Դաշնակցական Բեմ

Պաշտօնական կողոպուտ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Յատկապէս վերջին օրերուն, Հայաստանի մէջ տաք հարցի – հետեւաբար նաեւ՝ քննարկումներու – նիւթ են ապրուստի սղութեան տարբեր երեսները. տագնապը ունի մէկ գլխաւոր խորագիր՝ իշխանախումբին նա՛եւ տնտեսական-ընկերային քաղաքականութեան (եւ ի՜նչ քաղաքականութիւն) սնանկութիւնը: Եթէ նոյնքան եւ աւելի՛ վտանգաւոր եղելոյթներ զանգւածին կը ներկայացւէին իբրեւ «հեռաւոր» հարցեր, այսինք՝ իր գրպանին չդպչող գործօն, հիմա, ժողովուրդը իր մորթին վրայ կը զգայ սուր խայթոցները:

Արձանագրենք քանի մը իրականութիւն:

Փոխադրամիջոցներու սակագիներու դէպի վեր ոստում…

Տուրքերու բարձրացում…

Պետական պարտքի ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ լեռնացում (աննախընթաց-ը իշխանականներուն սիրելագոյն բառն է)…

Արտադրողականութեան նահանջ… Ներածումներու դաշտին մէջ այլանդակ վերիվայրումներ…

Բանիմաց մարդիկ՝ մասնագէտներ, այս ու նման տագնապներու մասին շունչ կը հատցնեն, կը փորձեն զանգւածը զգաստութեան կանչել, եւ սակայն, ինչպէս բոլոր մարզերուն մէջ՝ հոս ալ գահավէժ անկումը կը շարունակւի եւ զսպող ձեռքերը չեն միաւորւիր իշխանափոխութեան հետամուտ՝ հայրենիքի փրկութեան նախանձախնդիրներուն շուրջը:

Իշխանութեան որդեգրած քայլերը «տօնավաճառ» մը սարքած են, ցոյց տալով, որ ՔՊ-ապետն ու անոր շուրջ խմբւածները լծւած են… պաշտօնական կողոպուտի: Օրինակի համար, տուրքերու բարձրացումը՝ կը պնդեն մասնագէտները, ճնշումի տակ պիտի դնէ ո՛չ միայն աշխատանքի որոշ կալւածներ, այլ ուղղակի պիտի ճնշէ քաղաքացիին ապրուստին վրայ, որովհետեւ բարձր տուրք վճարողը, իր կարգին, պիտի բարձրացնէ իր սպասարկութեան-վաճառածին սակը: Փոխադրամիջոցներու սակերու եռապատկումը երկար ատենէ ի վեր նոր սպառնալիքներու տակ դրած է սահմանափակ եկամուտով քաղաքացիները, այսինքն՝ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆը:

Եթէ յիշեալ օրինակները մարդոց աչքերուն ուղղակի տեսանելի են, նոյնքան տեսանելի չէ պետական պարտքի յաւելման ներգործութիւնը: Ըստ պաշտօնական տեղեկագիրներու, պետական պարտքը անցած է 12.5 միլիարդ դոլարի սահմանը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Հայաստանի իւրաքանչիւր բնակիչի ճիտին դրւած է աւելի քան 4000 դոլարի պարտք: Վերջին մէկ տարւան ընթացքին, պարտքը աւելցած է… մէկ միլիարդ (քիչ մըն ալ աւելի) դոլարով: Մօտիկ ապագային, նոր փոխառութիւններ պիտի կատարւին: Վարչակազմը պարտքերու հատուցման միայն տոկոսին համար կը վճարէ, կըսեն քաջածանօթերը՝ տարեկան շուրջ մէկ միլիարդ դոլար: Դո՛ւք ըրէք հաշիւը, թէ այս գումարէն ի՞նչ բաժին կիյնայ իւրաքանչիւր քաղաքացիի ճիտին:

Նահանջին պատճառներուն, այսինքն՝ մանրամասնութիւններուն մասին մերթ ընդ մերթ թիւեր-գումարներ կը հրապարակւին, իսկ այդ պատկերին մէջ ՄՍԽՈՒՄՆԵՐԸ ունին բաւական մեծ բաժին: Ցանկի վրայ են պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու անհարկի ճամբորդութիւններու, անիմաստ երգահանդէսներու կամ այսպէս կոչւած՝ տօնախմբութիւններու յատկացումները, իշխանական դասու «մենաշնորհեալներուն» համար գնւած ինքնաշարժներու, բայց մանաւանդ պարգեւավճարներու գումարները…: Մարդիկ բաց աչքերով կը տեսնեն, թէ ինչպիսի՜ գումարներով՝ իշխանականները կալւածներու եւ հարստութեան կը տիրանան, ինչպիսի՜ գումարներ կը հոսին հանրօգուտ ծրագիրներ (ճամբաներ, դպրոցներ…) չի՛րականացնողներու գանձանակներուն մէջ եւ հարցը կը փակւի պաշտօնազրկումով կամ այս պաշտօնէն մէկ ուրիշին տեղափոխութեամբ: Մէկ խօսքով, իշխանութիւնը լծւած է երկիրն ու ժողովուրդը կողոպտելու «առաքելութեան», ժողովրդային բառամթերքով՝ թալանի, կարծէք թէ մրցումի ելած է որոշ «նախկիններու» հետ եւ կը գերազանցէ զանոնք: Իսկ գաղտնի՞ք է, որ նոյնինքն այդ նախկին «թալանչիներէն» ամբողջ փաղանգ մը կը զարդարէ ՔՊ-ի երկնակամարը, մթագնելով երկրին ու ժողովուրդին տնտեսական-ընկերային երկնակամարը:

Եւ առիթ չեն փախցներ, յայտարարելու, թէ ժողովուրդը իրենց քւէ տւած է, ուրեմն, կընեն – նաեւ պաշտօնապէս կը կողոպեն – այնպէ՛ս, ինչպէս յարմար կը նկատեն: Ո՞վ կը յիշէ, որ Արցախն ալ տւին նման կամայականութեամբ…: Պաշտօնական կողոպուտի այս ընթացքը զանգւածին կը պարտադրէ մոռնալ Արցա՛խն ալ, թշնամիին յանձնւած սահմանային գօտինե՛րն ալ, չտեսնել՝ թէ ինչպիսի՜ նոր նահանջներ կը պատրաստեն երկրի այս կամ այն շրջանին մէջ, մի՛շտ մնալով կամակատարը թշնամիին, իրենց ձեռքով իրականացնելով անոր հին ու մի՛շտ նորացւող պահանջները (ցանկը երկար է ու կերկարի օրէ օր, ամիսէ ամիս, տնտեսական մարզն ալ անմասն չէ):

Եւ մտածե՜լ, որ ասոնք իշխանութեան եկան «թալանչիները» հաշւետւութեան բերելու (եւ բազում այլ) խոստումներով:

***

…Քանի մը օր առաջ, այս հարցերուն մասին կը զրուցէի վաղեմի բարեկամի մը հետ: Հռետորական հարցում մը նետեցի իրեն. «Այս մարդիկը ինչպէ՞ս պիտի ելլեն այսքան պարտքի տակէն»: Նախ բացատրեց, որ որեւէ երկրի համար պարտք ունենալը անպայման աղէտ չի նշանակեր, հզօր եւ հարուստ երկիրներ ալ կը լողան պարտքերու մէջ (այլ հարց, թէ ԲՈՒՆ ՊԱՐՏԱՏԷՐՆԵՐԸ որոնք են), սակայն քիչ մը ամէն տեղ իրենց կարողականութիւնները ի սպաս կը դնէն անոնց տակ չկքելու, չսնանկանալու համար (անշուշտ սնանկացող երկիրներ ալ կան, երբ կը մերժեն ՈՐՈՇ ՎԱՐՔԱԳԻԾԵՐՈՒ հլու կամակատարը դառնալ): Ու բարեկամս յիշեցուց հի՜ն զւարճալիք մը, որ յայտնապէս ՔՊ-ական իշխանաւորներուն տնտեսութիւն կառավարելու ուղեգիծն է:

Մարդ մը իր խնայողութիւնները, շօշափելի գումարներ, իր տան մէջ կը պահէ եղեր, անկողիննին տակ դրած է սնտուկ մը, ուր կը դնէ շահած գումարները: Ընկերներէն մէկը օր մը կը նկատէ այդ սնտուկը եւ կը տեսնէ, որ բաւական պատկառելի գումար մը կայ հոն:

  • Դրամդ ինչո՞ւ տունդ կը պահես, չե՞ս վախնար, որ գող կը մտնէ տունդ եւ կը կողոպտէ քեզ,- կը հարցնէ բարեկամը:
  • Ի՞նչ ընեմ… Կը կարծեմ որ գործատեղիս պահելը աւելի՛ վտանգաւոր է, գողերը աւելի դիւրին կը հասնին դրամիս,- կը բացատրէ մեր խելօքը:
  • Չէ՛, եղբա՛յր: Կան աւելի ապահով տեղեր: Օրինակի համար, կրնաս դրամներդ դրամատան մը մէջ պահ դնել,- կը լուսաբանէ ընկերը:
  • Եթէ դրամատուն դնեմ, ու եթէ վճարելիք ըլլամ, ինչպէ՞ս կրնամ պատրաստի գումար ունենալ, ամէն վայրկեան դրամատո՞ւն պիտի վազեմ,- կը զարմանայ մարդուկը:
  • Դրամդ երբ դրամատուն դնես, քեզի չէքի տետրակ կու տան, երբ վճարում մը պիտի ընես, կանխիկ դրամի տեղ չէք մը կը գրես եւ գործդ կը դիւրանայ,- կը բացատրէ բարեկամը:

Մեր մարդուն խելքին կը պառկի այս ձեւը, կերթայ, դրամները դրամատան մը մէջ պահ կը դնէ, չէքի տետրակը գրպանը դրած՝ շուկայ կիջնէ եւ անկէ ետք, որեւէ վճարում համար, չէք մը կը գրէ: Եւ որովհետեւ (Փաշինեանի ու խմբակիցներուն պէս) լա՜ւ հաշւագէտ է, պահ դրած գումարը ատեն մը ետք կը հալի, կը վերջանայ: Դրամատունէն զինք հանդիպումի կը հրաւիրեն, պաշտօնեան՝

  • Բարեկա՛մ, դուն մեր լաւ յաճախորդն ես, սակայն այնքա՜ն վճարումներ ըրեր ես, այնքա՛ն չէքեր գրեր ես, որ հիմա քեզի յատկացւած վարկի բաժինդ ալ սպառեր ես, մեզի պարտք ունիս:
  • Հա՞, որքա՞ն է պարտքս,- կը հարցէն մե՜ծ առեւտրականը՝ ինքնավստահ:

Պաշտօնեան ցոյց կու տայ հաշւեցոյցը եւ պարտքին գումարը: Մարդը գրպանէն կը հանէ չէքի տետրակը եւ այդ գումարին համապատասխան չէք մը կը գրէ-կը յանձնէ պաշտօնեային:

Related Articles

Back to top button