նժդեհի ցանած Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան սերմերը տասնամեակներ ետք, 1970-ական թւականներուն պիտի բեղմնաւորւէին Միջին Արեւելքի մէջ եւ աւելի ուշ վերանկախացած Հայաստանի եւ ազատագրւած Արցախի մէջ։ Այսօր, երբ տակաւին հայրենի Արցախի կորուստը ծանր կը կշռէ հայութեան բոլոր խաւերուն վրայ անխտիր, ի՞նչ է եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ ՀՅԴ Երիտասարդական կառոյցի առաքելութիւնը։
Յ.Տ.Գ.- Այս հարցը մենք մեր վերջին ժողովներուն քննած ենք, եւ ես հետեւեալը կ՛ուզեմ ըսել մեր երիտասարդներուն, մենք դաստիարակւած ենք յարատեւ կռիւի գաղափարախօսութեամբ: Այսօր, այո՛, հայ երիտասարդութիւնը անորոշ եւ յուսալքւած վիճակի մէջ է, բայց եթէ ՀՅԴ-ի երիտասարդութիւնը կ՛ուզէ առաջնորդի դերակատարութիւնը ստանձնել, պէտք է վեր կանգնի, այս հոգեվիճակէն ձերբազատւի եւ կարենայ ուղղութիւն ցոյց տալ: Այս մէկը դժւար է եւ կը պահանջէ կամք եւ վճռակամութիւն:
Կարելի չէ առաջնորդի դեր ստանձնել առանց լրջօրէն խորհրդածելու, առանց հետեւողական ծրագրի ու աշխատանքի, հետեւաբար նախ պէտք է այդ վճռակամութիւնը ունենալ, յարատեւ կռւի գաղափարախօսութեամբ զինւիլ եւ բացւիլ հայ երիտասարդութեան ու անոնց ներկայացնել մեր ծրագիրներն ու մօտեցումները, եւ ես վստահ եմ, որ երբ նորարար ծրագիրներ կը ներկայացնենք, երիտասարդութիւնը կը համախմբւի մեր շուրջ, եւ փորձը ցոյց տւաւ այդ մէկը վերջին տարիներուն:
Այսօր կացութիւնը դժւար է, բայց ազատագրական պայքարի ջահակիրը պէտք է ըլլայ մեր երիտասարդութիւնը: Այս է ՀՅԴ երիտասարդականին առաքելութիւնը: Գիտեմ, որ մարտահրաւէրները շատ են, բայց եթէ դաշնակցական ենք, ուրեմն դժւար ժամանակներու զինւորագրեալներն ենք, ու պէտք է աննկուն շարունակենք մեր աշխատանքը:
Arfd.am