Դաշնակցական Բեմ

Հայութեան ապաւէնը Լիբանանէն մինչեւ Հայաստան

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

 

50 տարի առաջ՝ ապրիլ 13, 1975-ին, բռնկեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւը։ Լիբանահայութիւնը պատրաստ չէր այս եղբայրասպան կռիւին, բայց պատրաստ ու վճռակամ էր պաշտպանելու բոլոր Լիբանահայերուն՝ Պէյրութէն Պուրճ Համուտ, Այնճար եւ Լիբանանի ամենէն հեռաւոր անկիւնները, ուր կը բնակէին համախումբ հայեր։

Լիբանանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ պատասխանատուներով եւ շարքերով, տասնամեակներու փորձառութեամբ արդէն ունէր պաշտպանական եւ մարդասիրական իր կառոյցները։ Դաշնակցութեան կառոյցները լծւեցան գործի։ Արդիականացուցին նախկին զէնքերը, ընդարձակեցին ժողովուրդին աջակցելու մարդասիրական ցանցն ու պահեստները, դաստիարակեցին ժողովուրդը ռազմական գիտելիքներով…։

Այս բոլորով Դաշնակցութիւնը ստեղծեց հայուն սեփական ներքին պետութիւնը, քանի որ Լիբանանեան պետութիւնը ի զօրու չէր պաշտպանելու եւ պատսպարելու Լիբանանի հայութիւնը։ Այպէս, ստեղծւեցաւ ազգային բանակի համազօր հայուն սեփական պաշտպանական կառոյցը։ Բացւեցան մարդասիրական եւ առողջապահական, նոյնիսկ տնտեսական աջակցութեան կենտրոնները։

Այս բոլորի միտքն ու յղացումը կը պատկանէր Դաշնակցութեան Կենտրոնական կոմիտէին եւ կոմիտէներուն էին։ Իսկ կազմակերպիչ ուժը եւ ոգին կը մարմնաւորէր ընկ. Աբօն։ Աշխատանքներու կենտրոնն էր Պուրճ Համուտի Սարդարապատ Ժողովրդային տունը։

Ողջ Սփիւռքի տարածքին, հայութեան ճգնաժամեր հակակշռող եւ անդորրութիւնը ապահովող ուժն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Լիբանանի հայութիւնը վկա՛յ, ընկ. Աբոն վկա՛յ, պաշտպանական զինեալ տղաքը եւ մարդասիրական կամաւորները վկա՛յ…։

Մանաւանդ այս օրերուն, Հայաստանի հայութիւնը պէտք է մտաբերէ հայութեան Լիբանանեան մարտունակութիւնը եւ զայն մարմնաւորող կազմակերպութիւնը։ Ինչպէս Սփիւռքի, նաեւ հայրենի հայութեան ապաւէնն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։

Related Articles

Back to top button