Հայ Դատի նշաձողը պիտի պահենք բարձր

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ապրիլ 24-ը հայուն համար բազմախորհուրդ եւ բազմերես իմաստ ունի: Եթէ փորձենք այդ բոլորը խտացնել քանի մը կարճ նախադասութեան մէջ, կը ստանանք՝
- Ցեղասպանութեան(ց) յիշատակում,
- Մարդկային եւ նիւթական կորուստներու դիմաց արդար հատուցման պահանջ, այդ նպատակով պայքար, բազմաճիւղ ԳՈՐԾ:
Այս երկու հաստատումները կը խտացնեն շատ բան: Երբ կըսենք Ցեղասպանութեան յիշատակում եւ արդար հատուցում, մեր հորիզոնը չի սահմանափակւիր միայն 1915-23 տարիներով, այլ հաշւեցոյցին մաս կը կազմեն նախընթաց տարիներու անարդարութիւններն ու ջարդերը, բռնարարքները՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, նաեւ անկէ ետք ու մինչեւ այսօր կրկնւող ոճիրները: (Յաւելուածներ են ցարական իշխանութիւններու ու համայնավարներու օրերու բռնաճնշումներն ու հալածանքները):
Այլ խօսքով, Ցեղասպանութիւն հասկացութիւնը՝ հայուն դիտանկիւնէն՝ ապրած է աւելի քան մէկ դարու հոլովոյթ: Եթէ հպանցիկ անկարկ մը նետենք իրերայաջորդ փուլերուն վրայ, կրնանք սկսիլ Համիդեան ջարդերով (պահ մը մտածելով, որ նախընթաց տասնամեակներու անարդարութիւնները նւազ արիւնոտ էին), անցնելով Ադանայի եղեռնագործութենէն եւ զուգահեռ՝ կարմիր էջերէն, նոյնինքն Ցեղասպանութենէն (1915), Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումէն ու հայաթափումէն մինչեւ Արցախի ու Նախիջեւանի ճակատագիրներուն անարդար տնօրինումները (շուրջ 100 տարի առաջ), հասնելու համար Արցախի նորագոյն տագնապին՝ բռնագրաւում, հայաթափում, նա՛եւ նոյնինքն Հայաստանէն պատառիկներու խլում ու նորերու նկատմամբ թշնամիին ախորժակները: Անմիջապէս նշենք, որ այդ փուլերը միայն կորուստի եւ պարտադիր նահանջի շրջաններ չեն, այլ անոնց երկնակամարը լուսաւորած են մեր յաղթական եւ այլ հերոսամարտերը:
Այս մեծ խորագիրներուն զուգահեռ՝ կան մեզմէ խլւած հողերուն վրայ հայկական հետքերու փոշիացումը՝ Արեւմտեան Հայաստանի, Նախիջեւանի ու հիմա՝ Արցախի մէջ, առանց մոռնալու վերջին տարիներու ճակատումներուն ինկած զոհերուն գումարումը՝ մեր նահատակներուն վրայ, ու տակաւին՝ մեր գերեվարւած հայրենակիցները խամաճիկային դատավարութեան ենթարկելու ազերիական մեքենայութիւնները:
Եթէ ուզենք այս արագ ցանկագրումին եւ ուրւագծումին վրայ կնիք մը դնել, եւ հարց տալ, թէ այս բոլորին համար որո՞նք են պատասխանատու-յանցաւոր, նմանապէս կը ստանանք կարճ ցանկ մը.
- Գլխաւոր ոճրագործն է ու ցեղասպանը՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, անկախ անկէ, թէ անիկա կը կրէ սուլթանակա՞ն, իթթիհատակա՞ն, քեմալակա՞ն, թէ՞ էրդողանական պիտակ: Անոր հաւասար չափով մեղսակից է Ադրբեջանը՝ նմանապէս անկախ անոր տարբեր պիտակումներէ (խորհրդային թէ յետխորհրդային):
- Ոճրագործին առաւել կամ նւազ չափով մեղսակից են բոլոր անոնք, որոնք ցեղասպանները (նկատի ունինք նաեւ Արցախի մէջ նորագոյն փուլը) ուղղակի կամ անուղղակի քաջալերողի դիրքի վրայ եղած են՝ աջակցելով, զօրակցելով կամ կրաւորական անտարբերութեամբ:
- Յանցապարտներու ցանկին վրայ ինքզինք կամաւորաբար աւելցուցած է Հայաստանի այժմու՝ ՔՊ-ական իշխանութիւնը, մէկ կողմէ՝ Արցախի յանձնումով, ապա նաեւ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը այս կամ այն ձեւով կասկածի ենթարկելու իր «գիւտերով», ինչ որ զինք կը դնէ թրքական «վարկածներու» պաշտպանի, ուղեկցողի դիրքին վրայ:
Ո՞Վ Է ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐԸ
Ցեղասպանութեան դիմաց արդար հատուցման պահանջն ալ ապրած է իր հոլովոյթը: Առաջին պահանջատէրը, բնականաբար, այն սերունդն էր, որ մեծ մասամբ Սփիւռքի մէջ վերապրեցաւ Ցեղասպանութենէն, յետոյ, անոր միացաւ ամբողջ հայութիւնը՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ (հակառակ համայնավար իշխանութիւններու ստեղծած պատնէշներուն), իսկ հիմա՝ ողջ հայութիւնը՝ աշխարհի չորս ծագերուն, ներառեալ՝ Հայաստանի: ՀԱՅՆ է պահանջատէրը, թշնամիէն եւ անոր նեցուկ եղողներէն հաշիւ, արդարութիւն պահանջողը: Դժբախտաբար, Երեւանի իշխանութիւնը ինքզինք կամաւոր կերպով դուրս նետած է ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՎԿԻԱՆՈՍէն, մէկ կողմէ՝ բեռ մը նետելով սփիւռքահայերուն ուսերուն, միւս կողմէ՝ Արցախի հարցը դուրս քշելով իր օրակարգէն:
Այս պայմաններուն մէջ, հայութիւնը անգամ մը եւս ինքզինք կը գտնէ իր իրաւունքները առանց պետական յենարանի հետապնդելու ճամբուն մէջ, եւ մինչեւ իսկ երանի՜ կու տայ այն օրերուն, երբ Համայնավար Հայաստանի մէջ իսկ եղան սերունդներ, որոնք այսօրւան իշխանութիւններէն աւելի՛ նախանձախնդիր ու յանձնառու կեցւածք ցուցաբերեցին մեր պատմութեան ու իրաւունքներուն նկատմամբ: Կը բաւէ միայն յիշել այն գրականութիւնը՝ որ զարգացաւ յետ-ստալինեան տարիներուն (նշոյլները կային անկէ առաջ ալ), նաեւ այն յուշակոթողները, որոնք բարձրացան հայրենի հողին վրայ:
Այլ խօսքով, եթէ Երեւանի այսօրւան իշխանութիւնը միայն մէկ բան գիտէ՝ ենթարկւիլ թուրք-ազերիական պահանջներուն, եւ որդեգրած է «նշաձող իջեցնելու» քաղաքականութիւն, հայութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, այս իշխանութիւնը չի նկատեր իր ու արդար պահանջներուն հարազատ հայելին, իրաւունքներուն պաշտպանը, հետեւաբար կը մերժէ որեւէ ձեւով վար բերել պահանջատիրութեան նշաձողը, ընդհակառակը՝ հայութիւնը հաւատարիմ ու յանձնառու կը մնայ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Նախիջեւանի, Արցախի եւ Հայաստանէն խլւած հողերուն վերատիրացման իր պահանջին, եւ այս կեցւածքով պիտի պայքարի թէ՛ Թուրքիոյ ու Ադրբեջանի, թէ՛ անոնց զօրակիցներուն եւ թէ թշնամիին կամակատար-դրածոյի դերը խաղացող իշխանաւորներուն դէմ:
Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, հոս միայն աւելցնենք, որ արդարութիւն եւ իրաւունք հասկացութիւնները չեն սահմանափակւիր թշնամիին ոճիրներուն դատապարտման ու ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ հետապնդման մէջ, այլ կայ նոյնքան կարեւոր երես մը՝ իր սեփական հողին՝ իրագործելի՝ ամբողջական հայրենիքին մէջ ազատ եւ բարօր պայմաններու մէջ ապրելու հայուն իրաւունքը:
ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂԱՔԱՐՏԵՐ
Ինչպէս պատմական իրադարձութիւնները, նոյնպէս ալ պահանջատիրութեան հետապնդումը ապրած են իրենց հոլովոյթը, կերտած՝ ԻՐԱԿԱՆ պատմութիւն: Այսօր, երբ կը խօսինք ԳՈՐԾի մասին, մեր աչքերուն առջեւ կը տարածւին լայնածաւալ դաշտեր, ուր յաջող կամ ապարդիւն ցանք կատարած են իրերայաջորդ սերունդներ, ու այսօր, գործը շարունակողը պարտաւոր է իրազեկ ըլլալու այդ փուլերուն, իրական դասեր քաղելու անոնցմէ եւ վերակազմակերպելու գործը, մարտավարական եւ ռազմավարական առումով:
Հաւանաբար մտածւի, որ Սան Սթեֆանոյի եւ Բեռլինի վեհաժողովները կը պատկանին «հին պատմութեան»: Նոյնը չէ պարագան Հայաստանի անկախութեան ծնունդէն ետք մեր ապրած փուլերուն, նախ՝ նոյնինք անկախութեան կարճ ժամանակաշրջանի ձեռքբերումներուն (հոգ չէ թէ մնացին չիրագործւած, սակայն մեր ձեռքին կը մնան թշնամիին եւ հովանաւորներուն ներկայացւելիք պարտամուրհակ), յետոյ՛ անկախութեան կորուստէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան պատւիրակութեան տարած տասնամեակներու աշխատանքին, որոնք նմանապէս կը բովանդակեն ծաւալուն պարտամուրհակներ: Հոս կարժէ միջանկեալ յիշատակում մը կատարել. Հայաստանի պատւիրակութիւնը իր աշխատանքը հարկադրաբար տարաւ հայրենի հողերէն դուրս՝ Եւրոպայի մէջ կամ այլուր, հոն՝ ուր կային հզօր խաղացողներ, միջազգային տւեալ պայմաններուն մէջ, եթէ այդ աշխատանքն ալ շօշափելի մեծ արդիւնք չտւաւ (երբեմն ալ ողողումները քշեցին-տարին հասունացող բերքերը), սակայն պատմութիւնը կը վկայէ, որ որեւէ երկիր հայ պատւիրակերուն հանդէպ թշնամական վերաբերմունք չունեցաւ, չմտածեց զանոնք արտաքսելու կամ անգործութեան մատնելու մասին: Երեւանի այսօրւան իշխանութիւնները ո՛չ միայն հրաժարած են Արցախէն ու անոր դատէն, այլ նաեւ բանիւ եւ գործով արգելք կըլլան արդար իրաւունքներուն՝ տուն դարձի եւ Ադրբեջանէն արդար հատուցում պահանջելու իրաւունքին, պատրւակելով, որ Հայաստանի մէջ կայ մէկ իշխանութիւն…
Մեր իրաւունքներու հետապնդման համար օգտագործելի (յաճախ նաեւ օգտագործւող ու որոշ արդիւնքի հասնող) խաղաքարտեր են միջազգային ատեաններու եւ պաշտօնական շրջանակներու կողմէ ի նպաստ հայութեան դիրքորոշումները: Այս ցանկն ալ երկար է: Կրնանք երթալ մինչեւ Ազգերու լիգայի օրերը, հասնիլ ՄԱԿ եւ անոր Մարդու իրաւանց պաշտպան միաւորներուն աշխատանքները, թղթածրարները, եւրոպական ատեաններ, անհատ պետութիւններու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստերը, իսկ այսօր՝ Արցախի իրաւունքներուն ճանաչման, արցախցիներու տուն դարձի իրաւունքին ի նպաստ բանաձեւերը: Աւանդական Ցեղասպանութեան իբրեւ յաւելւած՝ Արցախի նորագոյն տագնապին (վերանկախացումէն ասդիի փուլը) ամենէն կարեւոր խաղաքարտերէն մէկն ալ՝ Մինսկի խմբակն ու անոր տարած աշխատանքին թղթածրարն է, որուն զուգահեռ՝ Եւրոպական խորհրդարանին եւ Միջազգային Դատարանին ներկայացւած բողոքները, պահանջները (ասոնք միայն գլխաւորներն են): Իրաւատէր ու պահանջատէր հայը (ըսինք արդէն, որ իշխանաւորները դուրս ինկած են այս փաղանգէն), քաղաքական միտքն ու դիւանագիտութիւնը պարտաւոր են այդ քարերով ու շաղախներով կերտել իրաւունքներու պաշտպանութեան բերդը, ամրացնել Արդարութեան տանող ուղիներուն ճամբաները: Եւ թող աւելորդ չնկատւի՝ եթէ արձանագրենք, որ այդ ուղին չի կերտւիր թշնամիին հետ սին երազներ հետապնդելով, իրաւունքներէ հրաժարելով (հողային եւ պատմամշակութային), Մինսկի խումբին ու նման գործիքներու չէզոքացումով, արդար ու բազմիցս հիմնաւորւած բողոքները միջազգային ատեաններէ ետ քաշելով: Ալ ի՜նչ խօսք՝ Հայաստանի ու արցախցիներու դէմ ազերիական յերիւրանքներուն, եւ անոնց հանդէպ՝ Երեւանի իշխանաւորներու կրաւորականութեան մասին:
Ահա՛ թէ ինչ ըսել կուզէինք քիչ առաջ, երբ նշեցինք, որ ՀԱՅԸ, իրաւատէր ու արդար պահանջներու հետամուտ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ չի կրնար վար բերել նշաձողը, ի՛նչ որ ալ ըլլայ երկիրը պաշտօնապէս ներկայացնող իշխանութեան՝ պարտւողական ուղին: Հայուն համար կրկնակի՛օրէն ցաւալի է, որ ստիպւած է ուժ ու ժամանակ մսխել ընդդէմ այն խմբակին, որ կամաւոր կերպով միացած է մեր Դատը, անոր տարբեր երեսները փոշիացնելու թշնամիին ծրագիրներուն իրականացման: Հոս ալ անմիջապէս արձանագրենք, որ նման հարկադրեալ պայքար տեսակ մը հիասթափութիւն կը ստեղծէ որոշ շրջանակներու, մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդին մէջ, որ կը տեսնէ, թէ ինչպէ՜ս՝ առ նւազն 35 տարիներու պայքարն ու կաթիլ-կաթիլ կուտակւած արդիւնքները վերիվայր կը շրջւին տգէտներու, հայութենէ եւ հայկական իրաւունքներու հանդէպ յանձնառութենէ, պարտականութենէ՛ հրաժարողներու ձեռքով: Միջանկեալ՝ հետեւեալ նշումը: Երբ այս տողերը կարձանագրէինք, իմացանք, որ իշխանապետը, առանց բառերը ծամծմելու, խոստովանած է, թէ ինք եւ շուրջ եղողները տգէտներ են, թէ՝ եօթը տարիէ ի վեր նոյն դասարանը մնացած են եւ այլն: Արդեօք անոր հայրենի եւ սփիւռքցի համակիրները ի վերջոյ պիտի հասկնա՞ն, թէ ինչպիսի՜ «ազգընտիր»ներ են ասոնք, եւ վերջապէս պիտի միանան մեր բոլոր իրաւունքները ճիշտ ուղիով հետապնդելու պայքարին…
ՊԱՅՔԱՐԻՆ ԼԾԱԿԻՑՆԵՐԸ
Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք, եթէ անգամ մը եւս հաստատենք, որ մեր արդար իրաւունքներուն՝ հողի, նահատակներու եւ նիւթական կորուստներու փոխհատուցման իրաւատէրն ու պահանջատէրը ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Է: Իսկ ամբողջ հայութիւն ըսելով՝ ի մտի ունինք հետեւեալները.
- Աւանդական կուսակցութիւնները՝ ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, Արմենականներու ժառանգորդ հանդիսացող ՌԱԿ-ը, մինչեւ իսկ… միջազգայնական համայնավարներ, անոնք՝ որոնք ապրեցան չարենցեան հոգեփոխութիւնը: Անմիջապէս արձանագրենք, որ թէեւ կը պատկանինք որոշ կուսակցութեան մը, սակայն կը հաւատանք, որ ազգային հաւատարմութեամբ տոգորւած միւս կուսակցութիւններն ալ կը ձայնակցին մեզի, երբ ընդգծենք, որ մեր Դատին ու նահանջատիրութեան ճամբուն մէջ, կը քալենք նոյն ուղիով, նոյն հեռանկարով, նոյն վախճանական նպատակներուն հետամտութեամբ: Մեր Դատին բուրգին գագաթին, բոլորս կը միանանք իրարու, անկախ անկէ, թէ հոն հասնելու համար, կրնանք ունենալ տարբեր հայեցակէտեր: Ասիկա քաղաքական առողջ մտածողութեան ցուցանիշ է, որովհետեւ բազմակուսակցականութիւնը նախամեծար է միակուսակցականութենէ, եւ, ի շարս այլոց՝ կը նշանակէ տարբեր գործիքներ եւ մօտեցումներ ԾԱՌԱՅԵՑՆԵԼ ՆՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿԻՆ, որուն խորագիրն է ՀԱՅ ԴԱՏ: Այս միասնութեան փաստերուն մասին վկայութիւններ կամ անցեալ տասնամեակներու մեր մամուլին մէջ, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան յիշատակման հանգրւաններուն, սակայն նաեւ տարւան որեւէ մէկ օրը:
- Հայաստանի մէջ անկախութեան վերահաստատումէն ետք ծնունդ առած եւ տարւէ տարի «աճեցէք եւ բազմացարուք» ապրող կուսակցութիւնները, որոնց թիւը, ըստ նորագոյն տեղեկութեանց՝ անցած է հարիւրը: Չենք նախընտրեր այդ կուսակցութիւններուն նայիլ մեր Դատին դիտանկիւնէն տարբեր ակնոցով, եթէ իրե՛նք որոշած չեն չխորոտիլ այս՝ միացեալ ուղիէն: Էականը այն է, որ այս կամ այն արեւելումը ունեցող կուսակցութիւններն ու միաւորները իրե՛նք ալ որդեգրեն աւադական կուսակցութիւններու գործելաձեւի ու հայեցակտէի տարբերութիւններու «ոճը», պայմանաւ, որ իրենց աչքերը սեւեռած պահեն նոյն բուրգին գագաթը, այսինքն՝ իւրաքանչիւրը իր մեծ ու փոքր վտակով ջրտուք կատարէ մեր Դատի ընդհանրական եւ անվիճելի անդաստաններուն: (Կը նախընտրենք հոս չխօսիլ կարգ մը վարձկան «կուսակցութիւններու» մասին):
- Հայկական յարանւանութիւնները՝ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները: Պատմութիւնը կը վայէ, նաեւ՝ անոնց անցեալի ու ներկայի ԳՈՐԾԸ, թէ անոնք լծակից եւ զօրակից եղած են ազգային կուսակցութիւններուն, իւրաքանչիւրը՝ իր տարածքին ու կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ, միացած է յիշեալ ջրտուքին, այսինք՝ պաշտպան է եւ հետամուտ՝ մեր իրաւունքներուն: Այդպէ՛ս է, որովհետեւ իբրեւ ազգի անբաժան մասնիկները՝ հաւասարապէս ենթարկւած են նոյն Ցեղասպանութեան, կրած՝ հետեւանքները: Որեւէ համայնք ընկրկում չէ ցուցաբերած, քաջ ծանօթ է մինչեւ այսօր շարունակւող ցեղասպանական արարքներուն ու ծրագիրներուն, եւ ձեռքերը միացուցած է ազգի զաւակներուն, զիջում չի կատարեր առաջնորդողի իր դերէն:
- Արւեստագէտներ, մտաւորականներ եւ մասնագիտական այս կամ այլ կալւածի մէջ գործողներ: Արագ յիշեցում մը ընենք, արձանագրելով, որ այս փաղանգը ինչպիսի՛ ազդեցիկ դեր ունեցած է մեր մտաւորական զարթօնքին ու ազգային պահանջատիրութեան մեկնարկին, հունաւորման մէջ: Այդպէս եղած է 19-րդ դարու առաջին տասնամեակներէն սկսեալ (կրնանք երթալ քիչ մըն ալ ետ), այդպէ՛ս եղած է Ցեղասպանութեան եւ յաջորդ փուլերուն, այդպէս էր Հայաստանի վերանկախացման եւ Արցախեան Շարժումի սկսման փուլերուն: Ղարաբաղ Կոմիտէն եւ այլ միաւորներ իրենց շարքերուն ու կողքին ունէին ականաւոր գրողներ, գիտականներ եւ արւեստի տարբեր կալւածներու անդամներ: Նոյն փաղանգները իրենց առաւել կամ նւազ՝ ազդու դերակատարութիւնը ունեցան իրերայաջորդ իշխանութիւններու օրով: Այսօր, այս գիծին վրայ որոշ դանդաղում նկատելի է, որովհետեւ կայ շինծու քաղաքականացումի ալիք մը: Գիտնականն ու արւեստագէտը չեն ուզեր «պիտակաւորւիլ», կարծէք թէ ոմանց ներարկւած է այլանդակ մտածողութիւն մը, թէ՝ քաղաքական գործը, պահանջատիրութիւնը իրենց գործը չէ, կամ՝ եթէ գործի մէջ մտնեն, կրնան դասւիլ «նախկին» կամ… հալածանքի ու խտրական վերաբերմունքի մատնւլիլ (չմանրամասնենք): Բնականաբար այս ախտը չէ վարակած բոլորը, սակայն մեր ժողովուրդը՝ պահանջատիրութեան եւ Դատի հետապնդման պայքարին մէջ ձեռքերը միացնող բոլոր հայորդիները աւելի՛ գործօն եւ ազդու գործ կը սպասեն անոնցմէ: Չմոռնանք, որ արւեստագէտ մը, գիտութեան մարդ մը, մինչեւ իսկ համբաւաւոր մարզիկ մը յաճախ կրնայ բաւական ազդու խօսք եւ գործ կատարել ի նպաստ իր ազգին ու հայրենիքին իրաւունքներուն հետապնդման: Ո՛չ մէկ կասկած, որ հայ գիտական ու արւեստի միտքը, մարզիկներուն մկանները չեն սմքած իշխանաւորներուն պէս:
- Պէտք չունին երկար խօսելու Հայաստանի ուժայիններուն մասին՝ բանակ, ներքին ապահովութեան ուժեր, ապահովութեան սպասարկութիւններ, սահմանապահներ…: Հոս ալ բաւականանանք մէկ յիշեցումով՝ Սարդարապատի եւ ուղեկից ճակատամարտերը, Արցախի հերոսամարտին յաղթական փուլերը կերտւեցան ՀԱՅ ԶԻՆՒՈՐին եւ զայն առաջնորդող՝ իմաստուն եւ գիտակ ֆեդայապետներու ու սպաներու ձեռքերուն միացումով: Ու պէտք կա՞յ կրկնելու այն ճշմարտութիւնը, որ միտքի ու բազկի՝ քաղաքական-դիւանագիտական ու զինուժի կարողութիւններուն, կարողականութեանց միացումը ի՛նչ արդիւնքներ տւած է անցեալին, խորատկելով այն սնանկ(ացնող) տեսութիւնը, թէ՝ «մենք տկար ենք, հսկայ ուժերու եւ մեզմէ աւելի մեծ բանակներով օժտւած թշնամիներու դէմ բան չենք կրնար ընել»: Պէտք չունինք այլ ժողովուրդնեդրու օրինակները աչքի առջեւ ունենալու. մեր պատմութիւնն ու անհաւասար մարտնչումներու մէջ մեր ձեռքբերումները մաս կը կազմեն ԱԶԳԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ, անվիճելի վկայութիւն են:
- Կարելի է երկար խօսիլ նաեւ Սփիւռքի դերակատարութեան մասին (վերի կէտերուն մէջ անուղղակի նշումներ ըրինք՝ եկեղեցիներու եւ կուսակցութիւններու դերակատարութեան ճամբով): Այստեղ բաւականանք կրկին նշելով, որ Սփիւռքի դրւածքն ու կարողականութիւնները, հակառակ տարածքին ու բազում ջլատող ազդեցութիւններուն, կարելի է վերածել – որոշ չափով կըլլայ արդէն – շատ աւելի ազդու գործօնի, մանաւանդ երբ Սփիւռքը դիտենք իր նիւթական, գիտական, քաղաքական-դիւանագիտական եւ բազում այլ կարողութիւններով: Տարածքը, քիչ մը ամէն տեղ ըլլալը այս իմաստով կրնայ մե՛ծ առաւելութիւն դառնալ, պայմանաւ, որ բարեփոխւին գործի ձեւերը, ներգրաււի մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդը: Կարճ՝ Սփիւռքն ու հայրենիքը վերադառնան նոյն Դատին լծակից-պաշտպանի դերակատարութեան, գործեն զիրար ամբողջացնելու, եւ ո՛չ թէ Սփիւռքը ջլատելու եւ մայր հայրենիքէն կտրելու տրամաբանութեամբ:
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Կասկած չկայ, որ իբրեւ հայրենիք եւ ազգ՝ կը կանգնինք մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց: Իրաւունք ունինք մտավախելու, որ մեր գոյութիւնն իսկ ինկած է «Դամոկլեան սուր»-ի տակ, ո՛չ միայն թշնամին համաթուրանական ծրագիրներուն վերականգնումին ու այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու դրսեւորումին ի տես, այլ նաեւ հայութեան բարեկամ դասւողներու առ նւազն անտարբերութեան ու կրաւորականութեան պատճառով: Անոնց վրայ «աղ-պղպեղ» կաւելցնեն ՔՊ-ական իշխանութիւնները:
Վերադառնանք մեր սկզբնական հաստատումներէն մէկուն. ՀԱՅԸ, իր բոլոր թեւերով ու հատւածներով, կը մերժէ մտնել մեր Դատի նշաձողը վար տանող որեւէ տեսակի ճամբու մէջ, կը մերժէ իյնալ թակարդի մէջ, ո՛վ որ ալ ըլլայ զայն լարողը: Հայը, իրաւունքի պաշտպան եւ արդարութեան հետամուտ հայը գիտէ, որ այսօր, մասնաւորաբար վերջին 6-7 տարիներուն հետեւողական նահանջներէ ետք (քաղաքական, զինւորական, մշակութային, տնտեսական եւ այլ գետիններու վրայ), կանգնած է շատ աւելի տկար հողի վրայ, քան այն օրերուն, երբ ծագեցաւ Արցախեան Շարժումը (երթա՞նք մինչեւ «Մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը» կանչերու շրջանը…), Հայաստանի հանրապետութիւնը նւաճեց վերանկախացման հանգրւանը եւ անկէ ետք, ունեցաւ նւաճումներ եւ որոշ կորուստներ, անցաւ պարտադրեալ տեղքայլերէ: Կենսական նշանակութիւն ունի ճիշտ տեսնել ու դատել, թէ նախորդ իշխանութիւնները ինչո՛ւ չառին կամ չկրցան առնել այնպիսի քայլեր, որոնք պիտի նպաստէին մեր Դատին, սկսելու համար Արցախի դատին յառաջ մղումին, ապա՝ ձերբազատիլ ԲԱՆ ՄԸ ԸՆՈՂԸ մեղադրելու, խարազանելու վարքագիծէն, եւ աչքերը ուղղել դէպի ապագայի հորիզոնները:
Ինչպէս 4-5 տարի առաջ (նկատի ունինք միայն նորագոյն փուլը), այսօ՛ր ալ հայ քաղաքական միտքը, իր բոլոր ենթաբաժանումներով ու յենարաններով, կանգնած է վերականգնում եւ անկէ աւելի՛ն իրականացնելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման: Շատերու համար գաղտնիք չէ, թէ որքա՛ն նահանջ արձանագրած ենք, որքա՛ն խորունկ վիհի մէջ ինկած ենք, որքան դժւա՛ր է, պիտի ըլլայ, սկսելու համար՝ վերականգնումը, իսկ անկէ անդին՝ մեր Դատին ու հայրենիքին, ազգին շոգեկառքը դէպի յառաջ շարժելու գործը:
Կուտակւած մատրահրաւէրները նախեւառաջ պատճառ պիտի չըլլան վհատումի (որ որքա՛ն դիւրին է): Ցեղասպանութենէն ետք վերականգնումը վհատելով չեղաւ, Հայաստանի վերանկախացումը վհատելով չեղաւ, Արցախեան Շարժումի վհատելու վիճակին թօթափո՛ւմն էր…: Այսօրւան մարտահրաւէրը ամէն բանէ առաջ կը հարկադրէ մեր Դատին ի խնդիր բոլոր կարողականութեանց մէկտեղումը եւ համատեղումը՝ ամբողջական եւ հեռահաս ծրագիրի մը շուրջ (մեր Դատը խորքին մէջ կը պարփակէ հայ կեանքի բոլոր կալւածները, հասնելով մինչեւ սփիւռքեան հայապահպանում եւ երկրի տնտեսութեան բարգաւաճում):
Կարեւոր է զարգացնել գիտակցում մը, որ մեր գործը երկարաշունչ պիտի ըլլայ եւ մանկական զբօսանքի պիտի չնմանի, ո՛չ իսկ՝ մարզական բարդ մրցումի: Հայ Քաղաքական միտքը կոչւած է մշակելու բազմահանգրւան աշխատանքի ամբողջական ծրագիր մը (ըստ կարելւոյն ամբողջական), որ նկատի ունենայ անմիջական ապագան, միջին հեռաւորութեամբ գալիքը եւ աւելի հեռուն տարածւող հորիզոններ: Նման աշխատանքի ձեւ, ծրագրում՝ աննախընթաց չեն, ո՛չ ալ համազօր է անիւի գիւտին: Նման ծրագիրի մշակում կարելի չափով ճիշտ պիտի գնահատէ մեր անմիջական շրջապատին եւ հեռուները տարածւող աշխարհամասերուն դրական ու բացասական զարգացումները, անոնց ստեղծած լաւ ու վատ ալիքները: Ճիշտ է, քաղաքական կեանքի մէջ կարելի չէ գործել բախտագուշակի տրամաբանութեամբ, որովհետեւ մի՛շտ ալ աննախընթաց եւ մէկ օրէն միւսը հակասական իրականութիւններ կը ստեղծւին: Նորագոյն օրինա՞կը. աշխարհի տարբեր երկիրներուն դէմ տնտեսական պատերազմի թրամփեան քայլերն ու քանի մը օր ետք անսպասելի կասեցումը, Ուկրաինոյ պատերազմին հրահրումն ու նոր մեղաւորներու որոնումը, երէկւան կեցւածքները ջրող դիրքորոշումները: (Չշարունակենք, որպէսզի մեր կիզակէտն շատ չհեռանանք):
Մօտակայ եւ հեռահաս պատկերացումներուն համայնապատկերին դիմաց, կենսական է մեր ձեռքին կուտակւած արդար խաղաքարտերուն ճիշտ օգտագործումը, ատենի՛ն սեղան բերելը, մանաւանդ դաշնակիցներու, բարեկամներու եւ հակադիրներու հետ շատ աւելի վարպետօրէն վերաբերելու, խաղասեղան նստելու կարողութեան կիրարկումը (սա ինքնին կը նշանակէ, որ կարողութիւնը կայ, կը մնայ զայն ի գործ դնել, չբաւականանալ միայն լաւ ու այլապէս արդար խօսքերով): Վարպետութիւն է ո՛չ միայն բարեկամներ պահպանելը, այլ նաեւ կրաւորականներ ու անտարբերներ մեր Դատին կողքին շահիլը: Այս իմաստով, մեր դիմաց կայ շատ ընդարձակ աշխարհ մը, անմիջականօրէն՝ Կովկասն ու արաբական աշխարհները (Միջին Արեւելք-Պարսից ծոց, աֆրիկեան երկիրներ), իսկ անկէ անդին՝ ծովերէն ու ովկիանոսներէն անդին ինկողները:
Մեր Դատին հաւատարմութիւնն ալ հիմնական պատճառ է, որ հայրենիքին մէջ օր առաջ արդարատենչ ժողովուրդը ի՛նք իշխանութեան բերէ իր քաղաքական եւ իրաւական բոլոր պահանջները, ձգտումները իրականացնելու ատակ վարչախումբ մը, մասնագէտներու, բանիմացներո՛ւ իշխանախումբ մը, վերջ տայ ամէն տեսակի բաժանւածութեան, ներքին թէ Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ ճակատներուն վրայ:
Մարտահրաւէրներուն արդիւնաւոր կերպով ընդառաջ երթալու համար, կարեւոր հիմնաքարեր են ԳԻՏԱԿՑՈՒՄԸ, ԳԻՏԵԼԻՔԸ, ԵՒ «ԿՐՆԱ՛Մ ԸՆԵԼ»ՈՒ ՀԱՄՈԶՈՒՄԸ: Մէկ խօսքով, Հայը չի կրնար հրաժարիլ իր Դատէն, իսկ անոր կենսագործման համար ձեռքերու միացումն ու ինքնավստահութիւնը ամէնէն կարեւոր յենարաններն են:
10 Ապրիլ 2025