Դաշնակցական Բեմ

Ո՞ւր կերթայ Սիրիան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Դէպքերը Սիրիոյ մէջ նախատեսւածէն շատ աւելի արագ հանգուցալուծւեցան: Այնքան արագ, որ ձգեցին նախապէս համաձայնեցւած ըլլալու տպաւորութիւնը: Նախագահ Բաշշար Ասատ շաբաթ, դեկտեմբերի 7-ի երեկոյեան հեռացաւ երկրէն, իսկ ընդդիմադիր զինեալները կիրակի վաղ առաւօտուն արդէն կը գտնւէին մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ: Նոյն օրն իսկ, իշխանութեան փոխանցման գոնէ ձեւական օրինականութիւն հաղորդելու միտումով, զինեալ ապստամբները խնդրեցին կառավարութեան անդամներէն շարունակել կատարել իրենց պարտականութիւնները: Երկուշաբթի, դեկտեմբերի 9-ին անոնք նշանակեցին նաեւ նոր վարչապետը, որ երեքշաբթի օր նախկին կառավարութեան անդամներէն ստանձնեց իշխանութեան փոխանցումը: Նոր կառավարութիւնը, որ ժամանակաւոր իշխանութիւն է, պիտի գործէ մինչեւ 12 մարտ 2025:

Յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին կառավարութիւնը պիտի վերամիաւորէ երկիրը, քանդւած տնտեսութիւնը վերականգնէ, սկսի վերաշինել աւերւած գիւղերն ու աւանները եւ մանաւանդ՝ նոր վարչակարգի մը հիմերը դնէ:

Միլիոնաւոր գաղթականներ պէտք է Սիրիա վերադառնան, բանտերէն ազատւած հազարաւորներ մերւին ընկերութեան, համայնքներու միջեւ գոյացած խրամատները փակւին, նախկին ահաբեկիչները խաղաղ քաղաքացիներու վերածւին, ազգային միասնականութիւն գոյանայ:

Նման ծրագիրի մը գործադրութիւնը բազմաթիւ խութերու պիտի հանդիպի: Իսրայէլ արդէն չհաւատալով նոր իշխանաւորներու, որոնք ցարդ ահաբեկիչներ էին, գործողութիւններու ձեռնարկեց ու քանդեց Սիրիոյ զինական կարողականութեան զգալի մասը: Իսրայէլ գրաւեց նաեւ Գոլանի բարձունքներուն գտնւող սահմանային ապազինւած տարածքը:

Զինեալ ընդդիմադրութիւնը, որ միակամ չէ, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ յաջողեցաւ խափանել 54 տարիներէ ի վեր գոյատեւող վարչաձեւը: Միասնականութիւն պիտի յառաջանա՞յ, թէ՞ ապահովական սպասարկութիւններու փաստական լուծարումին հետեւանքով, տեղի պիտի ունենան նախկիններուն հակադարձութեան ու վրէժխնդրութեան գործողութիւններ: Օտարին օժանդակութեամբ վարչաձեւ տապալելը բան մըն է, երկիր կառավարելը բոլորովին ուրիշ բան: Արդեօք Թուրքիա կը յուսայ հովանաւո՞ր դառնալ նոր իշխանութեան եւ առիթէն օգտւելով հաշւեյարդարի՞ ենթարկել Սիրիա ապաստանած քրտական ընդդիմութիւնը: Այսպէս, անպատասխան բազում հարցեր կան, որոնց լուծումը կատարւած փոփոխութեան նմանողութեամբ կրնայ դիւրին չըլլալ:

Բացի Թուրքիայէն, առայժմ ոչ մէկ երկիր ճանաչում շնորհած է նոր վարչաձեւին: Մեկնաբանութիւններ կան, սակայն տիրապետողը առայժմ սպասողական վիճակն է:

Իշխանութեան տիրացողները իսլամական ուժեր են, որոնք ահաբեկչական պժգալի արարքներու հեղինակ դարձան մօտաւոր անցեալին: Տասնեակ մը օրեր առաջ, հազիւ սկսած իրենց վճռական գրոհին, այդ ուժերը խաղաղասիրական ու հանգստացնող նախաձեռնութիւններ ունեցան: Յատկապէս մտահոգ փոքրամասնութիւններուն այցելելով, վստահեցուցին, որ իրենք ոչ մէկ թշնամանք ունին խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ: Ցարդ յարգած են իրենց խոստումը:

Սիրիոյ բոլոր նախկին վարչաձեւերը աշխարհիկ եղած են: Մօտաւոր անցեալի ծայրայեղ իսլամականները պիտի կարենա՞ն, ինչպէս կը խոստանան, աշխարհիկ վարչաձեւ մը հաստատել եւ բազմակրօն ու բազմադաւանական երկրի բոլոր համայնքներուն պահպանել իրենց ինքնուրոյնութիւնը: Անցեալին այդ իրականութիւնը յարաբերական եղած է ու անոր գործադրութիւնը զիջումներ պահանջած: Կէս դար փոքրամասնական համայնքի մը տիրապետութեան տակ ապրած ժողովուրդը արդարօրէն իրաւունք ունի մտահոգւելու:

Պէտք չէ շտապել յոռի եզրակացութիւններ կատարելու: Ո՛չ ալ չհիմնաւորւած լաւատեսութիւն ցուցաբերել: Սիրիոյ ժողովուրդին մէջ անպայման գոյութիւն ունին իսկապէս ժողովրդավար հայեացքներ ունեցող անհատներ, մարդկային իրաւունքներով տոգորւած մտաւորականներ, քաղաքական արդար կարգերու հաւատացողներ, որոնք յառաջիկայ իսկական ու արդար ընտրութեան մը առիթով կրնան ստանձնել երկրին ղեկը: Ակնկալենք ու յուսանք:

Վերջապէս, սուրիահայ փոքր ածուն իրաւունք ունի խաղաղ ու յուսալի պայմաններու մէջ լծւելու ստեղծարար աշխատանքի: Այդ աշխատանքը, նոյնիսկ ամենէն աննպաստ պայմաններուն մէջ, բնաւ չէ դադրած: Յուսանք, որ շարունակւի անիկա ու պտղաբերող դառնայ: Սիրիահայ համայնքը պէտք է պատրաստւի նոր պայմաններուն համահունչ գործունէութեան նոր միջոցներ գտնելու եւ աննահանջ շարունակելու երթը:

Առայժմ, սպասելն է հարկաւոր:

Related Articles

Back to top button