Ի՞նչ կը թելադրեն Ֆրանսական ընտրութիւնները
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Կիրակի՝ յունիսի 30-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու առաջին հանգրւանը: Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը` Էմմանուէլ Մակրոն 9 յունիսի երեկոյեան լուծած էր Ազգային ժողովը, ի տես Եւրոխորհրդարանի ընտրութեան ծայրայեղ աջերու արձանագրած մեծ յաջողութեան: Ֆրանսայի Ազգային ժողովի 577 երեսփոխանները կընտրւին 577 առանձին ընտրատարածքներու մէջ մեծամասնական ընտրակարգով: Քւէներուն կէսէն աւելին ապահովողները ընտրւած կը համարւին, բան մը, որ քիչ կը պատահի երկուքէ աւելի թեկնածուներու առկայութեան բերումով: Առնւազն 12,5 առ հարիւր ապահովողները իրաւունք կը ստանան մասնակցելու երկրորդ հանգրւանի քւէարկութեան, որ տեղի կունենայ շաբաթ մը ետք` 7 յուլիսին: Ընդհանրապէս թեկնածուներու միջեւ նոր դաշնակցութիւններու միջոցով` ընտրութիւնը կը կատարւի երկու թեկնածուներու միջեւ: Սակայն կրնայ պատահիլ, որ երկրորդ հանգրւանի ընտրութեան մասնակցին երեք, նոյնիսկ չորս թեկնածուներ:
Առաջին հանգրւանի քւէարկութեան արդիւնքները վերահաստատեցին Եւրոխորհրդարանի ընտրութեան Ազգային միաւորումի (ծայրայեղ աջ) յաջողութիւնը: Ազգային միաւորումը ապահովեց քւէներու 33,1 առ հարիւրը: Յաջորդը` 28 առ հարիւրով, նոր ժողովրդային ճակատն է, որ հապճէպօրէն կազմւած ձախակողմեան կուսակցութիւններու համախմբում մըն է: Կը հետեւի նախագահ Մակրոնին աջակցող Միասնութիւնը, որ ապահոված է քւէներուն 20 առ հարիւրը:
Էմմանուէլ Մակրոն կը յուսար, որ կը շրջւի արդիւնքը եւ իր կուսակցութիւնը կը գրաւէ առաջին դիրքը: Այժմ, եթէ ծայրայեղ աջին (նաե՛ւ ծայրայեղ ձախին) չաջակցողները չմիաւորւին, Ազգային միաւորումը Ազգային ժողովի առաւել բազմամարդ խմբաւորումը կըլլայ եւ իրաւունք կը ստանայ յաւակնելու վարչապետի աթոռին ու կառավարութիւն կազմելու: Այդ պարագային, ֆրանսական քաղաքական դաշտը կենթարկւի արմատական փոփոխութեան, թէ՛ ներքին, եւ թէ՛ մանաւանդ արտաքին ճակատներու վրայ:
Ի՞նչ հետեւանքներ կունենան Ֆրանսայի յարաբերութիւնները եւ յանձնառութիւնները յատկապէս Հայաստանի եւ Լիբանանի վերաբերմամբ: Ինչ կը վերաբերի հայութեան, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները կապեր ունին առաւելաբար նախագահ Մակրոնի Միասնութեան հետ, որ խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւն պիտի դառնայ: Նախագահ Մակրոն պիտի կարենա՞յ գործադրել իր տւած խոստումները: Հայաստանի եւրոպական կողմնորոշումը քաջալերւած էր առաւելաբար Ֆրանսայի կողմէ. պիտի շարունակւի՞ այդ քաջալերանքը, թէ՞ ինչպէս Ուկրաինոյ եւ Գազայի պատերազմներուն նման, արգելակներ պիտի ստեղծւին: Խորհրդարանական նոր մեծամասնութեան հետ պէտք է ստեղծւին նոր յարաբերութիւններ, որպէսզի ֆրանսական քաղաքականութիւնը շարունակէ նպաստաւոր մնալ Հայաստանին եւ հայութեան: Ասիկա դժւար եւ ժամանակ խլող աշխատանք մըն է, որ չ՛իրականանար մէկ օրէն միւսը:
Անգամ մը եւս Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան անորոշութիւնները կու գան սեղանի վրայ: Եւրոպական քաղաքական ուղղւածութեան նկատմամբ ամէն վերապահութիւն եւ զգուշացում կը թարգմանւի ռուսական կողմնորոշման հակումով: Եթէ եւրոպականը չենք ընդունիր ամբողջական կերպով, իբրեւ միակողմանի դիրքորոշում, ուրեմն ռուսասէր ենք, նաեւ «նախկիններու» կողմնակից: Այս մօտեցումը կը ջլատէ հայ քաղաքական մտածողութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանայ քաղաքական բազմակարծութեամբ բնորոշւող քննարկումներուն, կողմնորոշման խնդիրին գիտականօրէն ու ազատ քննարկումին:
Եւրոպական քաղաքական միջավայրը յղի է արմատական փոփոխութիւններով: Նոր ուժեր կը յայտնւին, որոնք կը մերժեն աւանդական աջի, ձախի ու կենտրոնի քաղաքական կեցւածքները: Եւրոպական ժողովուրդները չեն բաւարարւած իրենց իշխանութիւններուն վարքագիծով ու փոփոխութեան, նորարարութեան փնտռտուքի մէջ են: Ստեղծւող քաոսային վիճակին մէջ, Հայաստան պարտաւոր է զգուշ ըլլալու ու զոհ չդառնալու Արեւմուտքի մեծապետական դիրքորոշումներուն: Ցարդ եղածն ալ շատ է արդէն. անոր դառն պտուղները կը համտեսենք անդադար: Ժամանակն է, որ զգաստանանք ու դադրինք մեր ցանկութիւնները ի յառաջագունէ իրականացած համարել: Մեր քաղաքական կողմնորոշումը հիմնւած պէտք է ըլլայ մեր երկրին ու ժողովուրդին շահերէն բխող առարկայական տւեալներու վրայ. ճշմարտութեան վրայ, բարոյական սկզբունքներու յարգումին վրայ:
Համբերութեամբ սպասենք 7 յուլիսի ընտրական արդիւնքներուն:
«Ազդակ»