Դաշնակցական Բեմ

Համտեսեցէք մեծ ու պզտիկ «ձուկեր»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Լա՛ւ կըլլայ, որ ձկնորսական ցուպով ու կարթով որսորդութեան փոխարէն՝ ուռկանով ընես լուրերուդ որսը, այդպէսով՝ մէկի փոխարէն, բազմաթիւ «ձուկեր» կը բռնես, թելադրեց բարեկամս, զիս հրաւիրելով բարձրանալ իր երեւակայական առագաստանաւը:

Ինչո՞ւ ոչ, մտածեցի: Բացինք առագաստները եւ լրորսի համար ճամբայ ելանք տեղակատւական ծովերուն մէջ, ունեցանք առատ որս՝ մեծ ու պզտիկ, նաւուն սառցատուփերը լեցուցինք լրաձուկերով, մաս մըն ալ վերստին ծովը նետեցինք: Եւ որովհետեւ անձնասէր չեմ, ահա՛, սիրելի՛ ընթերցող, անոնցմէ մաս մը բաժին կը հանեմ քեզի, եթէ համով գտնես, կրնամ դարձեալ որսի երթալ ու քեզ բաժնեկից դարձնել «ձկնասեղան»իս:

***

– Նախագահ Թրամփի սպառնալիքներն ու «թագաւորավայել» պահանջները տեղ հասան: Խորհրդարանի երկու Տուները, բանավէճերու յաջող բեմնադրութենէ մը ետք, վաւերացուցին «գեղեցիկ բիւջէ»ն, որուն վրայ իջաւ նախագահին կնիքը: Հիմա, կը մնայ, որ ժողովուրդը համոզւի, թէ «գեղեցիկ բիւջէ»ն առաւելաբար հարուստներու շահերը չապահովեր, թէ՝ իր ներկայացուցիչները քւէարկած են զանգւածին ի նպաստ: Զանգւածի շահերուն համապատասխան են (եղեր) ընկերային նպաստներու կրճատումը, պետական պարտքի աւելի՛ ահագնացումը եւ այլն: Ի դէպ, հոս ալ «սուտին պոչը կարճ է», քանզի բացայայտւեցաւ, որ որոշ տուրքերու ջնջման մասին Թրամփ ստած է (ըստ իր սովորութեան): Կատակասէր մը յիշեցուցեր է, որ քանի մը շաբաթ առաջ, Այովայի մէկ լափալիսեան ծերակուտականը՝ տիկին Ջոնի Էրնսթ, ընկերային նպաստներու կրճատման եւ անոր պատճառելիք մահերուն մասին լրագրողի մը հարցումին՝ պատասխաներ էր. «Բոլորս ալ պիտի մեռնինք…»

– Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու կիրակի, 6 յուլիսին Վաշինգտոն ուղղւէր է, որպէսզի երկուշաբթի օր Թրամփէն նոր «պրաւօ» մը շահի Գազայի մէջ իր ոճիրներուն բազմապատկումին ու Իրանի վրայ յարձակումներուն համար: (Չէ՜, Զելենսկիի վրայ բղաւելու տեսարանը պիտի չկրկնւի): Սպիտակ Տան քուլիսներէն շշուկներ սպրդեր են, որ Թրամփ պիտի ըսէ (եղեր). «Ապրի՛ս, հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բաներու հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ», շարունակէ՛ ջարդերը եւ քանդումը, Գազայի մէջ վաղը քազինոներ կը կառուցենք եւ պատառ մըն ալ քեզի կու տամ: Հակաշշուկներ ալ հարց տւեր են, թէ ո՞վ է տէրը, ո՞վ է ծառան:

– Թիպէթի հոգեւոր առաջնորդը՝ Տալայ Լաման, որ կը նկատւի խաղաղութեան պատգամաբեր իմաստուն մարդ, տօներ է իր 90-րդ տարեդարձը: Սա առիթ եղեր է անդրադառնալու, որ ան 1959-էն ի վեր աքսորական է եւ ապաստանած է Հնդկաստան: Նիկոլ Փաշինեան մտերիմներուն փսփսացեր է. «Միակը չեմ, որ կրօնաւոր կը հալածեմ, ուրեմն, կրնամ կաթողիկոսն ու առաջնորդները աքսորի ալ ղրկել»: Չէ՜ անդրադարձած, որ Թիպէթի կրօնապետը աքսորական է՝ հակառակորդ նկատուող Չինաստանի դէմ պայքարին բերումով, մինչդեռ ինք Հայ Եկեղեցւոյ (եւ ընդհանրապէս ազգասէր ընդդիմադիրներու) դէմ պայքարի ելած է Հայաստանի թշմանիներուն ուղեցոյցին հետեւելով:

– Ռուսիա-Ուկրաինա պատերազմը շահեր է նոր յանկերգ մը. «Ռուսիա աննախընթաց սաստկութեամբ ռմբակոծած է Կիեւը (եւ այլ քաղաքներ)»: Փաշինեան ուարախացեր է, որ իր՝ «աննախադէպ»ի գիւտը հասեր է ռուս-ուկրաինական դաշտ: Անդին, ո՛չ ոք ուրախ է, որ այս պատերազմը նւազ մահասփիւռ է, քան Գազայի դաշտը, ուր իսրայէլ օր-աւուր կը ջարդէ մինչեւ անգամ սննդամթերքի նպաստի սպասող սովահարները: Նեթանիահուի կառավարութեան ծայրայեղական մէկ անդամը դժգոհ է, որովհետեւ… Նեթանիահու որոշ չափով արտօներ է նպաստաբաշխումը: Պետական ոճիրը միայն ռմբակոծումով ու կրակոցներով պէտք չէ ընել, կը մտածէ (եղեր) այդ նախարարը: Լուսանցքին՝ Զելենսկի կակնկալէ, որ «այլեւս քեզի զէնք պիտի չտամ» ըսող Թրամփը «Փէթրիըթ» տիպի  պաշտպանականներ ծախէ իրեն, իսկ Թրամփ, որ արդէն ապահոված է Ուկրաինոյ բնական հարստութիւններու շահարկման իրաւունքը, կրնայ ստամոքսը պարարտացնող նոր հաշւեցոյցով մը ընդառաջել նման խնդրանքի: Չէ՞ որ եւրոպացիք ալ մրցումի մէջ են զէնք մատակարարելու ճամուն մէջ, արհամարհելով իրե՛նց երկիրներու տնտեսական դժւարութիւնները: Ֆրանսացիք պէ՞տք է մխիթարւին, որ Սէն գետը ապականութենէ զերծ է եւ կրնան հոն լողալ… 1923-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով: Ահա՛ ձեզի դրական դարադարձ մը:

– Անկարայէն լուրեր կը հասնին, որ խորհրդարանականներ կը պահանջեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանային անցակէտը (որ կը մնայ կրկներեւոյթի վիճակի մէջ) կոչւի Թալէաթ փաշային անունով: Էրդողան, որ  Ստեփանակերտ այցելեր է իսլամական տնտեսական խորհրդաժողովի մը անունով, կրկներ է, որ Հայաստանի հետ կրնայ համաձայնութեան հասնիլ՝ միայն եթէ Երեւան ընդառաջէ Բաքուի ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ: Ան նաեւ հաւաստիք տւեր է, որ Փաշինեան «ճկունութիւն» ցուցաբերած է իրենց վերջին հանդիպումին: Արդեօք անցակէտին անւանումին մասի՞ն ալ է «ճկունութիւնը»: Չէ՞ որ Փաշինեան յայտարարեց, որ որեւէ վնաս չի տեսներ, եթէ թուրքերն ու ազերիները Հայաստանի վրայով երթան-գան: Իրատեսները նկատեր են, որ այս «հիւրընկալութեան» մէջ կայ «ճկունութեան» այլ փաստ մը, թէ՝ հայանուն մարդակերպը արդէն համաձայնած է ո՛չ միայն «Զանգեզուրի անցք»ի ծրագիրին, այլեւ՝ բազմաթիւ «անցքերու», որոնք իրողապէս պիտի տրորեն Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ պետութիւնը: «Ճկունութեան» մէկ այլ արտայայտութիւնն ալ, կըսւի, Հայաստանը Իրանէն խզող գօտին ամերիկեան կամ այլ՝ թուրքական ընկերութիւններու հսկողութեան տակ դնելն է: 

– ՔՊ-ականները ճամբայ հանեցին բանտարկւած եւ «պետական յեղաշրջում պատրաստող» Սամուէլ Կարապետեանի սեփականութիւնը եղող ելեկտրացանցի ընկերութիւնը «պետականացնելու» ծրագիրը: (Կը յիշեցնեն, որ ՔՊ-ականներու նման «ձեռնարկներ», ինչպէս՝ ԱՆԻՖ-ը, փանջունիական նւաճումներու հասան): Թալէաթի ժառանգորդ թուրք «բարերարներու» մասին կը մտածւի (եղեր): Չանտեսենք հակա-առաջարկները: Անցակէտը կոչել Թեհլիրեանի կամ Հրանդ Դինքի անունով: Անհաշտութեան սահմանները…

– Մամուլը կը հաղորդէ, որ (Էրդողանի անվերջանալի թելադրանքներուն ընդառաջելով) Փաշինեան կը պատրաստւի Ալիեւի հետ հանդիպումի մը: Կասկածէ վեր կը նկատւի, որ Փաշինեանի սեղանին պիտի դրւին հին-նոր պահանջներ, ինչպէս եղաւ անոր Թուրքիա վերջին այցելութեան առիթով, եւ որուն ծալքերը մէկ առ մէկ բացւեցան վերջին շաբաթներուն: Կը յիշեցնեն, որ հին-նոր պահանջներուն ցանկին վրայ են Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, Մինսկի (Արցախի) խումբին վերջնական լուծարքը, բիւրաւոր ազերիներու Հայաստան «վերաբնակեցումը» (դուք ըսէք՝ իրողական արշաւանքն ու խաղաղ բռնագրաւումի մեկնարկը), Արցախի համար 150 միլիարդ դոլարի վնասուց հատուցում եւ այլ նորութիւններ: Ալիեւ կարդացեր է մեր պատմութեան այն տողերը, ուր ըսւած են. «Սահման քաջաց, զէնն իւրեանց» (խաղաղութեան համաձայնագիրը՝ տեսէք թէ ի՜նչ գին կրնայ ունենալ): Արեւմտեան աշխարհին մէջ, նման ծրագիրներ ծափահարութիւններ պիտի բարձրացնեն եւ պիտի բազմապատկւին ՔՊ-ականներու «խաղաղասիրութեան եւ ժողովրդավարութեան» փաստերը: Արեւմուտքին ի՜նչ հոգը, որ Հայաստան նօսրանայ կամ իրողապէս դուրս դրւի քարտէսէն, այնքան ատեն, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ իր ծրագիրները իրականանան… ՔՊ-ական իշխանութեան ձեռքով, որպէսզի որեւէ մէկը Արեւմուտքը չմեղադրէ, թէ միջամուխ կըլլայ Հայաստանի ներքին գործերուն:

– Հարց կը ծագի, թէ «Ռուսիա մեր ներքին գործերուն պէտք չէ միջամտէ» յայտարարող՝ Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը ի՞նչ կարծիք ունի թուքական, ազերիական եւ արեւմտեան ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւններու մասին: (Միջանկեալ հարցում մը. ի՜նչ դիւանագիտութիւն, որո՞ւն ծառայող դիւանագիտական համակարգ): Համաձայն ենք իրեն հետ, որ ոեւէ մէկը պէտք չէ միջամտէ Հայաստանի ներքին հարցերուն, սակայն ՔՊ-ականներու ձեռքով միջամտութիւնները «ներքի՞ն հարց» են:

– Մեր պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը թրքական «ճամբու քարտէզ»ով վերախմբագրող Փաշինեան, Ալիեւի հետ հաւանական հանդիպումէն վերադարձին, կրնայ նոր «տեսութիւն» մըն ալ որդեգրել եւ Ադրբեջանի բռնապետին պէս սկսիլ քարոզել, որ հայերը նախապէս իսլամ էին: Ինչո՞ւ ո՛չ: «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարողէն՝ ապա, «Արցախը միշտ ալ Ադրբեջանի պատկանած է»ի անցք կատարողէն՝ ամէն տեսակի «գիւտ» սպասեցէք եւ… կուլ տւէք: Հա՜, մի՛ մոռնաք, որ նման «գիւտ» ալ կրնայ վերագրւիլ «նախկիններուն»:

– Ազգային ժողովի ընդդիմադիր անդամ մը ԵԱՀԿ-ի 32-րդ նստաշրջանին բարձացուց Արցախի (եւ ընդհանրապէս հայութեան) պահանջները, ակնկալելով, որ ցեղասպանական արարքները եւ հողերու խլումը դատապարտւին, Բաքւի մէջ անիրաւօրէն պատանդ պահւող բանտարկեալները ազատ արձակւին: Գտաւ երկու պատասխան. Ա. ՔՊ-ականները չձայնակցեցան իրեն, Բ. Բաքւէն հաղորդւեցաւ, որ Միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այսուհետեւ իրաւունք պիտի չունենան տեսակցելու պատանդ պահւող քաղաքական բանտարկեալներուն հետ: Շշուկներ շրջան կընեն, որ սա ներշնչման նոր աղբիւր է փաշինեանականներուն, որպէսզի Հայաստանի մէջ եւս քաղաքական բանտարկեալներուն (ո՞վ պահած է հաշիւը) զլացւին այցելութիւններ: «Ճկունութի՞ւն»

– Բարերարի մը, հոգեւոր ականաւոր առաջնորդներու եւ ընդդիմադիրներու արգելափակման, անոնց դէմ զրպարտութիւններու արշաւին դէմ՝ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան՝ միօրեայ հացադուլ, հանրահաւաք ու ճառախօսութիւն, քայլերթ եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան առջեւ ցոյց եւ այլն: Իշխանափոխութեան նպատակով, զուգահեռ այլ շարժումներ կը բարձրանան ալիք-ալիք, սակայն իշխանութիւնը, թիկունքին ունենալով «բարեկամացու» թշնամիներն ու անոնց դաշնակից-հովանաւոր-շահակիցները, նոր բռնարարքներու եւ… ուշադրութիւնները էական հարցերէ՝ կատարելիք զիջումներէն հեռացնելու նոր հնարքներու հետամուտ է: Հայաստանի շրջանները, նաեւ Սփիւռքը կարծէք թէ կը մնան լուռ հանդիսատես: Սփիւռքի մէջ, տեղ-տեղ բողոքի եւ դատապարտումի յայտարարութիւններ եւ գործնական քայլեր կերեւին, սակայն ընդհանուր, եւ ճնշո՛ւմ ստեղծող ալիքը կուշանայ: Իշխանութեան բթացնող քարոզչութիւնը իր բաժինը ունի այս վիճակին մէջ:

– Փաշինեան հայհոյանքի կարճաժամկէտ զինադուլ յայտարարեց, փաստօրէն ընդունելով, որ հայհոյող մըն է: Այսօրւան այլանդակ աշխարհին մէջ, նման խոստովանութիւն ընող քանի՞ «անկեղծ» կը գտնէք:

– Ռուսիոյ եւ Ադրբեջանի յարաբերութեանց հորիզոններուն գորշ ամպեր կերեւին. Հայաստանի մեկնաբանութիւններու բեմը աշխուժացած է, մինչեւ իսկ թելադրանքներ կըլլան Ռուսիոյ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հակադարձէ:  Կը լսւին նաեւ իրատես ձայներ, որոնք կըսեն, թէ Ռուսիա ու այլապէս՝ որեւէ երկիր (ինչպէս Իրանը) առաջին եւ վերջին հաշւով՝ իրենց շահերէն մեկնած կը շարժին, թշնամութիւնը կրնան բարեկամութեան խաղի վերածել քիչ ետք, նաեւ՝ հակառակը: Նոյն ձայները կը շեշտեն, որ ՄԵՆՔ ԸՆԵԼԻՔ ՈՒՆԻՆՔ ՄԵ՛Ր ՇԱՀԵՐԷՆ ՄԵԿՆԵԼՈՎ, ձերբազատելով թշնամիին «շահերուն էշ»ը յառաջ տանող այս վարչախումբէն:

– Արաբական աշխարհը օսմանեան տիրապետութեան դարերը կը կոչէ «Ասըր ալ-ինհիթաթ» (որ կը նշանակէ անկում ու նահանջ՝ բոլոր բնագաւառներուն մէջ), որմէ ետք եկաւ արաբական զարթօնքը: Հայաստանի մէջ ՔՊ-ականներու բերած՝ «Ասըր ալ-ինհիթաթ»ն ալ պէտք է նոր զարթօնքի հասցնել անյապաղ:

6 Յուլիս 2025

Related Articles

Back to top button