Դաշնակցական Բեմ

Փաշինեան Սիւնիքը աճուրդի հանած է

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ամէն անգամ, որ Հայաստանի վարչապետ անւանեալը ճառանման մամլոյ ասուլիս մը տայ, մեր միտքը կիյնայ հետեւեալ անեկդոտը.

Իմաստուն եւ կշիռ ունեցող խօսքի տէր քաղաքական մարդու մը հարցուցեր են. երբ ճառ մը պիտի արտասանես, պատրաստելու համար որքա՞ն ժամանակ կը տրամադրես: Պատասխաներ է՝ կախում ունի երկարութենէն: Հարցուցեր են. եթէ պիտի խօսիս 10 վայրկեան, պատասխաներ է. երկու-երեք օր, զարմանքով հարցուցեր են. եթէ մէկ ժամ տեւողութեամբ ճառ մըն է, պատասխաներ է՝ կէս ժամ. աւելի՛ զարմացած՝ հարցուցեր են. իսկ եթէ երկու ժամ տեւողութեամբ ճառ մըն է, պատասխաներ է. նստեցէ՛ք, պատրաստ եմ…

ՔՊ-ապետը ժամանակին կը խօսէր մէկ-երկու ժամ, յետոյ ինքն իրեն իրաւունք վերապահեց երկարելո՜ւ եւ երկարելու, հիմա, արդէն 4-5 ժամը, այսինքն՝ աշխատանքի օրւան կէսէն աւելին կը տրամադրէ մէկ մամլոյ ասուլիսի, որ ըստ էութեան լուրջ բան չըսելու կը ծառայէ: Ասիկա նորագոյն ձեւն է լրագրողներն ու ժողովուրդը, նաեւ ընդդիմադիրները… պատժելու: Իսկապէ՛ս որ, լսողը տաժանքի կը մատնւի՝ այսքան երկար լսելու դատարկաբանութիւններ, սուտեր, իրականութիւնները շրջւած ձեւով մատուցող՝ մոլորեցնող պատմութիւններ եւ «ամէն բան լաւ կընենք»-ի պէս հաւաստիքներ, երբ ամէն մարդ, մինչեւ իսկ իրեն հանդէպ որոշ համակրանք պահողներ բաց աչքերով կը տեսնեն, որ ամէն քայլափոխի՝ Հայաստանն ու պետութիւնը, ա՛զգը կը տանի նահանջէ-նահանջ, կորուստէ-կորուստ, Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի կատարւած զիջումները կը ներկայացնէ իբրեւ նւաճում, բարձրաղաղակ յիշեցնելով, որ իր ակնոցները արտադրւած են թշմանիին գործարաններուն մէջ, ուղեղին վրայ ալ արձանագրւած է «թուրքական արտադրութիւն» (Made in Turkey):

 

Նոր յղացք մը՝ արտապատւիրակում

Խոստովանինք, որ ո՛չ համբերութիւնը, ո՛չ ալ ախորժակը ունինք լսելու մարդուկին ցնդաբանութիւնները, այլ կը բաւարարւինք կարգ մը լրատու աղբիւրներէ հաղորդւած քաղւածքներով` ուղղակի մէջբերումներով:

16 յուլիսի երկարաշունչ քարոզներէն՝ մեր կարգին քաղեցինք քանի մը բաժին (աւելին կը համարենք կրկնապատկել ընթերցողին պատիժը), որոնցմէ ամէնէն կարեւորը՝ Սիւնիքի մասին հրապարակ նետւած նոր գիւտերն են, նոր յղացքները:

Ուշադրութեան արժանի է, որ այս ասուլիսը ձեւով մը համագումարն էր, «ծաղկաքաղ» մը՝ Թուրքիա, Ապու Տապի եւ Եւրոպա Փաշինեանի վերջին շաբաթներու այցելութիւններէն եւ ձեռք բերած «արդիւնքներէն»: Կանգ պիտի չառնենք նոյն ժամանակամիջոցին թուրքական եւ ազերիական կողմերու կեցւածքներուն եւ մի՛շտ մեզի համար վնասակար պահանջներուն կրկնութեան վրայ, նաեւ այն, որ հայութեան  ի վնաս բոլոր քայլերը ինչպիսի՜ խանդավառութեամբ կը դիմաւորւին ազերիական բեմին վրայ, այլ տեսնենք՝ թէ ինչպիսի՛ լարախաղացութիւններով կը ներկայացւին աննահանջ… նահանջներուն նոր տարազները:

Ապու Տապիի հանդիպումի նախօրեակին, բայց մանաւանդ անկէ ասդին, հրապարակ նետւած է մոլորեցնող, աչքերուն փոշի նետող նոր բառ մը՝ ԱՐՏԱՊԱՏՒԻՐԱԿՈՒՄ: Եթէ չբաւականանաք ըսւածը լոկ մակերեսային ձեւով ընկալելով՝ յստակ կը դառնայ, որ Սիւնիքի իրողական յանձնումին «ճաշը եփած է», խոստում ու համաձայնութիւն՝ ամբողջացած, հիմա կաշխատին թունաւոր դեղահատը ժողովուրդին կոկորդէն շաքարապատեալ տարազներով վար իջեցնելու հնարքներու մասին, գործի կը լծեն նոյն բանը ըսող տարբեր բառեր: Կը փորձեն հասկցնել (եւ ազգը համոզել), որ եթէ թուրք-ազերիական պահանջներուն գոհացում տւող՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը որեւէ այլ տարազումի տակ  դրւի օտար ընկերութեան մը վերահսկողութեան տակ, անիկա գերիշխանութեան կորուստ պէտք չէ նկատենք:

Եւ ի՜նչ…: «Ազգընտիր»-ը, առանց բառերը ծամծմելու, իրողապէս կը հաստատէ, որ թուրքերուն եւ ազերիներուն երթեւեկի իրաւունք տւող ծրագիրը կրնայ կորուստի մատնել Սիւնիքը, թէեւ կը պնդէ, որ գերիշխանութեան կորուստ տեղի պիտի չունենայ: Բայց եթէ ինք մոռցած է, հայը չէ մոռցած, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ալ, նման հաւաստիք տւած էր Արցախէն մնացած բաժինին մասին, եւ այդ հաւաստիքին իբրեւ փաստ՝ Արցախ վերադարձած էին մօտաւորապէս 100 հազար արցախցի: Յետո՞յ…

Ինչ որ կը բացայայտւի ծալք առ ծալք (շատ բան յայտնի էր արդէն, եւ հիմա, նախատեսութիւնները պարզապէս շօշափելի գետինի վրայ կը մարմնաւորւին), այն է, որ  Հայաստան գործնապէս պէտք է խզւի Իրանէն, նաեւ ռուսական վերահսկողութեան հարց չդրւի, հայկական ալ՝ թէականի ցանկին տակ: Իսկ եթէ «միջանցք»-ը զգայնութիւններ կը ստեղծէ հայուն համար, անոր ալ լուծումը գտած է մարդուկը եւ կըսէ. Եկէ՛ք, օտարներուն հասկցած ձեւով բացատրենք հարցը, այսինքն, միջանցք ըսելով՝ օտարները, դուք հասկցէք՝ ամերիկացիք եւ եւրոպացիք, չունին մեզի համար խորշելի հասկացութիւնը: Որո՞ւ հոգը, որ Թուրքիան եւ Ադրբեջանն ալ ունին մեզմէ տարբեր ընկալում, որուն նպատակն է… կուլ տալ Սիւնիքը, յետոյ նաեւ այլ պատառներ՝ պատրաստւած ՔՊ-ական խոհարարներու ձեռքով:

Եւ ինչպէ՜ս չյիշել, որ նո՛յն այդ օտարներն էին, որ մեզի թելադրեցին իջեցնել Արցախեան հարցին նշաձողը, այնքան մը որ… Արցախը ամբողջութեամբ կորսւեցաւ, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» գոռացողը յետոյ անխառն խանդավառութեամբ, նոյն այդ եւրոպացիներուն հովանոցին տակ յայտարարեց, որ Արցախը ի սկզբանէ Ադրբեջանի կը պատկանէր, մարդիկ ամբողջ 30 տարի դատարկաբանութիւն ըրած են բանակցութիւններու ճամբով, իսկ պատմութիւնը… «կեղծ քաթակորիա» է…: Եւ հիմա, «նշաձող իջեցնելու» յանկերգը մաշած ըլլալով, հրապարակ կու գայ «արտապատւիրակում» յղացքը:

Կը բացայայտւի, որ «անցքը» 100 տարւան համար վարձակալելու ամերիկեան առաջարկը այդքան ալ չի շահագրգռեր Վաշինգտոնը, ուրիշներ ալ շատ խանդավառ չեն. աւելի՛ն, ի յայտ կու գայ, որ այդ գաղափարին տէրը… Թուրքիան է, եւ ահա բերկորներով հանելուկը (Jigsaw puzzle) աւելի՛ կամբողջանայ, երբ կը հիմնաւորւին այն շշուկները, թէ «միջանցք»-ը վերահսկողը ի վերջոյ կրնայ ըլլալ ՆԱՏՕ-ի (Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա) դաշնակից Թուրքիան: Այսքանը չտեսնել՝ կը նշանակէ ըլլալ ՔՊ-ամիտ, մեղասկից՝ Արցախէն ետք Հայաստանն ալ մասնավճարներով զիջելու ծրագիրներուն: Իսկ թէ ամերիկացիք կամ եւրոպացիք որքանո՞վ հետաքրքրւած են Հայաստանի գոյատեւումով՝ կը մնայ մե՜ծ հարցականներու տակ, պատասխանները կերեւին անոնց հետապնդած՝ սեփական շահերու պաստառին վրայ, հոն՝ ուրկէ մաս առ մաս կրնայ նօսրանալ Հայաստանը: Բայց… Էրդողանը չէ՞ր, որ Փաշինեանի մասին ըսաւ, թէ ««Զանգեզուրի միջանցք»-ին գծով աւելի ճկուն է հիմա»:

 

Պաշտօնական աճուրդ

Փաշինեանի խօսքերէն յստակ կը դառնայ, որ «ճամբաներու վերահսկողութիւնը արտապատւիրակելու» հնարքով՝ Սիւնիքը պաշտօնապէս դրւած է աճուրդի (կարեւոր չէ, թէ այս յղացքին գիւտարարը ո՞վ է): Մարդը կըսէ, որ, «էսդի համեցէք»-ի տրամաբանութեամբ՝ մենք դրամ չունինք երկաթուղին կառուցելու, իսկ արաբական եւ այլ երկիրներ շահագրգռութիւն ցոյց կու տան, այսինքն՝ ո՛վ որ աւելի մեծ գումար տայ Երեւանի իշխանաւորներուն, կրնայ իրականացնել թրքերէնէ փոխադրեալ սա խօսքը. «Դրամ տւողը սուլիչը կը փչէ*)»: Հարց է, թէ աճուրդին կազմակերպումը պիտի վստահւի «Սոթըպիզ»-ի՞ն, թէ՞ «Քրիսթիզ»-ին…

ՔՊ-ապետը հարցը կը դիտէ բացառապէս վաճառականի, լոկ նիւթական շահու ակնոցով: Հոն ալ ազգը մոլորեցնելու փորձ կընէ, երբ նախ կըսէ, որ ըլլալիքը պէտք է դիտել այնպէս մը, որ (իբրեւ թէ) բնակարան մը վարձու կու տաք եւ շահ կապահովէք (արդեօք ա՞յդ տրամաբանութեամբ սկսաւ Արցախի յանձնումը), յետոյ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի մէջ քանի մը մեծ ընկերութիւն «արտապատւիրակւած» են, ինչպէս՝ օդակայանը, երկաթուղիի ցանցը, վաղը կրնայ արտապատւիրակւիլ նաեւ էլեկտրացանցը: Կըսէ՝ ցանցը առինք, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ընդերկար մենք պիտի կառավարենք, պիտի գտնենք զայն կառավարելու գործով շահագրգիռներ: Ու բանիմաց մարդիկ հարց կու տան, թէ  միայն քաղաքականապէս տհաս մը կամ թշնամիին շահերուն անկիւնէն դիտող մը կրնայ չտեսնել տարբերութիւնը, ու կը յիշեցնեն, որ այս «արտապատւիրակում»-ին ետին ալ կը տեսնւին թրքական նապաստակին ականջները: Այսինքն, Հայաստան կը մտնէ այն ճամբուն մէջ, որ Վրաստանը տարաւ թուրքական նւաճումին (չանտեսենք այլ դրացիներ): Պէտք ունի՞նք անգամ մը եւս յիշեցնելու, որ միայն թուրքական ուղեղով եւ աշխարհահայեացքով պատւաստւած մարդիկ են որ այս երթին մէջ «ապագայ կայ»-ին կը հաւատան:

Եւ ինչպէ՞ս հարց չտալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կոյր ձեւանալ եւ Սիւնիքէն խոստացւած «անցք»ին վերահսկողութեան արտապատիրակումը համեմատել այլ ընկերութիւններու հետ: Ինչպէ՞ս չտեսնել, որ Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական ծանրակշիռ իմաստ ունի, ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ Է ՈՐ ԿԸ ԲԱՑՒԻ ի հեճուկս Հայաստանի, մինչդեռ այլ ընկերութիւններու շահառումը օտարներու վստահիլը առաւելաբար տնտեսական հաշւարկներով կըլլայ, հոն գերիշխանութեան իրողական կորուստը չկայ: Եւ երբ կը խօսւի, օրինակ, ճամբաները 100 տարիով վարձու տալու մասին (կը յիշէ՞ք, Պոլսոյ մէջ կը յայտարարէն, թէ ի՞նչ վնաս, թող թուրքերն ու ազերիները երթան-գան), ո՛չ մէկ խօսք՝ հայերու երթեւեկի իրաւունքին մասին. հա՛, չմոռնանք որ «երրորդ երկիրներու հպատակներ» ալ կրնան օգտւիլ «անցքերէն»: Այս խայտառակ «լուսաբանութիւններուն» ի լուր՝ մեր միտքը կու գայ ուրիշ ծանօթ խօսք մը. «Մինչեւ բաղձալի օրը՝ կա՛մ այծը կը մեռնի, կամ այծատէրը»: Այծատէր-Հայաստանը որքա՞ն պիտի դիմանայ…

Բոլորովին այլ հարց է, թէ արդեօք Հայաստանի պետութիւնը եւ ՀԱՅ ՇԱՀԱՐԿՈՂՆԵՐ ինչո՞ւ հեռու կանգնած են նման հիմնարկներէ: Պատասխաններէն նորագոյնը եղաւ էլեկտրականութեան ցանցին «պետականացման» որոշումը: Իսկ ո՞վ պահած է հաշիւը այն հայերուն, որոնք անցեալին, նա՛եւ նախորդ իշխանութիւններուն օրով, ներդրումներ ըրին Հայաստանի մէջ եւ յետոյ… պաշտօնապէս կողոպտւեցան: Կողոպտւեցան նաեւ կարգ մը օտարներ (օդանաւային ընկերութեան պատմութիւնը մէկն է): Եւ այս մարդիկը կը խօսին «նախկիններ»ու մասին, մինչդեռ դրամագլուխ-ներդում վանելու իրենց ընթացքով՝ ամէն օր նոր մրցանիշ կը հաստատեն:

 

Այլ ցնդաբանութիւններ

Ինչպէս նշեցինք սկիզբը՝ մեզ մտահոգողը՝ հեռահաս վտանգներն են, այսինքն Սիւնիքի գործնապէս խլման մեկնարկի նշանները, որոնց մասին չենք ուզեր աւելի երկար խօսիլ այստեղ: Երեւանի մէջ ըստ բաւականին տեղին արձագանգներ կան:

«Պատժամիջոց» ասուլիսը առիթ եղաւ նաեւ չւանին վրայ փռելու լւացւած բայց կեղտոտ մնացող այլ լաթեր, ինչպէս՝ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւները խեղաթիւրեալ եւ մոլորեցնող պատկերներով, մինչեւ իսկ սուրբգրային մէջբերումներով արդարացնելու շատախօսութիւնները, իբրեւ թէ գերիներու հարցով շահագրգռւած ըլլալը (լուր չունի եղեր Միացեալ Նահանգներու միջնորդութիւնը հայցելու ընտրանքին իր մերժումէն, իսկ որո՞ւն հրահանգով ՔՊ-ականներ Եւրոպայի մէկ բեմէն ձեռնպահ մնացին Արցախի եւ պատանդներու հարցին հետապնդման՝ «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչի առաջարկին), կամ, տակաւին՝ ժողովրդավարութեան եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանը ըլլալու յոխորտանքները. չէ՞ որ անցեալ շաբաթ եւրոպացիք քանի՛ երրորդ անգամ ըլլալով կոյր ու խուլ ձեւացան աղաղակող իրականութիւններուն՝ Եկեղեցւոյ ու ընդդիմադիրներու դէմ հալածանքներուն դիմաց, եւ գովասանքո՜վ խօսեցան իր բարեմասնութիւններուն մասին. արդեօք անո՞նց ալ ցոյց տւած էր… չաքուճը կամ ուրիշ բան: Այս ու նման ցնդաբանութիւններուն անդրադառնալ՝ պիտի նշանակէ աւելորդ տուրք տալ իր սուտերուն եւ խեղաթիւրումներուն:

 

Լուծան ճամբան՝ անփոփոխ

Չենք կարծեր, որ պէտք է դարձեալ երկար խօսիլ այս ու նման պատիժներէ, պատուհաս իշխանականներէն ձերբազատելու հրամայականին մասին:

Դրական տեղաշարժի մը նախանշանները կը բիւրեղանան դարձեալ: Ընդդիմադիրները, ԲՈԼՈՐ բանիմաց եւ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրները, առանց լիովին թաքցնելու իրենց կարգ մը տարակարծութիւնները, աւելի՛ միաձայն են ձեռքերը միացնելու, կարողութիւնները համախմբելու եւ հայրենիքի փրկութեան երթին մէջ քով-քովի գալու առաջադրանքին շուրջ, չեն ուզեր սպասել յառաջիկայ տարւան ընտրութիւններուն:

Ու եթէ մեր աչքերը քիչ մը, մի՛այն քչի՜կ մը տարածենք Հայաստանի գետինին վրայ զարգացումներու դաշտերէն անդին, կրնանք տեսնել, որ մեր շուրջ-բոլորը կը սկսին ստեղծւիլ նոր ալիքներ, որոնք եթէ բացարձակապէս յուսատու չեն, սակայն պատուհան(ներ) կը բանան անոնցմէ օգտւելու իմաստով: Եւ այս կէտին մէջ է որ կը շեշտւի ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ միաւորման հրամայականը:

16 յուլիս 2025

—————

*) Թրքաբոյր ներածւած մթնոլորտին մէջ, թող մեղանչում չսեպւի թրքերէն խօսք մը յիշելը. «Փարայը վերէն տիւտիւկը չալար»:

Related Articles

Back to top button