Դաշնակցական Բեմ

Հանդիպում՝ Դոհայի մէջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Դեկտեմբերի 7-ին, Դոհա Ֆորումի շրջագծին մէջ կայացած հրատապ հանդիպումը Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսական Դաշնութեան արտգործնախարարներուն միջեւ Սիրիոյ իրադարձութիւններու ընթացքը հակակշռի տակ բերելու ենթադրական օրակարգով՝ յանգեցաւ ոչինչի։ Օրակարգը արագօրէն կորսնցուց իր իմաստը` գետնի վրայ զարգացող պատերազմական գործողութիւններու ստեղծած կայծակնային իրավիճակներով…

Վերջին բազմաթիւ տարիներու ընթացքին, Կատարի քաղաքականութիւնն է եղած առաջնորդող դերակատարութիւն ստանձնել միջազգային երկխօսութեան այլազան բնագաւառներուն մէջ։ Դոհա Ֆորումը այդ կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկն է, որ Կատարի հովանիին տակ կը համախմբէ աշխարհի պետութիւններու մեծ թիւ մը քննելու համար համաշխարհային օրակարգը զբաղեցնող տագնապներու եզրերը։ Հետեւաբար պարզ է, որ Սիրիոյ շրջադարձային վերիվայրումները, որոնք այսօր կը զուգադիպին Ֆորումի հերթական համաժողովին, պիտի անպայման բեմ հայթայթեն թէժ դիւանագիտութեան։ Դեկտ. 7-ի եռակողմանի հանդիպումը այս լոյսի տակ էր, որ տեղի կունենար Դոհայի մէջ։

Իրականութեան մէջ, սակայն, երեք երկիրներու արտգործնախարարներու հանդիպումը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ երկկողմանի հանդիպում մը մէկ կողմէ՝ Անկարայի եւ միւս կողմէ Մոսկւայի եւ Թեհրանի միջեւ… Եւ անշուշտ կարելի չէր չնկատել ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի «ուրւական»-ները նման հանդիպման մը շրջափակին մէջ։

Հանդիպման ամբողջական մանրամասնութիւնները դեռեւս հեռու են հանրութեան հասողութենէն։ Մէկ բան յստակ կը թւի ըլլալ։ Հանդիպման տիրապետող ձայնը ակնյայտօրէն Թուրքիան է։ Ռուսաստան եւ Իրան կը թւին խօսիլ խնդրարկւի դիրքերէն։ Անոնք կը ջանան Թուրքիան ներքաշել «դիւանագիտութեա՛ն» մէջ… Եւ ասիկա այնպիսի ժամանա՛կ՝ երբ բոլոր յաղթաթուղթերը Թուրքիոյ ձեռքերուն մէջն են։ Տիրակալը Էրդողա՛նն է Հաքան Ֆիդանի ետին եւ ինքն է, որ կը հաստատէ օրակարգը Սիրիոյ մէջ։ Թահրիր էլ Շամի կորովի ուժերը, որոնք կը կռւին նոր սպառազինութեամբ եւ պատրաստութեամբ — եւ գիտեն ռազմագետինը աւելի քան որեւէ մէկը — եւ որոնք Թուրքիոյ արբանեակ զինուժը կը ներկայացնեն, կը գործեն Թուրքիոյ դրօշին տակ եւ կը գործեն կարծր գործօններով, մինչդեռ Ռուսաստան եւ Իրան յանկարծ կապաւինին դիւանագիտութեան զէնքերուն։

Մոսկւայի եւ Թեհրանի դիրքերէն դիտած, հանդիպումը (բնականաբար) արդիւք չի տար։ Մինչ այդ Սիրիոյ մայրաքաղաքը կիյնայ Թահրիրի ուժերուն ձեռքը եւ Ռուսաստան եւ Իրան կը դադրին կացութեան որեւէ չափով տիրապետելէ։ Հանդիպման օրն իսկ այս վերջինները գիտեն, թէ Թուրքիան չէ իրենց տրամաբանական բանակիցը։ Բանակցութիւն չկայ իրենց միջեւ։ Թուրքիան ուժն իսկ է։ Եւ որեւէ շօշափելի տեղաշարժ այս կացութեան մէջ կրնայ գալ միայն իրենց իսկական զինարաններէն եւ առճակատման տարողունակ միջոցառումներով։ Եւ առանց փուճ հռետորաբանութեա՛ն։ Հետեւաբար հարց է, թէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը ինչպիսի՞ ներդրումի պատրաստ է այսօր Սիրիոյ մէջ…

Յիշենք, որ Ռուսաստան շատ հեռու է Սիրիոյ հողին վրայ անզէն խաղացող մը ըլլալէ։ Ան ունի երկու հզօր ռազմախարիսխներ Սիրիոյ մէջ։ Մէկը՝ Թարթուսի եւ միւսը Լաթաքիոյ մէջ։ Անցեալին ան չէ վարանած պատժական հուժկու գործողութիւններով տէր կանգնելու իր այս շատ կարեւոր կենսատարածութեան։ Նոյնպիսի յստակ զօրակցական քաղաքականութեան հետեւած է Իրան։ Անոնք երբեք չեն խօսած մուրացիկի բառապաշարով։ Եւ եղած են հետեւողական իրենց ռազմանիւթային հայթայթումներուն մէջ։ Ասատ միշտ ալ ունեցած է Սիրիոյ այս երկու դաշնակիցները իր կողքին։ Իսկ հիմա՞։ Յանկարծ ի՞նչ պատահեցաւ։ Ինչո՞ւ անոնք լքեցին իրենց դաշնակիցն ու զինւորը։ Յարացոյցի ի՞նչ տարրերով տարբեր է ներկան անցեալէն… Ինչո՞ւ չկասեցւեցաւ Թուրքիոյ այս անակնկալ յաղթարշաւը ամենէն արագ եւ վճռական քայլերով։

Դեկտ. 7-ի ժողովը կը դիմակազերծէ խաղադաշտի մերկ իրականութիւնը։ Մամլոյ իր յայտարարութիւններով, Լաւրով մատնւած է «չքաւոր» դիւանագէտի աննախանձելի վիճակին։ Կարելի՞ էր երբեւէ երեւակայել Մոսկւան թուղթէ շերեփով… Մոսկւայի կրաւորականութիւնը ինքնաբերաբար ցոլացում կը գտնէ այսօր Թեհրանի վարքագծին վրայ։ Արտասւող արջն ու արտասւող առի՜ւծը միասնաբար յայտնւած են Թուրքիոյ առջեւ… ի՞նչ ողբալի պատկեր։

Իմ կարծիքով, Սիրիան պէտք էր նախատեսել։ Սիրիոյ ներկայ ողբերգութեան նախաբեմը Արցախի 44-օրեայ Պատերազմն էր, որ բացայայտեց Մոսկւայի իրական քաղաքականութիւնը (Կարդա՛լ ստորեւ իմ հոկտ. 25, 2020 թւակիր յօդւածս՝ «Հիւսիս-Հարաւ Առանցքը Անդամալուծւած»)։ Հոն էր, որ Մոսկւան դադրեցաւ տէր կանգնելէ Ռուսաստանի կայսերական շահերուն եւ գործեց Ալիեւի ֆինանսական կայսրութեան սերտ գործընկերոջ դիրքերէն։ Մոսկւան հոն էր, որ ճակատագրական հարւած տւաւ Հիւսիս-Հարաւ առանցքին։ Հոն էր, որ ան լքեց Հայաստանն ու Իրանն ու Սիրիան դրդւած իր խմբակային նեղ շահերէն։ Հոն էր, որ ան ինքնաբերաբար նոր ուժականութիւն հաղորդեց Թուրքիոյ պանթուրքիստական ծրագիրներուն։ Մոսկւան դադրեցաւ Մոսկւա ըլլալէ։

Կարելի է երկար վերլուծել ստեղծւած իրավիճակը եւ փորձել գուշակել անոր հետեւանքները տարածաշրջանի կայունութեան հրամայականի դիրքերէն։ Մէկ հիմնական գործօն անպայման ինքզինք պիտի պարտադրէ իրերու ընդհանուր հանրագումարին։ Մոսկւայի կրաւորականութեան անյետաշրջելի բնոյթը հզօր պայմանաւորող մը պիտի ըլլայ տարածաշրջանի քաղաքական իրականութեան։ Մոսկւայի վարքագծով ստեղծւած ուժային պարապը (vacuum) տարածաշրջանին մէջ Մոսկւայի կողմէ տրւած մեծագոյն նւէրն է թուրքեւադրբեջանական կայսերական ուժին։ Եւ այս մէկը՝ ի հեճուկս Հայաստանի եւ ի հեճուկս տարածաշրջանի կայունութեան։

Այս առումով, Մոսկւա ինքնաբերաբար եւ գործնականօրէն կը միանայ Արեւմուտքի բեւեռին…Ան իր զէնքերը վար կը դնէ եւ կը դադրի դերակատար ըլլալէ։ Ան նոյնիսկ կը դրւի արհամարհելի քանակութեան դիրքերուն վրայ Թուրքիոյ եւ իր արբանեակ ճիհատական ուժերուն առջեւ։ Այսօր այս բեւեռին շրջանային դրօշակիրներն են Թուրքիան եւ Իսրայէլը, որոնց յաջորդ թիրախները ինքնաբերաբար Հայաստանն ու Իրանն են ըլլալու… Թէ ինչպէ՞ս կը մտնենք գործողութիւններու այդ բարդ փուլը, առայժմ հեռու է նախատեսութիւններու տեսադաշտէն։ Արեւմուտք, Թուրքիա եւ Իսրայէլ կը գործեն շահերու եւ փոխյարաբերութիւններու բազմամակարդակ առնչութիւններով եւ յաճախ հակասական թւող ռազմավարութիւններով։ Բայց անոնք չեն դադրիր բնական դաշնակիցներ ըլլալէ եւ ռազմագէտինը միասնաբար տնօրինելէ։

Եզրափակիչ հարցաշարը այս բոլորէն բխող՝ կը մնայ հետեւեալը։ Ի՞նչ պայմաններու տակ կարելի է երեւակայել Ռուսաստանի վերագրոհը տարածաշրջանի կեանքէն ներս։ Ի՞նչ գործօններ կրնան պայմանաւորել նմանօրինակ շրջադարձ մը եւ ի՞նչ բան իրագործելու առաջադրութեամբ։ Եւ ո՞ր երկիրները պիտի կարողանան նախապատրաստւիլ այդ օրւան համար։ Ովքե՞ր պիտի դիմանան համաշխարհային խորշակին։ Ովքե՞ր պիտի կրնան մնալ քաղաքակրթութիւն կերտողի դիրքերուն վրայ։ Ներառեա՛լ՝ մեր երկի՞րը…

11.12.2024

Related Articles

Back to top button